Տիրուկին հետ. Խոր ծովուն լուսաւոր ապաստանը

Շաբաթ երեկոյ էր։ Դուրսը տակաւին աղմկոտ, բայց մեր տան մէջ խաղաղ լռութիւն մը կար։ Հակառակ անոր, որ մայիսի վերջն էր, սակայն խելայեղ քամին, տարափը եւ մրրիկը սանձելն անհնար եղած էր այդ շաբաթավերջը։

Երկու օր արեւ տեսած եւ անոր բարիքները վայելողներս, դարձեալ ինկած էինք ձմռան ծանր թակարդին սրածայր ատամներուն մէջ եւ մեր շաբաթավերջի օդափոխութեան ծրագիրները, դժբախտաբար, անհասանելի դարձած եւ օդէն կախուած մնացած էին։

Ուստի, տէր եւ տիկին, դարձեալ չորս պատին մէջ բանտարկուեցանք ու՝ «միայն խելագարները այսպիսի օդին դուրս կ'ելլեն», ըսինք եւ օրուան յոգնածութիւնը ու կեանքի մանր հոգերը մէկդի դնելով, որոշեցինք ֆիլմ մը դիտել։ Remarkably Bright Creatures խորագիրով հինգ աստղանի նոր ֆիլմը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց։ Ի՞նչ իմանայինք, որ գիրքի մը նիւթէն առնուած այս ֆիլմը միայն ժամանցի համար դիտուած գեղեցիկ պատմութիւն մը պիտի չըլլար, այլ՝ մեր սրտին փակ դռները պիտի բանար եւ դուրսի քամիէն աւելի խօլ փոթորիկներ յառաջացնէր հոն, ուր անսպիացած հազարաւոր վէրքեր կային։

Poster courtesy of Anonymous Content/Night Owl Stories

Ֆիլմը սկսաւ մեղմ ու հանդարտ կերպով։ Կապտաւուն երանգներով գաղտնիքները սրտին խորքը պահող ծովը, ձկնարանի (aquarium) ապակիներուն ետեւ ապրող ութոտնուկը (octopus) եւ գոհունակ ժպիտով տարեց կինը՝ իրենց ներաշխարհի աննշմարելի վիհերով ներկայացան մեզի այդ կախարդական պաստառէն։ Առաջին պահուն ամէն ինչ խաղաղ կը թուէր ըլլալ, սակայն քիչ անց զգացինք, թէ այդ պատմութիւնը միայն կարօտի զգացումով տառապող ծովային արարածի մը, եւ կամ միայնակ կնոջ ու անցեալը պրպտող երիտասարդի մասին չէր, այլ՝ մարդկային հոգիին մասին, կորսուած տարիներու, առիթներու, կարօտի, սպասումի եւ լուռ ցաւերու լեղի կնիքը դաջուած էր հոն։

Ծովը հոն պարզապէս բնութիւն չէր, այլ յիշողութիւններու անհուն աշխարհ մը, ուր իւրաքանչիւր ալիք իր հետ կը բերէր մոռցուած յուշեր, կիսատ մնացած երազներ եւ չլսուած աղաղակներ։ Ութոտնուկը կարծես այդ աշխարհին պահապանն էր՝ լուռ արարած մը, որ կը հասկնար այն ցաւերը, որոնք մարդիկ երբեմն չէին համարձակիր արտասանելու։

Անսովոր իմաստութիւն ամբարող այդ ութոտնուկը լուռ կերպով կը դիտէր մարդոց աշխարհը եւ իր բանտարկութեան տհաճութեան մէջ, բնօրրանի քաղցրութիւնը երազելով, կրկնակի կը տառապէր։ Անոր առաջին բառերը եւ՝ «1401 օրերէ ի վեր հեռու եմ տունէս» արտայայտութիւնը սիրտս տրորեց, ու սկսայ ակամայ հաշուել բնօրրանէն հեռու ապրած մեր ժողովուրդին 111 տարիներու՝ տասնեակ հազարաւոր օրերը։ Հարիւր տասնմէկ տարի առաջ հազարաւոր մամիկներ ու պապիկներ, այդ ութոտնուկին նման պոկուեցան իրենց գիւղերէն, տուներէն, այգիներէն, եկեղեցիէն ու հարազատներէն, եւ խանձող կարօտի կրակը իրենց սրտին, ծննդավայրին բոյրը իրենց զգայարանքներուն խոր անկիւնները բանտելով՝ իրենց քաղցր երկրէն հեռու ապրուած օրերն ու տարիները հաշուելով ու գոյապայքար մղելէ ետք՝ օտարին պաղ հողը գրկեցին ու անհանգիստ ննջեցին հոն՝ այդ ազատ աշխարհներու հեղցուցիչ ձկնարաններու ետին, իրենց մահատեսիլ աչքերով ու մահուան արհաւիրքի լեղին համտեսող հոգեկան աշխարհին ցաւերով գոյատեւելէ ետք։

Ութոտնուկը՝ ոչ միայն մեր նախնիներուն, այլ՝ հայրենակորոյս արցախահայութեան նման, դէպի տուն վերադարձ կ'երազէր։ Երբ ան ապակիին կը մօտենար իր շօշափուկներով՝ ժամանակը կանգ կ'առնէր, ու ինծի կը թուէր թէ ան ապակիին դպչելով մեր ժողովուրդին յիշողութիւններուն կնիքը կը դրոշմէր հոն ու կը փնտռէր կորսուած տուներու դռները, բանալիները, եւ իր շօշափուկներով ելքի ճամբայ մը կը փնտռէր։ Ան որքան ալ տունէն հեռու ապրէր՝ սիրտը կը շարունակէր դէպի կապոյտ հայրենիք ճամբայ փնտռել, ուստի անոր՝ ձկնարանէն փախչելու հնարքներն ու ջանքերը ապարդիւն կ'ըլլային, սակայն երազած հրաշքի անսպասելի պահուն հասնիլը հեռու չէր։

Գորդեան հանգոյցի քակուելու պահը մեծ աղմուկով չէր գար։ Անիկա կու գար փոքր պահերով՝ ծեր կնոջ ու կորսուած երիտասարդին մռայլ ժպիտով, անոնց անսպասելի բարութեամբ, յիշողութեան մէկ պահով եւ կամ պարզ հայեացքով, ուր կարծես անոնք մեզի նայելով՝ «դուք մինակ չէք» կ'ըսէին։ Անոնց՝ իրարու կապող ճակատագրին վերնագիրն ու վերջակէտը այդ ծովային իմաստուն կենդանին պիտի ըլլար։ Այսքանը ըսեմ ու աւելի չխորանամ այդ ֆիլմի նիւթին մէջ, որովհետեւ կ'ուզեմ, որ բոլորդ ալ այդ ֆիլմը դիտելու իմ զգացած հաճոյքս զգաք։

Մենք դիտեցինք ու մերթ ընդ մերթ իրարու նայեցանք, առանց բառ մը խօսելու։ Այդ լռութեան մէջ բառերէ աւելի բան մը կար։ Չէ՞ որ երկուքս ալ մեր նախնիներուն պատմութիւնները կը կրէինք մեր ներսը, երկուքս ալ խարբերդցի նախնիներու թոռներն էինք ու անոնք մեզի պատմած էին քարաշէն տուներուն, խաղողի այգիներուն, ոսկէ դաշտերուն, երջանիկ կեանքին, ծիծաղին, ուրախ երգերուն եւ այն օրերուն մասին, երբ մարդիկ տակաւին չէին գիտեր, թէ իրենց աշխարհը շուտով պիտի փլչէր։ Է՜հ, ո՛վ իմանար մեր ճակատագիրին սեւ մրուրով գրուած ըլլալը։

Ապրիլ քսանչորսի ու արհաւիրքներու յիշողութեան օրերը տակաւին նոր անցած էին ու մայրերու օրն ալ գլորած էինք։ Երկու զաւակներս ալ գիրկէս հեռու՝ մայր հայրենիքի գիրկին ջերմութիւնը կը վայելէին։ Հետեւաբար շատ յուզուեցայ ու ֆիլմը մի քանի անգամ դիտեցի ու հոն՝ զաւակին կորուստին հետ չհաշտուած, չափազանց կարող դերասանուհիին հզօր կեցուածքը համամարդկայնութիւն բուրեց ու ինծի յիշեցուց որդեկորոյս հայ մօր ուժին մասին, որ երբեմն զաւակ կորսնցնելուն պատճառով լուռ կ’արտասուի, միեւնոյն ժամանակ իր ընտանիքին մէջ յոյսը կենդանի կը պահէ եւ նոյնիսկ շրջապատող անձերուն օգնութեան ձեռք կը մեկնէ, բայց յաճախ սիրտը բանալու ու բարձրաձայն լալու վախին կը յանձնուի։ Մարդ արարածը ինչո՞ւ այսքան կը վախնայ իր սիրտը բանալէն, ինչո՞ւ ամօթալի գաղտնիքի մը պէս կարօտը իր ներսը կը պահէ։

Ֆիլմը այս հարցումներուն պատասխանները կամացուկ մը շշնջաց՝ «բուժումը կը սկսի այն պահուն, երբ մէկը մեր սիրտը կը տեսնէ եւ կը հասկնայ մեր լռութեան իմաստը», ըսաւ ու կորստեան եւ մինակութեան զգացումը ծանրանալուն պէս, խաւարին մէջէն լոյս մը սկսաւ ծագիլ ու մարդիկ իրարու մօտեցան, կոտրուած սրտեր դանդաղօրէն սկսան բուժուիլ եւ մոռցուած ճշմարտութիւններու փակ տուփերը բացուեցան։

Մեր ժողովուրդին պատմութիւնն ալ այդպէս է։ Թերեւս այսօր մենք ալ տակաւին փոթորիկի մէջ ենք ու լուռ ցաւերով կը տառապինք, սակայն օր մը պատերազմները պիտի լռեն, չէ՞, ու մայրերը այլեւս պիտի չսպասեն իրենց չվերադարձող որդիներուն…օր մը աշխարհի չորս դին տարածուած հայերը պիտի զգան հողին կանչը ու վերադառնան դէպի ակունք, ու դամոկլեան սուրով պիտի քակուի մեր ազգի թնճուկը եւ մառախուղի ետին մնացած մեր բնօրրան հայրենիքը կամացուկ մը պիտի ժպտի մեզի, ու մենք՝ մէկ առ մէկ պիտի բարձրանանք մեր նախնիներուն քարաշէն տուներու աստիճանները ու Արածանիի եւ Արաքսի ջուրերով լուանք մեր ժողովուրդին դարաւոր վէրքերը։

Հիմա ձեզմէ ոմանք պիտի ըսեն, թէ դարձեալ ամէն ինչ հայութեան, պատմութեան ու մեր ազգային ցաւերուն ու պահանջատիրութեան կապեց, բայց ես այդպիսին եմ։ Թերեւս մենք՝ բոլորս ալ քիչ մը այդպիսին ենք։ Ես, առանց Արեւմտեան Հայաստանի ու Արցախի, ամբողջական Հայաստան չեմ կրնար երեւակայել։ Չեմ կրնար Արարատը միայն հեռուէն դիտել։ Չեմ կրնար ընդունիլ, որ մեր ժողովուրդին յիշողութիւնը սահմաններու վրայ կրնայ բանտուիլ։

Ֆիլմի աւարտին սենեակին մէջ գոհացուցիչ ու խաղաղ լռութիւն մը կար։ Խաղաղութիւն մը, որ միայն իսկական արուեստը կրնայ դրոշմել մարդու հոգիին մէջ։ Ու ես տակաւին կը մտածէի ութոտնուկին մասին։ Այդ լուռ արարածին, որ կարծես ծովուն խորքերէն եկած հին իմաստութեամբ մեզի կը յիշեցնէր, թէ աշխարհի մէջ ամէն ինչ տակաւին կապուած է իրարու՝ մարդիկ, կենդանիներ, յիշողութիւններ, կարօտները, սէրեր, երազներ եւ վերջապէս խաղաղ վերադարձ։

Ու թերեւս այդ էր պատճառը, որ այդ ֆիլմը այդքան ազդեց վրաս, այդքան որ քանի մը անգամ դիտեցի զայն։ Վերադարձի ու կորսուած խաղաղ ապաստանը գտնելու մասին էր ան, եւ ներքին հզօր ձայնին մասին, որ դարեր ու տարիներ, անգամ փոթորիկներ յառաջացնելէ ետք՝ «վերադարձի՛ր, վերադարձի՛ր… տունդ տակաւին քեզի կը սպասէ», կը շշնջայ մարդու հոգիին մէջ։


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#226) թիւին մէջ. շփոթումի մը պատճառով, տպագիր տարբերակին խորագիրը սխալ էր: Շնորհակալութիւն ձեր ըմբռնումին համար։

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Ասմունքի արուեստը վառ պահող Համազգայինի արտասանական մրցոյթը

Next
Next

IALA-ն կը յայտարարէ 2026-ի կրթաթոշակներու յայտերու բացումը. մրցանակներու գումարները աւելցած են