IALA-ն կը յայտարարէ 2026-ի կրթաթոշակներու յայտերու բացումը. մրցանակներու գումարները աւելցած են
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Հայ գրական միջազգային դաշինքը (International Armenian Literary Alliance) պաշտօնապէս յայտարարեց ստեղծագործական շարադրութեան եւ գրական թարգմանութեան իր չորս տարեկան կրթաթոշակներու (դրամաշնորհներու) բացումը։ Այս կարեւոր լուրը հանրութեան հաղորդուեցաւ անգլերէն լեզուով հրատարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մը միջոցով, ուր կը նշուի, թէ յայտերու ընդունման շրջանը պիտի սկսի 1 սեպտեմբերին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 30 սեպտեմբեր։
Շնորհիւ Սուրէն Ա. Իսրայէլեանի կատարած առատաձեռն նուիրատուութեան, այս տարի մրցանակներու գումարները զգալիօրէն բարձրացած են՝ թարգմանական իւրաքանչիւր կրթաթոշակի համար հասնելով մինչեւ 3 500 ԱՄՆ տոլարի (շուրջ 4 800 գանատական տոլար)՝ նախկին տարիներու 3 000 ԱՄՆ տոլարի (շուրջ 4 125 գանատական) փոխարէն:
Ըստ հրատարակուած հաղորդագրութեան, 2026-ի Ստեղծագործական շարադրութեան կրթաթոշակը (Creative Writing Grant) պիտի շնորհէ 2 500 ԱՄՆ տոլար (շուրջ 3 435 գանատական տոլար) մէկ հայ գրողի, որուն ընթացիկ գործը կը ցուցաբերէ բացառիկ գրական տաղանդ: Այս մրցանակի սեռը ամէն տարի կը փոխուի․ արձակի ու վաւերագրական գրականութեան յաջորդող այս շրջանին անիկա պիտի տրուի բանաստեղծութեան հաւաքածոյի համար:
Դատակազմի անդամ Արմէն Տաւուտեան նշած է, թէ պատիւ կը զգայ ծառայելու որպէս դատաւոր եւ անհամբերութեամբ կը սպասէ ժամանակ անցընելու հայ գրական համայնքէն ծնունդ առնող գործերու հետ: Դաշինքին նպատակն է սատարել անգլերէնով արդի հայ գրականութեան զարգացման եւ նիւթապէս թիկունք կանգնիլ հայ գրողներուն, որոնք պատմականօրէն հրատարակչական աշխարհին մէջ միջոցներու պակաս ունեցած են, իսկ IALA-ն պիտի օգնէ յաղթողներուն նաեւ իրենց գործերու տարածման ու մարքեթինկի հարցով։
Ինչ կը վերաբերի թարգմանական մրցանակներուն, Իսրայէլեան Արեւելահայերէնի թարգմանութեան կրթաթոշակը պիտի շնորհէ 3 500 ԱՄՆ տոլար (շուրջ 4 800 գանատական տոլար) մէկ թարգմանիչի, որ արեւելահայերէն բնագիրէ անգլերէնի կը թարգմանէ գրական արժէքաւոր գործ մը: 2026-ին մրցանակը պիտի տրուի որեւէ գրական սեռի գործի համար, որ գրուած ու հրատարակուած է 1915 թուականէն ետք, ներառեալ արդիական եւ ժամանակակից շրջանները, իսկ դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Շուշան Աւագեան եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան: Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ սփիւռքի եւ անգլիախօս աշխարհի մէջ շատեր չեն կրնար կարդալ հայերէն բնագիրները, ուստի դարերու գրականութիւնը անմատչելի կը մնայ իրենց, քանի որ թարգմանիչները յաճախ զրկուած են դրամական աղբիւրներէ՝ «մեծամասնութեան լեզուներու» տիրապետող ազդեցութեան պատճառով:
Նոյնպէս 3 500 ԱՄՆ տոլար (շուրջ 4 800 գանատական տոլար) պիտի շնորհուի Իսրայէլեան Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան կրթաթոշակի յաղթողին, որ արեւմտահայերէն բնագիր գործ մը (որեւէ գրական սեռի եւ որեւէ ժամանակաշրջանի պատկանող) կը թարգմանէ անգլերէնի, որուն դատակազմի անդամներն են դոկտ. Թամար Մարի Պոյաճեան եւ դոկտ. Դալար Շահինեան: IALA-ի խորհրդատու մարմինի անդամ եւ թարգմանական յանձնախումբի ղեկավար դոկտ. Ճենիֆըր Մանուկեան այս առթիւ յայտնած է, որ թարգմանութիւնը ուժ ունի կամուրջներ հաստատելու դէպի հայ գրական աւանդութիւն եւ լաւապէս ծանօթացնելու մեզի՝ բոլորիս, անոր մէջ պահուած գեղեցկութիւնն ու իմաստութիւնը, ուստի իրենք խնդումով կը սպասեն զօրակցելու կամուրջ կառուցողներու յաջորդ սերունդին:
Վերջապէս, չորրորդ մրցանակը Իսրայէլեան Անգլերէնէ թարգմանութեան կրթաթոշակն է, որ դարձեալ 3 500 ԱՄՆ տոլար (շուրջ 4 800 գանատական տոլար) պիտի շնորհէ այն թարգմանիչին, որ անգլերէն բնագիրը կը թարգմանէ արեւելահայերէնի: Այս տարի մրցանակը պիտի տրուի հայ հեղինակի մը կողմէ անգլերէնով գրուած ժամանակակից գործի մը համար՝ ընտրուած IALA-ի յատուկ ցանկէն, ուր ներառուած հեղինակները ընտրուած են իրենց ձայներու եւ նիւթերու բազմազանութեան համար, իսկ դատակազմի միակ դատաւորն է Տաթեւիկ Այվազեանը: Թէեւ վերջին տարիներուն անգլերէնէ արեւելահայերէն թարգմանութիւններու թիւը աճած է, սակայն այս բնագաւառը տակաւին ունի յաւելեալ ուշադրութեան կարիք:
Թորոնթոհայ համայնքին համար յատկանշական է, որ անցեալ տարի՝ 2025-ին, Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան կրթաթոշակի երկու համայաղթողներէն մէկը հանդիսացած էր թերթիս խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը: Ան արժանացած էր այս հեղինակաւոր մրցանակին՝ իր վաղամեռիկ ընկերոջ՝ Սուրէն Չէքիճեանի «Անաւարտ դիմանկար» վէպի անգլերէն թարգմանութեան համար։ Այս գործը, որուն սրտցաւօրէն կառչած է Ճանպազեան, կը պատմէ հենց Թորոնթոյի մէջ հաստատուած լիբանանահայ նկարիչի մը ներաշխարհին, աքսորի, փափաքներու եւ ծերացման մասին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ դիմումի պայմաններուն համար հետաքրքրուողները կրնան այցելել IALA-ի պաշտօնական կայքէջը: ֍
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#226) թիւին մէջ: