Manna and men. Հոգեւոր եւ ընկերային վերածնունդ՝ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ յարկին տակ
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին, որ 1960 թուականէն ի վեր իր ուրոյն տեղը նուաճած է թորոնթոհայ համայնքի հոգեւոր ու մշակութային կեանքին մէջ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը նորանոր նախաձեռնութիւններով։ Այս ծիրէն ներս, յատկանշական է վերջին ամիսներուն մեծ թափ առած Manna and Men («Մանանայ եւ տղամարդիկ») ծրագիրը, որ եկած է լրացնելու եկեղեցւոյ տղամարդոց հաւաքներու երկարամեայ դադարը։ Այս վերաշխուժացումը արդիւնք է եկեղեցւոյ յարատեւ աճին ու հաւատացեալներու այն ծարաւին, որ կը փնտռէր առաւել սերտ հաղորդակցութիւն եւ հոգեւոր վերանորոգում։
Լուսանկարը տրամադրած է Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին:
Ծրագիրը պաշտօնապէս վերսկսաւ անցեալ յուլիսին, ընդառաջելով հաւատացեալներու փափաքին եւ վայելելով եկեղեցւոյ հովիւ՝ վեր. Զօհրապ Սարգիսեանի անվերապահ քաջալերանքը։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ստեղծել ջերմ մթնոլորտ մը, ուր տասնվեց տարեկանէն վեր տղամարդիկ կրնան հաւաքուիլ, սնանիլ Աստուծոյ խօսքով եւ սերտել քրիստոնէական եղբայրակցութեան կապերը։ Այս հաւաքոյթները կը միտին կամրջել տարբեր սերունդներու փորձառութիւնները՝ ստեղծելով միջավայր մը, ուր երիտասարդն ու տարեցը կը հաղորդակցին նոյն հոգեւոր արժէքներուն շուրջ։
Վեր. Զօհրապ Սարգիսեան, որ իր հովուական ծառայութեամբ նոր շունչ բերած է եկեղեցւոյ, կը շեշտէ այսպիսի հանդիպումներու կարեւորութիւնը։ Անոր համոզմամբ՝ «Մենք յստակօրէն տեսանք թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ համայնքին մէջ այն կարիքը, որ տղամարդիկ հաւաքուին մէկտեղ, սերտեն Աստուծոյ խօսքը եւ զօրանան հոգեւոր եղբայրակցութեամբ։ Սուրբ գիրքը հոգիին համար թարմութիւն է, միտքին համար՝ լուսաւորութիւն, իսկ կեանքին համար՝ կենարար սնունդ, եւ այս հաւաքոյթները առիթ կու տան միասին վերագտնելու այդ օրհնութիւնը»։
Առաջին իսկ հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ 5 յուլիս 2025-ին, յուսադրիչ էր, քանի որ աւելի քան քառասունհինգ տղամարդիկ՝ թէ՛ եկեղեցւոյ երկարամեայ անդամներ եւ թէ՛ համայնքի այլազան շրջանակներէն նորեկ հիւրեր, ներկայ գտնուեցան նախաձեռնութեան։ Հանդիպումները տեղի կ'ունենան ամիսը անգամ մը՝ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին շաբաթ օրը, առաւօտեան ժամը 9-ին, եւ արդէն իսկ դարձած են սպասուած ժամադրութիւն շատերու համար։
Յայտագիրը բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ, որոնք կ'ամբողջացնեն մարդու էութիւնը. նախ՝ ֆիզիքական սնունդը, որ կը մատուցուի հարուստ նախաճաշի տեսքով՝ պատրասուած եկեղեցւոյ նուիրեալ կամաւորներուն կողմէ, ապա՝ հոգեւոր սնունդը, որ կը փոխանցուի Սուրբ գրային սերտողութեան եւ հովիւին պատգամին միջոցաւ, եւ վերջապէս՝ մտերմիկ զրոյցն ու քննարկումը, երբ մասնակիցները առիթը կ'ունենան անկաշկանդ արտայայտելու իրենց մտորումները։
Վեր. Սարգիսեան այս առնչութեամբ կը յաւելէ, թէ «Քրիստոնէական կեանքը անհատական ճամբորդութիւն մը չէ միայն ․ ան կը ծաղկի հաւատացեալներու հաղորդակցութեան մէջ։ Միասին հաւաքուիլը, իրարմէ սորվիլը, Աստուծոյ խօսքը լսելն ու սերտելը կենսական նշանակութիւն ունին ամէն քրիստոնեայի համար եւ պէտք է կազմեն մեր առօրեայ կեանքին անբաժանելի մասը»։
Ծրագիրը յաջողութեամբ կը գործէ շնորհիւ Անթիպաս Լուսարարեանի եւ Ժիրայր Փանոսեանի հետեւողական ջանքերուն։ Անոնք, օգնական ունենալով կամաւորներու անձնուէր խումբ մը, կը հոգան թէ՛ սեղաններու պատրաստութիւնը եւ թէ՛ բոլոր կազմակերպչական մանրամասնութիւնները՝ ծառայութեան եւ խոնարհութեան ոգիով։ Խօսելով այս աշխատանքին մասին՝ Լուսարարեան իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ՝ ըսելով. «Փառք կու տանք Աստուծոյ այն քաջալերական արձագանգին եւ հաղորդակցութեան ոգիին համար, որ զարգացաւ այս նախաձեռնութեան միջոցաւ։ Մեր աղօթքն է, որ այս առաքելութիւնը շարունակէ զօրացնել մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի տղամարդոց հաւատքը եւ դրական ներդրում ունենայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ»։
Լուսանկարը տրամադրած է Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին:
Յատկանշական է, որ այս հաւաքոյթները ամբողջովին անվճար կը կազմակերպուին՝ արտայայտելով եկեղեցւոյ այն տեսլականը, թէ Աստուծոյ խօսքին եւ քրիստոնէական հաղորդակցութեան մասնակցութիւնը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին՝ առանց նիւթական որեւէ պարտաւորութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, մասնակիցներուն կողմէ միշտ կը դրսեւորուի սրտաբուխ առատաձեռնութիւն եւ ծառայութեան հանդէպ գնահատանքի գեղեցիկ ոգի մը։ Շատեր, կամաւոր կերպով եւ սիրով, իրենց նուիրատուութիւններով կ’աջակցին այս ծառայութեան շարունակականութեան՝ իրենց ներդրումը բերելով եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ համայնքային կեանքի զօրացման։
Նայելով ապագային՝ ծրագիրը կը ձգտի ընդլայնել իր գործունէութեան սահմանները։ Դեկտեմբեր ամսուն եկեղեցին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է Նահանգային կառավարութեան դրամաշնորհային ծրագիրին։ Եթէ այս դիմումը ընդունուի, ծառայութիւնը պիտի կարենայ կազմակերպել նաեւ կրթական սեմինարներ եւ աշխատանիստեր՝ յատկապէս ուղղուած տարեցներու առօրեայ դժուարութիւններուն, անոնց իրաւունքներուն եւ ընկերային մեկուսացման դէմ պայքարին։ Այսպիսով, եկեղեցին կը վերահաստատէ իր դերը իբրեւ հոգեւոր եւ ընկերային ապաւէն բոլորին համար։
Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին, որ վերջերս մեծ շուքով նշեց վեր. Զօհրապ Սարգիսեանի հովուական ձեռնադրութիւնն ու նշանակումը, այսօր աւելի քան երբեք կը փաստէ, որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու համայնքային նուիրումը կրնան նոր հորիզոններ բանալ։ Վերջին հաշուով, այս ծառայութեան յաջողութիւնը կը յանգի այն պարզ ճշմարտութեան, որ երբ հաւատացեալները միասնաբար կը գործեն, Աստուծոյ օրհնութիւնը միշտ առատ կ'ըլլայ։ ֍
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#226) թիւին մէջ: