Իմ պրիսմակէս. Ինչո՞ւ ուղեղներու չէզոքացումը թիրախ են պետական ահաբեկչութեան
Երկրի մը հարստութիւնը չի պայմանաւորուիր իր ընդերքի մէջ պահեստի եւ շահագործման ենթակայ հում, բնական նիւթերու կուտակումներով, այլ՝ մշակութային ժառանգիւնն ու ստեղծագործ ունակութիւնները, առաւել ռազմական իր կարելիութիւնները, որոնք կը կազմեն ունեւորութեան ու զարգացման հիմնական ատաղձը՝ ձեւով մը երաշխաւորելով իր գոյութենական երթը:
Մարդկային ուղեղներու հարստութիւնը՝ որպէս դրամագլուխ, մտաւորական եւ գիտական բազմապիսի բնագաւառներու, նաե՛ւ կը կազմէ անհերքելի նիւթաբարոյական երեւոյթ։ Այդ հարստութեան գոյաւորման ու տնետսման համար կը մշակուին պետական օրէնքներ, բծախնդիր վերաբերմունքի կ’արժանանայ անոր առողջ եւ ծաղկուն մթնոլորտներու մէջ գոյակցութիւնը՝ ընկերային զանազան շերտերու հետ, ընձեռնելով ամէն տեսակի պետական օժանդակութիւն, որպէս ամուր գրաւական, հաւաստիացնելով անոնց ապահովութիւնը եւ բեղուն ստեղծագործ արդիւնաբերութիւնը իրենց տուեալ մարզերուն մէջ:
Այս նկատառումներով, բարձրագոյն ուսման դաշտը կ’արժանանայ պետութիւններու ուշադրութեան, ջանալով ներգրաւել բոլոր պիտանի ուժերը այդ հաստատութիւններուն մէջ, որպէսզի շահարկեն ուղեղային հարստութիւնը ապագայի ծրագիրներու՝ մարդուժի պատրաստութեան ընդմէջէն, նպաստելով պետականութեան ամրակայման: Կարգ մը պարագաներու, ուսման այդ միջավայրը կը հանդիսանայ պետական անվտանգութեան ծառայութեան մարմիններու ուշադրութեան առարկան, որուն համար յատուկ օրէնքներ կը մշակուին՝ մէկ կողմէն որսալու աչքառու ուղեղները, միւս կողմէն՝ արգիլելով անոնց ազատ տեղաշարժը:
Մօտէն ծանօթ եմ վաղեմի Սուրիոյ օրինակին, ուր յատուկ հաստատութիւն մը գոյութիւն ունէր, որ կը գործէր Գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն` «Մարքազ Պուհուս Ալըլմիէհ», անուան տակ: Այդ հիմնարկը ուղղակի կապուած էր պաշտպանութեան նախարարութեան եւ կը վայելէր գաղտնի սպասարկութեան հովանաւորութիւնը: Բոլոր աչքառու համալսարանաւարտ աշակերտները կը փորձէին ներգրաւել այդ գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ, առաջարկելով շատ բացառիկ, քաշողականնիւթական եւ առարկայական պայմաններ՝ հայրենասիրական լոզունգներով զարդարուն խոստումներով:
Բնական է, բոլոր կարգի պետութիւնները նման հաստատութիւններ ունին, մեծածաւալ նիւթական պիւտճէներով, որոնք կը նպաստեն ուղեղներու նպատակուղղուած շահարկման ու մեծաւ մասամբ ռազմա-արդիւնաբերութեան ոլորտի բարգաւաճման:
Հետեւաբար, գիտնականներն ու մտաւորականները կը թիրախաւորուին Ֆիզիքական ոչնչացմամբ, քանի որ իրենց ազդեցութիունը եւ յայտնագործութիունները կը սպառնան ու կը վտանգեն մեծապետական մրցող ուժերու անմիջական ռազմավարական շահերը: Բիրտ ուժի կրառումով եւ ահաբեկչական սպանութիւններով, գերպետութիւնները կը ջանան կասեցնել արուեստագիտութեան զարգացման հեղինակաւորութիւնը, առաւել՝ խափանելով այլախոհ մտածողութիւնը, կը փորձեն կասեցնել սովորական մտածողութենէն անդին վարքագիծի գոյաւորումը: Այս թիրախաւորումները՝ յատկապէս կ’ուղղուին՝ չէզոքացնելու մարդու իրաւունքներու պաշտպանները, քաղաքական այլախոհ գործիչները եւ միջուկային գիտնականները , որոնց աշխատանքը, վերջին հաշուով, կը սասանէ հաստատուած իշխանութիւններու գահը:
Պատմութիւնը հարուստ է օրինակներով, ուր ռազմական դաշտը չի ներկայացուիր լոկ զինուորական ճակատներու մենամարտներով, այլեւ «ուղղեղային որս»-ն ա՛լ իր յատուկ եւ ռազմական համազօր բեմադաշտը կը դառնայ այդ կոպիտ մրցակցութեան: Ճիշտ այդ մէկուն համար, զարգացաւ «Ուղեղներու ահաբեկչութեան» ռազմական ձեւաչափը, արդի պատերազմներու թիրախ ընտրելով հանրութեան «կարծեցեալ աննկատ շերտը»՝մարդկային զարգացած ուղեղները:
Այսպէս, Operation Paperclip-ը համեմատաբար խաղաղ միջոցառում էր, ամերիկեան մշակուած գաղտնի ծրագիր, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտին՝ հաւաքագրեց Նացի Գերմանիոյ աւելի քան հազար վեց հարիւր գերմանացի գիտնականներ եւ երկրաչափներ՝ օգտագործելու անոնց մասնագիտական գիտելիքները, ամերիկեան ռազմական եւ արդիւնաբերական զարգացման համար։ Ծրագիրը նպատակ ունէր կանխել, որ այս աչքառու հարստութիւնը չիյնայ Խորհրդային Միութեան ձեռքը, նոր ձեւաւորուած պաղ պատերազմի ծնունդի մրցակցութեան ետին։
Գլխաւոր նշանաւոր դէմքերէն մէկը Վէրնէր ֆոն Պրաունն (Freiherr von Braun) էր, որ վճռորոշ դեր խաղցաւ հիտլերական Գերմանիոյ համար V-2 հրթիռի զարգացման մէջ: Պատերազմի աւարտով ան կենսական դեր ունեցաւ ԱՄՆ-ի տիեզերական ծրագիրներուն մէջ՝ նախահայրը հանդիսանալով NASA-ի հրթիռներու զարգացման անջրպետ ուղարկաման ծրագիրներուն:
Նաեւ, ուշագրաւ պատմական ուղեղային որսի դասաւորումներէն կը նկատուի Գործողութիւն Էպսիլոնը (operation Epilson ), որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան դաշնակից ուժերը ձերբակալեցին տասը գերմանացի գիտնականներ, որոնք որպէս մասնագէտներ կ’աշխատէին Նացիստական Գերմանիոյ միջուկային ծրագիրներու վրայ: Զանոնք գերի առնելով եւ փոխադրելով արեւմտեան երկիրներ, իրենց գիտական ներուժը օգտագործեցին ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու ռազմական, հետախուզական ծրագիրներու:
Այս օրինակի պատկերներուն մաս կը կազմէ արդի պատմութեան մէջ արձանագրուած աւելի քան հազար իրաքցի անմեղ գիտնականներու ոչնչացումը, ամերիկեան ուժերու կողմէ, իրաք ներխուժուման ընթացքին եւ նախօրէին եւ արդի ժամանակներու Պարսկաստանի գիտաշխատողներու դէմ կիրառուած պետական ահաբեկչութեան ձեւաչափը։
Հայութեան պրիսմակէն դիտուած՝ հայկական մտաւոր հարստութիւնը դարերու ընթացքին ձեւաւորած է իւրայատուկ մշակութային, գիտական եւ հոգեւոր ժառանգութիւն: Այս ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը կ’երաշխաւորէ ազգային դիմագիծի ու ուղեղի պահպանումն ու ինքնութեան զարգացումը։
Ի զուր չէ, որ թուրք դահիճը Եղեռնի ատեն առաջին հերթին ընտրեց հայ մտաւորականներու ընտրանիի ոչնչացումը, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ հայկական ուղեղային դրամագլուխի անճիտումով, պիտի հեշտացնէր ցեղասպանութեան ծրագիրը, որովհետեւ հայ մտաւորականութիւնը կը հանդիսանայ ազգային ինքնութիւնը պահպանող եւ զարգացնող ակնաղբիւրը եւ ազգի մը օրհասական օրերու եւ բեկումնային ժամանակներու կազմակերպիչ, խթանիչ ուժն ու փրկարար դասակարգը:
Այլ օրինակ մը կրնանք աւեցնել, Սովետական օրերուն, Չեկայի շղթայազերծած եւ Ստալինեան ռեժիմի դաւադրութեամբ, հայ մտաւորականութեան եւ աւագանիին դէմ իրականացուած ոչնչացումն էր, ծանօթ՝ «Մեծ տեռոր»-ի շրջան, 1935-1938 տարիներու վրայ երկարած՝ ծրագրեալ եւ հետեւողական դաւադիր դասաւորումներով, ջանալով արմատախիլ ընել հայ ազգի առաջատար միտքը, որ կրեց անդառնալի կորուստներ՝ գիտական-մշակութային հանճարներ մատաղ տալով, ճամբայ հարթելով սովետի ապազգային, անդիմագիծ քաղաքացիի կերտման երազանքային ծրագրին։
Ճիշտ այս մէկնակէտէն թելադրուած, մտաւորականը, գրագէտը, արուեստագէտը կ’արժանանան ժողովրդի անսահման յարգանքին: Այդ մէկը նկատառելի երեւոյթ է, յատկապէս երբ կը հետեւինք իրենց յուղարկաւորութիւններուն, ուր շփոթի կրնանք մատնուիլ` տեսնելով, որ յուղարկաւորուողը կ’արժանանայ ռազմական ճակատի հերոսի մեծարանքին, հակառակ անոր, որ սոսկ գիտա-մշակութային ակնառու սպասաւոր մըն է։
Եկէք ընդունինք, որ ազգերու կազմաւորման ուղեղային բաղադրիչի իւրայատկութեան շուրջ՝ բնածին ծննդական (genetic) գործօնի դեր խաղալու շուրջ, գոյ են գիտական թեր եւ դէմ տեսակէտներ: Սակայն, տուեալ կարողութիւնները մշակելն ու ուղղորդելը պետական–ազգային մշակուած քաղաքականութեան մաս կը կազմեն եւ առ այդ անոնց զարգացումը կ’արժանանայ համապատասխան բծախնդիր վերաբերմունքի ու ուշադրութեան, բարելաւելով կրթութեան ոլորտը՝ մտաւոր կարողականութիւնը նորահաս սերունդներուն, առաւել` ապահովելով ընկերա-տնտեսական անդորր ու բարօր կարգավիճակ երկրի քաղաքացիներուն:
Հիւլէական ոլորտի գիտնականը միայն թիրախ չի հանդիսանար ահաբեկչութեան: Հայութեան պարագային` կ’արժէ յիշատակել Հրանդ Տինքի ցայտուն օրինակը: Ան, համբաւաւոր լրագրող,կրցաւ սրտեր կոփել հայրենասիրութեամբ ու ազգային գիտակցութիւն արթնցնել խօսքի ու գրչի զինանոցի փամփուշտը գործածելով, անխորտակելի նիզակի վերածելով ամէն մէկ յօդուած կամ բանաւոր արտայայտութիւն, որ խորտակեց սահմաններ ու ստեղծեց հայկական ինքնութեան նոր զարթօնք Թուրքիոյ տարածքին։ Ան դարձաւ թիրախ պետական ահաբեկչութեան սադրանքին, որ փորձեց թաղել հայու ինքնութեան փաստը այդ օրրանին մէջ։
Հայութեան պարագային, նաեւ ուշագրաւ է այն երեւոյթը, ուր յատուկ ասպարէզներ եւ մասնագիտական մարզեր ուշադրութեան առարկան դարձած են ազգային-պետական իւրայատուկ խնամատարութեան կիզակէտին: Անոնց առաջնակարգներէն են՝ ճատրակի եւ մարզանքի հանդէպ կիրառուած մասնաւոր հոգատարութիւնը, որուն շնորհիւ ականատեսը կ’ըլլանք այդ մարզերու մէջ արձանագրուած միջազգային մրցանակներու ձեռքբերումներու եւ պատուաբեր արդիւնքներուն:
Սակայն, այս դրական իրագործումներուն կողքին, մարդուժի արտահոսքը, յատկապէս գիտական եւ արդիւնաբերական բնագաւառներէն ներս, Հայաստանի ու հայութեան սպառնացող ֆիզիքական, ազգային մեծագոյն աղէտներէն մէկը կը համարուի, որ յատկապէս վերանկախացման առաջին տարիներուն, թէժօրէն ազդեց հայ միտքի եւ իմացական ուժերու ումպէտս անհետացումին ու յաւերժ բացակայութեան հայաստանեան իրականութենէն: Այս երեւոյթը նոյնքան եւ աւելի վնասաբեր է եւ աղետալի, որքան ֆիզիքական ահաբեկչութիւնը:
Վաղամերիկ մտաւորական Սարգիս Զէյթլեան, 1979-ի մէկ խմբագրականին մէջ, անդրադառնալով հայ մտաւորականութեան ու մտքի արտահոսքին Հայաստանի սահմաններէն դուրս, հետեւեալ մտածումով կը սահմանէ այդ ուժի մսխումի արդիւնաւէտ ելքը. «Ազգայնօրէն հրամայականը հայ մտքի, հայ տաղանդի, հայ հանճարի հայրենացումն է, տուն-դարձն է յամենայնի, վերադարձը ցեղային իր ակունքներուն, գերազանցօրէն ազգային իր սպասին, ազգային քաղաքական ընդհանրական մեր իտէալի բոլորանուէր սպասարկութեան ուղիով:
Հիմնականը այն է, որ հայ միտքը, հայ մարդուն հետ, դէպի արեւելք քալէ թէ դէպի արեւմուտք, հիւսիսի «մակընթացութեան» մէջ իյնայ թէ հարաւի «տեղատուոութեան» մատնուի, իր ակնարկը սեւեռուն պահէ հայրենի եզերքներուն եւ իր ներշնչումը քաղէ հայրենական ակունքներէն, ամրօրէն խարսխուած իր բնօրրանին մէջ»:
Հետեւաբար տէր կանգնինք մեր հայկական միտքի զինանոցին, խնամքով պահպանելով անոր գոյաւորման բոլոր նախադրեալները: ֍
Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#226) թիւին մէջ: