Արդարեւ զանազան «Ապրումներ»-ով գրատօնի վայելքը
Սուրճի, թէյի եւ ջուրի փարչերը, խմորեղէնները եւ պտուղները պատրաստ են հիւրասիրութեան համար. 19 ապրիլ է, կիրակի, կ.ե. ժամը 1։30 ու մեծ թիւով թորոնթոհայ մշակութասէրներ հաւաքուած են Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանը՝ Անահիտ Պալեանի «Ապրումներ» անդրանիկ գիրքի շնորհանդէսին կամ գրատօնին, ինչպէս բանաստեղծ եւ գրական քննադատ՝ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան կը սահմանէ։
Շատ ուրախալի երեւոյթ է տեսնել առաջին շարքին նստած Համազգայինի գրասէրներու խմբակի անդամներէն երիտասարդներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յայտագիրին։ Հոն են նաեւ հեղինակը՝ Անահիտ Պալեանը եւ գիրքը ներկայացնող՝ գրող եւ հրատարակիչ Անոյշ Ակներեանը։
Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տէր Բաբգէն արք. Չարեան, հայր Յակոբ վ. Եագուպեան եւ տ. Տաթև աւ. քհն. Միքայէլեան կը ժամանեն եւ գրատօնը, որ կազմակերպած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրադարան-գրատարած յանձնախումբը:
Հեղինակին քրոջ՝ արուեստագէտ Նանի Թորոսեան Թնճուկեանի գործն է գիրքին կողքը եւ գիրքին մէջ տեղ գտած գեղանկարները, էջադրումը՝ հեղինակին հարսին՝ Թամար Մաթիկ Պալեանին է, տպագրութիւնը՝ «Աղթամար» հրատարակչութեան։
Անահիտ Թորոսեան Պալեան հայկական տարազով եւ քնքուշ ձայնով կը կատարէ յայտագիրին բացումը։ Ամենէն առաջ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ գրքի մեկենասին՝ գրասէր եւ գրադարանապետ Ռաքէլ Տէմիրճեանին։ Ապա կը հրաւիրէ հանդիսավար՝ Անուշ Յարութիւնեանը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ յայտագիրը. Ան յանձնախումբին անունով բարի գալուստ կը մաղթէ ներկայ հոծ բազմութեան՝ նշելով, թէ սոյն հատորը կը բաղկանայ չորս հիմնական գլուխներէ, որոնք են՝ «Հայրենիք», «Մայր», «Սէր» եւ «Գեղօններ եւ ձօներ»։
Ասմունքողները՝ գիրքի հեղինակ Անահիտ Պալեանի (աջէն հինգերորդը) եւ գիրքը ներկայացնող Անոյշ Ակներեանի (ձախէն հինգերորդը) հետ (լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը):
Հանդիսավարը յաջորդաբար բեմ կը հրաւիրէ ասմունքողները՝ Ալիք Պապօղլեանը, Կապրիէլլա Պաթիկեանը, Շանթ Տէօքմէճեանը եւ Լոռի Պէրպէրեանը։ Բոլորն ալ գրասէրներու խմբակի անդամներ ըլլալու կողքին, իրենց աշխուժ ներդրումը կը բերեն թորոնթոհայ կեանքին մէջ, ծառայելով եկեղեցիին, կամ մասնակցելով Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին, թէ որպէս ՀՄԸՄ-ականներ։ Շատ սրտապնդիչ է վկայել, թէ ջահը փոխանցուած է։ Անոնք իրենց յստակ առոգանութեամբ, հայրենասիրական ոգիով եւ ապրումով կ՚արտասանեն Անահիտին հետեւեալ քերթուածները. «Հայ զինուորին», «Իմ հայ ժողովուրդ», «Անմահներուն» եւ «Շուշիի Ղազանջեցոց»։ Կարելի չէ չփշաքաղուիլ եւ չյուզուիլ։ Այս երիտասարդները մեր վարժարանին պտուղներն են, մեր միջավայրին արդիւնքը։ Ինչպէ՛ս չզմայլիլ։
Գիրքին «Հայրենիք» բաժինէն ապրումով արտասանուած վերջին բանաստեղծութիւնն է «Շուշիի Ղազանջեցոց»-ը, որմէ մէջբերենք հետեւեալ հատուածը.
«Թշնամին դաւադրաբար գրաւեց… տիրացաւ քեզի
Ներկայացնելով իբր իրը, լոզունգներով կեղծ.
Խլեց որդիքդ եւ փշրեց հրեշտակներդ հեզ,
Ղօղանջող զանգակատունդ ու խորանդ անեղծ։
Ինկեր ես գերի, զաւակներուդ հետ անպաշտպան,
Հարուածեր ու աւերեր են գմբեթդ հայկական,
Նորութիւն չէ քեզ համար թուրքի աւարն ու թալանը…
Տոկա՛, պիտի վերադառնաս տիրոջդ իրական»։
Անակնկալ է Լուսինէ Գալթակեանի հարուստ երգեցողութիւնը։ «Ինչպէս ապրիմ առանց քեզ» անուշ կտորը, որ յօրինած եւ դաշնաւորած է Արա Ալեքսանեան։ Յաջորդ անակնկալները Անահիտին բանաստեղծուհի մօր՝ Ազնիւ Թորոսեանի «Բարի պարիկ» եւ անոր ամենէն կրտսեր թոռնուհիին՝ Քնար Թորոսեանի «Աննման մայր» քերթուածներուն ներկայացումներն են։ Տպաւորիչ էր՝ Թորոսեան ընտանիքէն երեք սերունդ մաս կը կազմեն այս շահեկան յայտագրին։ Տեսերիզով կը ներկայացուի «Հայ ջան իմ եար» զուգերգը, կատարողութեամբ՝ մոնթրէալաբնակ Լաուրա Պէրպէրեանի եւ Կորիւն Գոյունեանի։
Հեղինակը՝ գիրքին «Գեղօններ եւ ձօներ» բաժինէն «Աւանդ»-ը քերթուածը կը ներկայացնէ, ըսելով՝
«Ներկայիս հեռու հողէս հարազատ,
Բայց խաղաղ, ազատ,
կ՚անցնիմ ձեռքէ ձեռք,
Սերունդէ սերունդ
Ապրեցնելու յուշերս
Ե՛ւ դառն, ե՛ւ անուշ»։
Ապա հանդիսատեսին կը ներկայացուի 2021-ին, ՀՕՄ-ի՝ ի նպաստ լիբանահայութեան կազմակերպած դրամահաւաքին Անահիտին ասմունքած «Լիբանան» խորագրով կտորին տեսերիզը, որուն նկարներուն համադրումը կատարած է որդին՝ Վարագ Պալեանը։
«Հողիդ վրայ, ո՜վ Լիբանան,
Հայը մնաց միշտ ժրաջան.
Ան չմուրաց ու չողբաց
Այլ ան կիսեց իր աղն ու հաց», կ’ըսէ ան։
Գիրքը կը ներկայացնէ Անոյշ Ակներեան, որ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական բաժնի խմբագիրն է, թարգմանիչը, ձեւաւորողն ու հրատարակիչը։ Ակներեան անդրադառնալով Անահիտին քերթուածներուն, կը նշէ, որ անոնք «գունաւոր, լուսաւոր եւ գեղեցիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն ընթերցողին համար»։ Իր գրախօսական ելոյթին մէջ Ակներեան կը նշէ, որ «Անահիտին մօտ դասականն է տիրող տրամադրութիւնը, եւ գրքին մեծ մասը ուրախ երգացանկ մըն է»: Ան կ’ընդգծէ, որ հեղինակը իր ջերմ գուրգուրանքն ու երախտագիտութիւնը կը պարգեւէ հայ զինուորին, հայրենի հողին, հարազատներուն ու մայրերուն։ Միեւնոյն ժամանակ, բանախօսը նկատել կու տայ, որ ի տարբերութիւն արդի գրականութեան մէջ յաճախակի տեսնուող հոգեկան տուայտանքներուն ու մթին պատկերներուն, այս էջերուն մէջ կը տիրէ բացառիկ լոյս ու սէր, իսկ թշնամիին դէմ կը բարձրանայ արդար վրէժի ու ցասումի կոչը, որովհետեւ՝ «Չկայ լացուկոծ, չկան մահուան եւ սուգի մութ տեսարաններ, կան խունկ ու աղօթք եւ խոստում՝ յաղթանակի»։
Երկրոդ բաժինը նուիրուած է մօրը։ Ակներեան կը նշէ, թէ «մայրն ու սէրը, մայրն ու իմաստութիւնը, մայրն ու քաղցրութիւնը, մայրն ու գեղեցկութիւնը կը միանան որպէս մէկ ամբողջութիւն։ «Այս բաժնի վերջին բանաստեղծութիւնը կ’եզրափակէ մօր եւ սիրոյ անքակտելի միաձուլումը որպէս մէկ էութիւն»։
Երրորդ բաժինը սէրն է. հոն քերթուածները վարդագոյն եւ լուսաւոր են, նաեւ հանդարտ ու անարատ, որ յոյս կը ներշնչեն եւ երազներ կը ծնին.
«Ծովափին զեփիւռը մեղմ կը զարնուէր ժայռերուն,
Ծնունդ տալով անհամաչափ ալիքներու պարերուն
Եղանակով մը հանդարտ, գեղեցկութեամբ անարատ
Սէր ու յոյս կը ներշնչէր հոգիներուն մեր խաղաղ…
Պատրաստ էինք, բաժնելու երազները մեր կեանքի
Լի օրերով բերկրալի»։
Վերջին գլուխը «Գեղօններ եւ ձօներ»։ Ձօներ ուղղուած են հեղինակին ծանօթ եւ իր յարգանքին արժանացած անձնաւորութիւններու, իսկ գեղօնները հաւաքականութեան որոշ մասնիկներու նուիրուած, ինչպէս՝ մամիկներուն, հայ վարժարանին, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, ՀՕՄ-ին, մանուկներուն, բարերարներուն, արուեստագէտներուն, տեղահանուած հայ ընտանիքին, հայ երգին, Լիբանանին եւ Նոր տարիին։
Ակներեան իր խօսքին աւատրին կ’անդրադարնայ «Մեր երգերը» բանաստեղծութեան։ «Հայ երգը տարբեր սերունդներ, տարբեր վիճակներ, տարբեր ժամանակներ իրար միացնող օղակն է, որ իր ազգային շունչով՝ է նաեւ շարունակականութիւնը հայու էութեան»։
Սրտի խօսքով հանդէս կու գայ հեղինակը՝ Անահիտ Պալեանը, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ խմբագիրին գեղեցիկ ու համապարփակ ներկայացման համար, ինչպէս նաեւ իր շնորհակալական խօսքերը կ՚ուղղէ յայտագրին մասնակցողներուն, Համազգայինի գրատարածին, ամուսնոյն՝ Վարուժին, եղբօրը՝ Յակոբին, մօրը՝ քերթուածագիր Ազնիւին, որդւոյն՝ Վարագին ու հարսին՝ Թամարին, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ քրոջը՝ Նանիին եւ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Հրայր Բազէին։ Վերջին երկուքը իրենց արուեստի գործերով գեղազարդած են գիրքը։ Ան յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան հօր եւ ներկայ հոգեւորականներուն, որոնք անձամբ ներկայ գտնուեցան սոյն գրատօնին։
Արշօ Զաքարեան կ՚անդրադառնայ, թէ այս շնորհանդէսը գրատարածի 111-րդ ձեռնարկն է։ Ան Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանի եւ գրատարածի կողմէ երկուքական գրական գիրքեր կը նուիրէ Անահիտ Պալեանին եւ Անոյշ Ակներեանին։ Ընկերուհին յատկապէս կը յայտնէ գրատարածին գնահատանքը Անահիտին, որ այս շնորհանդէսի յայտագիրը, ծանուցումը եւ գրեթէ բոլոր մանարամասնութիւնները ստանձնեց եւ հետեւեցաւ։ Ընկերուհին աւարտեց իր խօսքը ըսելով՝. «Անահիտը՝ չաստուածուհիի մը նման հայրենասիրական եւ մայրական մշակոյթի տէրն է, իսկ Անոյշ Ակներեանը լուսամուտներ կը բանայ ընթերցողին առջեւ»։
Հանդիսութեան փակման եւ օրհնութեան պատգամը կը փոխանցէ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն արք. Չարեան, որ բարձր կը գնահատէ Պալեանի ազգային տոկունութիւնն ու պայքարի ոգին՝ նշելով, որ այդ ապրումները գեղեցկօրէն թրծուած են գիրքին էջերուն մէջ։ Իր եզրափակիչ պատգամին մէջ Սրբազանը կը շեշտէ. «Մենք միայն չյիշենք, միայն չյիշեցնենք, այլ պայքարը շարունակենք։ Եթէ այդ պայքարը չշարունակենք, այդ բոլորը անիմաստ կը դառնան։ Եւ ամենէն կարեւորն է այս մէկը, որ Անահիտն ալ կ'ըսէ իր գիրքին մէջ՝ քանի կանք, չենք առներ կանգ, կը շարունակենք մեր պայքարը, կը շարունակենք մեր յարատեւ գոյերթը՝ յաղթանակէ յաղթանակ»։
Ձեռնարկը կ’աւարտի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ․ տեղի կ'ունենայ մակագրութիւն, ծանօթութիւն, գնահատանքի արտայայտութիւններ, պատկերահանումի պահեր, ինչպէս նաեւ հիւրասիրուելով սուրճով, թէյով, խմորեղէններով եւ պտուղներով։ ֍
Տեսանիւթը՝ «Նոր հայ հորիզոն»-ի
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2026 (#226) թիւին մէջ՝ «Անահիտ Պալեանի «Ապրումներ» գիրքին շնորհանդէսը՝ Թորոնթոյի մէջ» խորագիրով: