ՀՕՄ-ի «Տոհմիկ օր»-ուան աշխատանքներու եռուզեռը սկսած է
զրոյց՝ կազմակերպող յանձնախումբի անդամներու հետ
31 տարիներէ ի վեր, Թորոնթոյի մէջ աւանդոյթ դարձած եւ նոյեմբեր ամսուան յատուկ ձեռնարկներէն մին՝ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նախաձեռնած «Տոհմիկ օր»-ուան աշխատանքի եռուզեռը սկսած է։ Սոյն ձեռնարկի ընթացքին, երկու օր տեւողութեամբ՝ խրախճանքի, գեղարուեստական յայտագիրի, գիրքի հրատարակութեան ու դասախօսութիւններու շնորհիւ, թորոնթոհայութիւնը կ’ըմբոշխնէ հայկական որոշ շրջանի, կամ գաղութի մը իւրայատուկ դիմագիծը, ազգային եւ մշակութային բազմերես ու լայնածաւալ հայակերտ ծալքերն ու հարուստ պատմականը։ Այս տարուան պարագային, նկատի առնուած են Նեղոսի ափին գտնուող՝ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայ գաղութները։
Այս տարուան «Տոհմիկ օր»-ը ձօնուած է Նեղոսի ափին գտնուող՝ Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայ գաղութներուն. պատրենրեու համադրում՝ «Թորոնթոհայ»-ի
Այս առիթով զրուցեցի «Տոհմիկ օր»-ուան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Արշօ Զաքարեանի եւ յանձնախումբի անդամներէն Գեղամ Փափազեանի հետ, «Տոհմիկ օր»-ուան հսկայածաւալ աշխատանքին մանրամասնութիւնները իմանալու նպատակով։
***
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Ե՞րբ նախատեսած էք «Տոհմիկ օր»-ուան ձեռնարկը իրականացնել, կարելի՞ է որոշ տեղեկութիւններ տալ այդ ուղղութեամբ։
Արշօ Զաքարեան- Թորոնթոհայ գաղութի ազգապահպանման կարեւոր հիմնաքարերէն մէկը հանդիսացող, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած «Տոհմիկ օր»-ուան 31-րդը տեղի պիտի ունենայ երկու օրերու վրայ, 22 եւ 23 նոյեմբեր 2025-ին։
Անցեալէն այսօր երկարող «Տոհմիկ օր»-ուան խրախճանքին յաջողութիւնը ապահովող յանձնախումբերուն՝ ամիսներու տքնաջան աշխատանքի արգասիքը վայելելու նպատակով պիտի համախմբուինք Հայ կեդրոնի սրահէն ներս՝ ճաշկերոյթով, խրախճանքով, երաժշտութեամբ, ցուցահանդէսով, լռելեան աճուրդով, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուող անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ՝ ըմբոշխնելու Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայկական բոյրով եւ յիշատակներով յորդող երեկոյ մը։
Երկրորդ օրը՝ կիրակի, 23 նոյեմբերին, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց․ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ՝ մեր նահատակ հերոսներուն, բարերարներուն եւ եգիպտահայ ննջեցեալ հարազատներու յիշատակին եւ հոգիներու խաղաղութեան համար, ապա օրհնուած մատաղը պիտի բաժնուի հաւատացեալներուն, այնուհետեւ Հայ կեդրոնի հայաբոյր սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին տեսերիզի ցուցադրութեամբ աւելի մօտէն պիտի ծանօթանանք Նեղոսի ափին գտնուող հայկական այս գաղութներուն պատմութեան։ Հիւրասիրութեամբ պիտի աւարտենք մեր ձեռնարկը։
ՏՄԿ- Կարելի՞ է յետադարձ հայեացքով վերյիշել նախկին «Տոհմիկ օր»-երը եւ անոնց ո՞ր գաղութներուն նուիրուած ըլլալը։
ԱԶ- Եկէք 31 տարի ետ երթանք ու միասին հասնինք դէպի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած այս տարուան ձեռնարկին։ Ուրեմն՝ անցեալին մեր ձեռնարկները ձօնեցինք Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտին, ապա՝ միւս շրջաններուն, ինչպէս՝ Այնթապ, Մարաշ, Սիս, Սեբաստիա, Կեսարիա, Մուսա Լեռ, Քեսապ եւ այլ շրջաններու, ապա՝ Արեւելեան Հայաստանին, ինչպէս՝ Համշէն, Արցախ, Երեւան եւ Նախիջեւան։ Իսկ վերջին տարիներու ձեռնարկները նուիրեցինք մեր հայ գաղութներէն Երուսաղէմին, Յորդանանին, Պարսկաստանին, Սուրիոյ, Լիբանանին, անցեալ տարի Իրաքին, իսկ այս տարի «Տոհմիկ օր»-ը ձօնուած է Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայ գաղութներուն։
Գաղութներու պարագային մեր նշանաբանն է «Սփիւռք՝ հայեացքով միշտ դէպի Երկիր»։ Արդարեւ, այս տարուան մեր լոզունգն է՝ «Հին քաղաքակրթութեան փարոս Նեղոսի ափին»։ Ինչպէս որ գիտենք՝ հին քաղաքակրթութիւնները եւ այս երկիրներուն մէջ գտնուող հայ գաղութները եղած են լուսաւորող եւ առաջնորդող, ինչպէս փարոսը։
ՏՄԿ- Արդեօք կարելի է՞ եգիպտահայ համայնքին մասին որոշ պատմական տուեալներ իմանալ։
Գեղամ Փափազեան- Անշո՛ւշտ։ Հայերուն գաղթը դէպի Եգիպտոս սկսած է 4-րդ դարուն, հասնելով մինչեւ 18-րդ դար, արդի Եգիպտոսի հիմնադիր Մուհամէտ Ալիի օրերը: Ան Եգիպտոս հրաւիրած է բազմաթիւ հայ անուանի անձնաւորութիւններ եւ օգտագործած է իրենց հմտութիւններն ու ձիրքերը, ինչպէս նաեւ անոնց տուած է բարձր պաշտօններ իր կառավարութեան մէջ։
Մուհամէտ Ալին Նուպար Փաշան նշանակած է Եգիպտոսի վարչապետ, Տիգրան Տապրօն՝ արտաքին գործոց նախարար, Եագուպ Արթին Փաշան՝ կրթութեան նախարար, Պօղոս Պէյ Յուսուֆեանը՝ առեւտուրի նախարար եւ այլ։
Հին դարաշրջանին, Եգիպտոսի ամենայայտնի հայ անձնաւորութիւններէն կրնանք յիշել ծագումով հայ, Եգիպտոսի թագուհի Շակարաթ ալ Տուրրը, պատերազմական նախարար Պատր ալ Գամալին, հայ զինուորականը եւ հայազգի շինարար Իպն Խադիպ ալՖերղանին եւ տակաւին շատ ուրիշներ։
Եգիպտահայերը իրենց նպաստը բերած են բազմաթիւ ոլորտներու զարգացմանը, անոնցմէ յիշենք՝ նաւաշինութիւնը, դերձակութիւնը, ոսկերչութիւնը, կօշկակարութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը, ծխախոտի արտադրութիւնը, հրատարակչութիւնը, տպագրութիւնը եւ շարժանկարի արուեստը։ Ունեցած ենք հանրածանօթ արուեստագէտներ, լուսանկարիչներ, գրագէտներ, դերասաններ, քաղաքագէտներ, երգիծանկարիչներ, ինչպէս Ալեքսանդր Սարուխան։
Ինչպէս Եգիպտոսի, այնպէս ալ Սուտանի եւ Եթովպիոյ գաղութներն ալ ունեցած են իրենց ազգային եւ մշակութային կառոյցները, հիմնած են եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային եւ մարզական ակումբներ։ Այս բոլորին պիտի անդրադառնանք, այս առիթով հրատարակուելիք հատորին եւ ցուցադրութիւններուն ընդմէջէն։
ՏՄԿ- Խօսինք «Տոհմիկ oր»-ուան առիթով բացառիկ աշխատանք պահանջող գիրքի հրատարակութեան մասին, արդեօք ի՞նչ պիտի ներառէ այդ հատորը։
ԱԶ- 30 տարուան «Տոհմիկ օր»-երուն արգասիքը ներկայացնող հատորներու շքեղ շարքին վրայ այս տարի պիտի աւելնայ 31-րդ հատորը, որ պիտի ներառէ երեք գաղութներու հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու պատմականները, ականաւոր դէմքերու կենսագրականները, ինչպէս նաեւ գործատէրերու, արուեստագէտներու, բարերարներու, քաղաքական գործիչներու ձեռքբերումներն ու անոնց նուաճումներու պատմութիւնը։
Շաբաթ օրուան ձեռնարկի ընթացքին իւրաքանչիւր ընտանիքի մէկական օրինակ պիտի նուիրուի այդ հատորէն, ինչպէս նաեւ օրինակ մը պիտի տրուի իւրաքանչիւր նուիրատուի, ինչպէս նաեւ փափաքողները կարելիութիւն պիտի ունենան գնելու գիրքը։
ՏՄԿ- «Տոհմիկ օր»-ուան յանձնախումբը ինչպիսի՞ աշխատանք կը տանի սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու համար։
ԳՓ- ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը մօտաւորպէս երեսուն անձերէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմած է թէ՛ ՀՕՄ-ական եւ թէ՛ անցեալի եգիպտահայ համայնքին պատկանող անհատներէ։ Այս յանձնախումբը բաժնուած է ենթայանձնախումբերու՝ գիրքի, գեղարուեստական, զարդարանքի, ճաշի, վիճակահանութեան, ցուցահանդէսի, լուռ աճուրդի եւ նուիրատութեան։ Իւրաքանչիւր շաբաթ, կանոնաւոր կերպով ժողովներ կ’ունենանք ծրագրելու «Տոհմիկ օր»-ուան մանրամասնութիւնները։
ՏՄԿ- Այս բազմածաւալ ձեռնարկին իրականցման եւ հասութաբեր ըլլալուն համար ի՞նչ ձեւերու կը դիմէք հաւասարակշռելու ձեր ծախսերը, իսկ այս տարուան ձեռնարկին հասոյթը որ ծրագիրներուն պիտի յատկացնէք։
ԳՓ- «Տոհմիկ օր»-ուան յայտարարութիւնը, նուիրատուներուն ուղղուելիք նամակները եւ նուիրատուութեան դիմումնագրերը արդէն պատրաստ են։ Մեր յանձնախումբի անդամները պիտի մօտենան Թորոնթոյի հայ գաղութի անհատներուն`խնդրելով՝ մեզ քաջալերեն ու բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերեն այս հայաշունչ նախաձեռնութեան յաջողութեան ի խնդիր։
Այս ձեռնարկով կը ձգտինք առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ թորոնթոհայ գաղութին եւ ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ չենք մոռնար յիշել եւ շնորհակալութիւն յայտնել անցեալի «Տոհմիկ օր»-երու նուիրատուներուն, յանձնախումբի անդամներուն, քաջալերողներուն եւ կամաւորներուն։ ֎
***
Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025 (#214) թիւին մէջ: