Արտեմին նուիրումի ու կարեկցանքի ճանապարհորդութիւնները դէպի հայրենիք
29-ամեայ Արտեմ Թիւթիւնճեանը չէր կրնար զսպել իր յուզմունքը. 2012-ի յունիսն էր, երբ Air France-ի օդանաւի մը մէջ նստած կ’ուղեւորուէր դէպի «Զուարթնոց» օդակայան:
Հայաստանը առաջին անգամ տեսնելու ցանկութեամբ՝ ան պատուհանէն դուրս կը դիտէր, մինչ օդանաւը կը ճախրէր դէպի իր նպատակակէտը: Ծնած ու մեծցած Թորոնթօ, Արտեմը սնուած էր Հայաստանի վառ պատկերներով․ սրբազան Արարատ լեռը, քաջն զօրավար Անդրանիկը եւ այլ խորհրդանիշներ, որոնք առաջնորդած էին հայ ժողովուրդը ազգի պայծառ ու մութ օրերուն:
Երբ օդանաւը հասաւ նաւարկութեան բարձրութիւն, Արտեմը սկսաւ մտածել՝ արդեօք իր պատկերացուցած Հայաստանը իսկապէս գոյութիւն ունէ՞ր, թէ ան պարզապէս հեռաւոր առասպել մըն էր: Օդանաւի սպասարկողը Արտեմին մեղմօրէն արթնցուց իր խոկումէն՝ տեղեկացնելով, որ իրենք կը թռչէին Սիս ու Մասիսի վրայէն։ Այն ինչ որ կարելի էր տեսնել ամպերուն եւ գիշերուան մութին տակ, լոկ ակնարկ մըն էր, թէ ի՛նչ կը սպասէր իրեն ստորեւ:
Տեսնելով գեղեցկութիւնն ու իրականութիւնը
Արտեմին ճանապարհորդութիւնը Հայաստանով դարձաւ ակնթարթներու յորձանուտ. ան ուսումնասիրեց պատմական վայրեր՝ սուրբ Խոր Վիրապը, ճամփեզրին համտեսեց թարմ ու քաղցր հայկական ծիրանն ու դեղձը եւ հիացաւ Գառնիի հնագոյն հեթանոսական տաճարով: Ան մտաւ Լոռիի մարզի փարթամ արօտավայրերը, քշեց մառախլապատ, լեռնային ճանապարհը դէպի Շուշի: Ճանապարհին առերեսուեցաւ Հայաստանի գեղեցկութեան, բայց նաեւ՝ դաժան իրողութիւններուն:
Իրեն ապշեցուցին հակապատկեր իրականութիւնները. մէկ կողմէն ագահ «օլիգարխ»-ներ, մեծ փորերնին դուրս ցցուած, որոնք «Արմանի» վերնաշապիկներով շռայլութեան մէջ խնջոյքներ կ’ընէին, միւս կողմէն յուսահատ, անօթի եւ չքաւոր մարդիկ կը պայքարէին ապահովելու իրենց հանապազօրեայ հացը: Թափառող շուները ամենուրէք՝ սոված ու անտեսուած էին:
Արտեմը չէր կրնար անտարբեր մնալ: Թորոնթօ վերադառնալուն պէս անոր սիրտը ծանրացաւ ամէն ինչով, որ տեսած էր Հայաստանի մէջ այդ երկու շաբաթներուն ընթացքին։
Առաջին փուլը սթափեցնող փորձառութիւն մըն էր:
***
Երկրորդ փուլ
Արտեմը չկրցաւ ազատիլ այն պատկերներէն ու յոյզերէն, որոնք ապրած էր Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութեան ժամանակ: Ան լաւ գիտէր, որ պէտք էր բան մը ընէր, որպէսզի դրական ազդեցութիւն ունենայ այն մարդոց կեանքերուն վրայ, յատկապէս երեխաներուն, որոնց հանդիպած էր: Ճիշդ այդ օրերուն էր, որ ան յայտնաբերեց Armenian Volunteer Corps-ը (Հայկական կամաւորական մարմին - AVC):
Հազիւ ամիս մը անց, ան անգամ մը եւս Երեւան ճանապարհուող օդանաւի մը մէջ էր։
Հայաստանի մէջ ան ստանձնեց տարբեր դերեր՝ գրադարանի մը մէջ անգլերէն դասաւանդեց, անապահով պատանիներու բռնցքամարտ սորվեցուց եւ Խարբերդի մանկատան մէջ աշխատեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող փոքրիկներու հետ: Մանկատան մէջ ան բացայայտեց ձիաբուժութեան արուեստն ու Արխոյին՝ ճերմակ գամփռ շան ընկերակցութեան ուժն ու ազդեցութիւնը:
Այս փորձով ոգեշնչուած, Արտեմը սկսաւ պատկերացնել Հայաստան մը, ուր թափառող շուները կրնային փրկուիլ եւ վերականգնիլ՝ որբ երեխաներու հոգեկան բուժում ապահովելու համար: Այս տեսիլքէն ծնաւ Orphans and Their Dogs (Որբերը եւ իրենց շուները) հիմնադրամը, որուն նպատակն էր փրկել թափառական շուները՝ մանկատուներուն մէջ օգտագործելու համար:
Երկրորդ փուլը յաջողութեամբ պսակեց Արտեմը:
***
Ուրախութեան տարածում
Ամանորի ու Սուրբ ծնունդի ուրախութեան եւ տօնակատարութեան ժամանակ Արտեմին ցանկութիւնն ու նպատակն էր, որ Հայաստանի մէջ պատերազմէն տուժած երեխաները ապրին տօնական օրերուն ցնծութիւնը: Սեպտեմբեր 2020-ին, երբ ողջ աշխարհը կը պայքարէր COVID-19 համաճարակին դէմ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը բախուեցան այլ մարտահրաւէրներու։ Ազրպէյճանական «Գրադ» հրթիռներն ու կասետային ռումբերը ցնցեցին Արցախի Հանրապետութիւնը՝ պատճառելով հսկայական տառապանքներ եւ կորուստներ։ Արտեմը ստիպուած էր գործել՝ մանկատան աջակցութեամբ՝ կազմակերպելով Սուրբ ծննդեան խնջոյք պատերազմէն տուժած յիսուն երեխաներու համար:
Ան չէր կրնար անտարբեր մնալ. մինչ այն երեխաները կը դիմագրաւէին հսկայական դժուարութիւններ եւ խեղդող անորոշութիւն: Սուրբ ծննդեան խնջոյքը յոյսի փարոս դարձաւ, ուրախութեան պահ մը՝ դժբախտութիւններու մէջ: Արտեմը անսասան նուիրում ցուցաբերեց՝ իրենց մանկութիւններէն կտրուած երեխաներուն դէմքերուն ժպիտ պարգեւելով: Կաղանդի ուրախութիւնը տարածելու յանձնառութիւնը չաւարտեցաւ այդ առաջին երեկոյթով: Արտեմը յաջորդ գարնան վերադարձաւ հայրենիք՝ կամաւոր աջակցելու պատերազմէն տուժածներուն: AVC-ն զինք տեղաւորեց Զինուորի տուն վերականգնողական կեդրոնին մէջ, ուր ան շարունակեց իր առաքելութիւնը:
Նոյն ժամանակ Արտեմը կամաւոր աշխատանք տարաւ Երեւան տեղափոխուած Հադրութի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնէն ներս. Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ ան բռնցքամարտ դասաւանդեց եւ Արցախէն տեղահանուած ժողովուրդին սնունդ ու հագուստ բաժնեց: Ամիսներ անց ան վերադարձաւ տուն, սակայն յաջորդ դեկտեմբերին կրկին վերադարձաւ Թորոնթոյի մէջ հաւաքուած գումարով: AVC-ի օգնութեամբ, Արտեմը կրկին կազմակերպեց Կաղանդի տօնը՝ այս անգամ 140 երեխայի համար: Խնջոյքը դարձած էր նուիրական աւանդոյթ՝ յոյսի եւ երջանկութեան աղբիւր անոնց համար, որոնք ամենէն շատ կարիք ունէին:
Այս ամէնամեայ աւանդութեան ժամանակ երեխաները գոյնզգոյն թուղթով փաթթուած նուէրներ կը ստանան, կ'երգեն ու կը պարեն, խաղեր կը խաղան ու Արտեմը կաղանդ պապայի հագուստը հագած՝ պայծառ յիշողութիւններ կը ստեղծէ անոնց համար: Տարեկան խնճոյքը, որ 2020 թուականին սկսաւ 50 երեխայով , ամէն տարի զգալիօրէն աճեցաւ: 2023 թուականին ան նպատակ դրած էր 300 երեխայի հասնիլ:
«Այս բոլորը անկարելի պիտի ըլլար առանց մեր սիրելի նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ կազմակերպութիւններուն. երախտագիտութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն կազմակերպութիւններուն, որոնց հետ աշխատած եմ, որոնք ինծի տուին հնարաւորութիւնը կատարելու իմ փոքր մասս: Այս տարի կրցանք գերազանցել մեր նպատակը եւ պատերազմի ու եթնիկ զտումի հետեւանքով բռնի տեղահանուած աւելի քան 300 երեխաներու ուրախութիւն պարգեւեցինք», կ՚ըսէ ան։
***
Փուլ առ փուլ
Երբ Արտեմը կ’անդրադառնայ իր ճանապարհորդութեան, կը խոստովանի, որ իր հայաստանեան փորձառութիւնները իրեն խորապէս փոխած ու ձեւաւորած են: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ AVC-ին եւ այն կազմակերպութիւններուն, որոնց շնորհիւ Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը իրականացնելու հարթակ ունեցաւ:
Արտեմը այժմ անքակտելիօրէն կապուած է Հայաստանի հետ։ Անոր ճանապարհորդութիւնը կը վկայէ բարի կամքի եւ կարեկցանքի մնայուն ոգիին մասին՝ մեզի յիշեցնելով, որ նուիրումն ու անձնազոհութիւնը կրնան լուրջ ու դրական փոփոխութիւններ մտցնել կարիքաւորներու ու կարօտեալներուն կեանքերուն մէջ:
«Գանատական ծննդավայրէս ու տունէս հեռու, ընդմիշտ կապուած եմ այս երկրին, որուն համար միայն ուրախ ու երախտապարտ եմ»: Փուլ առ փուլ, Արտեմը փաստած է, որ իր նուիրումը Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին սահմաններ չունի։
Արտեմին 12 տարուան ճանապարհորդութիւնը նուիրումի, անձնազոհութեան եւ դրական ազդեցութիւն ունենալու անողոք յանձնառութեան ճանապարհորդութիւն մըն է: Անոր օրինակը կը ծառայէ որպէս ոգեշնչող յիշեցում, որ մէկ անձի վճռականութիւնն ու նուիրումը կրնան յոյս ու երջանկութիւն բերել անոնց, որոնք լուրջ դժուարութիւններու դիմաց ու յուսալքութեան եզրին կը գտնուին:
Մինչ Արտեմը կը շարունակէ վայելել Հայաստանի գեղեցկութիւնը ու գնահատել գետնի վրայ իրականութիւնները, անոր առաքելութիւնը կը մնայ անսասան՝ ուրախութիւն տարածել, փոփոխութիւն մտցնել եւ վառ պահել Սուրբ ծննդեան ոգին այն երեխաներուն համար, որոնք ամենաշատը ունին ատոր կարիքը:
Վերելքներու ու վայրէջքներու, յաղթանակներու ու մարտահրաւէրներու մէջէն Արտեմին անցած ճանապարհը սիրոյ եւ կարեկցանքի մնայուն ուժի վկայութիւնն է: ֎