Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 133-ամեակը

Հայ ազգի գոյատեւման երթը կը շարունակուի աշխարհի չորս ծագերուն, մանաւանդ ժամանակակից հայոց պատմութեան դժնդակ տարիներուն եւ ներկայ անել կացութենէն դուրս գալու հնարքներ որոնելը՝ Արցախի յանձնումէն եւ ամբողջական հայաթափումէն ետք, կը դառնայ ազգային անհրաժեշտութիւն, որուն վճռականութիւնը կը հաստատէ ազգային-ազատագրական պայքարի ռահվիրայ կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ)։ Անոր հիմնադրութեան 133-ամեակը նշող Թորոնթոյի կազմակերպութիւնը, մէկ բռունցք դարձած ու հաստատակամ քայլերով, անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղէ ազգովին վերականգնելու ու կը շեշտէ, որ թորոնթոհայութիւնը, ինչպէս միշտ, իր ներդրումը պիտի ունենայ համազգային խնդիրներու լուծման եւ համահայկական առողջ ազգային ուժերու համախմբման աշխատանքներուն մէջ:

Արդարեւ, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, 20 յունուարի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 133-ամեակը։ 60 տարիներ առաջ, Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան դաշնակցական անդամներուն իրականութիւն դարձուցած տեսլականը՝ Օնթարիոյի հայութեան հայապահպանման ամրակուռ ամրոցին՝ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ համախմբուած հայորդիները, 133-ամեայ յեղափոխական աւանդներով զինուած, ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման համար պայքարելու երդումը անգամ մը եւս կատարեցին։

Յոբելինական տօնակատարութիւնը այս տարի տարբեր իմաստ եւ խորհուրդ ունէր: Տօնակատարութիւնը ներկայութիւնը կը վայելէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ու երկու անդամներուն, Օնթարիոյի խորհդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի, Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոստաճեանի, Ս. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ հայր Վարդան ծվ. Թաշճեանի եւ տէր Տաթեւ աւ. քհնյ. Միքայէլեանի, թորոնթոհայ համայնքի ներկայացուցիչներու, Գանատայի տարբեր նահանգներէն ժամանած ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի բոլոր անդամներուն, եւ ՀՅԴ Գանատայի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ի խմբագրին: Հայրենիքի տեսլականը իրականութիւն դարձնելու պայքարի ոգիով տոգորուած ու միաւորուած՝ Գանատայի դաշնակցական կառոյցի միասնականութեան ապացոյցը հանդիսացող սոյն յոբելեանին գլխաւոր պատգամաբերն էր՝ Ֆրանսայէն յատկապէս հրաւիրուած ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը։

Տօնակատարութեան պաշտօնական բաժինը սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ՀՅԴ-ԳՊՄ) «Քրիստափոր» ու «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու անդամներու Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու երգեցողութեամբ։

Օրուան հանդիսավար Լոռի Արամեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան երիցագոյն կուսակցական Վրէժ Աւագեանը սերնդափոխութեան ջահը փոխանցելու ՀՅԴ Գանատայի միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղի կրտսերագոյն անդամ Չարենց Հաճիարթինեանին։ Այդ պահուն, երէց կուսակցականը իր ձեռքը կրտսերագոյն դաշնակցականի ուսին դրած, ո՛չ միայն սերնդափոխութեան ջահը փոխանցեց անոր, այլ՝ ՀՅԴ-ի ուղիով անցնող հայ ազգի յաւերժացման խորհուրդի իմաստը յանձնեց նոր սերունդի ներկայացուցիչին։

ՀՅԴ-ԳՊՄ «Քրիստափոր» մասնաճիւղէն ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ-ԳԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի շարքեր փոխանցման արարողութիւնը կատարուեցաւ. խոստման արարողութիւնը վարեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Այվազեանը:

Հանդիսավարը հրաւիրեց ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեանը, որ իր ուղերձին ընդմէջէն ներկայացուց Գանատայի ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը եւ ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ կը գործէ աւելի քան 120 տարիներէ ի վեր: Այսօր, 120 տարի ետք, կը շարունակէ գործել նոյն աշխուժութեամբ եւ թափով: Տակաւին անցեալ տարի մեր կուսակցական շարքերը համալրուեցան 23 նոր անդամներով՝ Օնթարիոյի երեք կոմիտէութիւններէն, որոնց կէսը երիտասարդական շարքերու անդամներ էին. բան մը, որ ցոյց կու տայ կուսակցութեանս պայծառ ապագան»։ Վահան Աճէմեանը հանդիսութեան ներկայ եղող պատուարժան հիւրերը ներկայացնելով, բացառիկ երեկոյի եւ տօնակատարութեան մը ներկայ ըլլալու խոստում տուաւ ներկաներուն։

Օրուան պատգամաբեր Յովսէփ Տէր Գէոգեան Հարաւային Կովկասի ներկայ աշխարհաքաղաքական կացութեան, հայրենի պետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ արցախահայութեան դժնդակ իրավիճակին մասին խօսելով շեշտեց, որ ո՛չ թէ հրաշքի, այլ՝ միակ գրաւականը հանդիսացող հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ է, որ հնարաւորութիւն կ’ունենանք հզօր պետութիւն մը կերտելու եւ այդ աշխարհագրական տարածաշրջանին մէջ գոյատեւելու, ապա՝ զարգանալու։

Բանախօսը նշեց, թէ ընկերային արդարութեան, բարգաւաճ տնտեսութեան եւ ռազմական կարողութիւններու վրայ հիմնուած հզօր պետութիւնն է, որ մեզի թոյլ պիտի տայ ազատագրելու Արցախը թշնամական բռնագրաւումէն։
Ներազգային գետնի վրայ, պատգամաբերը նշեց, որ յառաջիկայ հանգրուանին կուսակցութեան կիզակեդրոնն է Արցախի հիմնախնդիրը, ապա՝ Արցախի եւ արցախահայութեան ներկայի մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով, կարեւորեց բոլոր գերիներու եւ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը, մարդասիրական աշխատանքներու շնորհիւ օժանդակութեան տրամադրումը եւ արժանապատիւ կեցութեան ապահովումը, Արցախի պետական օղակներու գործունէութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ կառոյցներու պահպանումը, եւ ի վերջոյ՝ վերադարձը դէպի Արցախ։

Տէր Գէորգեան դիտել տուաւ, որ ազգային գաղափարախօսութեան դաւանող հիմնական քաղաքական ուժ հանդիսացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ ՀՀ իշխանութիւններուն կողմէ կը տարուի մոլեգին պայքար, որ կը նպատակադրէ մէկ թիրախ՝ տկարացնել կուսակցութեան կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամտութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ։ Ան հաստատեց, որ ինչպէս հեռու կամ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, նման փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց, ըսելով. «Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, որ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար անհրաժեշտ է հաւատք եւ հետեւողական աշխատանք։ Ծրագրուած գործ` անխտիր բոլոր ոլորտներու մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր պետութիւն, մարտունակ բանակ, ազգային գիտակցութեամբ հայութիւն, ամրակուռ սահմաններ, ու կազմակերպուած սփիւռք: Երկարաժամկէտ առումով, հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն է, որ պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական հնարաւորութիւններ, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու»:

Տէր Տաթեւ աւ. քհնյ. Միքայէլեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք Դաշնակցութեան եւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած յեղափոխական, ազգային եւ հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Սերոբ Յակոբեան, «Կիլիկիա» նուագախումբի անդամներ Գէորգ Մանուկեանի, Յովիկ Կարապետեանի, Վրէժ Ղազարեանի եւ Համօ Արզումանեանի հետ։
Ազգային ու յեղափոխական երգերու ոգեւորութեամբ խանդավառուած ներկաները, հիւրերը եւ ԳԵՄ-ականները միաբերան երգեցին ու այդ երգերու բառերը արտասանելով պահանջատիրութեան անմար կրակը կրկին բոցավառեց անոնց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, բարձր ծափողջիւններու ներքոյ, կուսակցութեան 133-ամեակի կարկանդակը հատեցին։

Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ» բանաստեղծութիւնը տպաւորիչ ոճով ասմունքեց Նելլի Թաշճեանը, որմէ ետք երաժշտական երկրորդ բաժինը սկսաւ։ Հայրենասիրական երգերու շարանի ճոխութեան ազդեցութեամբ՝ ՀՅԴ-ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ-ԳՊՄ «Քրիստափոր» ու «Ռոստոմ» մասնաճիւղերու անդամները կուռ շարքերով ու Արցախի դրօշներով մասնակից դարձան Սերոբ Յակոբեանի եւ «Կիլիկիա» նուագախումբի հայրենաշունչ երգերուն։

Այդ երեկոյ Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՅԴ օրուան յոբելեանը սոսկ տօնակատարութիւն չէր, այլ՝ առիթ էր պահանջատիրութեան ուխտը վերանորոգելու եւ մեր պայքարի ոգիին անմար կրակը բոցավառելով, մեր դէմ յայտնուած մարտահրաւէրներէն յաղթական դուրս գալու։ ֎

(լուսանկարը՝ Նայիրի Շարապխանեանի)

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը՝ 35 տարեկան. պատմական ակնարկ

Next
Next

Արտեմին նուիրումի ու կարեկցանքի ճանապարհորդութիւնները դէպի հայրենիք