Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը՝ 35 տարեկան. պատմական ակնարկ
տոքթ. Անի Հասըրճեան
7 դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանի երկրաշարժը ֆիզիքապէս ցնցեց մեր հայրենիքը. միաժամանակ, այդ դղրդիւնը պատճառ հանդիսացաւ սփիւռքահայութեան հայրենիքին օժանդակելու միասնական զգաստութեան։ Երկրաշարժին յաջորդ օրն իսկ, խումբ մը նուիրեալ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբոյժներ, հիւանդապահուհիներ եւ առողջապահութեան ոլորտի մէջ եղող մասնագէտներ, Թորոնթոյի բոլոր գործօն միութիւններու կողքին, հրաւիրուեցան Թորոնթոյի հայ կեդրոնի ղեկավարութեան կողմէ եւ կազմակերպեցին դեղորայքի եւ շտապ օգնութեան առողջապահական կարիքներու օժանդակութեան գործընթացը։
Եւ այսպէս, երկրաշարժի աղէտեալներուն նպաստ հասցնելու աշխատանքներուն նպատակով, 8 դեկտեմբեր 1988-ին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնին մէջ ծնունդ առաւ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը (Armenian Canadian Medical Association of Ontario - ACMAO):
1989-ին ընկերակցութեան առաջին գործը եղաւ, հիմնադիր անդամներու միջոցով, երկրաշարժէն ազդուած փոքրերու հոգեբանական աջակցութիւն տրամադրելն ու բժիշկներու վերապատրաստման ծրագրի մը մշակումը։
Էրեբունի բժշկական կեդրոնին մէջ հիմնուեցաւ լուսնոտութեան կեդրոն մը (Epilepsy Centre): Անձնակազմէն խումբ մը՝ Թորոնթոյի եւ Միացեալ Նահանգներու հանրածանօթ հիւանդանոցներու մէջ, վերապատրաստութեան դասընթացքներու հետեւեցան։ Ներկայիս այդ կեդրոնը Կովկասի առաջնակարգ լուսնոտութեան մասնագիտական վայրը կը հանդիսանայ։
Նոյն շրջանին երկրաշարժէն վիրաւորուած փոքրիկներ Թորոնթոյի Hospital for Sick Children (Sick Kids) hիւանդանոցին մէջ վիրահատութիւններու ենթարկուեցան։ Նոյնիսկ Հայաստանէն բժիշկներ եկան մասնագիտանալու՝ վիրահատութեան արդի գիտութեամբ։
Ներկայիս Երեւանի առաջին հիւանդանոցի փոքրերու օրթոպեդիայի (Orthopaedic) բաժանմունքը, իր արդիական լաւագոյն սարքաւորումներով, Հայաստանի բոլոր պէտքերը կը հոգայ։
Միաժամանակ ACMAO-ի բժիշկները Երեւանի Հանրապետութեան հիւանդանոցին մէջ հիմնեցին Շաքարախտի դաստիարակութեան կեդրոնը։ Հայաստանէն բժիշկներ եւ բուժքոյրեր գանատական հիւանդանոցներու մէջ հրաւիրուեցան վերապատրաստման դասընթացքներու հետեւելու համար։
1990-ին, երբ Համաշխարհային հայ բժշկական խորհուրդը (The Armenian Medical International Committee (AMIC) հաստատուեցաւ, սփիւռքի բոլոր hայ բժշկական ընկերակցութիւնները ընդգրկելով, օգտակար հանդիսացաւ այն բոլոր բժիշկներուն, որոնք Հայաստանէն դուրս գալով վերապատրաստութեան կը հետեւէին։ Ուրեմն՝ օժանդակութեան աշխատանքը AMIC-ի մոջոցով համադրուելու սկսաւ։
AMIC-ի համագործակցութեամբ՝ շարունակուեցաւ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ չորս տարին անգամ մը Համաշխարհային հայ բժշկական գիտաժողով կազմակերպել։
1992-ին Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան Ատամնաբուժական բաժանմունքը հիմնուեցաւ (ACMAO Dental Division). անմիջապէս Հայաստանի մէջ զանազան ատամնաբուժարաններու օժանդակելու պարտականութիւնը ստանձնեցին հիմնադիր ատամնաբոյժները, առաւելաբար Էջմիածինի փոքրերու հիւանդանոցին մէջ։
1997-ին Առաջին համաշխարհային հայկական ատամնաբուժական գիտաժողովը կազմակերպուեցաւ Երեւանի մէջ, ACMAO-ի Ատամնաբուժական բաժանմունքի համագործակցութեամբ։
1998-ին, Արցախի մէջ ACMAO-ի ջանքերով առաջին ատամնաբուժարանը հիմնուեցաւ Շուշի քաղաքին մէջ։ Հիմնադրութեան իրենց ներդրումը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի հայ բժշկական ընկերակցութիւնը։ Սակայն, անցնող երկու տասնամեակին, առաւելաբար ACMAO-ն մատակարարած է սարքաւորումները, որպէսզի Շուշիի եւ շրջանի մօտաւորապէս 4 500 բնակչութիւնը ձրիաբար ատամներու դարմանում ստանայ։
2001-ի գարնան հիմնուեցաւ Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութեան Հիւանդապահուհիներու բաժանմունքը, (ACMAO Nurses Division). անմիջապէս այս բաժանմունքը սկսաւ Թորոնթոյի հայկական հաստատութիւններու մէջ առողջապահութեան յատուկ դաստիարակչական դասախօսութիւններ ներկայացնել, ըստ պահանջի։
Յուլիս 2001-ին, Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական ընկերակցութիւնը հիւրընկալեց Համաշխարհային հայ բժշկական 8-րդ գիտաժողովը, AMIC-ի համագործակցութեամբ, որուն աւելի քան 600 հայ բժիշկներ եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներ մասնակցեցան։ Աննախընթաց համաժողովին ներկաները գիտելիքներու փոխանակումի կողքին, նաեւ ունեցան ընկերային հաճելի վայելքի պահեր, որուն որպէս արդիւնք ACMAO-ն արձանագրեց նիւթաբարոյական մեծ յաջողութիւն։ Համաժողովէն գոյացած շահաբաժինով, Արցախի մէջ ատամնաբուժարաններու ծիրը ընդարձակուեցաւ Հադրութի մէջ հաստատելով 2-րդ դարմանատունը, որուն ծախսերուն սկսաւ օժանդակելու Մոնթրէալի բժշկական միութիւնը։
2003-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ եւս չորս տարին անգամ մը սկսան տեղի ունենալ Համաշխարհային հայ բժշկական գիտաժողովներ, որուն ACMAO-ի անդամներէն շատեր կը մասնակցին։
2004-ին ACMAO-ն Ստեփանակերտի մէջ հիմնեց Կանացի առողջապահական դարմանատունը (Women’s Health Clinic): Նպատակն էր՝ ձրիաբար հոգալ, խնամել եւ բուժել կնոջական բժշկական հարցերը, մասնաւորաբար՝ ծննդաբերութեան, սեռային փոխանցիկ հիւանդութիւններու, վիժումներու եւ այլ բարդութիւններու պարագային։
Ընթացիկ ծախսերու պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Թորոնթոյէն հինգ զոյգեր, որոնք փոխանակ իրարու ծննդեան տարեդարձի նուէրներ փոխանակեն, նիւթականով կ'օժանդակէին դարմանատան։
2005-ին ACMAO-ն պաշտօնապէս բարեսիրական ընկերակցութեան գրանցում ունեցաւ (Registered Charity Status):
2005-ի ապրիլին ACMAO-ի Հիւանդապահուհիներու բաժանմունքը կազմակերպեց Առաջին առողջապահական ցուցահանդէսը (Health Fair) Թորոնթոյի հայ կեդրոնին մէջ։ Նպատակն էր՝ հայ գաղութին ներկայացնել այլազան առողջապահական գիտելիքներ եւ քաջալերել առողջ ապրելակերպը։
2006-ին 3-րդ ատամնաբուժարանը բացուեցաւ Մարտունիի մէջ։
Նոյն տարին Rotary Club Ontario Don Mills Chapter-ի կողմէ նուիրուեցան երկու հանրակառք շարժուն ատամնաբուժարաններ (Mobile Dental Clinics), որոնք սկսան գործելու Արցախի գիւղերը շրջելով, ձրիաբար դարմանում կատարելով։ Իւրաքանչիւր ամիս մօտաւորապէս 250 անձեր մեծ ու փոքր կ'օգտուէին այս շրջուն դարմանատուներէն։
ACMAO-ի կողքին սփիւռքէն այլ բժշկական ընկերակցութիւններ եւս սկսան մասնակից դառնալու դարմանատուներու օժանդակութեան եւ այս հիման վրայ «Ձեռք-ձեռքի» (Hand in Hand) հասարակական կազմակերպութիւնը յառաջացաւ՝ համադրելու դարմանատուներու աշխատանքը։
Յաջորդող տարիներուն շարունակուեցաւ հանգանակային աշխատանքը զանազան ճաշկերոյթ պարահանդէսներ կազմակերպելով, դարմանատուներու ընթացիկ ծախսերուն նպաստելու համար։ Նաեւ այս շրջանին առաւելաբար զարկ տրուեցաւ ատամներու հիւանդութեանց կանխարգիլման, յատուկ դաստիարակչական դասախօսական շարքեր կազմակերպելով Արցախի ատամնաբոյժներուն համար։ Շուտով դպրոցներու մէջ դաստիարակչական ցուցմունքներ սկսան տրուելու կանխարգիլելու ատամի, լինտի եւ բերանի հիւանդութիւնները։
2013-ին Armenian Medical Society of Los Angeles-ը եւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը դարմանատուներու ընթացիկ ծախսերուն մասնակցելու յանձնառութիւնը առին։ Պոստոնի ատամնաբոյժները եւս ACMAO-ին նեցուկ հանդիսացան եւ մինչեւ օրս իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը շարունակեն բերել։
2015-ի յունուարին, Արցախի պետական հեռատեսիլի «Առողջ ապրենք» յայտագրին մէջ ACMAO-ի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ սկսաւ ատամներու խնամքի եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ կանխազգուշացման յատուկ շարք մը։ Ցուցմունքները ուղղուած էին յղի կիներու, փոքրիկներու, դպրոցականներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու տարբեր յայտագրերով։
2015-ի ապրիլին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, ACMAO-ն կազմակերպեց Առողջապահութեան ցուցահանդէս եւ արեան տուուչութիւն՝ Blood for Memory անուան տակ։
2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի առիթով ACMAO-ն իր մասնակցութիւնը բերաւ Հանգանակային ձեռնարկ մը կազմակերպելով, որուն հասոյթը տրամադրուեցաւ Արցախի օժանդակութեան։
2017-ին շտապ օգնութեան սարքաւորումներ ուղարկուեցան Մարտունիի հիւանդանոցին։ Յաջորդ տարին նոյն հիւանդանոցին տրամադրուեցաւ Humidifier-ներ։
2018-ի մայիսին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Dental Continuing Education Centre-ին։
24 նոյեմբեր 2018-ին, ACMAO-ի 30-մեակի առթիւ, AMIC-ի ցուցմունքներով, Օնթարիոյի հայկական ընկերակցութիւնները ACMAO-ի կազմակերպութեամբ` հրաւիրուեցան Symposium-ի մը։ Նպատակը Հայաստան եւ Արցախ ուղղուած Օնթարիոյի hայութեան բոլոր օժանդակութիւններուն ծանօթանալն էր։ Իւրաքանչիւր ընկերակցութենէ անձ մը ներկայացուց իրենց ծրագիրները, որոնք կ՚ընդգրկէին բժշկական, դաստիարակչական, տնտեսական, գիտական, ընկերային եւ այլ ծառայութիւններ։ ACMAO-ի 30-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն երեկոյեան յատուկ GALA-ով:
Գիտական եւ գեղարուեստական ներկայացումներէն ետք, կարգ մը առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներ գնահատագրով պատուեցան անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին ընկերակցութեան մէջ իրենց օժանդակութեան համար։
Հասոյթէն բաժին մը ղրկուեցաւ Արցախ շրջուն ատամնաբուժարանի ընթացիկ ծախսերուն համար եւ մաս մըն ալ յատկացուեցաւ Գիւմրիէն Երեւանի պետական բժշկական համալսարան յաճախող աշակերտներու կրթաթոշակներուն։
Երեսնամեակէն ի վեր, COVID-19 համաճարակի պատճառով ACMAO-ն առանձին գործունէութիւն չունեցաւ, սակայն շարունակեց իր ծառայութիւնը բեռել համայնքին մէջ առցանց բժշկական, առողջապահական եւ ատամնաբուժական դաստիարակչական դասախօսութիւններով։ Նաեւ՝ գրեթէ ամէն կիրակի, ACMAO-ն «առցանց» Zoom-ի դրութեամբ մասնակցեցաւ AMIC-ի ժողովներուն, համադրելու համար Հայաստանի օժանդակութիւնը համաճարակի ընթացքին:
27 սեպտեմբեր 2020-ին Արցախի պատերազմի լուրը կայծակի արագութեամբ հասաւ աշխարհի ամէն անկիւն, Հայկական սփիւռքի գաղութներուն, ուր անգամ մը եւս հայորդիներ ցնցուած, բայց միասնական ոգիով 44 օրեր գիշեր ու ցերեկ ցոյցերով եւ հանրահաւաքներով ջանացին իրենց ձայները լսելի դարձնել համայն աշխարհի պետութիւններուն։ Անշուշտ մեզի ծանօթ է, թէ ինչպէս 44-օրեայ կռիւը վերջ գտաւ, յուսախափութեան եւ պառակտումի մատնելով հայ ազգը ամենուրէք։ Սակայն հայը յուսահատիլ չի գիտեր:
Հոկտեմբեր 2020-ին, 44-օրեայ Արցախի պատերազմին կարգ մը ընկերակցութիւններ «առցանց» ժողովներով հանգանակային միջոցարումներ կազմակերպեցին։ ACMAO-ն ալ հանգանակեց եւ գումարները յատկացուց յատկապէս խիստ պահանջուած շտապ օգնութեան մեքենաներու համար:
Պայմանները առիթ հանդիսացան Օնթարիոյի կազմակերպութիւններու միասնականութեան եւ UACO-ն կազմուեցաւ: ACMAO-ն հրաւիրուեցաւ, որպէսզի համադրէ բժշկական օգնութիւնը, որ Հայաստան եւ Արցախ ուղղարկուի։ Օնթարիոյի միւս ընկերակցութիւններու կողքին, ACMAO-ն եւս ծանր աշխատանք տարաւ ապահովելու բժշկական, վիրաբուժական սարքաւորումներ, սայլակներ եւ այլազան պիտանի նիւթեր։
Պատերազմի աւարտին, դժբախտաբար, հազարաւոր զոհերու կողքին շատ մը կարեւոր քաղաքներ ալ Արցախի մէջ գրաւուեցան ու քանդուեցան։ Հադրութի եւ Շուշիի գրաւումով երկու ատամնաբուժարան եւ շրջուն ատամնաբուժարանը եւս կորսնցուցինք, սակայն առանց վհատելու մեր ծառայութիւնը շարունակեցինք։
12 դեկտեմբեր 2022-էն ետք օրը օրին հետեւեցանք եւ յուսացինք 120 000 Արցախի բնակչութիւնը ինը ամիսներ շրջափակումէն դուրս կու գայ եւ պայմանները կը բարելաւուին որպէսզի ACMAO-ն կարենայ վերսկսիլ իր օժանդակութիւնը Արցախի մէջ։ Սակայն բոլորս ծանօթ ենք՝ 19 սեպտեմբեր 2023-ի Ազրպէյճանի յարձակումը ինչպէս պատճառ հանդիսացաւ արցախահայութեան տեղահանման։ Մեր մտքերուն մէջ յաւերժ փորագրուած պիտի մնայ, բռնութեամբ տեղահանուած Արցախի մեր հայրենակիցներուն գաղթի ճանապարհը՝ ինքնաշարժերու երկար «կարաւանը» մէկ ուղղութեամբ, դէպի Հայաստան։
Մենք տակաւին կը շարունակենք օգնութեան ձեռք երկարել Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած մեր հայրենակիցներուն։ Համաշխարհային հայ բժշկական խորհուրդի ցուցմունքներով, հոկտեմբերին կոկիկ գումարով Օնթարիոյի գանատահայ բժշկական միութիւնը, այլ ընկերակցութիւններու կողքին, օգնեց հիւանդանոցներու, ուր Արցախէն բերուած հիւանդներ կը բուժուին։
Օնթարիոյի 35-մեակի GALA-ն տեղի ունեցած էր 4 յունիս 2023-ին։ հասոյթը յատկացուեցաւ կարգ մը կարեւոր առողջապահական ծրագիրներու ինչպէս՝ Therapists for Armenia (Rehabilitation) վերականգնողական աշխատանքին, Ալցհայմերի խնամք Հայաստան կազմակերպութեան եւ Գիւմրիի օրթոպեդիական վիրահատութեան համալսարանին:
Անգամ մը եւս, շնորհիւ թորոնթոհայութեան համագործակցութեան եւ աջակցութեան, միասնական ուժերով կը շարունակենք մարդասիրական եւ հայրենասիրական մեր Աստուածահաճոյ աշխատանքը, նպաստելով Հայաստանի առողջապահական համակարգի վերելքին եւ Հայաստան հաստատուած արցախահայութեան բժշկական կարիքներուն։ ֎