Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ թորոնթոհայ տարեցներուն նուիրուած անմոռանալի օր մը
Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն հայց. առաք. եկեղեցւոյ (Toronto Holy Trinity Armenian Apostolic Church) Տիկնանց միութեան հովանու տակ գործող Այցելութեան յանձնախումբի անդամները, գիտակից իրենց առաքելութեան, սիրայօժար եւ խղճամիտ կերպով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը՝ կանոնաւոր այցելութիւններ տալով տարեցներու տուները (nursing home)։ Նաեւ աւանդութիւն դարձած է, տարին անգամ մը, ամրան բոլորը հրաւիրել եւ բերել եկեղեցի՝ ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին եւ սուրբ հաղորդութիւն ստանալու: Տարիներու փորձը ցոյց տուած է, թէ դէպի եկեղեցի անոնց այցելութիւնը ոչ միայն հոգեւոր սնունդ կը պարգեւէ, այլեւ դրական փոփոխութիւն կը բերէ անոնց կեանքէն ներս:
Ահա այդ էր պատճառը, որ Այցելութեան յանձնախումբը համաճարակի որոշակի դադարէ մը ետք, հինգշաբթի, 27 յունիս 2024-ին, կազմակերպեց շատ սպասուած «Երէց քաղաքացիներու նուիրուած» օրը։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ տ. Զարեհ աւ․ քհն. Զարգարեանը (Ter Zareh Zargarian):
Առաւօտեան ժամը 10-ին տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ, զոր մատուցանեց փոխառաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ տ. Զարեհ աւ․ քահանան, իր քարոզը ուղղելով տարեցներուն ու թելադրելով, որ միշտ ամուր մնան իրենց հաւատքին մէջ։ Նոյնանման պատգամով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւ տ. Վարդան ծվ․ Թաշճեանը։ Սուրբ պատարագին ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյս հովիւի օգնական տ. Հայարի քհն. Թանաշեանը եւ Ս. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւ տ. Տաթեւ աւ․ քհն. Միքայէլեանը։ Հոգեւոր հայրերը սուրբ հաղորդութիւն բաշխեցին ներկաներուն, որմէ ետք բոլորն ալ առաջնորդուեցան «Մակարոս Արթինեան» ներքնասրահը, որ ճաշակաւոր կերպով զարդարուած էր Ռիթա Քէթէնճեանի կողմէ: Սեղաններու օրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն յանձնախումբի անդամուհիներու եւ խումբ մը կամաւոր տիկիններու կողմէ:
Բարի գալստեան ջերմ խօսքերով հանդէս եկան յանձնախումբի ատենապետուհի Գարօլին Խուշապէ (անգլերէն) եւ Ցոլինէ Ճէլլատեան-Ծերենցեան։ Տ. Զարեհէն կրկին շնորհաւորեց Այցելութեան յանձնախումբի անդամուհիներու տարած քսան տարուան աշխատանքը եւ գնահատագիրով պարգեւատրեց յանձնախումբի մէջ երկար տարիներ իրենց ծառայութիւնը բերած անդամուհիները՝ Նորա Պալթայեանը, Նուարդ Մուշեանը, Անի Մկրտիչեանը, Արեգնազ Սագարիան, Մատլէն Սահակեանը, Լիտա Գիրդաւիթ եւ Հրանդ Քէթէնճեանը, որ իր երգեցողութեամբ շէնցուցած է «Տարեցներու օր»-ուան հաւաքները: Օրուան մթնոլորտը խանդավառեց Հրանդ Քէթէնճեանը, իր ուրախ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը եւ պարահարթակ հրաւիրեց հոգիով երիտասարդ մեր պապիկներն ու տատիկները:
Շնորհակալական խօսք կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակն ու տաղանդը ի սպաս դրին ձեռնարկի յաջողութեան եւ մեր աւագ սերունդին պարգեւեցին ուրախ եւ անմոռանալի ժամեր:
Վարձքը կատար Այցելութեան յանձնախումբի անդամուհիներուն:֎