Քարերու նմանութեամբ

Մարմինը կը մոռնայ,
բայց ձեռքերը կը յիշեն.
ռիթմեր փորագրուած մաշկին մէջ՝
քարը հղկող
հովին պէս:

Շարժումը իմաստ կը դառնայ։
Ծանրութիւն մը,
որ կը փոխանցուի
ո՛չ թէ խօսքերով,
այլ կոշտուկներով։

Տքնիլը խօսիլ է լեզուով մը,
որ աւելի հին է քան խօսքը՝
ուր շունչը կը չափէ քաղցի
եւ հանգիստի միջեւ եղած
տարածութիւնը։

Տեղ մը, ստուեր մը կը թեքուի
դէպի փոշին,
չգիտնալով, թէ կը կառուցէ,
թէ պարզապէս փլուզումը
կը յետաձգէ։

Բայց կը շարժի։

Եւ այդ բաւարար է
նորէն սկսելու համար։

Երեւան, 2025

***

Նկար՝ «Փառք աշխատանքին». փոքրածաւալ քոլաժ ստուարաթուղթի վրայ Հայաստան (ԽՍՀՄ), 1980-ական թթ. 31.5 x 23 սմ, անյայտ նկարիչ: Առնուած armenian_soviet.posters-էն:

Ռուբէն Խաժակ

Թորթոծին, երեւանաբնակ կիսաբանաստեղծ: Գրական առաջին փորձերը կատարած է ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Զանք» տարեգիրքին մէջ։ Անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են «Բագին»-ի, «Հորիզոն գրական»-ի, «Ազդակ»-ի, «Ալիք»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Ակօս»-ի, «Թորոնթոհայ»-ի եւ քանի մը այլ հանդէսներու էջերուն մէջ։

Previous
Previous

Mapping Armenian women’s voices: A data-driven look at their writing

Next
Next

Թող յուշերը մի՛շտ հնչեն քաղցր երգի մը նման. Տիրուկին հետ