Թորոնթոյի մէջ անհետացած հայորդի մը կը փնտռուի. երեւանաբնակ քոյրը օգնութիւն կը խնդրէ
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»–Երեւանաբնակ Տաթեւ Ստեփանեան (Տաթև Ստեփանյան) իր Ֆէյսպուքի էջին միջոցով հրապարակային կոչ մը ուղղած է՝ օգնութիւն խնդրելով իր եղբօր՝ Տարօն Ստեփանեանի (Տարոն Ստեփանյան) որոնման աշխատանքներուն համար։ Վերջինս անհետացած է աւելի քան 20 ամիս առաջ՝ Թորոնթոյի մէջ։
Տարօն Ստեփանեան եւ քոյրը՝ Տաթեւ:
Հրապարակման մէջ Տաթեւ Ստեփանեան կը նշէ, որ իր եղբայրը վերջին անգամ տեսնուած է 23 դեկտեմբեր 2023-ին։ Տարօն Ստեփանեան շուրջ 10 տարի Գանատայի մէջ կը բնակէր իր կնոջ եւ որդիին հետ։ Տաթեւը կը յաւելէ, որ Թորոնթոյի ոստիկանութիւնը եղբայրը կը փնտռէ որպէս անհետ կորսուած:
Դիմելով հանրութեան՝ Տաթեւ Ստեփանեան կը խնդրէ, որ անոնք, որոնք իր եղբօր մասին տեղեկութիւններ ունին կամ իրենց կապերով ու ծանօթութիւններով կրնան օգտակար ըլլալ, իրեն հետ կապ հաստատեն։ Ան նաեւ լուսանկար մը եւ հեռաձայնի թիւ տրամադրած է՝ նշելով, թէ հասանելի է Viber-ով, WhatsApp-ով եւ Telegram-ով (գրարումը այստեղ՝ https://www.facebook.com/photo/?fbid=24989941077257591&set=a.534051156606590&__tn__=R*F):
Յետգրութեան մէջ Ստեփանեան ցանկագրած է այն կառոյցները եւ պաշտօնատար անձերը, որոնք տեղեակ եղած են եղբօր անհետացումին մասին, ինչպիսին են՝ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) գլխաւոր դատախազութիւնը, ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանատունը, Գանատահայոց թեմը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը եւ այլն։
Տաթեւ Ստեփանեան յոյս կը յայտնէ, որ այս կոչը լոյս պիտի սփռէ իր եղբօր անհետացման գործին վրայ եւ վերջ պիտի տայ իր եւ մօրը տառապանքներուն։