ԳԻՐՔԻ ԱԿՆԱՐԿ. «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ»` իւրայատուկ յուշագրութիւն մը

Հրատ Բոլատեանի «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» անգլիատառ առցանց գրքոյկը հետաքրքական եւ իւրայատուկ յուշագրութիւն մըն է, տասնամեակներու հանրային ծառայութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման նուիրուած աշխատանքներու մասին, զոր թարգմանեցի հայերէնի եւ զայն ներկայացուցի հայ ընթերցողին Darperag21.net հարթակին միջոցով:

«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ» խորապէս անձնական եւ մտորումներով լեցուն ինքնակենսագրութիւն մըն է, ուր Հրատ Բոլատեան կը պատմէ իր կեանքին մասին՝ որպէս Եգիպտոս ծնած հայ մը, որ 1966-ին կը գաղթէ Գանատա։ Գրքոյկին առաջին բաժնով, Բոլատեան կը ներկայացնէ իր յուշերը գրի առնելու դրդապատճառները, որոնք չեն բխիր փառասիրութենէ, այլ՝ ցանկութենէ մը վաւերագրելու իր լուռ եւ իմաստալից ծառայութիւնը՝ նուիրուած Հայ դատին ու սփիւռքահայութեան։

Յուշագրութիւնը կը յատկանշուի համեստութեամբ եւ ինքնութեան ամուր զգացողութեամբ։ Բոլատեանի խորհրդածութիւնները յաճախ կը շեշտեն, որ իր ներդրումը, թէեւ իր աչքով համեստ, մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ մշակութային եւ պատմական հոլովոյթի մը, որ կ’առաջնորդուի համայնքին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացումով։ Անոր պատասխանատուութեան զգացումը ուժեղ արտայայտութիւնն է իր նուիրումին եւ յարգանքին՝ իր սփիւռքահայու առօրեայ կեանքին հանդէպ:

«Ես հպարտ եմ կատարածներովս եւ միաժամանակ խոնարհ եմ, որովհետեւ այն ինչ որ ես կատարեցի անապատի մը եւ կամ երկիր մոլորակի ծովեզրերու մէկ աւազահատիկը հազիւ ներկայացնէ», ան կը գրէ:

պատկերը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ

Ոճային տեսանկիւնէ, գրութիւնը պարզ է՝ հեռու պաճուճանքէ, եւ առաջնահերթութիւն կու տայ անկեղծութեան։ Անկեղծութեան խոր զգացումը յստակ կերպով կ’արտայայտուի ընտանիքի անդամներուն կապուած յուշերուն մէջ՝ մանաւանդ հօր վերջին պատմութիւններուն եւ մեծ մօր քնանալէն առաջ ըսած խօսքերուն մէջ, որոնք ներկայացուած են նրբօրէն եւ յարգալից մօտեցումով։ «Ես կը յիշեմ մեծ մայրիկս, երբ մեզի կը դնէր մեր անկողիններուն մէջ, մեզի կը պատմէր Ուրֆայի յայտնի «Ախթար Պուտարիկի» առասպելական հեքիաթը: Կը յիշեմ նաեւ, որ ինձմէ կը խնդրէր իր կռնակի ոսկորներուն վրայ քալել..», կը գրէ:

Բոլատեանի անկեղծ ոճը եւ երանգը ընթերցողը կը հրաւիրէ իր անձնական աշխարհը՝ միաժամանակ նրբօրէն նկարագրելով բազմազան վայրերէ տեղահանուած հայերու հաւաքական փորձառութիւնը։

Ինքնակենսագրականը կը ծառայէ նաեւ որպէս հասարակական-պատմական վաւերաթուղթ մը 20-րդ դարու իրադարձութիւններուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան, ցեղասպանութենէն յետոյ գաղթերուն, 1988-ի երկրաշարժին, Ղարաբաղեան շարժումին եւ Հայաստանի 1991-ի անկախութեան: Այս առումով, հեղինակին կեանքը կը դառնայ ոսպնեակ մը, որով կ’ուրուագծուին սփիւռքի հիմնական թեմաները՝ տառապանք, գոյատեւում, յիշողութիւն, ծառայութիւն եւ ինքնութեան պահպանում։

Յուշագրութիւնը ունի արխիւային բնոյթ, որ կը ներառէ նամակներ, լուսանկարներ, յօդուածներ եւ թերթերու կտրոններ, ինչպէս նաեւ 1960-ական թուականներու Թորոնթոյի հայկական համայնքի լուսանկարային պատմութիւնը, որ զայն կը վերածէ վաւերագրական կարեւոր վկայութեան մը:

Իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն մասին մանրամասն յիշատակները՝ 20-րդ դարու կէսերու Գահիրէի մէջ, կը բացայայտեն ինքնութեան, համայնքային կապերու եւ տոկունութեան նրբազգաց առնչութիւնները՝ մանաւանդ սփիւռքահայ իրականութեան շրջագիծին մէջ։ «Բացման արարողութեան օրը ես ներկայ էի։ Առաջին յարկին վրայ կը գտնուէին գլխաւոր գրասենեակները եւ «Յուսաբեր» թերթի խմբագրատունը»։ «…Հսկայական Փալանճեան գրադարանը, որ ունէր հազարաւոր գիրքեր»։

«Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ»-ը աւելին է, քան անհատական յուշագրութիւն մը։ Ան անկեղծ վկայութիւն մըն է սփիւռքի տոկունութեան, ինչպէս նաեւ՝ ցիրուցան ու տեղահանուած, բայց ինքնութիւնը պահպանած ժողովուրդի մը պատմական ուղիին։ Այս տեսանկիւնէն, գրքոյկը արժանի է թէ՛ ակադեմական ուշադրութեան եւ թէ՛ համայնքային գնահատանքի։

«1966-ի սկիզբը, երբ մենք գիշերեցինք Ամսթերտամ՝ Գանատա մեկնելու ճամբուն վրայ, ես առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ թուրքերու, հիւրանոցի նախասրահին մէջ։ Այս հանդիպումին մանրամասնութիւնները, զորս կը գտնէք այս գիրքին մէջ, լոյս տեսած են Թորոնթոյի հայ երիտասարդական դաշնակցութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի «Արձագանգ» թերթի 1974-ի ապրիլեան թիւին մէջ»։

«…Շէնք ունենալու եւ զայն մեր «Տուն» եւ հայ համայնքի կեդրոն կոչելու գաղափարը կեանքի երազանքն էր մեծ տեսլական ունեցող՝ «The Georgetown boys» -ի հայ որբերէն՝ Գուրգէն (Քըրք) Մակարեանի, որուն Գանատա բերած էին 1923-ին»:

«Այլ նշանաւոր հայերու կողքին, ընկ. Գուրգէնը կարեւոր դեր խաղցաւ «Avenue Road եւ Dupont Street» փողոցներուն անկիւնը գտնուող «ACC» շէնքը գնելու գործին մէջ»։

«Այդ շէնքին մէջ էր, որ ես մասնակցեցայ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան առաջին ժողովին…: Այդ շէնքը դարձաւ հայ համայնքին կեդրոնը, 1967-ի աշնան»: «Ես չեմ կրնար մոռնալ այդ գիշերը. բոլորին աչքերուն ուրախութեան արցունքները, յատկապէս մեր սիրելի ընկեր Գուրգէնը»։

«Տիւփոն փողոցին վրայ գտնուող Հայ կեդրոնը կը ներառէր 1969-էն ի վեր եղած ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութեան գրասենեակները»։

Յուշագրութեան մէջ Տէտէ Նալճեանի ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ ընտանեկան սէրը եւ մշակութային յարատեւութիւնը: Այն փաստը, որ Նալճեան ունէր զօրավար Անդրանիկի շնորհակալական նամակը, կ’ընդգծէ անձնական եւ պատմական խորքը՝ միաժամանակ կապ ստեղծելով մէկ ընտանիքի պատմութեան եւ ցիրուցան ժողովուրդի մը հաւաքական ժառանգութեան միջեւ։

«Տէտէ Նալճեանի քով կար զօր. Անդրանիկի ստորագրութեամբ նամակ մը, ուր ան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէր 1920-ականներու սկիզբը Գահիրէի մէջ իրեն մատուցուած բժշկական ծառայութիւններուն համար»։

Բոլատեանի Գանատա տեղափոխութիւնը եւ հոն սկսած նոր կեանքի պատմութիւնը շարունակութիւնն է այն բոլորին, զորս ինք կը կատարէր Եգիպտոսի մէջ:

«Նոր աշխարհ ժամանած էի՝ նոր կենսակերպով, նոր սովորութիւններով, բայց անցումը այդքան ալ դժուար չէր. կը թուէր կարծես շարունակութիւնը ըլլալ այն բոլորին, զորս ես անցեալին կը կատարէի»։

Այս արտայայտութիւնը նրբօրէն կը ցոլացնէ մշակութային կայունութեան թեման. մինչ աշխարհագրութիւնները կը փոխուին, ինքնութիւնը եւ նպատակը կը մնան անփոփոխ։

Բոլատեան կը պատմէ իր գործուն մասնակցութեան մասին՝ ՀՅԴ-ի, ՀՕՄ-ի, ՀԵԴ-ի եւ Համազգայինի տեղական մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ՝ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզական կազմակերպութիւններուն մէջ՝ ընդգծելով իր ներդրումը ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական բաժանմունքի հիմնադրութեան, շրջանային ժողովներու, ներկայացումներու եւ երիտասարդական ձեռնարկներու: Այս մասնակցութիւնը նկարագրուած է ոչ թէ պարծենկոտութեամբ, այլ գոհունակութեամբ եւ ծառայութեան հանդէպ նուիրուածութեան լուռ զգացումով: Անոր համեստ, բայց անդրդուելի նուիրումը կ’ամրապնդէ յուշագրութեան կեդրոնական պատգամը, թէ ինքնութիւնը կարելի է պահպանել ոչ թէ անընդհատ յիշատակումովը անցեալին, այլ գործուն մասնակցութեամբ ներկայի մէջ:

Բոլատեանի յուշալպոմներն ու լուսանկարչական օրագրութիւնները կը յիշեցնեն ընթերցողին, որ մշակոյթի ինքնահաստատ գոյատեւումը նաեւ կախում ունի պատմութիւններու, դէպքերու եւ անձերու արխիւային պահպանումէն. առաքելութիւն մը, զոր Բոլատեանի յուշագրութիւնը ինքնին կ’իրագործէ։

Բոլատեանի յուշագրութիւնը նաեւ կ’ընդգծէ իր նուիրումը Հայ դատին, որ կը ներառէ գանատական լրատուամիջոցներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան եւ Արցախի հակամարտութեան շուրջ, խմբագիրներուն նամակներ գրելով, քաղաքական գործիչներու հետ կապեր հաստատելով եւ տեղական մամուլին հետ յարաբերութիւններ զարգացնելով։

«16 յունուար 1987-ին, գրեցի Մոնթրէալի «Gazette» թերթի խմբագրին՝ ամէն օր Գանատա ժամանող թուրք, այսպէս կոչուած «գաղթականներու» մասին, որոնք տասներեք թռիչքներով ամէն օր կը ժամանէին Գանատա։ Վստահ էի, որ այս նամակը նոյնպէս պիտի մերժուէր, ինչպէս նախորդ քանի մը նամակներուն մեծ մասը։ Բայց, ի զարմանս, ան հրապարակուեցաւ 29 յունուար 1987-ին։ Այս նամակը եւ այլ նամակագրութիւններ կան այս գիրքին մէջ»։

Բոլատեանի ներգրաւուածութիւնը գանատական քաղաքական կեանքին մէջ եւս նշանակալի է։ Տեղական մակարդակով կազմակերպչական աշխատանքներու մասնակցութենէն անդին, ան դարձած է ազգային շահերու բանբեր մը, որ անուղղակիօրէն կրնայ ազդել քաղաքականութեան վրայ։ Այս ընթացքը վկայութիւն մըն է իր հետեւողական ներգրաւուածութեան։

1990-ականներուն կարճ ժամանակ մը եղած եմ Սէն Լորէն շրջանի Ազատական կուսակցութեան դաշնակցային երեսփոխան, հանգուցեալ տիկ. Շըրլիի Մահիուի գործադիր խորհուրդի անդամներէն մէկը (ոչ ընտրովի պաշտօն): Ան շատ լաւ բարեկամ էր Մոնթրէալի հայ համայնքին:

Բոլատեանի ողջ կեանքին նուիրուածութիւնը ճշմարտութեան, արդարութեան եւ սփիւռքահայ ինքնութեան պաշտպանութեան համոզիչ վկայութիւնն է գանատական հասարակութեան բազմամշակութային բնոյթին։ Անոր կեանքը Մոնթրէալի մէջ կը ծառայէ որպէս օրինակ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան, որ կը հիմնուի յիշողութեան, պատասխանատուութեան եւ պատմական ճանաչումի անխոնջ ձգտումին վրայ։ Անոր զգօն հետեւողականութիւնը կը հաստատէ յուշագրութեան հիմնական պատգամը. գործուն քաղաքականութեան ջատագովութիւնը պաշտօն չէ, այլ կեանքի ձեւ, որմով մարդ կ’ապրի։ ֎


Այս ակնարկը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2025 (#216) թիւին մէջ:


Շաքէ Մանկասարեան

Հիմնադիրն է RadioAyk առցանց կայանին: 2015-էն ի վեր կը գրէ յօդուածներ «Ուիքիփետիա»-ի արեւմտահայերէն բաժնին: 2021-էն ի վեր կը գործակցի Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթին պատրաստելով ձայնագրեալ լրահոսը։ 2021-ին, 2023-ին եւ 2024-ին լոյս կը տեսնեն իր «Արեւմտահայերէն հեթիաթներ»-ու երեք  հատորները: 2022-ին, կը հրատարակէ՝ «Գործնական ծրագիր ընկալուածէն դէպի ապագայատեսիլ սփիւռք, ի՞նչ բարեփոխել...» գիրքը համախմբագրութեամբ փրոֆ. Արա Սայեղի։

Previous
Previous

Համազգայինի միջդպրոցական շարադրական մրցոյթին թորոնթոհայ աշակերտներ մրցանակներու արժանացան

Next
Next

Թորոնթոյի մէջ անհետացած հայորդի մը կը փնտռուի. երեւանաբնակ քոյրը օգնութիւն կը խնդրէ