Համազգայինի միջդպրոցական շարադրական մրցոյթին թորոնթոհայ աշակերտներ մրցանակներու արժանացան

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»--Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած 2024-25 տարեշրջանի միջդպրոցական շարադրական մրցոյթին, Թորոնթոյէն ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի երկու աշակերտներ գրաւեցին երրորդ տեղերը։

Գանատայի տարածքին հայկական վարժարաններու միջնակարգ բաժնի երրորդ մրցանակը խլեց Փաթիլ Սարգիսը, իսկ երկրորդական կարգի երրորդ մրցանակը՝ Նաթալի Արթինեանը։

Շարադրական մրցոյթին գլխաւոր նպատակն է խրախուսել սփիւռքահայ աշակերտներուն արեւմտահայերէնով գրաւոր արտայայտուելու կարողութիւնը։ Մրցոյթի դատական կազմին մաս կը կազմէին՝ Յասմիկ Պապեան, Զեփիւռ Ասատուրեան եւ Սիմոն Պաղտասարեան։ Միջդպրոցական շարադրական մրցոյթին մասնակցեցաւ 169 աշակերտ։

Ստորեւ կը հրապարակենք թորոնթոհայ մրցանակակիրներուն շարադրութիւնները․


Մայր ուսուցիչ

Փաթիլ Սարգիս

Կեանքիս մէջ ոգեւորուած եմ շատ մը մարդոցմէ․ փոքր տարիքիս ոգեւորուած էի ծնողքէս, շատ չանցած ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ մը շատ մեծ ազդեցութիւն ձգեց վրաս։ Ամէն մարդ հերոս մը ունի, տիպար մը, որ կը դառնայ իր կեանքին իտէալը։ Իմ հերոսս ու իտէալս է իմ հայերէնի ուսուցիչս՝ տիկին Իրման։

Հինգերորդ դասարանին ծանօթացայ տիկին Իրմային, որ Լիբանանէն նոր եկած էր։ Ան կը դասաւանդէր Լիբանանի «Ճեմարան» վարժարանէն ներս։

Յասմիկ Պապեան եւ Փաթիլ Սարգիս

Տիկին Իրման պարզ ուսուցչուհի մը չէր, ոչ ալ՝ իր պահերը, ան ոչ միայն կը դասաւանդէր հայերէն, աշխարհագրութիւն ու Հայոց պատմութիւն, այլ կը սորվեցնէր մեզի ինչպէս տիպար ու ազգասէր հայ աշակերտ ըլլալ։ Իր քաղցր լեզուով եւ անուշ ձայնով կը փոխանցէր իր գիտելիքները։ Իր ձայնը մեղեդի մըն էր, որ անդադար ականջիս մէջ պիտի մնայ։ Տիկին Իրման կը խօսէր, ինչպէս մեր հոգիներուն կը խօսէր, մեր դասարանը իր բեմը կ՚ընէր, մեծ առոգանութեամբ կը դասաւանդէր։ Իրականութեան մէջ տիկին Իրման միայն ուսուցիչ չէր, այլ մայր մը․ ան մայրաբար կը դասաւանդէր մեզի։ Դժբախտաբար մեր շատ սիրելի ուսուցչուհին դարուս ամենէն գէշ ու անդարման հիւանդութիւնը ունեցաւ։ Քաջաբար ու մեծ յոյսով կը պայքարէր հիւանդութեան դէմ։ Ան կը շարունակէր ժպիտով ու ուրախութեամբ ներկայ ըլլալ մեր մէջ։ Չնայած որ ան հիւանդ էր, ժամանակը կ’առնէր, որ ամէն դաս մեզի համար ամփոփէր: Իր այս պարտաւորութիւնը ինծի շատ կը քաջալերէ, որ աւելի լաւ, աշխատասէր ու խելացի աշակերտ ըլլամ։ Տիկին Իրման հայ լեզուի հանդէպ՝ մեր մէջ մեծ սէր ստեղծեց, մանաւանդ ասմունքի, որուն հանդէպ ես շատ մեծ հետաքրքրութիւն ունիմ։ Ան ինծի շատ բաներ սորվեցուց, ոչ միայն դպրոցին մէջ, այլ ասմունքին։ Առանց իրեն ես Համազգային ասմունքի մրցումին չէի յաղթեր։

«Մայր ուսուցիչ» զինք պիտի կոչեմ, որովհետեւ միայն ուսուցչուհի չէր, այլ՝ մայր։ Կը խոստանամ իր բոլոր խրատները ու գիտելիքները պահել ու գործադրել, կը հաւատամ իր հոգին մեր մէջ ուրախ պիտի ապրի։ ֎


Անսպասելի ներշնչում

Նաթալի Արթինեան

Ներշնչող պահերը միշտ ալ պարտադիր չէ, որ լաւ դէպքեր ըլլան։ Ընդհակառակը՝ վատ դէպքերն են, որոնք երկարատեւ հետքեր կը ձգեն մարդոց վրայ։ Երրորդ դասարանին՝ ծնողքս անդրադարձան, որ սխալ բան մը կար։ Հասկցուեցաւ, որ վիրահատութիւն պէտք էր ունենայի։ Առաջին վիրահատութիւնս ութ տարեկանիս էր։ Ամիսներով քալելը՝ որ ամենաբնական բանն էր՝ չէի կրնար։ Ես կը կարծէի, որ այս մէկն էր ու վերջ, բայց բժիշկը սխալ մը ըրած էր։ Հինգերորդ դասարանին ունեցայ երկրորդ վիրահատութիւնս եւ վեցերորդին՝ երրորդը։ Ամէնքը խոստացան ճշտել նախորդին սխալը, բայց ոչ մէկը յաջողեցաւ։ Այո, ճիշտ է որ վիրահատութիւնները շատ ցաւ կը պատճառեն, բայց այդ չէր ամենավատը ինծի համար։ Ամենավատը այն էր, որ ամիսներով մեկուսացուած կ’ըլլայի դպրոցէն ու ընկերներէս։ Նաեւ կար անտանելի անօգնականութեան, անզօրութեան զգացումը։ Այս դէպքերէն վերջ՝ հիւանդանոց, բժիշկ, բժշկական ասպարէզը՝ բոլորը կ’ատէի։ Ոչ միայն կ’ատէի, կը վախնայի, որովհետեւ մէկ հատ ալ չէի ուզեր այդ անզօր վիճակին վերադառնալ։ Այս դէպքերէն վերջ՝ որոշեցի որ ես երբեք պիտի չ՚աշխատէի բժշկական ասպարէզին մէջ։

Նաթալի Արթինեան եւ Թալին Արթինեան Գըլըպոզեան

Տարիներու ընթացքին, գիտութեան դասընթացքներուն շատ ուշադրութիւն չէի դարձներ։ Որոշուած էր որ այս նիւթը այլեւս ինծի չէր հետաքրքրեր։ Վերջապէս հասայ տասներկուերորդ դասարան։ Անսպասելի դէպք մը պատահեցաւ։ Հասայ կենսաբանութեան եւ քիմիայի դասընթացքներուն։ Նոր ուսուցիչ մը կար։ Բոլոր կեանքս՝ ոչ մէկը հետաքրքրուած էր իմ նիշերուս կամ դասերուս մասին, որովհետեւ ամէնքը գիտէին, որ ինչ որ ըլլայ, լաւ պիտի ընեմ։ Այս ուսուցիչին դասերը սակայն դիւրին չէին։ Այս շուտով հասկցայ։ Այս դասընթացքները վերջապէս եղան բաներ, որոնք իրաւէն զիս հետաքրքրէին։ Իսկ այս ուսուցիչը կը հաւատար, որ կարելիութիւնը ունէի, որ գերազանց ըլլամ։ Ամէն օր կը քաջալերէր զիս, եւ հասայ իր սպասելիքներուն։ Երբեք չէի ունեցած մէկը, որ իմ մէջ այդչափ յոյս ունենայ։ Տարուան վերջը հասկցայ, որ իսկականին մէջ, կ՛ուզէի աշխատիլ բժշկութեան ասպարէզին մէջ։

Այս որոշումը ոչ ես կը հասկնայի եւ ոչ ալ ծնողքս կը հասկնար։ Երկմիտ վիճակի մէջ էի։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլար, որ կ’ուզէի աշխատիլ այն ասպարէզին մէջ, որ ինծի այդքան ցաւ ու դժգոհութիւն պատճառած է։ Մինչեւ հիմա չեմ հասկցած։ Ես կը կարծեմ, որ այս դէպքը եւ մէկ ուսուցիչը միասին եղած են իմ ամենամեծ ներշնչումը։ Բժշկին ըրած սխալը եւ իմ տառապանքը անոր պատճառով՝ օգնած են, որ գիտնամ ինչպիսի անձ մը կ’ուզեմ ըլլալ։ Կ’ուզեմ ըլլալ աշխատասէր, որ լաւ սորվիմ եւ նոյնպիսի սխալ չկատարեմ։ Իսկ այն ուսուցիչը եւ այդ վատ դէպքերը օգնեցին, որ աւելի լաւ ու դրական ձեւով տեսնեմ։

Ոչ միայն գիտեմ, որ բժիշկ պիտի ըլլամ օր մը օրանց, նաեւ գիտեմ, որ ինչպիսի՛ բժիշկ պիտի ըլլամ։ Պիտի ըլլամ այնպիսի բժիշկ մը, որ կը լսէ ու կը հասկնայ, որովհետեւ նման փորձառութիւններէ անցած եմ։ Պիտի ըլլամ այնպիսի բժիշկ մը, որ կը վստահեցէ որ ոչ մէկը անօգնական ու անզօր զգայ։ Պիտի ըլլամ գիտակից իմ գործիս մէջ եւ որքան կրնամ՝ սխալներ չկատարեմ։

Կան ատեններ, երբ կ’երեւակայեմ, թէ ինչը տարբեր կ’ըլլար, եթէ այդ սխալը չկատարուէր։ Ինչ լաւ կ’ըլլար, բայց եղածը չէի փոխեր։ Իմ անձս բոլորովին տարբեր կ’ըլլար։ Այս դէպքին պատճառով է որ ինքզինքս կը մղեմ ամենէն լաւը ըլլալուն։ Ասոր պատճառով է որ գիտեմ տոկունութեան, կարգապահութեան եւ աշխատանքի արժէքը։ Սորված եմ, որ ինքնակարգապահութիւնը կամուրջն է երազանքներու եւ ձեռքբերումներու միջեւ։ Մարմնիս վրայ վէրքերը, որոնք ամէն օր կը տեսնեմ՝ շարունակաբար կը յիշեցնեն որ ինչ եղաւ ինծի եւ ինչպիսի անձ մը պիտի ըլլամ ապագային։ Բան մը չէի փոխեր։

Զարմանալի է ինչպէս մէկ դէպք եւ մէկ անձ կարողութիւնը ունին մարդոց կեանքերուն մէջ այդքան փոփոխութիւններ կատարելու։ Միշտ շնորհակալ եմ որ այս բաները պատահեցան, որովհետեւ ես դարձած եմ աւելի լաւ անձ։ Ներշնչումը միշտ ուրախ ձեւերով չի յայտնուիր, քեզմէ կախեալ է ինչի կը վերածես զայն։ ֎


Թորոնթոհայ մրցանակակիրներուն շարադրութիւնները հրատարակուած են «Թորոնթոհայ»-ի օգոստոս 2025 (#216) թիւին մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Սիրելի Ռոպէր Հատտէճեանին

Next
Next

ԳԻՐՔԻ ԱԿՆԱՐԿ. «Նեղոսէն մինչեւ Օնթարիօ լիճ»` իւրայատուկ յուշագրութիւն մը