Սիրելի Ռոպէր Հատտէճեանին

Սրտի խոր կսկիծով իմացանք, որ հայ մամուլի մեծ գործիչ, Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի երակարամեայ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեան կնքած է իր մահկանացուն։

«Թորոնթոհայ»-ի խմբագրական կազմը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Հատտէճեան ընտանիքին, «Մարմարա» թերթի խմբագրութեան եւ անձնակազմին եւ հայ մամուլի մեծ ընտանիքին:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

լուսանկար՝ Պերճ Արապեանի

Այս տխուր առիթով կը վերահրատարակենք թորոնթոհայ գրող, բանաստեղծ Գրիգոր Հոթոյեանի «Սիրելի Ռոպէր Հատտէճեանին» բանաստեղծութիւնը:


Սիրելի Ռոպէր Հատտէճեանին

Գրիգոր Հոթոյեան


Մեսրոպ Մաշտոցի աւիշով սնուած՝

Դուն հանճարածին ժառանգ մեսրոպեան,

Սուրոէն փոխանցուած օրհնութեամբ զինուած՝

Ողջո՜յն արեւիդ, Ռոպէր Հատտէճեան:'

Հայոց մեծասքանչ լեզուին ծառայող՝

Անխոնջ ուսուցիչ Սահակ-մեսրոպեան,

Անխախտ հաւատքով, գրչով առինքնող՝

Հայ լեզուի պահակ, Ռոպէր Հատտէճեան:

Ի վերուստ օժտուած խելքով իմաստուն՝

Հայ ժողովուրդի զաւակ խոհական,

Հպարտ ենք քեզմով, մեսրոպահնչիւն

Կեանքովդ վսեմ, Ռոպէր Հատտէճեան:

Հայ թերթի, գիրքի, գրականութեան

Անձնուէր մշակ, աղբիւր անխափան,

Հայակերտումի շունչով նայիրեան

Կը քալես ընդմիշտ, Ռոպէր Հատտէճեան:

Մեր քաղցր լեզուով, «Մարմարա» թերթով,

Յուշատետրերուդ շարքով պատմական,

Ազգային ոգին աննկուն կամքով

Արթուն կը պահես, Ռոպէր Հատտէճեան:

Աստուածապարգեւ տաղանդով ծնած

Մանուկ հասակէն՝ հայոց դպրութեան,

Թարգմանչաց ուխտով ոգեղինացած՝

Մշտավառ կանթեղ, Ռոպէր Հատտէճեան:

Իմ տկար գրչով, խօսքով սրտագին

Կը գովերգեմ քեզ ու կը հիանամ

Վաստակին բուրեան՝ չքնաղ ու անգին,

Հայ գիրի վարպետ, Ռոպէր Հատտէճեան:

Այժմ կ’աղօթենք, որ կեանքդ ըլլայ

Առողջ ու երկար, բոյրով դիւթական,

Ազգաշէն միտքդ միշտ պայծառ մնայ,

Պանծալի գրող, Ռոպէր Հատտէճեան:

25 ապրիլ 2012

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

«Մեր ուշադրութեան կեդրոնը՝ Սիւնիքն է. այս օրինակով կրնանք ունենալ բոլորովին այլ որակներու Հայաստան մը»

Next
Next

Համազգայինի միջդպրոցական շարադրական մրցոյթին թորոնթոհայ աշակերտներ մրցանակներու արժանացան