Իշխանավայել նուիրատուութիւն՝ 500 000 տոլար. Թոքմաքճեան ամոլը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»— Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեան ամոլը 500 000 գանատական տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած են՝ ի նպաստ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ նորոգութեան։
«Մեծասիրտ եւ առատաձեռն այս նուիրատուութիւնը գեղեցիկ արտայայտութիւն մըն է հաւատքի, նուիրումի եւ համայնքային պատասխանատուութեան։ Ան միաժամանակ խօսուն վկայութիւն մըն է այն սիրոյ, հաւատարմութեան եւ խոր կապուածութեան, զորս մեր ժողովուրդի զաւակները կը տածեն իրենց սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ», եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կը յայտնէ իր հրատարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 2026 թուականը հռչակած է «Հանգանակութեան տարի»՝ «Հաւատքով կերտուած, համայնքով նորոգուած» կարգախօսին ներքոյ։ Նպատակն է գոյացնել մէկ միլիոն տոլարի գումար մը՝ հոգալու 1983-ին հիմնուած եւ 1990-ին օծուած այս պատմական կառոյցին հրատապ վերանորոգումները։
Թոքմաքճեան ամոլին այս նուիրատուութիւնը կու գայ լրացնելու նախատեսուած գումարին կէսը, ինչ որ հսկայական թափ կու տայ եկեղեցւոյ բարգաւաճման գործընթացին։ Փետրուարին, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ սրկ. Սարգիսեանի «Թորոնթոհայ»-ին յայտնած էր, որ նորոգութիւնները միայն գեղագիտական չեն, այլ ապահովական. անոնք կը ներառեն տանիքի ամբողջական փոխարինումը հերձաքարերով, ջեռուցման ու օդափոխութեան համակարգերու արդիականացումը եւ այլ կենսական աշխատանքներ։ Անցեալ տարի փոխուած են եկեղեցւոյ օդափոխիչը, զովացուցիչ եւ ջեռուցիչ մեքենաները, որովհետեւ անոնք կանոնաւոր ձեւով չէին գործեր։ «Անհնար էր չնորոգել զայն՝ նկատի ունենալով ձմռան ցուրտ, իսկ ամռան տաք եղանակը։ Տանիքի նորոգութիւնը նոյնպէս անհրաժեշտ էր, որովհետեւ անկէ ջուր կը մտնէր եւ կրնար վնասել կառոյցը», նկատել տուած էր ան։
Իւրաքանչիւր գաղութի գոյութեան եւ զարգացման գրաւականներէն մէկը հայ եկեղեցին է։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին համայնքին համար կենսական նշանակութիւն ունի, անոր գործունէութիւնները բազմաթիւ են ու բազմազան՝ ինչպէս հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ ծառայողական. «Պարզ ակնարկ մը եթէ նետենք մեր եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ, յստակ կը դառնայ, որ մեր եկեղեցին միայն հոգեւոր կեդրոն մը չէ, այլեւ ջահակիրը հայկական մշակոյթի պահպանման գործընթացին։ Ատոր ապացոյցն են տարբեր մշակութային միջոցառումները, դասերն ու համերգները, զորս եկեղեցին կը կազմակերպէ ամրապնդելու մեր համայնքի հայկական ինքնութիւնը», հաստատած էր Կարօ սրկ. Սարգիսեան:
Սուրբ եւ անմահ պատարագներուն, Կիրակնամուտի ժամերգութիւններուն կողքին, կը յիշատակուին Սրբոց տօները, կը նշուին ազգային տօները, կը կազմակերպուի Սուրբ Աստուածածնայ տօնին ուխտի շաբաթը, առաւել տեղի կ’ունենան Սուրբ գրային սերտողութիւններու պահեր, որոնցմէ մէկը առցանց շաբաթական դրութեամբ, իսկ միւսը՝ առաւելաբար երիտասարդներու համար։ Այս բոլորը կը միտին զարգացնելու եւ ամրապնդելու հայ հաւատացեալին կապը Աստուծոյ հետ։ Կրթական գետնի վրայ եկեղեցին ունի իր կիրակնօրեայ դպրոցը եւ մանուկներու համար Սուրբ գիրքի պատմութեան ժամը, որուն ընթացքին քրիստոնէական դաստիարակութեան կողքին մատղաշ սերունդներուն կը ջամբուին հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները։
«Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով՝ մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Թոքմաքճեան ազնիւ ամոլին եւ կ’աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը առատապէս օրհնէ զիրենք եւ իրենց ընտանիքը՝ պարգեւելով քաջառողջութիւն, խաղաղութիւն, բարգաւաճութիւն եւ երկար տարիներ», կը յայտնէ հոգաբարձութիւնը:
Անցեալ ամիս, 17 ապրիլի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն նուիրուած «Ընդունելութեան երեկոյթ» մը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ տ. Բաբգէն ս. արք. Չարեանի։ Երեկոն համախմբեց համայնքի զաւակները, բարերարներն ու բարեկամները՝ ի նպաստ եկեղեցւոյ նորոգութեան կարեւոր նախաձեռնութեան, որ ոչ միայն նիւթական աջակցութեան, այլեւ՝ հաւաքական նուիրումի, եկեղեցասիրութեան եւ ազգային-հոգեւոր պատասխանատուութեան արտայայտութեան առիթ մըն էր։
Ըստ եկեղեցւոյ տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան, երեկոյթին գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին ելոյթ ունեցան Մարիա Տաուտեան (դաշնամուր), Նշան Փափազեան (ջութակ), Գրիգոր Մանուկեան (աւագասրինգ) եւ Արմէն Պետրոսեան (Սաքսոֆոն): Օրուան բեմավարը՝ Սարգիս սրկ. Կիտանեան առաջնորդեց երեկոն։ Ընթացքին խօսքեր արտասանեցին՝ տ. Տաթեւ աւ. քհն. Միքայէլեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան սրբազան նշանակութիւնը եւ հաւաքական մասնակցութեան կարեւորութիւնը եւ Կարօ սրկ. Սարգիսեան, որ ներկայացուց նորոգութեան անցնող եւ գալիք շինարարական ծրագիրները՝ լուսաբանելով անոնց զանազան հանգրուաններն ու հեռանկարները։ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան անունով սրտի խօսք փոխանցեց Յովիկ Գույումճեան:
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ յատուկ վաւերագրական տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր եկեղեցւոյ պատմականը, անոր անցեալն ու համայնքի անդամներուն կեանքին մէջ ունեցած առաքելութիւնը։
Իր խօսքին մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծվ. Շխրտմեան դիտել տուաւ, թէ եկեղեցաշինութեան մասնակցիլը պարզ նիւթական աջակցութիւն չէ միայն, այլ՝ հոգեւոր պատիւ եւ հաւատքի կենդանի վկայութեան արտայայտութիւն՝ Պօղոս առաքեալին խօսքին համաձայն։ Երեկոն փակուեցաւ առաջնորդ սրբազան Հօր՝ տ. Բաբգէն արք. Չարեանի պատգամով, որ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն, նուիրատուներուն եւ մասնակիցներուն։