Այս թիւով «Թորոնթոհայ»-ը կը նշէ իր քսանամեակը:
Այս թիւով «Թորոնթոհայ»-ը կը նշէ իր քսանամեակը:
Իր հիմնադրութենէն՝ 2005 թուականէն ի վեր, թերթը Թորոնթոյի հայ համայնքի կեանքին ցոլացումը եղած է: Երկու տասնամեակ անց մենք դեռ այստեղ ենք` առաջնորդուելով նոյն առաքելութեամբ, կրելով նոյն պատասխանատուութեան զգացումը եւ նուիրուած՝ ծառայելու մեր ընթերցողներուն:
Մեր թերթին պատմութիւնը, շատ առումներով, մեր համայնքին պատմութիւնն է: Մեր էջերուն մէջ արձանագրուած են կարեւոր իրադարձութիւններ, նշուած են նուաճումներ, կիսուած են մտահոգութիւններով եւ պահպանուած են յիշողութիւններ: Հիմնադիր խմբագիր Կարին Սաղտըճեան Տէր Յակոբեանին կողմէ գրուած առաջին երկլեզու խմբագրականէն (տպագրուած է այս թիւի շապիկին) մինչեւ այսօր լոյս տեսած վերափոխուած հրատարակութիւնը, «Թորոնթոհայ»-ը հաւատարիմ մնացած է իր նպատակին՝ ըլլալով հարթակ ամբողջ համայնքին համար:
Թերթին անցած այս ուղին հնարաւոր դարձած է միայն մեր հիմնադիրներու տեսլականին ու նուիրուածութեան շնորհիւ: Մենք նաեւ շատ բան պարտական ենք անցեալի եւ ներկայի օժանդակողներուն, գրողներուն եւ աշխատակիցներուն, որոնք առատաձեռնօրէն նուիրած են իրենց ժամանակն ու ջանքերը: «Թորոնթոհայ»-ը նաեւ կը պատկանի մեր համայնքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններուն, հաստատութիւններուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն, որոնց աշխատանքն ու պատմութիւնները կը լեցնեն անոր էջերը եւ նպատակ կու տան անոր: Մեր ծանուցանողներուն աջակցութիւնը նպաստած է իւրաքանչիւր թիւի լոյս ընծայման, եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնը եղած է հզօրութեան յենասիւնը` որպէս հրատարակութեան գլխաւոր աջակից: Ամենէն առաջ մենք շնորհակալ ենք ձեզի` ընթերցողներուն, որոնք կը շարունակեն իմաստ հաղորդել իւրաքանչիւր թիւին եւ իւրաքանչիւր էջին:
Անշուշտ եղած են իսկապէս դժուար պահեր․ համավարակը կասեցուցած է մեր տպագիրի հրատարակութիւնը մէկ տարիէն աւելի: Այս տարուան սկիզբը մենք դէմ հանդիման գտնուեցանք մեր գործընկեր տպարանի յանկարծակի փակման եւ ստիպուած էինք արագ գործելու` նոր լուծում գտնելու համար: Ինչպէս շատ համայնքային թերթեր, մենք կը գործենք այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր տպագիր հրատարակութիւնը յաճախ կը մղուի մէկ կողմ` զիջելով թուայինին: Բայց եւ այնպէս, ամէն անգամ, երբ մենք դէմ հանդիման կը գտնուինք մարտահրաւէրներու, գտած ենք յարմարելու եւ շարունակելու եղանակները: Յարատեւելու ուժը կու գայ մեր համայնքին վստահութենէն եւ քաջալերանքէն:
«Թորոնթոհայ»-ը պիտի շարունակէ ըլլալ վայր մը, ուր արժէքները, աւանդոյթները եւ նուաճումները կը տօնուին ու կը կիսուին: Մենք կը շարունակենք յանձնառու ըլլալ՝ մեր ընթերցողներուն առօրեայ կեանքը, պայքարը եւ յաջողութիւնները արտացոլող ինքնատիպ բովանդակութիւն ստեղծելուն: Մենք այստեղ ենք ծառայելու համար, եւ մենք կը շարունակենք ծառայել:
Շնորհակալութիւն, որ մեզ կը մղէք շարունակելու մեր ընթացքը։֎