«Ֆիզիքական թերթը համայնքին շօշափելի պատմութիւնն է, ուր կը պահուին արժէքներ, սովորութիւններ, ձեռքբերումներ...» Ռուբէն Ճանպազեան

զրոյցը վարեց Վահան Կ. Մանճիկեանը

«Թորոնթոհայ»-ի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան վերջերս հիւրն էր Փարիզի «Նոր յառաջ»-ի հարցազրոյց (փոտքասթ) ծրագիրին: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին գրաւոր տարբերակը: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Նոր յառաջ»-ի խմբագրութեան եւ զրուցավար Վահան Կ. Մանճիկեանին:


լուսանկարը՝ Proper Studios

«Նոր յառաջ» – Սփիւռքի հայատառ մամուլին կրտսերագոյնն է «Թորոնթոհայ»-ը։ Հայկական տպագիր թերթեր կը դադրին լոյս տեսնելէ (վերջինը՝ դարաւոր պատմութիւն ունեցող «Հայրենիք»-ը) նիւթական, ընթերցողի սակաւութեան եւ այլ պատճառներով, դուք կը թիավարէք հոսանքին հակառակ։ Ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ «Թորոնթոհայ»-ը եւ ի՞նչ են անոր իւրայատկութիւնները։

Ռուբէն Ճանպազեան – «Թորոնթոհայ»-ը 2005 թուականին հիմնադրուած է, այս տարի 20-ամեակն է։ Հիմնադրումը կարեւոր եզրակացութիւն մը ներկայացուց Թորոնթոյի հայ համայնքի մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ։ Թերթը ծնունդ առած է ի պատասխան համայնքի աճող կարիքին՝ ունենալու միասնական հարթակ մը, որ կրնար արձանագրել եւ ցոլացնել Թորոնթոյի եւ Հարաւային Օնթարիոյի հայերու զարգացող փորձառութիւններն ու պատմութիւնները։ «Թորոնթոհայ»-ը յղացուեցաւ որպէս նախ եւ առաջ երկլեզու (հայերէն-անգլերէն) հրատարակութիւն, երկլեզու ձեւաչափը միտումնաւոր որդեգրուած էր ընդգրկելու համար թորոնթոհայ համայնքի բոլոր շերտերը, հասանելի դառնալու՝ հասանելի բովանդակութեամբ։ Հիմնադրութեան առաջին խմբագրականին մէջ՝ երկլեզուով գրուած, հիմնադիր-խմբագրի՝ Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեանի ձեռամբ, յստակ յանձնառութիւն մը կար՝ «Թորոնթոհայ»-ը համայնքային հարթակ ծառայելու մասին։ Հայերէն խմբագրականով կը շեշտուէր համայնքին հաւաքական պատասխանատուութեամբ թերթ մը ձեւաւորելու եւ անոր շարունակականութիւնը ապահովելու աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը, իսկ անգլերէն բաժնին մէջ յատկապէս կ՚ընդգծէր թերթին սահմանուած դերը համայնքին մէջ բաց մը լրացնելու համար։ 2022-ին ստանձնեցի խմբագրութիւնը հեռակայ կարգով՝ Երեւանէն։ Թերթը համավարակի տարիներուն չտպուեցաւ, 2023-ին տպագիր թերթը վերսկսաւ հրատարակուիլ եւ կը շարունակուի մինչ օրս։ 2023-էն ի վեր թերթը հանրութեան կը մատուցուի բոլորովին նոր ձեւաչափով եւ հետաքրքրական մօտեցումներով։

«Նոր յառաջ» – Գանատան իբրեւ հայկական մամուլ ունի «Հորիզոն»-ն ու «Ապագայ»-ն, առցանց հարթակ՝ «Գեղարդ»-ը։ Հազուագիւտ պարագաներու է որ սփիւռքահայ մամուլը տեղայնացած անուններ կը կրէ, սակայն դուք շեշտը կը դնէք թորոնթոհայութեան վրայ։ Մոնթրէալի հայութեան կամ գանատահայ այլ համայնքներու առօրեան ձեզ չի՞ հետաքրքրեր, կամ՝ Գանատայէն դուրս հայութեան առօրեան։

Ճանպազեան – Անշուշտ կը հետաքրքրէ։ Անձնապէս հետաքրքրուած եմ Գանատայի մեր համայնքներով եւ սփիւռքահայ այլ համայնքներով։ 2022-ին երբ ստանձնեցի խմբագրութիւնը, շարք մը խմբագրական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, թերթը անգամ մը եւս ամբողջապէս «թորոնթոկեդրոն» դարձնելու որոշում մը կայացաւ։ Այս որոշումը կը ներկայացնէ խորքային փոփոխութիւն մը խմբագրութեան կողմէ՝ իր համայնքին ծառայելու կերպին մէջ։ Փոքր հարցախոյզ մը կատարեցի աւելի մօտէն ճանչնալու ընթերցողութիւնը։ Երբ արդիւնքներու գնահատում մը ըրի, պարզ դարձաւ, որ թորոնթոհայը կը գնահատէ այն ընթերցանութիւնները, որոնք ուղղակի կ՚առնչուին իրեն՝ իր համայնքին, անդամներուն, լայն առումով Թորոնթոյի։ Ասոր հիման վրայ էական էր որոշ որոշումներ կայացնելը։ Այս հարցախոյզը շատ յստակ պատկեր մը տուաւ, թէ որոնք են «Թորոնթոհայ»-ի ընթերցողները, որոնք կրնան ըլլալ ապագայ ընթերցողները, ի՞նչն է որ ընթերցողը կը փնտռէ համայնքային թերթի մը մէջ։

Թորոնթոյի համայնքին վրայ կեդրոնացումը կը ցոլացնէ համայնքի համախմբման մէջ տեղական լրագրութեան դերին աւելի լայն ըմբռնումը։ Համայնքային լրագրութեան մէջ կայ ընդհանուր մօտեցում մը, որուն մասին գրած եմ թէ՛ համալսարանական տարիներուն եւ թէ՛ թերթերու մէջ։ Տեղական լրագրութիւնը ունի շատ յստակ քանի մը առաւելութիւն՝ աւելի լայն տարածաշրջանային, համաշխարհային մամուլին համեմատ։ Նախ եւ առաջ կը ստեղծէ պատկերելիութիւն, այսինքն` ընթերցողը ներգրաւուած կը զգայ, երբ նիւթերը իր եւ իր շրջապատին մասին են, կ՚օգնէ պահպանելու ընկերական հիւսուածք մը, որ մէջտեղ եկած է տարիներու ընթացքին համայնքին մէջ եւ կապը կ՛ամրապնդէ համայնքի անդամներուն մէջ․ ընթերցողները կը տեսնեն իրենց համաքաղաքացիները, բարեկամները, կազմակերպութեան ղեկավարները, եւ երբ անոնք կը ներկայացուին թերթին էջերուն մէջ, աւելի խորունկ կապ մը խթանելու փորձ մը կ՚ըլլայ։ Մենք տեսած ենք, որ այդ մէկը կը յաջողի «Թորոնթոհայ»-ի պարագային։

«Նոր յառաջ» – Ի՞նչ նշանակութիւն ունի 2025-ին տպագիր թերթ հրատարակելը։ Կը կարծէք, տպագրութիւնը խորհրդանշական արժէք մը ունի, զոր թուայինը չի կրնար փոխարինել։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ ունիք։

Ճանպազեան – Որպէս խմբագիր՝ տպագիր թերթը խիստ սահմաններ կը գծէ, բան մը որ թուայինը չի կրնար ընել։ Երբ թերթը տպարան ղրկուի, հոն ամէն ինչ կը վերջանայ, այդ սահմանը թուայինը չի կրնար գծել։ Եթէ յանկարծ վրիպակ մը ըլլայ, կարելի է իսկոյն առցանց սրբագրել, տպագիրը՝ անփոփոխելի է, իսկ երբ տպուի, ֆիզիքական, շօշափելի կը դառնայ ձեռքերուդ մէջ։ Որպէս ընթերցող՝ տպագիր տարբերակը ընթերցելը բոլորովին տարբեր բնոյթ մը ունի, էջադրուած է ձեւով մը, որ առաջին էջէն վերջինը կարդացուի, միտումնաւոր եղած է՝ թերթը ամբողջովին կարդալու եւ այդ հերթականութեամբ կարդալու նպատակով դասաւորուած է։ Թուային տարբերակը անշուշտ շատ մը անժխտելի առաւելութիւններ ունի՝ արագ է, ճկուն է, բայց յաճախ չի մնար մեզի հետ։

Տպագիր թերթը համայնքային լրագրութեան սիւներէն է ամէն տեղ։ Այսօր Թորոնթոյի մէջ կան շատ մը փոքրամասնութիւններու համայնքային թերթեր։ Ի վերջոյ ֆիզիքական թերթը համայնքի մը շօշափելի պատմութիւնն է, ուր կը պահուին արժէքներ, սովորութիւններ, ձեռքբերումներ եւ այլն։ Համավարակի ընթացքին՝ շուրջ մէկուկէս տարի, կասեցուցինք տպագրութիւնը, միայն առցանց հրապարակուեցաւ, ապա վերստին տպագրուեցաւ 2023-էն։ Փետրուարին մեր գործակից տպարանէն նամակ մը ստացանք, որ պիտի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը, սնանկացած է։ Այս իրավիճակը մեզի պարտադրեց, որ արագօրէն գործի լծուինք գտնելու համար նոր գործընկեր մը, նոր տպարան մը։ Հարց մը ծագեցաւ այդ ընթացքին, թէ եթէ հազարաւոր օրինակներ տպող համայնքային թերթ մը, որ փոքր կը համարուի ամբողջ Թորոնթոյի մէջ՝ դժուարութիւն ունեցաւ, – որու որ զանգէինք, տպաքանակը բաւարար չէր գտներ։ Մենք երկու-երեք հազար օրինակ կը տպենք ամէն ամիս, մինչ տպարանները ընդհանրապէս տասը հազար եւ աւելի օրինակ կը տպեն։– Այսօր ընդհանուր տպագրութեան ասպարէզին մէջ տիրող վիճակով, երբ մեծ պարբերականները կամ թերթերը իշխող դիրք ունին, փոքր, անկախ կամ համայնքային հրատարակութիւնները լուրջ դժուարութիւններ կ՚ունենան, օր ըստ օրէ աւելի կը դժուարանայ գտնել գործընկեր տպարան մը, որ փոքր թերթերու հետ կը համագործակցի։ Այս բոլորէն մեկնելով՝ կրնանք ըսել՝ անորոշ ապագայի մը դէմ կը գտնուինք, երբ համայնքային թերթի մասին խօսինք։

Ամէն պարագայի, նոյնիսկ 2025-ին, երբ թուային այս պայմաններուն մէջ կը փորձենք մեր գործը յառաջ տանիլ, տպագիր թերթ տպելը ի վերջոյ ունի խորհրդանշական արժէքներ եւ յատկանիշեր, զորս թուայինը լիովին չի կրնար փոխարինել, այսինքն՝ չի կրնար այդ նոյն դերը ստանձնել։ Կրնան երկուքը միասնաբար ծառայել համայնքի մը կարիքներուն, բայց առանց տպագիրին այդ նոյն համն ու հոտը պիտի չըլլայ։

«Նոր յառաջ» – Կ’ուզէի, որ խօսէինք անգլերէնի եւ հայերէնի յարաբերակցութեան մասին՝ ո՛չ միայն բովանդակութեան հետ կապուած, այլ նաեւ ընթերցողներու տեսանկիւնէն։

Ճանպազեան – Անգլերէնով եւ հայերէնով կը հրատարակենք ներգրաւելու համար համայնքի բոլոր սերունդները, շերտերը։ Կը փորձենք երկլեզու հաւասարակշռուած մօտեցում մը որդեգրել՝ երբեմն սերունդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բացը լրացնելու, նաեւ կը փորձենք մատչելի դարձնել հայերէնը, որ նոյնիսկ անոնք, որոնք բոլորովին չեն տիրապետեր, մուտք մը ունենան հայերէնին։ Նախընտրած ենք քիչ մը աւելի զարկ տալ հայերէնին։ Թերթին շուրջ երեք քառորդը հայերէն է, քառորդը՝ անգլերէն։ Գրողներ, թղթակիցներ, աշխատակիցներ գտնելու մարտահրաւէրներ յաճախ կ՚ունենանք, սակայն բախտաւոր ենք, որ Թորոնթօն հայախօս համայնք է, ունինք բոլոր հաստատութիւնները, որոնք կը խթանեն հայախօսութիւնը։ Եթէ առանց լուրջ զիջումներու, մատչելի լեզուով մատուցուին նիւթերը՝ հետաքրքրական, տարբերող ձեւով, յատուկ՝ թերթին, նիւթեր, որոնք ընթերցողին առօրեային հետ կ՚առնչուին եւ ոչ միայն կապուած են աւանդական հարցերու շուրջ։ Կրնանք նաեւ երիտասարդութիւնը կապել լեզուին, կրնանք ներգրաւել երիտասարդութիւն մը, որ հաւանաբար կը վախնայ մօտենալէն։

«Նոր յառաջ» – Որո՞նք են թերթ մը տպելու մարտահրաւէրները։ Ո՞վ կը հովանաւորէ «Թորոնթոհայ»-ը եւ որո՞նք են անոր գոյատեւելու երաշխիքները։

Ճանպազեան – «Թորոնթոհայ»-ը կը հրատարակուի Torontohye Communications Inc.-ի («Թորոնթոյի հաղորդակցութեան ընկերակցութիւն») կողմէ, որ կը գործէ Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս, այսինքն՝ կեդրոնն է թերթին գլխաւոր նիւթական հովանաւորն ու աջակիցը։ Թերթը քաղաքական թերթ չէ, կը պահպանէ խմբագրական անկախութիւն եւ կը ձգտի ծառայել ամբողջ համայնքի կարիքներուն՝ անկախ քաղաքական, կրօնական կամ կազմակերպական այլ պատկանելիութիւններէ։ Անշուշտ ծանուցումներ կը հաւաքենք, որոնք կը տպուին թերթին մէջ, որոնց շնորհիւ կրնանք մեր ծախսերը հոգալ։ Նպատակ չունինք շահութաբեր ըլլալու, բայց առանց Հայ կեդրոնին նիւթապէս ինքնաբաւ պիտի չկարենայինք ըլլալ։

Նոր կայքէջ մը պիտի սկսինք շատ շուտով, որուն հետ նաեւ ծրագիր մը, որ ընթերցողներուն կու տայ թերթին նիւթապէս աջակցելու հնարաւորութիւն՝ ամսական կամ տարեկան դրութեամբ։ Այս մէկը բաժանորդագրութիւն չէ, – մենք ի սկզբանէ թերթը անվճար կը տրամադրենք բոլորին, – պարզապէս աջակցելու կարելիութիւն ընձեռելու համար է։ Յոյսով ենք, որ մեր տարիներու ընթերցողները անգամ մը եւս պիտի ընդառաջեն եւ աջակցին։

«Նոր յառաջ» – Խօսինք բնագիր ստեղծելու եւ այլ էական հարցերու մասին, որոնց համար անհրաժեշտ է մարդուժը։ Ինչպէ՞ս կը կարծէք որ կարելի է կերտել այս մարդուժը։ Իսկ արտատպումի մասին ի՞նչ կ’ըսէք։

Ճանպազեան – Ունինք թիւով փոքր, բայց շատ հաւատարիմ խումբ մը մասնաժամ աշխատակիցներ, առանց որոնց անկարելի պիտի ըլլար թերթին գոյատեւումը։ Ունինք նաեւ փաղանգ մը կամաւորներու՝ կամաւոր թղթակիցներ, օգնականներ, խորհրդատուներ, որոնք եւս մեծապէս օգտակար կ’ըլլան թերթին կենսունակութեան։ Գալով արտատպումին, ամբողջապէս բնագիր արտադրելու յանձնառութեան որոշումը առինք միտումնաւոր հեռացումի համար շատ մը այլ թերթերէ։ Ցաւօք սփիւռքահայ թերթերուն մէջ առկայ է այս սովորութիւնը տարիներէ ի վեր. յաճախ կ’արտատպուին յօդուածներ, տարբեր թերթեր կը վերարտադրեն մէկզմէկու նիւթերը կամ ուղղակի կը վերատպեն մամլոյ հաղորդագրութիւնները։ Թէեւ բովանդակութիւն բաժնելու այս սովորութիւնը ունի գործնական կէտեր, սակայն շատ ալ թերութիւններ ունի, որոնք համայնքային ներգրաւման տեսակէտէն պէտք է դիտուին։ Բնագիր բովանդակութիւնը թոյլ կու տայ կեդրոնանալ յատկապէս համայնքի հետաքրքրութիւններուն, կարիքներուն եւ մտահոգութիւններուն վրայ։ Երբ թերթ մը կը վերհրատարակէ սփիւռքի այլ լրատու միջոցներէն, յաճախ կը կորսնցնէ այդ տեղական յատկութիւնը եւ նոյնանման կը դառնայ, ամէն տեղ նոյնը կը կարդանք։ Մինչ բնագիր լրագրութիւնը կ’ապահովէ լուսաբանուող հարցերու ուղղակի առնչութիւնը ընթերցողին, մանաւանդ համայնքային թերթի պարագային։ Ըստ իս՝ թերթը այս ձեւով աւելի արժէքաւոր, աւելի վստահելի աղբիւր, աւելի հոգեհարազատ կը դառնայ լսարանին համար։ Օրինակի համար՝ եթէ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելոսի մէջ, փոխանակ պարզապէս վերատպելու այդ լուրը թերթին մէջ, թորոնթոհայը կրնայ դիտել այդ ձեռնարկը ուղիղ հեռարձակումով, կրնայ կարդալ անոր մասին, կրնայ խօսիլ անոր մասնակիցներուն մասին եւ գրել իր տեսանկիւնէն դիտուած, թէ ինչպէ՞ս պիտի ազդէ այդ մէկը Թորոնթոյի համայնքին վրայ։ Կը կարծեմ շատ աւելի արժէքաւոր կը դառնայ յօդուած մը, թղթակցութիւն մը երբ այս ձեւով գրուի։ Տեղայնացուած մօտեցում մըն է այս մէկը, որ աւելի ուժեղ կապ մը կը ստեղծէ թերթին եւ անոր ընթերցողներուն միջեւ։ Վստահելիութիւնը պահպանելու համար բոլորովին բնագիր բովանդակութեան դիրքորոշում մը որդեգրելը շատ կարեւոր է թերթի մը համար, մանաւանդ համայնքային թերթի մը համար։

«Նոր յառաջ» – Ձեր ըսածը շատ ճիշտ է, բայց որոշ թերթեր մարդուժի խնդիր ունին կարծես եւ այդ հարցը կը փորձեն լուծել արտատպումով։ Ատոր առաջքը ինչպէ՞ս կարելի է առնել։

Ճանպազեան – Այո՛, մարդուժի լուրջ խնդիր ունինք բոլորս, այս մարտահրաւէրը լաւ թէ վատ, գէշ-աղէկ կը փորձենք դիմագրաւել։ Ըստ իս՝ բնագիր բովանդակութեան շեշտը դուռ կը բանայ տեղական եւ շատ աւելի stakeholder-ներու (շահագրգիռ կողմերու)՝ համայնքի անդամներու, գրողներու, լրագրողներու։ Աւելի մեծ ներգրաւուածութիւն կրնան ապրիլ անոնք, եթէ բնագիր ըլլայ բովանդակութիւն մը։ Երբ թերթ մը կը հիմնուի վերահրատարակուած բովանդակութեան վրայ, յաճախ քիչ կարիք կ’ըլլայ ներդրողներու, կրնայ այս մէկը տեղական ձայները նաեւ լռեցնել, մեկուսացնել կամ առանցքի մէջ պահել։ Բնագիր բովանդակութիւնը նաեւ կը հրաւիրէ համայնքի անդամները եւ կը խրախուսէ զանոնք, որ իրենց պատմութիւններով կիսուին, առիթ կ՚ընձեռէ, մարդուժ կը ստեղծէ։ Երբ որոշում կայացուցած ենք, որ նիւթերը մե՛նք պիտի գրենք, մե՛ր տեսակէտով, գրողն ալ կը գտնենք, թղթակիցն ալ կը գտնենք, եւ այդ մէկը երբ մատուցուի, ընթերցողն ալ կու գայ։ Եթէ աւելի լայն համածիրով առնենք, այլ լրատու միջոցներէ արտատպումը ի վերջոյ կը սահմանափակէ որեւէ թերթի խմբագրական շրջանակը, կը նուազեցնէ անոնց դերը եւ փոխանակ զանոնք ներգրաւելու, հեռու կը պահէ։

«Նոր յառաջ» – Ի՞նչ է ձեր մօտեցումը փոքրիկներու համար յօդուածներ հրատարակելու, ինչպէս «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-Մզտիկ»-ը եւ «Գանձասար»-ի «Կկու»-ն կ՚ընեն։

Ճանպազեան – Ես առաջին քայլերս առած եմ մանկապատանեկան էջերու մէջ, շատ բան կը պարտիմ «Հորիզոն»-ին, խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին, որ միշտ տեղ կու տար մեզի պատանեկութենէն մինչեւ երիտասարդութիւն։ Այդ մանկապատանեկան էջերը լուրջ դեր կը խաղան, հաւանաբար բաց մը կայ «Թորոնթոհայ»-ի էջերուն մէջ, երբ պզտիկներուն մասին մտածենք։ 2023-էն ի վեր որդեգրած ենք ամսական խաչբառի մը հրատարակումը արեւմտահայերէնով, որ թէ՛ դիւրին եւ թէ՛ դժուար հարցումներ կը պարունակէ երէց պատանիներուն համար։ Թորոնթոյի ամենօրեայ վարժարանի աշակերտներուն կը ցրուուի թերթը եւ իրենք կ՚ամբողջացնեն խաչբառները։ Ունինք նաեւ փոքր խաղեր՝ «Զուլալին առանձնատառ»-ն (հայերէն սուտօքու) եւ Armen’s math corner-ը (անգլերէնով թուաբանական խնդիրներ), յատկապէս պատրաստուած պատանի եւ երիտասարդ ընթերցողներու համար։ Հաւանաբար մենք աւելի գործ պէտք է տանինք ուղղակի երթալու այդ երիտասարդներուն, որպէսզի իրենք ալ սկսին գրել զիրենք յուզող հարցերու մասին։

«Նոր յառաջ» – Եթէ հիմա պատկերացնելու ըլլայիք «Թորոնթոհայ»-ը 25 տարի ետք, ինչպէ՞ս կ’ուզէիք տեսնել զայն։

Ճանպազեան – Կ’ուզեմ ձեռքերուս մէջ բռնել զայն, ֆիզիքական, տպագիր տարբերակը կ’ուզեմ ձեռքիս մէջ ըլլայ։ Այս ըսելով, կը յուսայի որ նաեւ ան քայլ պահէ ժամանակին հետ, զարգանայ, յեղափոխուի։ Երբ ստանձնեցի խմբագրութիւնը եւ որոշեցինք վերսկսիլ տպագիրը, խմբագրական որոշում մը կայացուցինք, որ իւրաքանչիւր թիւի վերը, խորագիրէն բարձր, ասոյթ մը, խօսք մը, ասացուածք մը, յաճախ գրաբար ասացուածք մը դնենք, առանց որեւէ բացատրութեան։ Առաջին խմբագրած թիւս ունէր հետեւեալ խօսքը. «Ժամանակը վազում է յառաջ, ուրեմն ժողովուրդը պիտոյ է վազել», այսինքն քայլ պիտի պահենք ժամանակին հետ։ Այո՛, ցաւոտ է լսել, որ այսօր սփիւռքեան կարգ մը թերթեր՝ «Հայրենիք»-ը, Armenian Weekly-ն կը դադրեցնեն իրենց տպագիր թերթի հրատարակութիւնը, սակայն ժամանակը չէ հասած «Թորոնթոհայ»-ին, բայց կրնայ հասնիլ։ Պիտի չվախնանք, այլ՝ քայլ պիտի պահենք։ Բարեբախտաբար երկու-երեք հազար օրինակ կը հրատարակենք ամէն ամիս, բոլորն ալ կը սպառին, բոլորն ալ գոհ են տպագիր թերթ ունենալով, ես գոհ եմ, մեր աշխատակիցները գոհ են, այսինքն հիմակուհիմա այդ խնդիրը չունինք։

2023-ին խմբագրական կազմով որոշեցինք կանոնագրել մեր տեսլականը, սկզբունքները, նոյնիսկ մեր առաքելութիւնը սահմանած ենք եւ առաջին վերահրատարակուած թիւին մէջ հրատարակած զայն որպէս մեր նպատակը եւ կը փորձենք հետեւիլ անոր։ ֎


Այս զրոյցը վերահրատարակուած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2025 (#217) թիւին մէջ: Խորին շնորհակալութիւն Վահան Կ. Մանճիկեանին եւ «Նոր յառաջ»-ի խմբագրութեան:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Խաչբառ (թիւ #218)

Next
Next

Դէպի (հայութեան) աղբիւրը լոյսին. Տիրուկին հետ