«Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար». Թորոնթոհայ համայնքը տօնեց «ՀՕՄ-ի օր»-ը
Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 62-ամեակի «ՀՕՄ-ի օր»-ուան տօնակատարութիւնը հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։ Հոգեւոր հայրերու, պատկան մարմիններու ու քոյր միութիւններու ներրկայացուցիչներու, պաշտօնական հիւրերու, ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամներ Մարալ Միսիրեանի եւ Վարդուկ Պարտագճեանի, մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՕՄ-ականներու կողքին, հրաւիրուած էին ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանն ու Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանը։
Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու կատարումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն յիշատակը։
Օրուան հանդիսավար Լուսին Թէճիրեան ողջունեց ներկաները, ապա` բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» կարգախօսով եւ նպատակասլաց գործող ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան հարիւր տասնհինգ եւ Գանատայի շրջանի երեսունհինգ ամեակներուն ու ՀՕՄ-ի դերին` աւանդութիւններու, սովորութիւններու եւ մշակոյթի տարածման ու պահպանման գործընթացին։ Ան նշեց, որ «ՀՕՄ-ը մշտապէս արթուն հսկող «Լուսաւորչի կանթեղ»-ն է այն ուխտեալ բանակին, որ իւրաքանչիւր աղէտի եւ կորուստի դիմաց առաւել եւս գօտեպնդուած, առանց ընկրկումի և յուսալքութեան կը հասնի անկարին ու կարիքաւորին` դառնալով լոյսի ու յոյսի անսպառ աղբիւր»։
Տ. Տաթեւ աւ. Քհն. Միքայէլեանի սեղանի օրհնութենէն ետք, ներկաները վայելեցին համադամ եւ ճոխ հիւրասիրութիւնները։
լուսանկարները տրամադրած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուց մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլին։ Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան` մեներգող Անուշ Գալստյան եւ դաշնակահար Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեան, որոնք ներկաներուն հրամցուցին դիւթիչ եւ բարձրաճաշակ երգ ու երաժշութիւն, մեկնաբանելով` «Քելէ, քելէ» եւ «Շողեր ջան» երգերը։ Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը` ԱՄՆ-էն յատկապէս հրաւիրուած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանը։ Ընկերուհին բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ականները ու անոնց տարած անշահախնդիր եւ նուիրեալ ծառայութիւնները։ Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին եւ ՀՕՄ-ի պատմութիւնները իրարու միահիւսուած են։ Պատմաքաղաքական այն հոլովոյթը, որ ապրեցաւ հայութիւնը Հայ օգնութեան միութեան 115-ամեայ պատմութեան վրայ իր անջնջելի ազդեցութիւնը ձգած է եւ մեր միութեան տուած է վիթխարի փորձառութիւն՝ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք վերընձիւղուած հայ ժողովուրդին ծառայելու խոր գիտակցութիւնը առաւել ամրապնդելով։ Այսօր ՀՕՄ-ը կը գործէ քսանվեց երկիրներու մէջ եւ ասիկա անժխտելի ապացոյց մըն է, որ ՀՕՄ-ը իր վեթերաններուն եւ անդամներուն նուիրումին շնորհիւ վերածուած է համահայկական մեծ կազմակերպութեան մը»։ Ընկերուհին նաեւ տեսերիզի վրայ ցուցադրեց Կեդրոնական վարչութեան գործունէութիւնն ու նիւթական յատկացումները սփիւռքի եւ Հայաստանի տարածքին։ Մելքոնեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ի մասնաւորի Գանատայի շրջանի ՀՕՄ-ականներու ժրաջան աշխատանքը, իրագործումներն ու կատարած նիւթական յատկացումները։
«Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլին բանախօսին յանձնեց ապակեայ շրջանակի մէջ զետեղուած ձեռակերտ ասեղնագործ նուէր մը։
Մասնաճիւղին հաստատած իւրայատուկ նախաձեռնութիւններէն մէկն է կրթաթոշակներու տուչութիւնը՝ գաղութի առաջնակարգ եւ փայլուն արդիւնքներու տիրացած հայ ուսանողներուն։ Ատենապետ Հոթոյեան-Ժոլիի ձեռամբ՝ տասնմէկ համալսարանական եւ ուսումնարանի աշակերտներու յանձնուեցան մրցանակ-կրթաթոշակներ, իսկ «Ռուբինա» մասնաճիւղին հաստատած տարուան «Երիտասարդ կամաւոր»-ի մրցանակին արժանացաւ Քարմէն Տին, որ փոքր տարիքէն Հայ մարմնական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Գանատայի երիտասարդական միութեան (ՀՅԴ-ԳԵՄ) շարքերէն ներս ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ. ներկայիս ան ՀՅԴ-ԳԵՄ «Սիմոն Զաւանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ է եւ իր ներդրումը կը բերէ միութենական աշխատանքներուն։
Կրկին, գեղարուեստական ընդմիջումով մթնոլորտը ջերմացուցին Գալստյանն ու Տիկ. Արթինեան-Գըլըպոզեանը՝ «Ծաղկած բալենի» եւ «Երգիր ինձ համար» երգերով։
Ձեռնարկի ընթացքին պարգեւատրուեցան համայնքի արժանաւոր անձնաւորութիւններ, որոնք մեծապէս նպաստած եւ մեծ ներդրում ունեցած են գաղութի ազգային վերելքին ու բարգաւաճման, լաւագոյնս դրսեւորուելով հայ թէ օտար համայնքներու մէջ։ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան առաջին մեծարեալն էր Նշան Աթիքեան, որ երկար տարիներ շարունակ, մեծապէս նպաստած է Հայ դատի աշխատանքներուն եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Երկրորդ մեծարեալը տոքթ. Անի Հասըրճեանն էր, որ ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի շարքերէն ներս մեծ նուիրուածութեամբ եւ աշխուժ գործունէութեամբ իր ներդրումը կը բերէ թորոնթոհայ գաղութին եւ հայ ժողովուրդին։ Երրորդ մեծարեալը փաստաբան Րապըրթ Ատուրեանն էր, որ Հայ կեդրոնի հիմնադրութեան առաջին օրերէն ի վեր իրաւաբանական եւ մասնագիտական ցուցմունքներով իր օժանդակութիւնը բերած ու նպաստած է գաղութիս բարգաւաճման։
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ ՀՕՄ-ի անդամակցութիւն ունեցող մասնաճիւղի անդամներուն` գնահատագիրներով եւ զարդասեղներով պարգեւատրութեամբ։ Վաթսուն տարիներու ծառայութիւն ունեցող անդամները, իրենց առողջական պայմաններու պատճառով, ներկայ չկրցան գտնուիլ տօնակատարութեան։ Յիսուն տարուան գնահատագիրներն ու զարդասեղները յանձնուեցան` ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի ձեռամբ։ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանային վարչութեան անդամ եւ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ երեսունհինգ տարուան անդամակցութեան զարդասեղներու յանձնումը, իսկ քսանհինգ տարուան անդամակցութեան զարդասեղներու տուչութիւնը կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան անդամ Վարդուկ Պարտագճեանի ձեռամբ։ Ապա` մասնաճիւղի ատենապետ Հոթոյեան-Ժոլիի ձեռամբ տրուեցան տասնհինգ տարուան անդամակցութեան զարդասեղները։
Այնուհետեւ` տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի տեսլականն ու ապագայատեսիլ յոյսը խորհրդանշող տասնվեց նորագիրներու երդման արարողութիւնը՝ կնքամայրութեամբ ընկերուհի Հուրի Նաճարեանի։
ՀՕՄ-ի աւանդական մոմավառութիւնը, ապախորհրդանշական կարկանդակի հատումը կատարեցին մասնաճիւղիս երիցագոյն անդամ Նուարդ Գրիգորեան, որ ՀՕՄ-ի ջահը վառելով փոխանցեց կրտսերագոյն անդամ Փաթիլ Սիմոնեանին, ՀՕՄ-ի մշտավառ կաթեղը վառ պահելու եւ սերունէ սերունդ փոխանցելու նպատակով։
Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ տ. Գարեգին ծվ. Շխրտմեանի փոխանցած սրտի խօսքով. «ՀՕՄ-ը մեր ազգի պատմութեան մէջ` պատուաբեր էջերէն մէկն է, որովհետեւ ՀՕՄ-ին ընդմէջէն ի յայտ կու գան տիպարն ու նկարագիրը հայ կնոջ, որ իր սիրոյն ու գորգուրանքին կողքին քաջութիւն եւ զոհողութիւն կը ցուցաբերէ իր ազգի բոլոր զաւակներուն։ ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը օրինակելի է եւ զոհողութիւնը` ներշնչող»։ Ապա` պահպանիչով ձեռնարկը վերջ գտաւ։
Նորանոր իրագործումներով եւ բարեյաջող ծրագիրներով առլի աննահանջ երթ` «Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար» գործող ՀՕՄ-ին եւ Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին։ ֎
***
Այս թղթակցութիւնը «Թորոնթոհայ»-ին յատկապէս տրամադրած է «ՀՕՄ-ի օր»-ուան յանձնախումբը: