Մայիսի օր մը` պայծառ ու չքնաղ

Հայաստա՜ն աշխա՛րհ,
Վեց մութ դարերու անարգ գերութեան
Եւ ստրկութեան շղթայով հիւծած,
Վայրագ ցեղերու կեղեքումներէն
Ու հալածանքներէն ընդմիշտ տանջուած,
Միամտաբար՝ անկեղծ կարծուած
Բարեկամներէ չարաչար խաբուած,
Զոհ գացած յաճախ անոնց խաղերուն,
Աճուրդի դրուած անոնց շահերուն,
Յաճախ կողոպտուած եւ աւերակուած,
Ապա Եղեռնի արհաւիրքներով
Ջարդուած-քշուած հայրենի հողէն,
Ի սպառ ջնջուած կարծես քարտէսէն,
Գերեզման դարձած աղեկէզ տեսքով,
Խաւար էր պատած Աշխարհը Հայոց,
Սակայն հրաշքով կեա՛նք առիր յանկարծ,
Յարութի՛ւն առիր մոխրակոյտերէն,
Փիւնիկի նման հոգի առնելով,
Խրոխտ կանգնելով դահիճներու դէմ,
Վեհ արիութեամբ՝ ամբողջ հասակով,
Որպէս նորօրեայ Սասունցի Դաւիթ,
Կայծակէ թուրդ մերկացնելով՝
Ահեղ գոռացիր շանթահար ձայնով.
– «Կա՛մ, կը մնա՛մ»...
Մայիսի օր մը՝ պայծառ ու չքնաղ...

Քաջ որդիներուդ ծով արեան գնով
Լիճ դարձած թէեւ՝ ծով դառնալէ վերջ,
Հսկայ լեռներդ գերի ձգելով
Բարբարոսներու կրունկին ներքեւ,
Եկար փարեցար վերջին ամրոցին՝
Լուսաւորիչի կանթեղով զինուած
Վէ՛ս Արագածին։
Լքելէ յետոյ ծովակը Վանի,
Զրա՛հ դարձուցիր լիճը Սեւանի.
Ա՛լ նահանջ չկա՛ր, ո՛չ ալ պարտութիւն,
Ազատ էր հայը իր հողին վրայ,
Ու կերտուեցաւ անկա՛խ Հայաստան,
Հայկական բանա՛կ, եռագոյն դրօշակ՝
Որպէս յուսատու փարո՛ս մշտավառ
Հայ բեկորներու անմար երազին,
Ազատ ապրելու անոնց խոր կամքին,
Մայիսի օր մը՝ պայծառ ու չքնաղ...

Ժողովուրդ հայո՛ց,
Ստրկութիւնը զէնքով թօթափած,
Սակայն մնացած մինակ ու անտէր,
Նախճիրներ տեսած, գաղթական դարձած,
Մնացորդացով ապաստան գտած՝
Քաղաք Երեւա՛ն եւ Էջմիածի՛ն,
Բռնցքուեցա՛ր
Արամի շունչով,
Վերափոխուեցա՛ր
Նոր Վարդաններու եւ Ղեւոնդներու
Քաջութեան կոչով,
Ոգեւորուեցա՛ր ու կենդանացա՛ր,
Ծոցէդ դուրս եկան բազում հերոսներ,
Հայկեան ոգիով սնուած մարտիկներ,
Որոնք երդուեցա՛ն,
Իմացեալ մահով ու խիզախութեամբ,
Կուռ ընդառաջել մահուան շեփորին,
Պաշտպանել հողը սուրբ հայրենական,
Պատի՛ւը հայուն,
Սրբութիւննե՛րը,
Մագաղաթնե՛րը մեր նուիրական,
Իրենց մարմինը վահան դարձուցած՝
Թուրք դահիճներու կապարներուն դէմ,
Ու դիւցազնական գոյամարտերով
Վե՛րջ տուին անոնց դժխեմ ծրագրին.
Սարդարապատէ՛ն
Ղարաքիլիսա՛
Ու Բաշապարա՛ն,
Պատի՛ւ հայ բազկին,
Մղուեցան հուժկու ճակատամարտեր,
Վառօդի հոտէն չորցան ծաղիկներ,
Գարնան բոյրերը հողմացրիւ դարձան,
Երկինքէն իջած ծուխով ու մուխով
Կռիւ էր դաժան, ահեղ ճգնաժամ՝
Հայութեան համար կենաց ու մահուան,
Սակայն ծագեցաւ արեւ ցնծութեան,
Հայ ազգը յաղթե՛ց,
Նամարդ թշնամին փախաւ պարտուած,
Եւ այս յաղթութեամբ ճակատագրական՝
Կերտուեցաւ փա՛ռքը Հայոց Պատմութեան,
Հնչեցին զանգերն վերածննդեան,
Մայիսի օր մը՝ պայծառ ու չքնաղ... ֎

***

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ:

լուսանկար՝ Սարգ Տէրտէրեանի

Գրիգոր Հոթոյեան

Գրող, բանաստեղծ, արմատներով Սասունցի. եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ ու տնօրէն ազգային ամէնօրեայ, ամառնային ու կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ` Սուրիա ու Գանատա:

https://krikorhotoyan.ca/
Previous
Previous

«Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար». Թորոնթոհայ համայնքը տօնեց «ՀՕՄ-ի օր»-ը

Next
Next

Խուլ խիղճերու մրուրը. Տիրուկին հետ