Խուլ խիղճերու մրուրը. Տիրուկին հետ
Ամիսներ առաջ գլխապտոյտ մը ունեցայ։ Լաւ որ ննջասենեակս էի։ Վայրկենական մահճակալիս վրայ երկնցայ ու սպասեցի առաստաղի շրջապտոյտին կանգնիլը։ Բան մըն էր եղաւ, անցաւ ու գնաց, կ’երեւի անքունութեան պատճառով ճնշումս իջաւ... չեմ կարծեր ականջի բորբոքում ըլլար պատճառը, այլապէս՝ քանի մը անգամ պտոյտի պիտի երթար գլուխս ու այդ պտոյտի հաճոյքով խաբուած վերադառնար՝ կրկին պտըտելու պայմանով։
Այդ դէպքէն մէկ ամիս անց, վերաքննութեան համար հանդիպեցայ ընտանեկան բժիշկիս ու բերնէս փախցուցի գլխապտոյտիս պարագան։ Բժիշկս շատ լուրջի առաւ խոստովանութիւնս ու երկար հարցաքննութենէ ետք՝ «Քանի մը օրէն մասնագէտ բժիշկը պիտի զանգէ քեզի, իր բոլոր հարցումներուն ճշգրտօրէն պատասխանէ, որպէսզի տեսնենք թէ յաջորդ քայլը ի՞նչ պիտի ըլլայ», խուճապով ըսաւ ան։ Չուզեցի ու՝ «Ես բան մը չունիմ», կրկնեցի, սակայն զինք համոզելը անհնար էր, ուստի կամայ ակամայ յօժարեցայ։
Օրեր անց անծանօթ բժիշկէ մը հեռաձայն ստացայ, մասնագէտն էր։ Մանրամասն հարցաքննութեան ժամանակ խնդուքս դժուարաւ կրցայ զսպել, երբ հարցուց, թէ գլխապտոյտի ժամանակ առաստաղը ժամացոյցի սլաքներուն հե՞տ, կամ թէ հակառակ ուղղութեամբ դարձած էր։ Այս հարցումը վերջին անգամ դպրոցական օրերուս՝ աշխարհագիտութեան պահուն լսած էի։ «Չեմ յիշեր», ըսի։ «Ո՛չ, չըլլա՛ր, անպայման պիտի յիշես։ Աչքերդ փակէ՛, կեդրոնացի՛ր ու յիշէ՛», շեշտեց մասնագէտը։ «Ես երէկուան կերածս չեմ յիշեր, առաստաղին որ կողմ դառնալը ինչպէ՞ս յիշեմ», ըսի ինքնիրենս ու աչքերս փակեցի, բայց ապարդիւն։ «Կարծեմ սլաքներուն հակառակ ուղղութեամբ էր», ըսի, պարզապէս բան մը ըսած ըլլալու համար, սակայն, ըստ երեւոյթին, պատասխանս վախի առիթ տուաւ, ու միայն հիւանդանոց երթալու նախապայմանով ան յօժարեցաւ հրաժեշտ տալ։ Ես ալ ինքնիրենս՝ «Յաջորդ անգամ գլխապտոյտիս ուղղութիւնը անպայման կը մտապահեմ», ըսելով` խնդուքս հազիւ զսպած, հեռաձայնը փակեցի ու յիշեցի բարեկամուհիիս՝ Մակիին պատմած դրուագը։
Մակին մի քանի տարի առաջ հաստատուած էր Գանատա եւ հիացած այստեղի մաքրութեամբ, սակայն օր մը իր բնակած շէնքին մէջ մեծ բզէզ մը տեսնելով՝ վախցած ու զանգած էր միջատներէն պաշտպանող ընկերութեան, որպէսզի պաշտօնեաները գան եւ դեղ փչեն շէնքին մէջ։ Զանգին պատասխանող պաշտօնեան երկա՜ր-բարա՜կ հարցաքննած էր բզէզին գոյնին, չափին, արագութեան, զգայարանքի պոչիկներուն երկարութեան ու հաստութեան մասին...ապա՝ անպատասխան մնալով չէր կրցած օգնութեան ձեռք մեկնել իրեն։ Մակին ալ խոստացած էր՝ յաջորդ անգամ բզէզ մը տեսնելուն պէս, աւելի ուշադրութեամբ զննել միջատին արտաքինը եւ ըստ այնմ պատասխանել պաշտօնեային հարցումներուն։ Ամէն անգամ Մակին տեսնելնուս՝ բզէզին պատմութիւնը պատմել կու տայինք անոր, եւ ինք իր հաճելի պատմելաձեւով կը յաջողէր բոլորիս խնդացնել ու «Լաւ որ բզէզին աղջիկ կամ տղայ ըլլալը չհարցուց» նախադասութիւնը աւելցնելով` հիւմորը գագաթնակէտին կը հասցնէր, ապա խնդալով՝ «Քա քոյրս, ես կարծեցի, որ Գանատայի շէնքերուն մէջ բզէզ չ’ըլլար…դուն մի ըսեր ի՜նչ բզէզներ, մուկեր եւ նոյնիսկ առնէտներ կան եղեր։ Է՜հ, եղունգ ունիս, գլուխդ քերէ։ Այդ մարդոցմէ խեր չտեսայ, ես ալ գացի շուկայէն «Փիֆ փաֆ» մը բերի, փչեցի ու անոնց արմատը քէոքէն չորցուցի», կ’ըսէր ու կը ծիծաղէր։
Դառնամ գլխապտոյտիս նիւթին։ Ուրեմն երեք ամիս վերջ էր ժամադրութիւնս։ Երկու ամիս ետք հիւանդանոցէն զանգեցին ու չորս ամիս եւս յետաձգեցին ժամադրութիւնս։ Այդ ընթացքին, ինչպէս միշտ, ես շատ լաւ էի. սակայն երեւակայեցէք, որ անձ մը լուրջ հիւանդութիւն ունենայ ու այդքան երկա՜ր սպասումէ ետք, թերեւս, ստուգման անգամ չհասնի, այլ՝ անոր փոխարէն անդի աշխարհի տոմսը աւելի շուտ հասնի իրեն։
Եօթը ամիս վերջ, ճշդուած օրը, General հիւանդանոց գացի եւ՝ «Լսողութեան ու հաւասարակշռութեան» բաժինը մտայ ստուգման համար։ Հարցաքննութիւն մըն ալ հոն ունեցայ ու՝ «Ես առողջ եմ, բան մը չունի՛մ», ըսի, սակայն առանց ստուգման արդիւնքներուն անոնք չէին կրնար հաւատալ ըսածներուս։
Ինծի համար հաճելի անակնկալներով եւ նորութիւններով լի, երբեմն ալ սարսափազդու փորձառութեան ժամերը սկսած էին։ Գործիք չմնաց, որ չդրին գլխուս, աչքիս ու երեսիս վրայ, նոյնպէս ականջիս շուրջն ու մէջը։ Զննումներուն պատճառով գլխուս վրայ վիճակ չմնաց։ Զննողները յոգնեցան ու յոգնեցուցին եւ բարեբախտաբար բան մը չգտան։
Սպասման սենեակին մէջ հիւանդապահը երկաթեայ երկար գործիքով մը ականջներս քննեց։ Նախքան քննելը, ամենայն լրջութեամբ՝ «Հիմա ականջիդ մէջ ճնշում մը պիտի զգաս, չվախնաս» ըսաւ հանդարտութեամբ, սակայն ես այդ զգուշացումը շատ լուրջի առի ու վախէս մարմինս դող ելաւ։ «Արդեօք պիտի ցաւի՞», հարցուցի մտատանջ, «Չէ, պարզապէս ճնշում մը պիտի զգաս», աւելցուց։ Յաջորդ հանգրուաններուն եւս իւրաքանչիւր բժիշկ այնպիսի զգուշութեամբ եւ չափազանցելով կը բացատրէր ընելիքը, որուն ազդեցութեամբ ծունկերուս վրայ ուժ չէր մնար, ապա ճիշտ իր ներկայացուցածին հակառակ՝ հեզասահ կ’անցնէր ստուգումը (բացի վերջին բաժինէն), որուն ընթացքին կը փորձէի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն մտապահել, որպէսզի զանոնք ընթերցողներուս փոխանցեմ այս էջիս վրայ։ Բժիշկները թերեւս կը կարծէին, որ ես շատ հիւանդ կամ նազիկ անձ մըն եմ, ու անոնք չէին կանխատեսեր չարքաշութեանս աստիճանը, ուստի ամէն քայլափոխի կը զգուշացնէին զիս՝ «Որեւէ անհանգստութիւն զգալու պարագային, մեզի տեղւոյն վրայ տեղեակ պահէ», ըսելով։
Առաջին սենեակին մէջ աւազանի մեծ ակնոցներու նման սեւ ակնոց մը անցուցին աչքս ու շարժողական կարմիր լոյսին հետեւիլ հրահանգեցին։ Յաճախ՝ «Աչքերդ խոշո՜ր- խոշո՜ր բաց, յանկարծ չթարթե՛ս», կը կրկնէին, ու ես յօնքերս վեր առնելով կը փորձէի զարմացած մարդու արտայայտութեամբ բնականէն աւելի մեծ բանալ աչքերս ու ինքնիրենս՝ «Աստուած օգնէ մանր աչք ունեցողներուն», կրկնելով ու ծիծաղելով կը շարունակէի՝ հայեացքս դէպի լոյսին սեւեռելով, հետեւիլ այդ անհանդարտ վառ կարմիր կէտին։ Քիչ ետք ակնոցին վրայ սեւ ապակի մը անցուցին ու զիս անկողինին վրայ երկնցնելով՝ մէկ տաք, մէկ ալ պաղ ջուրով ականջներս լուացի՜ն ու լուացի՜ն։ Այնքան լուացին, որ այդ մթութեան մէջ՝ ինքզինքս մէյ մը ովկիանոսի սառ ջուրերուն խորը սուզուած, մէյ մըն ալ արաբական բաղնիքի կամարներուն տակ նստած տաք ջուրերուն՝ գլուխէս վար հոսիլը զգացի։ «Հիմա գլխապտոյտ մը պիտի ունենաս, անկողինին ծայրի երկաթէ բռնակները ամո՛ւր բռնէ», զգուշացնող ձայնը զիս երազային աշխարհէն դուրս քաշեց ու պտուտակահողմի մը մէջտեղը նետեց։ Աստուա՛ծ իմ, այդ ի՜նչ արտասովոր գլխապտոյտ էր, ահա ճիշտ այդ վայրկեանին, մթութեան մէջ, Յիսուս Փրկիչի ու մեր եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն դէմքերը, հողմին հետ, դէմս դարձա՜ն ու դարձա՜ն, եւ փրկութիւն խնդրող աղօթքներուս ընթացքին՝ «սլաքներուն ուղղութեա՞մբ, թէ անոնց հակառակ ուղղութեամբ էր անոնց պտոյտը», կը մտածէի անընդհատ ու դժբախտաբար չէի կրնար կողմնորոշուիլ։ Քանի մը վայրկեան ետք գլխապտոյտը կեցաւ, ուստի աչքերս բացին ու անցանք դէպի յաջորդ հանգրուան…։
Յաջորդ սենեակին մէջ ելեկտրական լարեր զետեղեցին գլխուս չորս կողմը, երեսիս, ականջիս ու ծոծրակիս շուրջը, ապա՝ կապոյտ ներկի մէջ թաթխուած բարակ ականջակալ բարձրախօս մը մտցուցին նախ ձախ ականջիս, ապա՝ աջին, ետքը՝ երկուքին մէջ։ Սենեակին լոյսերը մէյ մը կը վառէին, մէյ մըն ալ կը մարէին։ Իրաքանչիւր փոփոխական դիրքէ առաջ, անշո՛ւշտ, ծունկերս թուլցնող երկար բարակ բացատրութիւն մը կը տրուէր։ Ականջիս մէջ մարդ մը մերթ կը գոռար, մերթ կը փսփսար. մէկ շատ հեռուէն, մէկ ալ շատ մօտէն կու գար անոր ձայնը, ու ես՝ ըստ հրահանգին, պէտք էր մերթ կրկնէի անոր արտասանած իւրաքանչիւր բառը, մերթ՝ իւրաքանչիւր վերջավանկը։ Վերջ չունեցող այս փորձաքննութենէն ետք՝ շինարարութեան, մուրճերու հարուածներու աղմուկին ու գոռում գոչումին տաղտկալի բարձր ու ցած ալիքներուն մէջ գտայ ինքզինքս, ուր ափիս մէջի գործիքին կոճակը պէտք էր սեղմէի այդ աղմուկը լսելուս պարագային։ Կարգը հասած էր սուլոցներուն. այս անգամ ձայնի տատանումներուն մէջ տարուբերող սուլոցը լսելուս պէս պէտք էր սեղմէի, լսողութեանս աստիճանը զննող, այդ կոճակը։
Վերջին հանգրուանին բժիշկն ու անոր՝ փորձի շրջան անցնող անփորձ ուսանողը աչքիս շուրջ, դէմքիս ու գլխուս վրայ ելեկտրական լարեր զետեղելէ ետք, աչքերս՝ Կարմիր գլխարկիկին մեծ մայրը կլլող գայլին աչքերուն նման լայն բանալ ու չթարթել հրահանգեցին, ապա՝ փոխնիփոխ, գլուխս մէկ աջ, մէկ ձախ, մէկ վեր, մէկ վար, մէկ ետեւ ու մէկ առջեւ՝ արագ շարժումներով ցնցեցին, դարձուցին, ետ-առաջ տարին ու բերին, ապա՝ մերթ ժամացոյցին սլաքներուն ուղղութեամբ, մերթ հակառակ ուղղութեամբ քանիցս դարձուցին։ Այս ամէնը կատարուած պահուն՝ ես, հայեացքս պատին վրայի կարմիր կէտին սեւեռելով, խոշոր-խոշոր բացած աչքերովս՝ առանց թարթելու պիտի հետեւէի այդ կէտին։ Անփորձ ուսանողը շարժումը սխալ կ’ընէր, իսկ բժիշկը գլուխս դարձնելով ցոյց կու տար ճիշտ ձեւով շարժելուն կերպը։ Մէկ խօսքով, ես փորձադաշտ եղեր էի, իսկ գլուխս իրենց ձեռքերուն մէջի զոհը։ Այս արկածալից վերջին փորձառութեան ընթացքին մէյ մը կը խնդայի, մէյ մըն ալ ուսանողին սխալելուն արդիւնքով՝ «Ա՛յ», կը պոռայի, ու երկուքին՝ «Ներողութիւն»-ներով հանգստանալ կը փորձէի, բայց անշուշտ միշտ աչքերս լայն բացած վիճակով։
Չորս ժամ տեւող հետաքրքրական ստուգումներէն ետք, գլխուս եւ աչքիս փակցուած գործիքները հանեցին, մասնագէտ բժիշկին անունը եւ հեռաձայնի թիւը ձեռքս տուին ու արդիւնքին համար երեք շաբաթ ժամանակ ճշտելով, ականջիս կապոյտ գոյնը մաքրելու թաշկինակ մըն ալ ձեռքս դրին ու տուն ճամբեցին։ Քսան վայրկեան ինքնաշարժ քշելով տուն հասայ, առանց բերանս բան մը դնելու մահճակալ մտայ եւ ծեծ կերած մարդու նման մինչեւ իրիկուն խոր քուն քաշեցի։
Արթնցայ, մարմինս հազար կտոր եղած էր։ Այդպիսի յոգնութիւն, գլխացաւ ու մկանային ցաւեր տարիներէ ի վեր չէի ունեցած։ Գլխացաւի դեղահատ մը կլլեցի ու դարձեալ քնացայ։ Երկու օր վերջ ինքզինքս հազիւ գտայ ու կամայ ակամայ միտքս գնաց հոն՝ մեր տառապեալ գերիներուն քով։ Ես, ազնիւ բժիշկներու ապահով ձեռքերուն մէջ էի ու երբեք ցաւ չզգացի, ընդհակառակը՝ իւրաքանչիւր քայլ մանրամասն կը բացատրուէր ինծի, ու դէմս հաճելի, երբեմն ալ ձանձրացուցիչ դռներ կը բացուէին, եւ այդ բոլորին հանդերձ յոգնեցայ, անհանգստացայ եւ անկողին ինկայ. իսկ ի՞նչ կ'ընեն մեր գերիները, որոնք տիւ ու գիշեր, անխիղճ թշնամիին ճիրաններուն մէջ՝ հոգեկան եւ մարմնային անվերջ խոշտանգներու եւ տառապանքներու կ’ենթարկուին փակ դռներու ետին, խուլ խիղճերու մրուրով պատուած գազաններուն մօտ։ Մեր, պողպատեայ կամք ունեցող հայ գերիները ո՞վ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի փրկէ ազերի գազանին անսանձ պտուտակահողմէն։ Ո՞վ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս այդ երկգլուխ գազանը պիտի զգետնէ ու անոր արմատը քէոքէն չորցնէ։ Է՜հ, եղունգ ունիս՝ գլուխդ քերէ։ ֎
***
Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մայիս 2025 (#213) թիւին մէջ:
'Crazy Dizziness' by Arkadi Hovhannisyan (ARKO) Acrylic on canvas | 100" x 80"