Եթէ հնարաւորութիւն ունենայինք. Տիրուկին հետ

Անցեալները ստիպուեցայ հանրակառքով աշխատանքի երթալ։ Երկու տարիէ ի վեր ինքնաշարժով երթալու «մենաշնորհը» բաւական հանգստացուցած էր առօրեայի հեւքս ու խնայած՝ հանրակառք սպասելով վատնած ժամանակս, մէկ փոխադրամիջոցէն միւսին հասնելու վազքս, հանրակառքին մէջ երբեմնի անախորժ մարդկանց, տեսարաններուն ու դէպքերուն ականատես ըլլալս, չվերալիցքաւորուած Presto card-ին հետ կապուած ունեցած մանր-մունր խնդիրներս, շոգեկառքին մէջ բջիջային կամ ցանցային կապ ունենալու անհնարաւորութեան պատճառով քաշած նեղութիւնս, որոնք՝ ինքնաշարժով, մանաւանդ մայրուղիով, սրընթաց ճամբայ երթալու հանգստաւէտ պայմանները համտեսելու ընթացքին, նետուած էին մոռացութեան գիրկը։

Դժգոհելով ճամբայ ելած էի այդ առաւօտ, սակայն այդքան ալ անախորժ չեղաւ ճանապարհորդութիւնս (ճանապարհորդութիւն կ’ըսեմ, որովհետեւ Թորոնթոյի մէջ հանրակառքով աշխատանքի հասնելու համար ժամերով պիտի ճամբորդես), ընդհակառակը, այդ մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին կեանք մը ապրելու չափ ճոխ, նոր միտքերով ու գաղափարներով օծուն եւ այժմէական որոշումներ առնելու չափ հետաքրքրական, հաճելի եւ զգացաշարժ պահեր շնորհուեցան ինծի, ու ես յիշեցի այդ ճանապարհորդութիւններու ընթացքին գոյութիւն ունեցող դրական կէտերուն գոյութեան մասին եւս։ Հիմա կը յիշեմ, թէ ինչպէս հանրակառքով փոխադրուելու առօրեայէս ներշնչուած՝ գրած էի տասնեակ գրութիւններ, ակնարկներ ու յօդուածներ։
Ըսեմ, որ բաւական նորութիւններու հանդիպեցայ այդ օրը։ Ներկայիս Presto card-էն բացի, դրամատան քարտովդ ալ կրնաս մուծել ուղեվարձդ, իսկ շոգեկառքին մէջ բջիջային եւ ցանցային կապերը հնարաւոր դարձած են։ Այս երկու յուսադրիչ նորութիւնները ձեւով մը բարձրացուցին ինկած տրամադրութիւնս։

Քնաթաթախ աչքերով դիտեցի ճանապարհը, որուն մօտէն շատոնց այդքան դանդաղ ու կանգառ առ կանգառ կենալով չէի անցած։ Տուները աւելի գեղեցիկ թուեցան ինծի եւ նոյնիսկ անոնցմէ իւրաքանչիւրին դռան եւ պատուհաններուն նախշերն ու գոյները առաջին անգամ տեսած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգեցին վրաս։ Ափսոսացի, որովհետեւ մտածեցի, թէ Գանատայի մէջ մեր կեանքն ալ ինքնաշարժով փոխադրուելու նման բան մը եղած է, ուր փոխան սովորական ճանապարհին՝ ոլորուն ճամբաներէն մուտք գործուած մայրուղիին վրայ կեդրոնացումով սաւառնելու ընթացքին, այնքան արագ կը սահին օրերն ու ամիսները, որ կեանքիդ գեղեցիկ պահերն անգամ նշմարել չես կրնար։

Հանրակառքին մէջ, ինչպէս միշտ, տարբեր ազգութեան պատկանող մարդիկ կային, որոնցմէ մի քանին ինծի համար այնքան օտար թուացող լեզուներով կը խօսէին, որ կամայ-ակամայ հետեւեալ հարցադրումը ընելու առիթ տուին ինծի. «Եթէ Գանատան Բաբելոնի աշտարակը ըլլար ու իր մէջ ապրողները անգլերէն կամ ֆրանսերէն չիմանային եւ միա՛յն իրենց մայրենի լեզուով հաղորդակցէին, ի՞նչ պիտի ըլլար այս երկրին վիճակը»։

Հետաքրքրական է, չէ՞:

Շատ չերկարեմ ու անցնիմ բուն նիւթիս։ Ուրեմն քանի մը կանգառ կենալէ ու ծանր պայուսակները իրենց շալակին աշխատանքի շտապող անձեր հանրակառք բարձրանալէ ետք, ներս մտան չափազանց երկարահասակ երկու կիներ։ Առաջինին, տաբատին հասակը ծունկերուն բարեւ տուողին, գլուխը մօտաւորապէս առաստաղին պիտի դպնար, երկրորդին ալ կարճ վերարկուին թեւերը յամառօրէն այնքան վեր ելան, որ ինք՝ դաստակները գոցելու ջանքեր թափելով սառած ուսերը կծկեց ու վեր քաշուող վերարկուին պատճառով փորն ու մէջքը բաց մնացին։ Իսկ ես միտքէս՝ «Է՜հ, բնութիւնը անարդար է, քիչ մը անոնց հասակէն առնէր ու ինծի տար, չէր ըլլա՞ր. վստահ եմ, որ երկուստեք շա՜տ գոհ պիտի մնայինք», -ըսի ու յիշեցի Հայաստանցի, երկարահասակ, սիրելի սանիկս՝ Լուսինէն, որմէ յաճախ, կատակով, հինգ սանթիմ հասակ խնդրած էի ու ինք՝ «Կնքամա՛յր, քաղցրս, որ իմ ուզելովը լինէր՝ տա՛սն էլ կտայի, տասնհի՛նգն էլ», ըսելով վիզէս փաթթուած էր։

Յանկարծ սխալ չհասկնաք ու չկարծէք, որ հասակս շատ կարճ է եւ կամ կը դժգոհիմ…ո՜չ, քաւ լիցի, Աստուծոյ տուածին առարկութիւն չկայ, բայց այդ քանի մը աւելորդ սանթիմները եթէ ըլլային՝ գէշ չէր ըլլար, գոնէ ես ալ գնած տաբատներս ու շապիկներուս թեւերը չէի կարճեցներ։ Մայրս շատ կատակասէր ու հիւմորի զգացումով յորդող բնաւորութեան տէր կին մըն էր (դժբախտաբար, հիմա յիշողութիւնը կորսնցուցած է)։ Օր մը անոր կատակով հարցուցի. «Մա՛մ, բոլորդ երկարահասակ էք, ես ալ քիչ մը երկարահասակ ըլլայի, չէր ըլլա՞ր»։ «Երբ ամուսնացանք, ես տասնեօթը տարեկան էի, իսկ հայրդ՝ տասնինը, մեր ձեռքէն ասկէ աւելին չեկաւ, աղջի՛կս։ Այդ ուզած հասակդ խելքիդ գացեր է, խելքի՛դ», - ծիծաղելով ըսաւ ու երկուքս խնդացինք։

Այսպիսին է կեանքը, բոլոր բաղձանքներդ իրականացնելը անհնար է։ Երբեմն կը մտածեմ, որ աշխարհի մէջ գոյութիւն պէտք է ունենար այնպիսի օրէնք մը, որ մարդ արարածը իր փափաքած անկարելիներէն մէկը գոնէ կարենար իրականացնել, անշուշտ՝ արդար ու բարի նպատակի համար օգտագործուելիք անկարելին կարելի դարձնելու համար։ Այդ պարագային, վստահ եմ, որ ես ալ այդ հինգ կամ տասը սանթիմը պիտի չուզէի, այլ շա՛տ աւելի էական ու կարեւոր բան մը պիտի խնդրէի աշխարհէն։ Եթէ հետաքրքրուած էք ու՝ «Ի՞նչ պիտի խնդրէիր» հարցնէք,- «Հաւատացէ՛ք, ես ալ չեմ գիտեր, թէ ինծի համար որ մէկն է ամենէն էականը, ո՛չ միայն այս պահուս, այլ՝ ընդհանրապէս։ Ամենայն դէպս երկա՜ր մտածելու բան է ասիկա», -պիտի ըլլար պատասխանս։ Է՜հ, ի՛նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ բարի նպատակով խնդրուած մեր բաղձանքները իրականանային, բայց այդ ալ թերեւս քաոսի պիտի վերածէր մեր կեանքը։

Վերադառնանք հանրակառք, ուր մայր մը իր դպրոցական աղջկան ձեռքէն բռնած ներս մտաւ, քանի մը հոգի արագօրէն տեղերնին զիջեցան անոնց։ Նայեցայ փոքրիկին նշաձեւ փայլուն աչքերուն ու անոնց մէջէն ինծի յայտնուեցաւ եօթնամեայ թոռնուհիս՝ Ալեքսանտրաս։ «Ա՜խ, երանի ձագուկս քովս ըլլար ու ձեռքէն բռնած դպրոց տանէի զինք», ըսի միտքէս։ Անցեալ տարի, առաջին ու միակ անգամն էր, որ Երեւանի մէջ միասին դպրոց գացինք ու ես ներկայ եղայ իր դպրոցի «Գարնանամուտի եւ Մայրերու օր»-ուան նուիրուած հանդէսին։ Հիացած էի հայաստանցի վեց տարեկան փոքրիկներուն, այդքան երկարաշունչ բանաստեղծութիւններ սորվելով, բեմէն անսխալ արտասանելու կարողութեան վրայ։ Տասնեակ դերեր խաղցող պզտիկները վարպետ դերասանի ու ասմունքողի հանգամանքով բեմ կը բարձրանային ու իրենց տիրապետած դերերը համարձակութեամբ կը կատարէին։ Ես, կարօտս սրտիս մէջ հազիւ բաւեցուցած, երջանկութեան ու հպարտութեան արցունքներս ազատ արձակած՝ թոռնուհիիս բացառիկ ելոյթը կը դիտէի։ Է՜հ, ի՜նչ երանելի օրեր էին։ Հապա Աւոյիս՝ փոքրիկ թոռնիկիս կանաչաւուն աչուկները ինչպէ՞ս մոռնամ, իսկ աղջկաս մասին արդէն չեմ կրնար խօսիլ, կարօտը զիս կը խեղդէ։

Կայարան հասանք։ Շոգեկառք մտայ ու չորս կողմս նստող մարդիկը դիտելով տեղ մը նստայ։ Մտքերով տարուած էի, երբ դիմացէս անցնող տղամարդուն անուշահոտը քիթիս չհասած, սրտիս հասաւ։ Հօրս բուրմունքն էր սիրտս սեղմողը, չ՛է, չ՛է կարօտն էր, կարօտը։ Ու ես սկսայ թերթել կարօտի գիրքիս էջերը, որոնց վերնագիրները «Հարազատներս»՝ մա՜յր, հա՜յր, զաւա՜կ, թո՜ռ, եղբա՜յր, մօրաքո՜յր, հօրաքո՜յր, զարմիկ ու զարմուհի ...էին։ Կարօտ մնացած սիրելիներուս ու հարազատներուս ցանկը այնքան երկար է, որ ես նոյնիսկ կը զարմանամ, թէ այդ հաստափոր գիրքը ինչպէ՞ս այսքան տարի սրտիս մէջ սեղմած ոտքի կանգնած եմ։

Պէտք է Հայաստան երթամ, ուրիշ ճար չկա՛յ։ Ա՜խ, ինչ լաւ կ’ըլլայ եթէ օր մը հարազատներով հոն հաւաքուինք ու այս անողոք կարօտի վիթխարի ծառը արմատախիլ ընենք։ Հը՜մ, արդեօք այս է իրականացնելիք միակ բաղձա՞նքս, թերեւս որպէս անձ՝ այո՛, իսկ որպէս հա՞յ…։ Որպէս հայ պիտի ցանկայի ո՛չ միայն Արցախի ազատագրումը վայելել, այլ՝ ծովէ՜-ծով, ազատ ու անկախ Հայաստանս տեսնել։ Արդեօք օրին մէկը այսպիսի հնարաւորութիւն պիտի ընծայուի՞ բոլորիս…երանի՜, հազա՛ր երանի։

Հազար ու մէկ մտածումներ շալակիս բեռցուցած, հասայ աշխատանքի վայր ու լուսաբացի շողերուն միացած թռչուններուն դայլայլին ականջ տուի, եւ անոնք՝ «Անկարելի բան չկայ, Տիրո՛ւկ, անկարելի բան չկա՜յ», փսփսացին ականջիս ու շրթունքներուս երկու ծայրերը բռնած վեր քաշեցին զանոնք եւ լաւատեսութեան ժպիտ մը գծելով փայլք տուին դէմքիս ու կեանքիս։ ֎

*«Քուին փողոց (արեւելք), Թորոնթօ» Արթօ Իւզպաշեան. իւղաներկ խաւաքարտի վրայ, 30.5 x 40.6 սմ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

«Միասին արցախահայութեան կողքին». Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հանգանակային համերգը

Next
Next

Atom Egoyan awarded Hamazkayin Medal