«Միասին արցախահայութեան կողքին». Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հանգանակային համերգը

Հայկական արուեստը անգնահատելի եւ թանկագին գոհար մըն է, իսկ այդ արուեստը երաժշտութեան ու երգի միջոցաւ, մանաւանդ վսեմ գաղափարի ու բարեգործական նպատակի ծառայելու համար, մասնագէտ երաժիշտներու բարձրորակ ճաշակովը հրամցուիլը, եւ ի մասնաւորի Աստուծոյ տան մէջ՝ հոգեպարար ու երանելի պահեր պարգեւելու առիթ կը ստեղծէ, այնպէս ինչպէս որ կատարուեցաւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ (Armenian Evangelical Church of Toronto) մէջ, 2 մարտ 2024-ի երեոյեան ժամը 7-ին, երբ տեղի ունեցաւ 40-ամեայ Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (Armenian Missionary Association of Canada)-ի կազմակերպած՝ «Միասին արցախահայութեան կողքին» խորագիրը կրող հանգանակային համերգը։ Հոծ բազմութեամբ ներկայ եղող թորոնթոհայ գաղութի ներկայացուցիչներն ու հաւատացելները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին դաժանօրէն արմատախիլ եղած եւ հայրենի հողէն տեղահանուած արցախահայութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղբանտարկեալներուն, որոնք անարդարօրէն կը մնան թշնամիին լուծին տակ։

Հանգանակային համերգը ներկայութիւնը կը վայելէր հոգեւոր հայրերու, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Թորոնթոյի եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու վարչական ներկայացուցիչներու, Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի, Հայաստանէն յատկապէս ժամանած՝ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետեանի, նուիրատուներու, երաժիշտ արուեստագետներու, թորոնթոհայ գաղութի ներկայացուցիչներու եւ արուեստասէրներու։

Օրուան հանդիսավար տոքթ. Անի Ճանպազեան Հասըրճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ յարգելու բազում նահատակներու յիշատակը։

Հանդիսվարը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս տարի Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կ՚ամբողջացնէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Այս առիթով կը կազմակերպուին շարք մը ձեռնարկներ՝ հետադարձ ակնարկով գնահատելու անցեալը, քննելու եւ արժեւորելու ներկան եւ հաստատակամ քայլերով ծրագրելու եւ ուղղուելու դէպի լուսաշող ապագայ»։
Տոքթ. Անին Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան անունով ողջունեց ներկաները, առատաձեռն նուիրատուները, ինչպէս նաեւ՝ թորոնթոհայ խումբ մը տաղանդաւոր եւ սիրուած երաժիշտները, որոնք՝ իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ, նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեցին բռնի կերպով տեղահանուած եւ Հայաստանի մէջ ապաստանած Արցախի մեր հայրենակիցներուն։ Հանդիսավարը շնորհակալութեամբ նշեց, թէ յայտագիրի յաջողութեան նպաստող բոլոր անհատներուն շնորհիւ ընկերակցութիւնը պիտի կարենայ աջակցիլ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան՝ REVIVE «Վերազարթնում» ծրագրին, որ կը նպաստէ արցախահայութեան կենսաապահովման եւ այլ ծառայութիւններու մատուցման։ Ան յայտնեց, որ ներկաները սոյն նախագիծին մասին տեղեկութիւններ պիտի ստանան տեսաերիզի մը միջոցով եւ Վիկտոր Կարապետեանի զեկոյցին ընդմէջէն։

Տոքթ. Անի Ճանպազեան Հասըրճեանը յիշեց Սուրբ գիրքի Պողոս Առաքեալի՝ երէցներուն ուղղուած յորդորը, որ կ'ըսէ. «Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսի խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. «Աւելի երանելի է տալը, քան առնելը»»։ Ապա՝ հրաւիրեց տիկին Ալին Թօփճեան Պչաքճեանը՝ Ա. Միսիրեանի մշակումով՝ Տէրունական աղօթքը երգելու։ Արուեստագէտին բացառիկ երգեցողութեամբ եւ տիկին Թալին Արթինեան Գըլըպոզեանի դաշնամուրային նուգակցութեամբ՝ ներկայացուած «Հայր մեր»-ի իւրաքանչիւր հնչիւն եկեղեցւոյ պատերէն արձագանգելով ներթափանցեց ներկաներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։

Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրը ընթացաւ երկու բաժիններով։ Տաղանդաւոր ու սիրուած թորթոնթոհայ արուեստագէտ երաժիշտներէն Սոնա Յովսէփեան, Թալին (Արթինեան) Գըլըպոզեան, Լին Իշնար, Կարպիս Շահսուվար, Արթուն Միսքչիեան, տոքթ. Ռոբովդ Ապտալեան, տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեան, տոքթ. Վէրոնիքա Ղազարեան, Յովիկ Կարապետեան, Սամուէլ Խաչատրեան, Գէորգ Մանուկեան, Նշան Փափազեան, Զարեհ Քենտիրճեան եւ «Սփիւռքի ձայն» քառեակը՝ Սեւակ Յարութիւնեանը, Նուէր Ղազարեանը, Թորոս Մայտոսեանն ու Լեւոն Գարակիւլէեանը, իւրաօրինակ կատարումներով իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին եւ երանելի ու անմոռանալի պահեր պարգեւեցին ներկաներուն, որոնք ծափողջիւններու տարափով գնահատեցին անոնց նուիրումն ու բացառիկ արուեստը։

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինէն անմիջապէս ետք, հանդիսավարը հակիրճ ձեւով ներկայացուց Հայաստանէն ժամանած, 2018 թուականէն ի վեր Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Արցախի ներկայացուցիչ Վիկտոր Կարապետեանի կենսագրութենէն որոշ կէտեր եւ հրաւիրեց զայն օրուան պատգամը փոխանցելու ներկաներուն, որոնք անհամբեր կը սպասէին լսելու՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի արհաւիրքին ականատես, ապա՝ տասը ամսուան պաշարումին ու բռնի տեղահանութեան շրջանին իր կեանքը վտանգի ենթարկելով արցախահայութեան օգնելութեան հասնող եւ այժմ Հայաստանի մէջ իր աստուածահաճոյ աշխատանքը շարունակող բանախօսը:

Արցախի ու արցախահայութեան մղձաւանջի դառնութիւնը իր մորթին վրայ կրող զեկուցաբերը Վիկտոր Կարապետեանը յուզախառն, միեւնոյն ժամանակ անկոտրուն կամքով զինուած՝ պայքարի եւ յոյսի տեսիլքի վառ ապացոյցներով պատգամեց, ըսելով. «Ուզում եմ ինձ տրուած խօսքը սկսել այսօրուան համայն հայութեան կարգախօսով՝ «Արցախն իր պատմութեան մէջ երբեք չի գրաւուել եւ երբեք չի գրաւուելու»: Արդեօք կը գտնուի՞ գէթ մէկ հայ, ում սիրտը թախիծով պատուած չէ…Արցախս սուրբ մասունք դարձաւ շան բերանում…աւա՜ղ: Այսօր անսփոփ ու յուսալքուած հարիւր քսան հազար հայեր, դաժան ոճրագործութիւնից յետոյ, բռնել են գաղթի դժոխային ճամբան՝ շրջափակուած, սովի մատնուած, բայց պայքարի ելած։ Արցախը մեն մենակ էր դիմադրում բազմամիլիոնանոց թշնամուն: Աւա՜ղ, ընկաւ Արցախը: Արցախը իր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքում երբեւէ չէր եղել այսպէս որբ, միայնակ ու այսքան առանց հայի…չմոռանա՛ք, որ այդ սրբացած հողակտորը քիչ դեր չի խաղացել հայ ժողովրդի պատմութեան կերտման ճանապարհին»:

Կարապետեան յետեւեալ շեշտադրումը ընելով աւելցուց. «Մեծ դասեր պէտք է քաղի հայը Արցախի կորստից եւ թոյլ չտա՛յ, որ այն դառնայ Մուշ, Անի, Ատանա, Կարս...: Անվիճելի փաստ է, որ Արցախ պահպանողը, նրան տէր կանգնողը հայը պետք է լինի…հայը հային հարազատ է, ազգակից: Հայն է հային ձեռք մեկնողը, աջակցողը, մխիթարողը՝ թէ խօսքով, թէ գործով: Արցախը կայ՝ քանի կամ ես, մենք, դուք…ՀԱՅԸ»։

Պատգամաբերի խօսքին աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, ուր ներկայացուած էին արցախահայերուն մատնուած դժոխային իրավիճակը եւ կրած չարչարանքները, այժմէական կարիքներն ու Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան՝ REVIVE «Վերազարթնում» ծրագրին մատուցած նպաստները՝ արցախահայութեան կենսաապահովման խնդիրները լուծելու եւ կարելիութեան սահմաններու մէջ արժանավայել կեանք մը ապահովելու համար։

Հիասքանչ կատարողութիւններով ողողուն գեղարուեստական երկրորդ բաժնի աւարտին հասած էր պարգեւատրութեան պահը։ Տոքթ. Անի Ճանպազեան Հասըրճեան նշեց Լուսարեան ընտանիքի ներդրման կարեւորութիւնը, եւ պարգեւատրեալ՝ Էնտի Անտիբաս Լուսարեանի գործունէութիւնը յիշելով յայտնեց, թէ ան 1984 թուականին մեծ դեր ունեցած է Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կազմակերպման գործին մէջ: Լուսարեանը եղած է ընկերակցութեան առաջին գործադիր խորհուրդի կազմին մէջ եւ երկու տարի գործած է որպէս գանձապահ: Տոքթ. Անին ըսաւ, որ համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբը որոշած է պարոն Լուսարեանին ներկայացնել պարգեւ յուշագիր մը՝ AMAC-ի մէջ իր քառասուն տարուան ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լուսարեան ընտանիքին սոյն համերգին յաջողութեան համար տարած վիթխարի հովանավորութեան եւ 75 000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեան համար: Բեմ հրաւիրուեցաւ AMAC-ի հիմնադիր անդամ եւ նախկին նախագահ Միհրան Ճիզմէճեանը, որուն ձեռամբ կատարուեցաւ պարգեւատրումը։

Հանդիսավարը հրաւիրեց Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամ Սարգիս Պալեանը, որ մասնագէտ ու աշխատասէր դեղագործ մը ըլլալուն հետ մէկտեղ, երկար տարիներէ ի վեր ձեռք մեկնած եւ աջակցած է բոլորին, յատկապէս Թորոնթոյի հայ համայնքի անդամներուն։ Համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով պարոն Սարգիսը պարգեւատրուեցաւ յատուկ շնորհակալագիրով մը ՝ հայ համայնքին ներկայացուցած իր անսակարկ ու անսահման ծառայութիւններուն համար:

Բացառիկ ձեռնարկին աւարտին բոլոր մասնակից արուեստագէտ երաժիշտները գնահատագիրներ ստացան իրենց սիրայօժար օժանդակութեան համար եւ միասնաբար կատարեցին «Ղարաբաղ, իմ սէր» երգը, որուն միաբերան մասնակցեցան հոգեխառն զգացումներով պարուրուած ու ոգուորուած ներկաները։

Տոքթ. Անի Ճանպազեան Հասըրճեան, ներկաները հրաւիրեց Մովսէս Ճանպազեանի անունը կրող սրահը, ուր հիւրասիրութեան՝ ուտեստներով, քաղցրեղէններով եւ ըմպելիքներով ճոխ սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները համեղ պատառներ համտեսելով զրուցեցին, ինչպէս նաեւ՝ առիթը ունեցան գնելու Վիկտոր Կարապետեանի ձեռամբ բերուած բանաստեղծուհի Մելանիա Գեղամեանի նոր հրատարակած «Սէր իմ Արցախ» բանաստեղծական հատորը։ Գիրքերուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ AMAA-ի եւ AMAC-ի արցախահայութեան օժանդակելու ծրագիրներուն։ ֎

(լուսանկարը տրամադրած է AMAA-ն)

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Անխափան երթ, «Թորոնթոհա՛յ»

Next
Next

Եթէ հնարաւորութիւն ունենայինք. Տիրուկին հետ