Անխափան երթ, «Թորոնթոհա՛յ»

«Թորոնթոհայ» թերթին սկսած եմ աշխատակցիլ 2017 թուականին։ Այդ ժամանակուան գլխաւոր խմբագիր Կարին Սաղտըճեանին առաջարկով՝ ստանձնեցի «Թորոնթոհայ» կայքին տնօրինումը եւ սկսայ խմբագրական աշխատանք տանիլ թերթին մէջ։ Մինչեւ թերթի անձնակազմին մաս կազմելս առիթը ունեցած էի թղթակցելու թերթին՝ պարբերաբար հայաստանեան իրականութեան մասին յօդուածներ գրելով։

Թէեւ երբեք Թորոնթօ չեմ այցելած, բայց «Թորոնթոհայ»-ը եղաւ այն պատուհանը, ուրկէ ծանօթացայ թորոնթոհայ գաղութի հայկականութեամբ եռուն աշխոյժ կեանքին։ Ամէնօրեայ դրութեամբ թերթը դարձաւ սիրելի աշխատանքս եւ կեանքիս մէկ մասը։ Ան հնարաւորութիւն տուաւ ինծի լրագրական ասպարէզին մէջ փորձառութիւն ձեռք բերելու։

Ապրելով հայրենիքի մէջ սկսայ հարցազրոյցներ վարել հայրենի արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ։ Յատկանշական եւ տպաւորիչ էին 44-օրեայ պատերազմէն ետք հարցազրոյցներս՝ բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի, Տաւուշի առաջնորդ Բագրատ եպս․ Գալստանեանի, Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեանի հետ, իսկ անկէ առաջ՝ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի, արուեստագէտ Գէորգ Շատոյեանի հետ, որոնք բոլորը տեղ գտան «Թորոնթոհայ» կայքի Podcast բաժինին մէջ։

Հայրենադարձ թորոնթոհայերու հետ հարցազրոյցներուս ընթացքին մեծ հաճոյք էր լսել եւ ընթերցողին ներկայացնել փորձառութիւնը այն թորոնթոհայերուն, որոնք կ’ապրին ու կ’արարեն Հայաստանի մէջ։ Նախ ինծի համար էր հետաքրքրական՝ Գանատայի մէջ հասակ առած երիտասարդներուն հայրենիքի մէջ ապրելու փորձին մասին լսելը, ապա զայն ներկայացնելը ընթերցողներուն։ Շատ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ՝ առաջին հարցազրոյցը ունեցայ թերթի ներկայիս տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանի հետ, որուն հետ առաջին անգամ կը հանդիպէի։ Չէի մտածեր, որ օր մը գործակիցներ պիտի ըլլանք։ Հայրենադարձ թորոնթոհայերուն մէջ տեսայ կապուածութիւնն ու սէրը հանդէպ գաղութին եւ այն հայրենասիրական ոգին, զոր մղած է զիրենք հաստատուելու Հայաստան։ Յոյսով եմ, որ կրցայ այդ բոլորը փոխանցել նաեւ մեր ընթերցողներուն։

2022-ին սկսայ «Արցախն այս շաբաթ» լրատուական ամփոփումներու շարքը։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախը կը գտնուէր լինելիութեան պայքարի մէջ, արցախցին կրած ծանր կորուստներով հանդերձ` կը մաքառէր իր սրբազան հողին վրայ ապրելու համար։ Շաբաթական լրահոսին նպատակն էր՝ յաւելեալ ուշադրութիւն հրաւիրել Արցախի վրայ եւ ընթերցողը իրազեկ դարձնել այնտեղի իրադարձութիւններուն մասին։ Նոյեմբեր 2022-ին այցելեցի Արցախ։ Դժուար, միեւնոյն ժամանակ պատասխանատու գործ էր հանդիպիլ եւ զրուցել մեր միութիւններու եւ հիմնարկներու պատասխանատուներուն հետ՝ ներկայացնելու պատերազմէն ետք առաջացած դժուարութիւնները, կրած ծանր կորսուստներէն ետք արցախցիին հոգեվիճակը․․․ հարցազրոցներուս շարքը չաւարտած, վրայ հասաւ իննամսեայ շրջափակումը, ապա՝ հայրենազրկումը։ Անասելի ողբերգութենէն ետք՝ այժմ արցախցին առաւել ուշադրութեան կարիքը ունի․ նոր միջավայրին յարմարելու, կենցաղային հարցերը լուծելու կողքին, ունի իր ինքնուրոյնութիւնը, բարբառը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները պահելու խնդիր։

Հայրենիքի մէջ ապրելով եւ «Թորոնթոհայ»-ին աշխատկցելով առիթը տրուած է ինծի շաղկապելու համայնքն ու հայրենիքը։ Ուրախ կ’ըլլամ լսելու ձեր առաջարկները այդ կապը աւելի ամրացնելու ուղղութեամբ: Շնոհակալութիւն թերթին նախկին եւ նոր խմբագիրներուն՝ Կարին Սաղտըճեանին եւ Ռուբէն Ճանպազեանին, որոնք առիթը ընծայեցին ինծի՝ վերջին եօթը տարիներուն հրապարակուած թիւերուն մէջ ես ալ իմ համեստ ներդրումս ունենամ։ Յոյսով՝ «Թորոնթոհայ»-ի հետ իմ ճանապարհս կ’ըլլայ բեղուն ու արդիւնաշատ։

Այս ամիս թերթին 200-րդ թիւն է, որ կը հրատարակուի։ Մաղթանքս է, որ թերթին երթը ըլլայ անխափան ու ան շարունակէ ըլլալ թորոնթոհայութեան գործունէութիւնը լուսաբանող լաւագոյն հարթակը։ ֎

Սալբի Սաղտըճեան

Ծնած է Սուրիա, Քեսապ, այժմ կը բնակի Հայաստան։ Մասնագիտութեամբ պատմաբան է։ Թղթակցած է «Ազդակ»-ին, «Գանձասար»-ին, աշխատած «Թերթ» եւ «Եռագոյն» կայքերուն մէջ։ 2017-էն ի վեր մաս մը կազմէ «Թորոնթոհայ» թերթի խմբագրական կազմին։ Գրութիւնները նուիրուած են հայաստանեան իրականութեան եւ առաւելաբար Արցախին եւ արցախահայութեան խնդիրներուն։

Previous
Previous

Letter to the editor: A heartwarming glimpse into the future of our community

Next
Next

«Միասին արցախահայութեան կողքին». Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հանգանակային համերգը