Թորոնթոհայութիւնը կ’ապրի աննախադէպ ցնծութեան պահեր
Այս բերկրանքի մթնոլորտը սոսկ յաղթանակի մը առթած հրճուանքի դրսեւորումները չեն, այլ մեծ իրագործումի մը սպիտակ ծխանիի ազդն է։
Ռազմի դաշտի յաղթանակի խնդութեան զգացումը, կը հաւատամ, ամենէն գերզգայնաշունչ լիութեան պահն է, որ քաղաքացի մը կ’ապրի։
Սակայն հայերուս համար, կրթական օճախի մը կառուցումը, նոյնքան շռնդալից նուաճում է, քանի որ այդ մէկը կ’երաշխաւորէ զանազան ճակատներու վրայ շատ մը յաղթանակներու ձեռքբերումը, ինչպիսիք են՝ ընկերային, մշակութային, ընտանեկան, ուսումնական բնագաւառներէն ներս։
Անտարակոյս հաւաքականութեան մը կեանքը զսպանակող հիմնական կառոյցներէն մին հայկական վարժարանն է։ Ճիշտ այդ մէկուն համար, ի գին ամէն զոհողութիւններու, Թորոնթոյի միակ ամէնօրեայ ՀՕՄ-ի Վարժարանի պատասխանատու մարմինները, յատկապէս ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէն, ունեցան յանդգնութիւնը աննախադէպ մեծագումար ներդրումի մը որոշումը առնելու, որպէսզի ապահովեն գաղութային հայեցի կեանքի բարւոք զարգացման յաւելեալ անխորտակելի վէմ մը։
Այս խարիսխը, հնարաւորութիւն պիտի տայ պարփակելու եւ բաւարարելու հոծ հայեցի ուսուցման դիմումներու պահանջքը: Յետայսու, ո՛չ մէկ հայորդի պիտի զրկուի հայկական ուսումնարանի տաքուկ երդիքի ապահով մթնոլորտէն, սոսկ բաւարար տեղի չգոյութեան պատճառաւ:
Այս գաղութը, ի պատիւ լուսաւոր հայորդիներու զոհողութիւններուն, ունեցաւ երեք ամէնօրեայ վարժարաններ եւ զանազան միօրեայ վարժարաններ եւ մանկամսուրներ, որոնք ծառայեցին հայ հանրութեան՝ ջամբելով ազգային հայեցի դաստիարակութիւն։ Դժբախտաբար միւս երկու ամէնօրեայ արժարանները չդիմացան արեւմտեան կլանիչ եւ մաշեցնող յորձանուտին եւ ժամանակի թաւալումով շիջեցան եւ հարկադրաբար փակեցին իրենց դռները։
Ամէնօրեայ միակ կրթական օճախը, որ յարատեւեց եւ ուռճացաւ ՀՕՄ-ի վարժարանն է, որ հակառակ յամեցող նոյն դժուարութիւններուն՝ ընդարձակուեցաւ եւ երկրորդական բաժին մըն ա՜լ ունեցաւ, շքեղ երիտասարդական կեդրոնի յարկին տակ։
Լոյս սփռելով կարգ մը մանրամասնութիւններու, պարզաբանելով կարգ մը երեւոյթներ, կը հաւատամ, որ մեր գիտակից հայ զանգուածը, ինչպէս միշտ, նախանձախնդրօրէն բարոյապէս ու նիւթապէս իր բաժինը բերելու կամքը պիտի ցուցաբերէ այս հաստատութեան ձեռքբերման ու բարգաւաճման:
Արդ, սուրիահայութեան մեծաթիւ հոսքը, ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ նոր սերունդի ու վարժարանի շրջանաւարտներու զաւակներուն հայկական վարժարան յաճախելու ցանկութիւնը՝ մեծ պահանջարկ յառաջացուց։ Բոլոր դիմողները ընդունելու, պարփակելու եւ բաւարարելու պայմաններու չգոյութիւնը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրաւ թորոնթոհայութիւնը։ ՀՕՄ-ի Վարժարանի գոյ տարածքը, այլեւս նեղ կու գար լաւագոյնս բաւարարելու ուսումնական կարիքները: Հետեւաբար, առաջին հերթին նոր ծրագիրի մը անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ, ընդարձակելու երկրորդական վարժարանը, աւելցնելով քանի մը դասարաններ անոր առկայ կառոյցին վրայ:
Այսպէս, ոչ շատ հեռու Հայ կեդրոնի տարածքէն, 211 Consumers Road-ի կալուածը, ամբողջապէս նորոգուած շինութիւն մըն է, նախապէս ուսումնարանի (college) շահարկումի համար կառուցուած, որ վարժարանի մը արդիական բոլոր ստորոգելիներով, աշակերտի եւ ուսուցչական կազմի բոլոր յարմարութիւններով օժտուած է՝ առձեռն, համարեա պատրաստ առաջին զանգին։
Այս հողատարածքը Հայ կեդրոնի կալուածներուն վրայ նոր տարածք մը պիտի աւելցնէ, որ տնտեսական հասկացողութեամբ նոյնը չէ, որ կրնար ապահովել Երիտասարդական կեդրոնի վրայ ըլլալիք ընդարձակման շինարարութիւնը: Այսպիսով, նոր շէնքի մը տէրը պիտի դառնանք, եւ գալիք սերունդները շատ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ պիտի յաճախեն այս կառոյցը ու վայելեն անոր բերելիք անմիջական բարիքները:
Գլխարկ կը բարձրացնեմ բոլորին՝ մարմիններուն եւ բարերարներուն, իրենց առողջ դատողութեան ու քաջարի նախաձեռնութեան ու անկոտրում հայու ոգիին, որոնք ստեղծեցին այս խայծը եւ նման պայծառամտութեամբ, աչքառու քաջութեան ստորոգելիներով զրահապատուած, արմատական ծրագիրով մը, տրամաբանական եւ յանդուգն մէկ որոշումով մը, պիտի լուծուին ուսումնական եւ ակումբային աշխատանքներու ապագայի մեր բոլոր կարիքները:
Քաջութիւնը միա՛յն պատերազմի ճակատներուն վրայ չխմորուիր: Այս եւ նմանատիպ նպատակուղղուած որոշումներ կ’ապահովեն առողջ միջավայր մը, որ մեզ կ'առաջնորդէ զանազան ճակատամարտներու վրայ նորանոր յաղթանակներու ձեռքբերման:
Մօտալուտ առաջին զանգի ղօղանջին սպասումով: