Ուխտագնացութիւն դէպի Ուշի. ՀՕՄ-ի վարժարանի աշակերտները յարգեցին պարոն Մարգարին յիշատակը

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Երեքշաբթի, 18 մարտին, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի «Լափոյեան» երկրորդական բաժնի ԺԲ. կարգի քսանութ աշակերտներ, վարժարանի ամէնամեայ հայաստանագնացութեան ծիրէն ներս, կատարեցին իրենց աւանդական ուխտագնացութիւնը դէպի Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու վարժարանի հիմնադիր տնօրէն՝ պարոն Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին:

Այցելութիւնը սկիզբ առաւ Ուշիի գերեզմանատան մէջ, ուր աշակերտները խոնարհեցան պարոն Շարապխանեանի շիրիմին առջեւ։ Վարժարանի տնօրէն եւ պարոն Մարգարին սաներէն՝ պարոն Րաֆֆի Սարգիսեան գերեզմանատան մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, պարոն Մարգարին տեսլականը շաղկապեց Թորոնթոյի համայնքի այսօրուան վերելքին եւ նոր շէնքի պատմական ձեռքբերումին։

Աշակերտները յարգանքի տուրք մատուցեցին վարժարանի հիմնադիր տնօրէն՝ պարոն Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին:

Ան յիշեցուց, որ վարժարանը իր դռները բացած էր 1979-ին՝ միայն եօթանասուն աշակերտներով, պարոն Մարգարին եւ իր սերնդակիցներու հսկայական ջանքերուն շնորհիւ։ Ան նշեց, որ նոր համալիրին (211 Consumers Road) ձեռքբերումը այդ նոյն երազանքին իրականացումն է, որպէսզի դպրոցը մեծնայ եւ հայեցի կրթութիւնը դառնայ հասանելի բոլորին։

«Մեծ պատիւ է մեզի համար, որ մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէնը եղած է պարոն Մարգարը։ Մեր վարժարանին համար շատ կարեւոր է յիշել մեր արմատները։ Այդ պատճառով ալ աւանդութիւն դարձուցինք, որ երբ Հայաստան հասնինք, այցելենք Ուշի գիւղ եւ պարոն Մարգարին շիրիմին առջեւ կարդանք իր իսկ պատրաստած երդումը», ըսաւ Սարգիսեան:

Տնօրէնը նաեւ անդրադարձաւ այն աշակերտներուն, որոնք պարոն Մարգարին քաջալերանքով վերադարձած են հայրենիք եւ հաստատուած հայրենի հողին վրայ, ինչպէս ըրաւ իրենց ուսուցիչը։ «Պարոն Մարգարը իր խօսքին տէրը եղաւ. իր քարոզածը իրականութիւն դարձուց ու վերադարձաւ հայրենիք», ըսաւ Սարգիսեան:

Այս յուզիչ վկայութենէն ետք, քսանութ աշակերտները միասնաբար աղօթեցին «Հայր մեր»-ը եւ արտասանեցին վարժարանին երդումը, որ համեմատաբար նոր աւանդութիւն մըն է. երդումին խօսքերը քաղուած են պարոն Մարգարին գրութիւններէն: Ստորեւ երդումը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.

Վարժարանի տնօրէն եւ պարոն Մարգարին սաներէն՝ պարոն Րաֆֆի Սարգիսեան գերեզմանատան մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին

«Եւ թող բոլորը իմանան, թէ դուն ունիս զաւակներ, որոնք հպարտ ու երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք, երբ կը ծառայեն քեզի ու կը զոհուին քեզի համար։

Կ’արհամարհեմ անոնք, որոնք չեն սիրեր կամ կ’ուրանան քեզ։ Անոնք պարզապէս չեն ճանչցած քեզ, եւ կամ ցամքած է արիւնը հայուն իրենց երակներուն մէջ։

Կ’երդնում իմ երիտասարդութեան վրայ, թէ քեզ պիտի սիրեմ ու պիտի ծառայեմ քեզի մինչեւ վերջին շունչը իմ։

Թող ես ոչնչանամ, եթէ քեզ ուրանամ, ու թող գոյութիւնս անհետանայ, եթէ քեզ մոռնամ, ո՛վ իմ հմայիչ ժողովուրդս։

Ու կը հաւատամ …

Ու կը հաւատամ, թէ պիտի գայ օ՛ր մը, երբ քու հայրենի հողերուն վրայ վերստին պիտի փայլի ազատութեան Արեւը, պիտի վերստին ծածանի արդարութեան դրօշը, եւ այն ատեն դուն դարձեալ պիտի առնես այն՝ ինչ քուկդ էր արդէն, իմ պաշտելի՜ ժողովուրդ – հա՛յ ժողովուրդ»։

Արարողութենէն ետք, աշակերտները ուղղուեցան Շարապխանեաններուն բնակարանը, ուր պարոն Մարգարին այրին՝ տիկին Էլիզը, սիրով ընդունեց խումբը։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, աշակերտները վայելեցին հայկական ճոխ հիւրասիրութիւնը։ Սեղանին շուրջ, Սարգիսեան երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ տիկին Էլիզին տարիներու հիւրասիրութեան եւ պարոն Մարգարին թողած անջնջելի դաստիարակութեան։

Խմբանկար՝ Շարապխանեաններու տան շրջափակէն ներս

Սարգիսեան նշեց, որ 2008 թուականէն ի վեր տիկին Էլիզը ջերմօրէն կը հիւրընկալէ Թորոնթոյի աշակերտութիւնը։ Ան շեշտեց, որ պարոն Մարգարին շունչը կը շարունակէ ապրիլ իր պատրաստած սերունդին միջոցով, որոնք այսօր ղեկավար դիրքեր կը գրաւեն համայնքային կառոյցներու մէջ։ Տնօրէնը յատուկ յիշատակեց այն շրջանաւարտները, որոնք օրինակ առնելով իրենց տնօրէնէն, արդէն իսկ փոխադրուած են հայրենիք։ Ան պատգամեց աշակերտներուն, որ դպրոցի աւարտը միայն սկիզբն է իրենց պարտականութիւններուն, յատկապէս Թորոնթոյի նորակառոյց համալիրի յաջողութեան գործին մէջ։

Դիմելով ներկայ սերունդին, տիկին Էլիզը փոխանցեց իր խորհուրդը. «Ես ամէն տարի աշակերտներուն մէկ բան կ’ըսեմ միայն։ Դուք ձեր ապագան ծրագրելու փուլին մէջ էք... երբ այդ որոշումները կ’առնէք, նաեւ որպէս այլընտրանք նկատի ունեցէք, որ կարելի է նաեւ ապրիլ եւ ստեղծագործել Հայաստանի մէջ»:

Այցելութիւնը աւարտեցաւ յիշատակի խմբանկարով մը՝ Ուշիի պայծառ երկնքին տակ։ ՀՕՄ-ի վարժարանի քսանութ աշակերտները Ուշիէն հեռացան վերանորոգուած ոգիով, իրենց հետ տանելով հիմնադիր տնօրէնին երազանքն ու հայրենի հողին ուժը։

Մարգար Շարապխանեան ծնած է Յունաստան, 1937-ին, ուսանած էր Իտալիոյ մէջ, յետոյ գաղթած է Թորոնթօ, ուր գտած է իր կեանքի կողակիցը՝ տիկին Էլիզը։ Թորոնթոյի մէջ եղած է հիմնադիրներէն ՀՕՄ-ի ամենօրեայ վարժարանին եւ երկար տարիներ վարած է տնօրէնի պաշտօնը։ Երկու հատոր ունի հրատարակուած. առաջինը լոյս ընծայած է անկախութեան առաջին տարիներուն եւ կը կոչուի «Դարձ դէպի հայրենիք», երկրորդը՝ յայտնի յոյն գրագէտ Նիքոս Քազանճաքիսի գործերուն թարգմանութիւնն է։ 1990-1994 թուականներուն եղած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ։

Հայրենադարձ Մարգարն ու Էլիզը 2008 թուականէն ի վեր հաստատուած էին Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղ եւ մեծապէս սատարած գիւղին, յատկապէս վերանորոգոլելով Ուշիի մշակութային տունն ու դպրոցը։

Հայրենադարձութենէն ետք, հարցազրոյցի մը ընթացքին պարոն Մարգարը կը վկայէ. «Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած եմ , բայց ոչ մէկ տեղ` ո՛չ Յունաստանի, ո՛չ Իտալիոյ եւ ո՛չ ալ Գանատայի մէջ, ես հայ զգացած եմ, իմ ինքնութիւնս միայն Հայաստանի մէջ կը զգամ: Դուրսը ծնած, մեծցած ու ապրած մարդու համար Հայաստանի մէջ պէտք է ապրիլ: Ուզենք, թէ չուզենք բոլոր երկիրներու մէջ օտար ենք, միակ երկիրը որ կը զգանք, որ մերն է, Հայաստանն է։ Ես կը հաւատամ Հայաստանի գիւղերուն, եւ Հայաստանի գիւղերու տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ»:

Շարապխանեան իր մահկանացուն կնքեց 19 օգոստոս 2023-ին՝ իր սիրելի հայրենիքին՝ Հայաստանի մէջ:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Next
Next

Թորոնթոհայութիւնը կ’ապրի աննախադէպ ցնծութեան պահեր