Անմահ յիշատակ, անխոնջ ծառայութիւն
Հոգելոյս հայր Եղիա ծվ․ Գիրէջեանի վախճանումը արդարեւ աւարտն էր հոգեւոր ու պատմական վիթխարի հանգրուանի մը թորոնթոհայ պատմութեան մէջ։ Սակայն, խորքին մէջ, այս հրաժեշտը ոչ թէ սոսկ վախճան մըն է, այլ երախտագիտութեան, խորհրդածութեան եւ վերանորոգուած պատասխանատուութեան գերապանծ հրաւէր մը՝ ուղղուած մեր համայնքի իւրաքանչիւր զաւակին։
Հանգուցեալ վարդապետը պարզապէս եկեղեցւոյ պաշտօնեայ մը չէր. ան Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադիր ժողովրդապետն էր եւ անդամ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան։ Ան իր ողջ էութեամբ եւ առաքելութեամբ քրիստոնէական հաւատքն ու հայ ազգային աւանդութիւնը սերմանեց գանատական հողին վրայ՝ զանոնք արմատաւորելով մեր հոգիներուն մէջ այնպիսի ժամանակներու, երբ հայապահպանման տագնապը նորահաստատ համայնքի մը համար օրհասական էր։
Աւելի քան յիսուն տարիներու հաւատարիմ եւ անխախտ ծառայութեամբ, Հայր սուրբը դարձաւ հոգեւոր սիւներէն մին Թորոնթոյի հայութեան։ Իր անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատոյց 1973-ին, փունջ մը հաւատացեալ ընտանիքներու եւ երեք խորանի սպասաւորներու ներկայութեամբ, որոնցմէ մէկն էր հայրս՝ Կիրակոս Շահինեանը։ Տասնամեակներ շարունակ, անոր հովուական խնամքը բարեփոխեց հազարաւոր հայ ընտանիքներու կեանքը՝ յաղթահարելով դաւանանքի սահմանները եւ դառնալով համայնքային միութեան խորհրդանիշ։
Հայր Եղիային քահանայական կոչումը սահմանափակուած չէր եկեղեցւոյ քարեղէն պատերով. ան ներկայ էր ամենուր՝ հայկական վարժարաններու, հիւանդանոցներու եւ տուներու մէջ։ Ան կը հաւատար, որ քահանան պէտք է ըլլայ հոն, ուր իր հօտը կը տառապի, կը յուսայ կամ կը տօնախմբէ։ Անձնապէս, ինչպէս բազմաթիւ երիտասարդներու պարագային, ան պսակեց իմ ծնողներս, զիս մկրտեց։ Բացառաբար՝ զիս Աստուածոյ Սուրբ խորանին ներկայացուց որպէս խարտաւիլակ իմ քահանայական ձեռնադրութեանս ընթացքին։
Յովհաննէսի աւետարանի «Բարի հովիւի» նման, հոգելոյս վարդապետը ճանչցաւ իր հօտը եւ գուրգուրաց իւրաքանչիւր գառնուկի վրայ։ Անոր նուիրումը կ'արտայայտուէր նոյնիսկ ամենափոքր մանրամասնութեանց մէջ՝ ծիսական կարգերու նրբանկատ պատրաստութենէն մինչեւ շարականներու կատարողութիւնը։ Անոր համար ամէն ինչ պէտք է ըլլար կատարեալ, որովհետեւ աստուածային պաշտամունքը ոչ թէ սովորութիւն էր, այլ երկնային փառաբանութեան երկրային արտացոլումը։
Հայր Եղիային կեանքի օրինակը այսօր մեզի կը մատնանշէ մէկ այլ կենսական հրամայական. հայ հոգեւորականի կոչումներու անհրաժեշտութիւնը Արեւմուտքի մէջ։ Արեւմտեան մշակոյթի անտարբերութեան եւ հոգեւոր դատարկութեան դիմաց, Հայր սուրբը հաստատեց եկեղեցին որպէս հաւատքի եւ ինքնութեան անսասան խարիսխ։ Սակայն, այսօր հարց կը ծագի՝ ո՞վ պիտի շարունակէ այս առաքելութիւնը։ Հայր Եղիային նման նուիրեալներու օրինակը պէտք է դառնայ փարոս մեր նոր սերունդին համար։
Կարեւոր է, որ մեր երիտասարդները, ծնած ու հասակ առած Գանատայի կամ Ամերիկայի մէջ, լսեն Աստուծոյ ձայնը եւ յանձն առնեն քահանայական ու վարդապետական լուծը։
Մենք կարիքն ունինք հոգեւորականներու, որոնք կը հասկնան արեւմտեան մտածելակերպը, սակայն զինուած են հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեամբ։ Հայր Եղիային քարոզները կոչեր էին՝ պահպանելու մեր մայրենի լեզուն եւ նախնեաց հաւատքն ի յարուցեալ Քրիստոս, յիշեցնելով մեզի, թէ մենք մաս կը կազմենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի սկսած եւ նահատակներու արիւնով սրբագործուած դարաւոր շղթային։ Այդ շղթան չի կրնար ամուր մնալ, եթէ չպատրաստենք նոր մշակներ, որոնք պատրաստ են զոհաբերելու իրենց կեանքը՝ ի սպաս Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին։
Ան յատուկ գորով ու սէր տածեց երիտասարդութեան հանդէպ՝ հաւատալով, որ անոնք են եկեղեցւոյ ապագայ սիւները։ Իր հայրական համբերութեամբ, ան եղաւ ուղեցոյց եւ քաջալերող։ Այսօր, անոր յիշատակը յարգելու լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլայ քաջալերել մեր զաւակները, որպէսզի անոնք եւս հետեւին իր օրինակին, որպէսզի հայ խորաններուն վրայ մոմերը երբեք չմարին եւ հայ լեզուով աղօթքը միշտ հնչէ այս ափերուն։
Այսօր, երբ հրաժեշտ կու տանք մեր սիրելի հովիւին, մեր սրտերը համակուած են խորին երախտագիտութեամբ։ Անոր վախճանումը մարմնական բաժանում է, սակայն անոր հոգեւոր ներկայութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անկիւնը։ Մեր սրբազան պարտքն է վառ պահել անոր վառած ջահը, պահպանել եկեղեցին կանգուն եւ հաւատքը անսասան՝ ի յիշատակ անոր անձնուէր ծառայութեան։
Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութեամբ՝ թող բարձրեալն Աստուած լուսաւորէ իր հոգին եւ երկնքի անճառելի արքայութեան մէջ հանգիստ պարգեւէ իրեն։
Յաւիտենական յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։ ֎
Ի Թորոնթօ՝ 23 փետրուար 2026
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2026 (#223) թիւին մէջ: