«Սէրը» գրասէրներու հաւաքը գրաւեց սրտերը
Դեկտեմբեր ամսուն, երբ Համազգայինի գրասէրներու խմբակի անդամներուն հետ տօնական օրերուն առթիւ ի մի եկած՝ իր աւարտին հասնող տարուան իրագործումներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին կը զրուցէինք, իբրեւ յաջորդ հաւաքի նիւթ՝ սէրը տիրապետեց։ Զարմանալի չէ այս մէկը երիտասարդութեան տարիքը նոր թեւակոխած գրասէրներու համար. եւ խրախուսիչ երեւոյթ է մանաւանդ, երբ կը սկսին անցեալի հաւաքներէն ու ներկայացումներէն սիրային բանաստեղծութիւններ ասմունքել։ Ու այսպէս, ծայր առաւ «Սէրը» խորագիրը կրող հաւաքին ծրագրումը։
Խառնաշփոթի ու վայրագութեան նոր չափանիշներ արձանագրող այս օրերուն, Ս. Սարգիսի տօնին զուգադիպող կիրակի օրը՝ 1 փետրուարին, խումբ մը գրասէրներ սէր երգեցին ամբողջ մէկ ու կէս ժամ։ «Սէրը» նոր շունչ տուաւ երեսուներկու ստեղծագործութիւններու, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ՝ ի մի բերելով բազմաթիւ ներկաներ։
Իբր համամարդկային գերագոյն զգացումներէն մին՝ սէրը իր տեղը գրաւած է հայ գրականութեան մէջ։ Արա Գեղեցիկի ու Շամիրամի պատմութիւնը, Թումանեանի «Աղթամար»-ը յայտնի նմուշներ են։ Դարերու ընթացքին, հայրեններ, պատմուածքներ, վէպեր ու անթիւ բանաստեղծութիւններ յօրինուած են սիրոյ մասին։ Աւելին, բանաստեղծներ կան, որոնց անձնական կեանքը ինքնին սիրոյ ուշագրաւ պատմութիւն է, նամականիներ, որոնք կը վկայեն բուռն սէրերու մասին, ինչպիսին են՝ Վահան Տէրեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի եւ Պարոյր Սեւակի նամակները (Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքին՝ «Նամականիներ» հաւաքին ընթացքին փոքր նմուշ մը ներկայացուեցաւ)։
«Սէրը» հաւաքին օրակարգը յատկապէս համադրուած հիւսք մըն էր զանազան դիտանկիւններ եւ հոգեկան իրավիճակներ բնութագրող քսան գրողներու գործերէն։ Օրինակի համար, Մեծարենցի գրիչին տակ սէրը երազ է ու ձգտում, Թէքէեանի մօտ սէրը թաքուն ու խոր ապրում է, Կապուտիկեանի տողերուն մէջ սէրը բարկ ու ցաւ է, Մարօ Մարգարեանի գրիչին տակ սէրը կեանք է։ Ինչպէս Կարապենց կ՚ըսէր՝ «Ամէն ոք իր ուրոյն սէրն ունի»։
Ողջունելի է տեսնել տասնմէկ երիտասարդ գրական ձեռնարկի մը ընթացքին, առաջին շարքին ու անհամբեր իրենց կտորը ներկայացնելու։ Խմբակի անդամներէն Շանթ Տէօքմէճեան հաւաքին բացումը կը կատարէ ներկայացնելով «Սիրածիս» բանաստեղծութիւնը եւ ներկաներուն առիթ տալով, որ կռահեն թէ ո՞վ է հեղինակը. պատասխանը՝ թորոնթոբնակ Գրիգոր Հոթոյեան։ Շանթ կը շարունակէ 16-րդ դարու հանրայայտ աշուղ Նահապետ Քուչակի հայրեններէն հատուած մը ներկայացնելով ու այսպիսով կծիկը կը քակուի։ Իւրաքանչիւր ներկայացման կ՚ընկերանայ հակիրճ տեղեկութիւն մը հեղինակին մասին եւ նկարազարդ համապատասխան սահիկը։
Պետրոս Դուրեան կը նկատուի արեւմտահայ բանաստեղծութեան մեծերէն։ Ան հազիւ թակած երիտասարդութեան դուռը, թոքախտի զոհ կը դառնայ քսան տարեկան հասակին։ «Սկիւտարի սոխակ»-ին նրբահիւս տողերուն մէջ սէրը նորափթիթ երազ մըն է, կայծեր, որոնք սակայն դատապարտուած են տխուր վախճանի։ Յաջորդաբար կը լսենք «Սիրել» եւ «Լճակ» բանաստեղծութիւնները՝ Հայկ Յարութիւնեանի եւ Մոսիկ Տանատեանի մեկնաբանութեամբ։
Միսաք Մեծարենցի ստեղծագործութիւնները սիրոյ թրթռումներ են, մեղմավար փոթումներ, երազային ու ջինջ, ուր բանաստեղծը կը տենչայ սիրոյ լոյսով պարուրել իր այլապէս տխուր սիրտը: Տխուր որովհետեւ իր պարագային եւս, երիտասարդութիւնն ու մահը միաժամանակ հասած էին իր դուռը թակելու։ «Վայրկեան», «Թրթռումներ» եւ «Երազի օրեր» քերթուածները յաջորդաբար կը ներկայացնեն Շանթ Տէօքմէճեանը, Հայկ Յարութիւնեանն ու Էլենա Ֆարաճեանը։
Յակոբ Պարոնեան կը նկատուի հայուն երգիծական հանճարը մարմնաւորող մեծութիւն. այսպէս կը գրեն իր մասին, հակառակ անոր որ ատենին, իր չքաւոր ու ծայր աստիճան հիւանդ օրերուն, օժանդակող չէ եղած իրեն։ Խմբակին նոր միացած Մարինա Խաչոյեան կ՚ընթերցէ նիւթին կապուած քանի մը պարբերութիւն Պարոնեանի երգիծանքէն։
Շարունակելով Պոլսոյ մէջ, էջը կը դարձնենք դէպի սիրոյ քնքուշ երգիչ Մատթէոս Զարիֆեան։ Վաղամեռիկ բանաստեղծը տասը տարի պայքարեցաւ թոքախտի դէմ, ուրեմն զարմանալի չէ որ Զարիֆեանի համար սէրն ու թախիծը զուգահեռաբար ընթացան։ Կը յաջորդեն «Սէր» եւ «Չըսի՞» քերթուածները՝ Մոսիկ Տանատեանի եւ Էլենա Ֆարաճեանի մեկնաբանութեամբ։
Ըստ Պարոյր Սեւակի՝ «միշտ էլ սիրածին պատահաբար են պատահում կեանքում, ու հրաժեշտ են տալիս սիրածին՝ անհրաժեշտաբար»։ Սեւակի ստուար հատորներուն մաս կը կազմեն սիրոյ մասին գրուած բանաստեղծական շարքերը։ Հրակ Գարամարտեան կ՚ասմունքէ «Դու» բանաստեղծութիւնը՝ գրուած 1958-ին, երկրորդ կնոջ՝ Նելլիի նուիրուած։
Վահան Թէքէեանի գրիչին տակ սէրը գաղտնի պարտէզ է։ Խոր զգացումներու արտայայտիչ արեւմտահայ բանաստեղծ, խմբագիր եւ կրթական մշակ Վահան Թէքէեանի կեանքն ու գործերը կը վկայեն ինքնամփոփ եւ զգայուն մարդուն մասին, որ իր սէրը պահեց թաքնուած՝ սրտին խորերը։ «Ես սիրեցի» եւ «Անունդ» գործերը յաջորդաբար կը ներկայացնեն Շանթ Տէօքմէճեանն ու Ալիք Պապօղլեանը։
Նոքթիւրնը կամ ցայգերգը երաժշտական ստեղծագործութիւն է, ուր գիշերային միջավայրն է գերիշխողը։ Ցայգերգը բնականաբար սիրային զգացումներով կը պատէ ունկնդիրը։ John Field իրլանտացի երաժիշտը կը նկատուի այս երաժշտական ոճին հիմնադիրը։ Կը լսենք Nocturne in B-flat Major Լարա Տէր Մինասեանի կատարողութեամբ. լաւ նախաբան՝ Ալիսիա Կիրակոսեանի «Այնպէս եմ ուզում» քերթուածին՝ Ալիք Պապօղլեանի մեկնաբանութեամբ։
Արժանթինի Գորտոպա քաղաքը ծնած Ալիսիա Կիրակոսեանի անունը հայ գրական շրջանակներուն մէջ ճանաչում գտաւ, երբ Վահագն Դաւթեանի թարգմանութեամբ հրատարակուեցաւ իր «Արմատ եւ էութիւն» գիրքը։ Ալիսիա Կիրակոսեան գրած է առաւելաբար սպաներէն լեզուով, սիրոյ եւ հայրենիքի մասին։ Ալիք կը շարունակէ «Քո աչքերի հետ» քերթուածով։
Բժիշկ, բանաստեղծ եւ արձակագիր Ռուբէն Սեւակի եւ իր կնոջ՝ գերմանուհի Եաննի Աբէլի պատմութիւնը ինքնին սիրային վէպ մըն է։ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնին մէջ» գործը Սեւակ ամոլի կեանքին հիման վրայ գրուած է։ «Սիրոյ գիրքը» հատորէն, յատուկ գործ մը՝ «Ճիշտ սէրը» մտածել կու տայ, թէ արդեօք ճիշտ կամ սխալ սէ՞ր կայ։ Կայ, ըստ Սեւակի։ Կը լսենք քերթուածը Լարա Տէր Մինասեանի մեկնաբանութեամբ։ Շարունակելով Ռուբէն Սեւակի հետ, «Երջանկութիւն» քերթուածը կը ներկայացնէ Ժպիտ Քէշիշեանը։
Կարգը Մարօ Մարգարեանինն է, որուն անունը հաւանաբար ծանօթ չըլլայ շատերու։ Հայ բանաստեղծ, ուսուցիչ, եւ թարգմանիչ Մարօ Մարգարեան ապրած է 1915-1999 ժամանակաշրջանին։ Մարգարեանի համար սէրը կեանք է. «Թէ սէր չկայ, ես չկամ աշխարհում» կը գրէ բանաստեղծը իր «Սէր եւ կեանք» քերթուածին մէջ. ասմունքողը Լարա Տէր Մինասեանն է։
Իսկ ե՞րբ կը զգանք թէ այլեւս չենք սիրեր. ահաւասիկ նիւթին հակառակ կողմը։ Գրող, խմբագիր եւ թարգմանիչ Արամայիս Սահակեան բազմաթիւ ժողովածուներ գրած է սիրոյ մասին։ Էլենա Ֆարաճեանը կը ներկայացնէ «Զգա, որ արդէն չե՛ս սիրում նրան» քերթուածը։
Ամենայն հայոց բանաստեղծուհի կոչումին արժանացած Սիլվա Կապուտիկեանի սիրոյ աշխարհը եղաւ փոթորկոտ ու տխուր։ Կապրիէլլա Պաթիկեան կը ներկայացնէ երեք բանաստեղծութիւններ, ուր ունկնդիրը կը հանդիպի տարբեր հոգեվիճակներու. «Արի՜, արի՜», «Դու հեռացար» եւ «Թէ ես չեմ սիրում»։
Հանրայայտ դաշնակահար եւ յօրինող Առնօ Բաբաջանեանի կինը՝ Թերեզա Յովհաննիսեանը եւս դաշնակահարուհի էր եւ երգեհոնահար։ Ըստ մասնագէտներու, ան մեծ ապագայ կը խոստանար, սակայն որոշած էր նուիրուիլ իր սիրելի ամուսնուն: Սէրը նաեւ նուիրում է ինչպէս կ՚երեւի այս պարագային։ Impromptu կը նուագէ Էլենա Ֆարաճեանը։
Վահան Տէրեանի ստեղծագործութիւնները սիրող սրտերու անբաժան մասը եղած են ու կը շարունակեն ըլլալ։ Նրբահիւս մեղեդիներ, ուր կը թուի որ սէրը, կարօտն ու ցաւը ձեռք ձեռքի կ՚ընթանան։ Տէրեանի տաղանդը առաջին իսկ օրէն բարձր գնահատանքի արժանացած է։ Ափսոս որ զինք եւս խլեց թոքախտը, երեսունհինգ տարեկան հասակին։ Հրակ Գարամարտեան կը ներկայացնէ «Ապրելուց քաղցր է մեռնել քեզ համար» եւ «Մոռանալ» քերթուածները, որմէ ետք էջը դէպի արձակ կը շրջէ Մարինա Խաչոյեանը։
Խաչոյեան կը ներկայացնէ հատուած մը հայ մեծագոյն գիւղագիրը նկատուած Համաստեղի «Կապոյտ հուլունքը» պատմուածքէն։ Խարբերդ ծնած արձակագիրը թէեւ կեանքին մեծամասնութիւնը ապրեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, գիւղը իր կերպարներով, սովորոյթներով, կենցաղով կը կենդանանայ իր պատմուածքներուն մէջ այնքան որ ընթերցողին կրնայ թուիլ, որ գիւղէն դուրս չապրեցաւ Համաստեղ։
Հայրենի բնաշխարհն ու մարդկային ապրումները կը գերիշխեն քնարերգու Համօ Սահեանի գործերուն մէջ։ Սահեան աշխատակցած է շարք մը թերթերու եւ ամսագրերու: Բազմաթիւ բանաստեղծական հատորներու հեղինակ է։ Մոսիկ Տանատեանն ու Ժպիտ Քէշիշեանը յաջորդաբար կ՚արտասանեն «Առաջին սէր» եւ «Առաջին սէրս» քերթուածները։
Առաջին սէրերու թեման կը շարունակուի։ Գիւմրիի ծնունդ Յովհաննէս Գրիգորեան բազմաթիւ ժողովածուներու հեղինակ է, ներառեալ՝ մանկական գործերու։ Վաղ տարիքէն սկսած է գրել։ «Հոգեհանգիստ» շարքէն առաջին սիրոյ մասին իր քերթուածը կը ներկայացնէ Կապրիէլլա Պաթիկեան։ Այս գործին մէջ սէրը, կարօտն ու գիշերը մէկ պարունակի մէջ կը ներկայանան։
Առիթներով անդրադարձած ենք Զահրատի ստեղծագործութիւններուն, ուր մարդկային կեանքին եւ յարաբերութիւններուն վերաբերող բազմազան նիւթերու կը հանդիպինք։ Ալիք Պապօղլեան կը ներկայանցնէ իւրայատուկ բանաստեղծութիւններուն մէջէն՝ «Կաղանդչէք»-ը, ուր բանաստեղծը պատրաստ է հարիւր Կաղանդ ալ սպասելու այն պայմանաւ, որ գիտնայ միայն, «..որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ, սիրելիս»։ Սէրը համբերող է։
Փանոս Ճերանեանն է յաջորդ հեղինակը. ծնած է Պուրճ Համուտ, կը բնակի Մոնթրէալ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, նաեւ հետեւած՝ Պէյրութի Հայկազեան քոլէճի հայագիտութեան դասընթացքին։ Աշխատակցած է Համազգայինի գրական հանդէս «Բագին»-ին։ Մարինա Խաչոյեան կը մեկնաբանէ «Յասմիկին երգը»։
Յայտագիրը կը մօտենայ իր աւարտին։ Արձակագիր Յակոբ Կարապենց իր խոհուն միտքերով եւ պատմելու հաճելի ոճով կրցած է իր արժանի տեղը գրաւել սփիւռքահայ գրականութեան մէջ։ Ծնած է Թաւրիզ, Պարսկաստան, եղած է հայ մշակութային «Արարատ» միութեան հիմնադիրներէն։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ. եղած է համալսարանի դասախօս։ Սիրոյ մասին իր խորհրդածութիւններէն կ՚ընթերցէ խմբակին նոր միացած Աննա Տանատեանը։ «…Ամէն ոք չգրուած սիրոյ մի վէպ ունի։ Ամէն ոք իր ուրոյն սէրն ունի։ Այս բազմազան սէրերից է գոյացել աշխարհը»։
Եզրափակելով, Ռուբէն Սեւակի տողերը դիտել կու տան, որ վաղը ուշ է, այսօր է ապրելու ու սիրելու ժամանակը։ Լարա Տէր Մինասեանի մեկնաբանութեամբ՝ «Վաղը» քերթուածով ու յաջորդող բուռն ծափահարութեամբ վերջ կը գտնէ «Սէրը» խորագիրը կրող հաւաքը, այսպիսով՝ նաեւ ամբողջացնելով Համազգայինի գրասէրներու խմբակի հիմնադրութեան 14-ամեակը։ ֎
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2026 (#223) թիւին մէջ: