Վարդան Գաբրիէլեանի յաղթարշաւը՝ Փարիզի օփերայէն մինչեւ միջազգային բեմեր

զրոյցը վարեց՝ Թամար Շահինեանը

Աշխարհի ամենԷն հեղինակաւոր օփերայի բեմերէն մինչեւ միջազգային մրցոյթներ՝ թորոնթոհայ Վարդան Գաբրիէլեանի անունը այսօր կը հնչէ որպէս բացառիկ տաղանդի, բարձր արուեստի եւ հետեւողական աշխատանքի խորհրդանիշ։

2026-2027 թատերաշրջանին գանատահայ պաս-պարիթոն Վարդան Գաբրիէլեանը կը վերադառնայ Փարիզի ազգային օփերա (Opéra national de Paris), ուր կը մարմնաւորէ Մազէթոյի դերը «Տոն Ճովաննի»-ի նոր բեմադրութեան մէջ, Օռացիոյի դերը «Համլէթ»-ի մէջ, սպայի դերը «Լէյտի Մաքպէթ Մցենսքի»-ի մէջ, ինչպէս նաեւ Լը Տիւք տը Վերոնայի դերը «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ»-ի մէջ։ Նոյն թատերաշրջանին ան կը վերադառնայ նաեւ Էտմընթըն օփերա (Edmonton Opera), ուր կը ստանձնէ Տոն Պազիլիոյի դերը Ռոսսինիի «Սեւիլեան սափրիչ» (Il barbiere di Siviglia) օփերային մէջ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթրէալի «Հայ հորիզոն» հեռատեսիլի ծրագիրի տնօրէն Թամար Շահինեանի հարցազրոյցը Գաբրիէլեանին հետ. հարցազրոյցը առաջին անգամ սփռուեցաւ 14 օգոստոսին՝ «Հայ հորիզոն»-ի եթերով:

Թամար Շահինեան– Բարեւ, Վարդա’ն, ինչպէ՞ս ես։

Վարդան Գաբրիէլեան– Բարեւ ձեզ. շատ լաւ, փառք Աստուծոյ։ Ուրախ եմ հոս ըլլալուս։

Թամար– Այո, նմանապէս մենք ալ շատ ուրախ ենք, որ այս առիթը ստեղծուեցաւ քու շատ նեղ, ժամանակիդ մէջ. միշտ զբաղած ես լաւ բաներով։ Ուրեմն, նախ կ՚ուզէինք շնորհաւորել ամբողջ Մոնթրէալի, Լաւալի գաղութին կողմէ բոլոր յաջողութիւններդ, որ վերջին քանի մը տարիներուն արձանագրած ես։ Մասնաւորապէս, ես կը յիշեմ մեր վերջին հարցազրոյցը 2022 թուականին էր, երբ Մոնթրէալ եկած էիր ներկայացնելու Վերտիի «Ռեքուիէմ»-ը։ Անկէ ի վեր կրնանք ըսել, որ այս վերջին չորս տարիներուն բաւական յառաջխաղացք արձանագրած ես ասպարէզիդ մէջ, մանաւանդ անցեալ տարի, երբ դարձակէտ մը ունեցար Ֆիկարոյի դերը ստանձնելով Փարիզի ազգային օփերայէն ներս։ Այսօր այսպիսի մեծ բեմերու վրայ ներկայացումներ տալը, կամ անոնց հետ համագործակցիլը ինչպիսի՞ արժէք կը ներկայացնէ քեզի համար։

Վարդան– Նախ եւ առաջ, շատ հպարտ եմ միշտ, որ իբրեւ հայ այս ասպարէզին մէջ անունս կ՚աւելնայ բազմաթիւ ուրիշ հայերու անուններուն, որոնք արդէն աշխարհի սրահները կը լեցնեն։ Բախտաւոր ենք եւ հպարտ կը զգանք, որ շատ հայ անուններ կան՝ ըլլայ Հայաստանէն, ըլլայ սփիւռքէն, որոնք շատ մեծ համբաւ ունին աշխարհի չորս կողմը։ Եւ բախտաւորուած եմ, որ այս վերջին տարուան մէջ միայն օփերաներուն մէջ, 3-4 ուրիշ հայերու հետ, առիթ ունեցած եմ աշխատելու։ «Թոսքա»-ի մէջ, օրինակ, աշխատեցայ հայու հետ, «Ճաննի Սքիքի»-ի՝ «Տրիփթիխ» (Il trittico) օփերային մէջ աշխատեցայ հայերու հետ, որոնք, կրնամ ըսել, շատ աւելի առաջ են ինձմէ եւ ինծի օգտակար կը դառնան զանազան ձեւերով։

Թամար– Ներշնչումդ ուրկէ՞ ստացած ես օփերայի երգիչ դառնալու։

Վարդան– Փոքր տարիքէս Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ծառայած եմ, Հայ կեդրոնին մէջ ծառայած եմ, եւ կամաց-կամաց յառաջացած եմ. վախճանեալ Սրբազան Մեղրիկ Բարիքեանը, երբ դեռ Հայր Մեղրիկ էր, եղաւ իմ թեւ-թիկունքս։ Զիս ղրկեց Թորոնթոյի The Royal Conservatory of Music դպրոցը, եւ ատկէ ետք ես Ֆիլատելֆիա ուսանեցայ Curtis Institute of Music-ի մէջ, ուր զանազան օփերաներու մասնակցեցայ եւ սկսայ հիմքս շինել։ Շատ լաւ ուսուցիչ մը գտայ Նիւ Եորքի մէջ, անունը Արմէն Պոյաճեան, որ շատ աշխարհահռչակ է, մանաւանդ մարզելու ցած ձայներ՝ պաս, պաս-պարիթոններ։

Ատկէ ետք՝ Օփերա Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ աշխատեցայ. արդէն երկու տարիէ Փարիզ փոխադրուած եմ կնոջս՝ Անիին հետ։ Այնտեղ զաւակ ունեցանք.: Կը շարունակեմ Փարիզի օփերային մէջ յառաջդիմութիւն ունենալ: Ուրիշ առաջնախաղեր ալ կ՚ընեմ. օրինակ, քանի մը ամիս առաջ Զուիցերիոյ Լոզանի օփերային հետ début ըրի, որ նոյնը ըրած էի Փարիզի մէջ, «Ռիկոլեթթօ» օփերային մէջ, որ դերակատարեցի Սփարաֆուչիլէի (Sparafucile) դերը։ Անցեալ տարի ուրիշ շատ մեծ նուաճում մը ունեցայ Covent Garden-ի մէջ, Լոնտոն։

«Նախ եւ առաջ, շատ հպարտ եմ միշտ, որ իբրեւ հայ այս ասպարէզին մէջ անունս կ՚աւելնայ բազմաթիւ ուրիշ հայերու անուններուն, որոնք արդէն աշխարհի սրահները կը լեցնեն»:

Թամար– Շատ ուրախ ենք, Վարդան, որ ձեր առաջին ներշնչումը եղած է Սրբազան Մեղրիկին կողմէ՝ անձնաւորութիւն մը, որ բոլորս կը յիշենք, եւ որ յատուկ տաղանդ ունէր յայտնաբերելու բոլոր այն երիտասարդները, որոնք արուեստի հանդէպ մեծ սէր ունին։ Գալով տարբեր օփերաներուն մէջ ձեր ստանձնած դերերուն, ուր երգը միայն բաւարար չէ, կրնայ ձայնը ինիսուն տոկոսը, բայց կայ նաեւ դերասանութեան բաժինը։ Ի՞նչ ունիս ըսելիք այդ մասին, ինչպէ՞ս կրնաս երկուքը միացնել։

Վարդան– Երբ մասնագիտութեամբ արհեստավարժ կ՚երգես, մարդիկ կը սպասեն, որ երգեցողութիւնդ լաւ ըլլայ, յետոյ բեմադրութիւնդ: Երբ տարբեր բեմադրիչներու հետ կ՚աշխատինք, կ՚անդրադառնանք, որ երբեմն երգեցողութիւնը կրնայ յանկարծ երկրորդական դառնալ։ Եւ այո՛, տարբեր լեզուներ գիտնալը շատ կարեւոր է։ Հիմա, օրինակ, կ՚երգեմ իտալերէնով, ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, գերմաներէնով, կ՚երգեմ նաեւ լեհերէն, ռումաներէն, չեխերէն լեզուներով, եւ ամէն մէկուն համար տարբեր դասընթացքներ կ’ընեմ, մարզիչներու հետ կ’աշխատիմ։

Թամար– Եւ երբ այդ լեզուներով կ՚երգես, կը հասկնա՞ս բառերը:

Վարդան– Պէտք է հասկնանք, անշո’ւշտ։ Տեղացիի նման չեմ խօսիր, բայց, օրինակ, երբ ես ռուսերէն կ՚երգեմ, ունկնդիրները միշտ կը կարծեն, որ ես ռուս եմ։ Որովհետեւ հայ ըլլալով՝ հայերէնը կ՚օգնէ մեզի ամէն, ամէն լեզուներուն։

Թամար– Այո՛, շատ ճկուն լեզու ունինք մենք, շատ ճիշտ ես։ Ո՞ր կերպարին դերը, որ մեկնաբանած ես, ամենէն հարազատը զգացած ես։

Վարդան– Կրնամ ըսել՝ Ֆիկարոն, որովհետեւ դեռ փոքր եմ, դեռ բաւական փոքր կը սեպուիմ՝ որպէս պաս ձայն ունեցող։ Ուրեմն Ֆիկարոյի դերը բաւական հարազատ կը զգամ, որովհետեւ երիտասարդ, ճկուն, տաքարիւն, այսինքն՝ գործունեայ տղայ մըն է։ Բեմին վրայ չեմ զգար, որ Ֆիկարոն դեր մըն է, որ կը կատարեմ, այլ կը զգամ, որ Վարդանն է։ Այսինքն՝ առօրեաս անոր կը նմանի արդէն։

Թամար– Վարդան, երբ այդ բեմերէն ներկայացումներ կ՚ընես, կը զգա՞ս, որ հանդիսատեսններուն մէջ, բաւական մեծ թիւով հայեր ալ կու գան քեզի դիտելու։

Վարդան– Այո՛, նորէն բախտաւորուեցայ, մանաւանդ որ եկեղեցւոյ մէջ ալ կը ծառայեմ՝ սարկաւագ ըլլալով Փարիզ։ Բաւական հայու կը ծանօթանամ եւ շատ ուրախ եմ, որ տեղ մը կ՚ապրինք, ուր բազմաթիւ հայեր կան: Քանի մը հարիւր հազար հայ կայ Ֆրանսայի մէջ եւ Փարիզի հայկական գաղութէն շատ անձինք կու գան, օփերաներուն ներկայ կ՚ըլլան։

Թամար– Ի՜նչ լաւ, երանի՜ իրենց։ Իսկ իբրեւ հայ, Վարդա՛ն, կը զգա՞ս, որ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ունիս, որովհետեւ ամբողջ ազգդ կը ներկայացնես։

Վարդան– Այո՛, որովհետեւ այդպէս դաստիարակուած ենք եւ մեծցած ենք, եւ հպարտ կը զգանք, որ հայ ենք։ Այսինքն՝ արդէն մեր լաւագոյնը միշտ կ՚ընենք։ Կարեւոր է նշել, որ շատ երգիչներ, շատ լաւ երգիչներ կան ամէն ազգերու մէջ, եւ հայ ըլլալը քեզի կու տայ պատասխանատուութիւն այդ պայքարին մէջ գործդ յառաջ տանելու՝ ամենաբարձր մակարդակով կատարելու զայն ... Ամէն մարդ իր գաղափարը կու տայ, ամէն մարդ քեզի իր ճամբան ցոյց կու տայ, , բայց վերջիվերջոյ մենք պէտք է մեր ձայնով, մեր հաւատքով առաջ քալենք։ Այդ բաներն են, որ հայ ըլլալու պատասխանատութիւնը կու տան մեզի...

Թամար– Այո, հասկնալի է։ Կը հաւատամ, որ այս պարագային հայ ըլլալը առաւելութիւն մըն է, որովհետեւ քեզի այդ ինքնավստահութիւնը կու տայ։ Մանաւանդ մեր DNA-ին մէջ արդէն ունինքպայքարելու, դիմանալու, դիմադրելու, դիմադրող ըլլալու կարողութիւնը։ Եւ այս պարագայինատոր փաստը, Վարդա՛ն, այսօր ես կը դիտեմ դիմացս, որովհետեւ դուն ամէն ճիգ կը թափես, որ շատ մաքուր հայերէնով մեզի հետ հաղորդակցիս, եւ այդ մէկը արդէն ինքնին մեծ փաստ մըն է, թէ որքան պայքարող ժողովուրդ ենք. կը շնորհաւորեմ։ Մինչ այդ ըսեմ, որ հայերէնդ շատ մաքուր է, եւ շատ-շատ գնահատելի ու ողջունելի է այս քու ճիգդ։

Վարդան– Կ՚ուզէի աւելցնել նաեւ, որ հայ ըլլալով ուրիշ շատ գեղեցիկ բան մը կայ. երբ տարբեր քաղաքներ ըլլամ, ուր տարբեր հայ համայնքներ կան, միշտ կայ կեդրոն, եկեղեցի՝ որեւէ մէկ թեմի պատկանող. բնաւ խտրութիւն չեմ ըներ։ Կ՚երթամ, ես ինքզինքս կը ներկայացնեմ իբրեւ սարկաւագ, միշտ շապիկ կը հագնիմ, կը ծառայեմ, տարբեր միջոցառումներու ներկայ կ՚ըլլամ։ Այդ ձեւով կը զգամ, որ Անիին՝ կնոջս հետ, շատ գեղեցիկ, շատ ընդլայնուած հայկական գաղութ կը կազմենք աշխարհի չորս կողմը, մինչեւ Աւստրալիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Անգլիա, Գերմանիա... հիմա ո՛ւր որ ըլլանք, մէկ խօսքով կ՚ըսենք՝ «Այս քաղաքին մէջ ո՞վ հայ կայ», եւ ճաշի կ՚ելլենք ընտանիքներու ալ կը ծանօթանանք։

Թամար– Ի՜նչ լաւ։ Այսինքն կը զգաս, որ մեծ ընտանիքի մը մաս կը կազմես, աշխարհի ո՛ր կողմն ալ գտնուիս։ Ահաւասիկ հայ ըլլալուն առաւելութիւններէն մէկը եւս։ Վարդա՛ն, պիտի անցնիմ նորէն ասպարէզիդ. կա՞յ դեր մը, որ տակաւին չես մարմնաւորած եւ կ՚ուզես կատարել։

Վարդան– Անշուշտ, այո՛, շատ դերեր կան։ Փուչչինիի դերերէն մէկը կայ՝ օրինակ, Թիմուրի դերը «Թուրանտոթ» (Turandot) օփերային մէջ, Մեֆիսթոֆելէսի (Méphistophélès) դերը «Ֆաուսթ» (Faust) օփերային մէջ, որուն հեղինակը Կունոն (Gounod) է։ Շատ դերեր կան, այսինքն՝ անվերջ է ցանկը, եւ ա՛յդ է գեղեցիկը մեր ասպարէզին մէջ։ Անվերջ է, միշտ աշակերտի աչքով պէտք է նայիս, ... Որքան որ կ՚ըսես՝ դեռ սորվելիք ունիս:

Թամար– Բաւարար չէ, այո՛։

Վարդան– Ճի՛շտ, որովհետեւ եթէ ըսես «գիտեմ», կը սկսիս ետ երթալ։ Այսինքն, նոյնիսկ երբ որ գիտես, դեռ բեմին վրայ, օփերայի ընթացքին, երգեցողութեանդ ընթացքին, համերգէն ետք կ՚ըսես՝ «Ասիկա այսպէս կրնայի ընել, կամ այնպէս կրնայի ընել»։ Միշտ պզտիկ փոփոխութիւններ կ՚ընես ամէն երգեցողութեանդ մէջ. ուրեմն նոյնը չէ, երբեք նոյնը չէ։

«…հայ ըլլալով ուրիշ շատ գեղեցիկ բան մը կայ. երբ տարբեր քաղաքներ ըլլամ, ուր տարբեր հայ համայնքներ կան, միշտ կայ կեդրոն, եկեղեցի՝ որեւէ մէկ թեմի պատկանող. բնաւ խտրութիւն չեմ ըներ։ Կ՚երթամ, ես ինքզինքս կը ներկայացնեմ իբրեւ սարկաւագ, միշտ շապիկ կը հագնիմ, կը ծառայեմ, տարբեր միջոցառումներու ներկայ կ՚ըլլամ»։

Թամար– Այսինքն միշտ առիթը ունիս նոր բաներ սորվելու։ Եւ կրնանք ըսել, որ նոյնն է պարագան հայր ըլլալուն մէջ. խօսէ՛ մեզի ձեր մանուկին մասին։

Վարդան– Անունը Արմէն Ստեփանոս Գաբրիէլեան է։ Արմէնը հօրս անունն էր. ան COVID-ի համաճարակի ատեն մահացաւ։ Ստեփանոս անունն ալ դրինք, որովհետեւ տարուան վերջին շաբթուան ընթացքին ծնաւ, եւ տարուան վերջին շաբթուան Սուրբ Ստեփանոս նախավկային տօնն է, որ մեր եկեղեցւոյ, քրիստոնէական առաջին սարկաւագը եղած է եւ ամենապարզ սուրբերէն եւ եկեղեցւոյ գործակիցներէն մէկը։ Ուրեմն, միայն սարկաւագ էր, բայց ճիշտ սուրբի նման կեանք ապրած է եւ սերմանած է շատ գեղեցիկ քրիստոնէական ոգի ամէնուն հետ։ Այդ օրինակով է, որ կը յուսանք, մեր Արմէնը կը մեծնայ:

Թամար– Շատ գեղեցիկ անուն է. այո՛, վստահ ենք, որ անունին տէրը պիտի ըլլայ։ Վարդա՛ն, շատ շնորհակալ ենք այս առիթին համար, եւ քեզի ամենայն յաջողութիւն կը մաղթենք։ Վստահ եմ, որ այս ընթացքով շատ աւելի մեծ վերելքներ պիտի արձանագրես կեանքիդ մէջ։

Ահաւասիկ բազմաթիւ մրցանակներու եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած Վարդան Գաբրիէլեանը, որ իր յաջողութիւններով ոչ միայն կը փառաւորէ հայ անունը, այլեւ կը ներշնչէ երիտասարդ երաժիշտներու ներ սերունդ մը, աապացուցելով որ տաղանդը, նուիրումը կրնան հայ երիտասարդը հասցնել մեծագոյնը բեմեր: ֍


Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի սեպտ. 2026 (#229) թիւին մէջ: Լուսանկարը առնուած է Գաբրիլեանի պաշտօնական կայքէջէն:

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Chef Sebouh Yacoubian set to compete on Top Chef Canada

Next
Next

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ Թորոնթոյի մէջ