Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ Թորոնթոյի մէջ

«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»—Կիրակի, 27 սեպտեմբերի կ.ե. ժամը 2-ին, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի Գրական եւ Գրատարած յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Կոստան Զարեանի «Կղզին եւ մի մարդ» եւ Լորընս Տառէլի «Պրոսպերոյի կղզին» զոյգ ստեղծագործութիւնները ամփոփող հատորի շնորհանդէսը՝ «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս. հատորը պիտի ներկայացնէ գիրքի խմբագիր՝ Նիւ Ճըրզիէն Թորոնթօ հրաւիրուած պատմաբան, բանասէր եւ թարգմանիչ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը։

Դոկտ. Մատթէոսեան ծնած է Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ, ապա տեղափոխուած Պուէնոս Այրէս։ 2000 թուականին վերջնականապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգը։ 2010 թուականէն ի վեր ան կը պաշտօնավարէ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի Առաջնորդարանին մէջ, նախ իբրեւ Ազգային ուսումնական խորհուրդի վարիչ տնօրէն, իսկ ներկայիս՝ իբրեւ դիւանապետ։

Դոկտ. Մատթէոսեան շրջանաւարտ է Պուէնոս Այրէսի Խրիմեան կրթական հիմնարկութեան եւ Ազգային համալսարանի տնտեսագիտութեան ճիւղին, իսկ 2005-ին Հայաստանի գիութիւններու ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկին մէջ յաջողութեամբ պաշտպանած է պատմութեան թեկնածուական աւարտաճառը՝ իբրեւ նիւթ ունենալով արժանթինահայ համայնքի պատմութիւնը մինչեւ 1950 թուական։

Ակադեմական եւ գրական բնագաւառներէն ներս ան ունի հարուստ փորձառութիւն։ Նախապէս վարած է Համազգայինի «Բագին» գրական պարբերաթերթի փոխխմբագիրի պաշտօնը. ան նաեւ դասաւանդած է հայագիտական առարկաներ, հայոց պատմութիւն եւ հայերէն՝ Պուէնոս Այրէսի Տէլ Սալվատոր համալսարանի արեւելագիտական ճիւղին մէջ։

1980 թուականէն սկսեալ ան կանոնաւոր կերպով կ՚աշխատակցի հայ եւ օտար մամուլին։ Հեղինակ է հայերէն, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով տասը հատորներու. թարգմանած է 24 գիրքեր, որոնցմէ վերջինը լոյս տեսած է 2025-ին՝ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակը՝ իտալերէնէ հայերէնի։ Ան նաեւ մեծ խնամքով խմբագրած է Գուրգէն Մահարիի երկերու լիակատար ժողովածուի 15 հատորները, ինչպէս նաեւ ինը այլ կարեւոր գործեր։

Յայտնենք նաեւ, որ գիրքի շնորհահանդէսին յաջորդող օրը, դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան յատուկ դասախօսութիւնով մը պիտի ներկայանայ Համազգայինի հայագիտական նիւթերու լսարանի ուսանողներուն՝ անդրադառնալով հայոց Ոսկեդարու պատմագրութեան։

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Թորոնթոհայ պաս-պարիթոն Վարդան Գաբրիէլեանի յաղթարշաւը՝ Փարիզի օփերայէն մինչեւ միջազգային բեմեր

Next
Next

Համազգայինի հայագիտական նիւթերու լսարանի մեկնարկը. ի՞նչ կրնանք ակնկալել