Թորոնթոհայ համայնքի յաջորդ մեծ քայլը՝ դէպի աւելի փայլուն ապագայ
«ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ»–Երկուշաբթի, 24 մարտին, Թորոնթոյի հայ կեդրոնը յայտարարեց «ACC Beyond» հանգանակային արշաւին մեկնարկը, ձեռնարկելով ընդլայնման կարեւոր նախագիծ մը՝ Հայ երիտասարդական կեդրոնի համալիրը վերափոխելու նպատակով։ Այս ծրագիրը պիտի ամրապնդէ Հայ կեդրոնին դերը որպէս հայկական մշակոյթի, կրթութեան եւ համայնքային ներգրաւման առանցքային կեդրոնատեղի։
«Աւելի քան յիսուն տարիներէ ի վեր, Թորոնթոյի հայ կեդրոնը կը հանդիսանայ մեր համայնքին սիրտը. վայր մը, ուր մշակոյթը կը ծաղկի, բարեկամութիւնները կ'աճին եւ աւանդութիւնները կը փոխանցուին: Հիմա, ժամանակը հասած է անցնելու յաջորդ քայլին», կը նշէ Հայ կեդրոնի յայտարարութիւնը:
Նախատեսուող ընդլայնման ծրագիրը պիտի աւելցնէ երկյարկանի կառոյց մը՝ նկուղով, ընդհանուր 16 000 քառակուսի ոտնաչափ տարածքով։ Ան պիտի ներառէ ութ արդիական պատրաստութեան սենեակներ, ռոպոթաշինութեան գիտաշխատանոց, բազմանպատակ արուեստի արուեստանոց, ընդլայնուած ճաշարան եւ խոհանոց, ուսանողական հանգստեան սրահ եւ ընդունելութեան նախասրահ։ Ծրագիրը նաեւ կը նախատեսէ յաւելեալ պատրաստութեան սենեակներ՝ ապագային։ Հայ կեդրոնը ներդրումներ ապահոված է Գանատայի ենթակառուցուածքներու ներդրումային ծրագիրէն (ICIP), ստանալով համատեղ 3 153 923.30 տոլարի նպաստ մը դաշնային եւ նահանգային կառավարութիւններէն (1 720 400 տոլար Գանատայի կառավարութենէն եւ 1 433 523.30 Օնթարիօ նահանգէն)։
Կառավարական աջակցութենէն զատ, ACC Beyond արշաւը կ'առաջարկէ հովանաւորութեան հնարաւորութիւններ, ներառեալ նոր ընդլայնման մէջ սենեակներու անուանակոչման առիթներ. հինգ հարիւր տոլարի եւ աւելի նուիրատուութիւնները պիտի ճանչցուին նուիրատուներու պատուոյ պատին վրայ, իսկ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներու՝ հարիւր տոլարէն աւելի նուիրատուութիւնները պիտի մեծարուին ուսանողական հանգստեան սրահին մէջ։
Հիմնուած 1967-ին, Հայ կեդրոնը եղած է թորոնթոհայ համայնքի հիմնաքարը՝ մատուցելով կրթական, մշակութային, մարզական, սկաուտական, բարեսիրական, կանանց եւ ընկերային ծրագիրներ։ 1979-ին, կեդրոնը փոխադրուեցաւ 45 Hallcrown Place եւ նոյն տարին, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը (այժմ՝ մանկամսուրէն մինչեւ ԺԲ. դասարան) բացաւ իր դռները։ Աւելի մեծ տարածքի պահանջը յանգեցուց 50 Hallcrown Place-ի վրայ նոր շէնքի կառուցման, որ բացուեցաւ 2004-ին եւ դարձաւ Հայ երիտասարդական կեդրոնը (AYC)։ 2011-ին, 45 Hallcrown Place-ի մեծ վերանորոգումի եւ ընդլայնման աշխատանքները սկսան եւ աւարտեցան 2012-ին՝ համալիրը օժտելով յաւելեալ գրասենեակներով, խորհրդաժողովի սենեակներով եւ խնճոյքի սրահով։
«Պիտի վերահարթենք մեր տարածքը՝ աւելի լաւ ծառայելու ձեզի եւ աւելի հիւրընկալ միջավայր ստեղծելու ապագայ սերունդներուն», յայտնեց Հայ կեդրոնի ղեկավարութիւնը։ Հանգանակութեան յանձնախումբը կը քաջալերէ անհատներն ու ձեռնարկութիւնները նպաստելու այս պատմական ծրագիրին՝ կատարելով միանուագ նուիրատուութիւն կամ խոստանալով աջակցութիւն երեք տարուան ընթացքին։
Հայ կեդրոնը եղած է Թորոնթոյի հայկական մշակոյթի եւ ինքնութեան կեդրոնակէտը. կեդրոնի տարածքին եւ հովանիին տակ կը գործեն բազմաթիւ հաստատութիւններ, միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս` Սուրբ Ատսուածածին Հայց. առաք. եկեղեցին, ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը («Ռուբինա» մանկամսուր, «Պապայեան» մանկապարտէզ, «Գոլոլեան» նախակրթարան, «Լափոյեան» երկրորդական), Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մասնաճիւղը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Գլաձոր» մասնաճիւղը, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Թորոնթոյի մասնաճիւղը (սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքներով), Թորոնթոյի հայ դատի յանձնախումբը, Հայ երէցներու ընկերակցութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Գանատայի երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը, ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» մասնաճիւղերը, «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամը եւ «Թորոնթոհայ» ամսագիրը:
Ծրագիրի հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 մայիսին. յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար համայնքի անդամները կրնան այցելել մեկնաբանութիւններու մէջ տեղադրուած կայքէջը։
Իւրաքանչիւր նպաստ Հայ կեդրոնը կը մօտեցնէ իր նպատակին՝ կառուցելու աւելի ուժեղ, աւելի կենսունակ հայկական համայնք մը Թորոնթոյի մէջ։ ֎
***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի ապրիլ 2025 (#212) թիւին մէջ