Գանատայի հայ դատի յանձնախումբը հրապարակեց իր քաղաքական առաջնահերթութիւնները դաշնակցային ընտրութիւններուն նախօրեակին
ԹՈՐՈՆԹՈՀԱՅ — Գանատայի հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած է իր քաղաքական առաջնահերթութիւնները՝ գալիք դաշնակցային ընտրութիւններուն առիթով, կոչ ուղղելով գանատահայերուն` աշխուժօրէն մասնակցելու ժողովրդավարական գործընթացին:
25 մարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ թեկնածուներուն լսելու գանատահայերու մտահոգութիւնները եւ յանձնառու ըլլալու «Գանատայի խաղաղութեան, հաշուետուութեան եւ արդարութեան հիմնարար սկզբունքներուն» վրայ հիմնուած քաղաքականութիւններուն: Ուրուագծուած առաջնահերթութիւններուն մէջ կը գտնուին՝ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդումը, Արցախի հարցի անդրադարձը, Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը եւ սկզբունքային արտաքին քաղաքականութեան քաջալերումը:
Հայ դատի յանձնախումբը վերահաստատեց նաեւ իր շարունակական յանձնառութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութիւնը բարձրացնելու, անցեալի ոճիրներուն համար արդարութիւն հետապնդելու եւ հայկական համայնքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար՝ աշխարհի տարածքին:
Ընտրութիւնները նկարագրելով որպէս «վճռական պահ», յանձնախումբը շեշտեց, որ անիկա «գործողութիւն կը պահանջէ թէ՛ մեր ընտրեալ առաջնորդներէն եւ թէ՛ մեր համայնքէն»: Յայտարարութիւնը կը քաջալերէ գանատահայերը աշխուժօրէն շփուելու քաղաքական թեկնածուներուն հետ, դժուար հարցեր տալու, որ իրենց մտահոգութիւնները լսելի դառնան կառավարութեան բոլոր մակարդակներուն: «Ժողովրդավարութիւնը կը բարգաւաճի, երբ քաղաքացիները աշխուժ դեր կը ստանձնեն ապագան ձեւաւորելու մէջ, եւ մեր ձայները էական են ապահովելու համար, որ Գանատայի յաջորդ կառավարութիւնը ՚արտացոլէ այն արժէքները, որոնք մեզի համար կարեւոր են», նշեց յանձնախումբը:
Հիմնադրուած 1965-ին, Գանատայի հայ դատի յանձնախումբը
(Armenian National Committee of Canada) կը պայքարի հանրային շահերու համար եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերուն շուրջ եւ կը ծառայէ որպէս կապ համայնքին եւ ընտրուած պաշտօնեաներուն միջեւ:
Քաղաքական առաջնահերթութիւններու ամբողջական ցանկը կարդալու համար, այցելեցէք մեկնաբանութիւններուն մէջ գտնուող կայքին յղումը:
***
*լուսանկար՝ Էրիկ Մքլեյնի