Համազգայինի «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ» ներկայացումը իր երգիծանքով ու յուզիչ պահերով գրաւեց թորոնթոհայ հանդիսատեսը
Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2025-ին, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, «Համազգային» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արամաշոտ Պապայեանի «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ» կատակերգութեան բեմադրութիւնը՝ Սեդա Քէշիշեանի վարպետ ձեռամբ։ Համազգայինի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը փայլուն կերպով բեմ բարձրացաւ՝ ցոյց տալով թէ՛ տաղանդ եւ թէ՛ նուիրում։
Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը:
Զուարթութեան քօղով պատուած այս ներկայացումը խորապէս մարդասիրական եւ հոգեբանական խտութիւն ունէր իր մէջ։ Երգիծական երանգներուն ներքեւ թաքնուած էին մարդկային յարաբերութիւններու բարդութիւնը, սիրոյ եւ հաւատքի հակասութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտանիքի եւ հասարակութեան մէջ տիրող կեղծ բարոյականութեան ցաւալի պատկերները։
Բեմադրութիւնը սկսաւ թեթեւ հիւմորով՝ հանդիսատեսին ժպիտ պարգեւելով, սակայն ժամանակի ընթացքին այն դարձաւ խոհութեան տեղ տուող հոգեւոր ճամբորդութիւն մը։ Ժպիտներուն ետին կային հարցումներ, իսկ ծիծաղներուն մէջ՝ ցաւ։ Թատերաբեմին վրայ բացուեցաւ կեանքի այն իրական պատկերը, ուր մարդիկ իրենց դիմակներուն տակ կը պահեն ճշմարիտ զգացումներ։
Գործողութեան կեդրոնը ծերունի հայրն էր, որ ինքզինք հիւանդ ձեւացնելով կը փափաքէր երկու տղաներէն մէկուն տունը ապրիլ։ Ան կը կարծէր, թէ որդիները պիտի վիճէին իրենց տան մէջ իր ներկայութիւնը ապահովելու համար, սակայն իրականութիւնը դառն ապտակ մը եղաւ. երկուքն ալ յուսախաբ ըրին զինք իրենց անտարբերութեամբ եւ անսրտութեամբ, իսկ բարեխիղճ դրացուհին ու անոր որդին եղան այն մարդիկը, որոնք սրտով եւ հոգիով զօրակցեցան եւ օգնեցին մենաւոր ծերունիին։ Այս պարզ ու մարդկային հակադրութիւնը խոր յուզումի ալիք յառաջացուց եւ մտածելու առիթ տուաւ հանդիսատեսին։
Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը:
Դերասաններուն խաղը ջերմ, կենդանի եւ ամբողջութեամբ համոզիչ էր։ Յատկապէս տպաւորիչ էր հայրիկին կերպարը մարմնաւորող դերասանը, որ իր խօսքով եւ դէմքի շարժումով կրցաւ պահել հանդիսատեսին ուշադրութիւնը մինչեւ վերջին վայրկեանը։ Դրացուհիին դերը՝ ինքնին բեմադրիչ Սեդա Քէշիշեանի կողմէ, բեմը լեցուց կանացի հումորով եւ մեղմ արիութեամբ։
Ներկայացման աւատին բաւական յուզիչ էր յուսախաբ ծերունիին վերջին խօսքը. «Եթէ աշխարհ եկած էք՝ արեւ դարձէք եւ ջերմացուցէք ձեր շրջապատը։ Այդ յարգանքին եւ պատիւին մէկ հարիւրերորդը տուէք մարդուն՝ քանի դեռ կենդանի է։ Ի՜նչ օգուտ ունի մարդս մեռնելէն ետք մեծարելը։ Աստուած հոգիս լուսաւորէ։ Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»։ Այս խօսքերուն հետ դահլիճին մէջ լռութիւն տիրեց։ Շատերուն աչքերուն մէջ արցունքներ փայլեցան, իսկ ծափահարութիւններու տարափը երկար, անկեղծ եւ յուզիչ հնչեց։
Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը:
Սեդա Քէշիշեան հմտօրէն միաձուլած էր կատակն ու տրաման՝ ստեղծելով ներկայացում մը, ուր ծիծաղը եւ մտածումը կողք կողքի կը քալէին։ Ներկայացման լեզուն՝ ժամանակակից, հեզասահ ու բնական էր։ Յատուկ հաճոյք պատճառեց արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ներդաշնակ միաձուլումը, որ ցոյց տուաւ հայ լեզուին գեղեցիկ հնչերանգային բազմազանութիւնը։
Հանդիսատեսը բարձր գնահատեց թէ՛ դերասաններուն խաղը եւ թէ՛ բեմադրիչին նուրբ ու գեղարուեստական մօտեցումը։ Ներկայացումէն ետք, յոտնկայս ծափահարութիւններու տակ, բոլոր դերասանները եւ քուլիսի ետին աշխատող բոլոր նուիրեալները խոնարհեցան հանդիսատեսին առաջ։ Բեմադրիչը՝ երախտագիտութեամբ լեցուն իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ Համազգայինը արդէն կը կազմակերպէ դերասանական անվճար դասընթացքներ՝ նոր սերունդին համար, ան հրաւիրեց բոլոր ցանկացողները միանալու այս մշակութային աշխուժ շարժումին։
Երեկոն աւարտին հասաւ ժպիտներով, բայց նաեւ խոր մտածումով։ Հանդիսատեսը դուրս եկաւ դահլիճէն՝ սրտին մէջ բեմական պատգամ մը տանելով։
Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը:
«Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»-ը կատակերգութիւն մըն է եւ հայելին` մեր ժամանակներուն, երբ սէրն ու ցաւը, կեանքն ու մոլորութիւնը, մարդասիրութիւնը եւ անտարբերութիւնը կողք կողքի կը քալեն։
Այս բեմադրութիւնը իր ճշմարտացիութեամբ, հիւմորով եւ մեղմ հեգնանքով դարձաւ իսկական պատուհան մը դէպի մարդկային հոգին։ ֎
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի դեկտեմբեր 2025 (#220) թիւին մէջ: Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը: