Տիրուկին հետ | «Բարե՛ւ, Տանիէլ, արե՛ւ Տանիէլ»

Ամէն առաւօտ, երբ մանկապարտէզին դուռը կը բացուէր, շէկլիկ Տանիէլը իր քաղցր ժպիտով, բարձրաձայն՝ Good morning կ'ըսէր:

Ես ալ հայերէնով կը պատասխանէի,— Բարե՛ւ, Տանիէլ, արե՛ւ Տանիէլ։ Ինչպէ՞ս ես։

Ան հպարտութեամբ, եւ կարծես մեծ յաղթանակ մը արձանագրողի պէս կը պատասխանէր, — Լա՛ւ եմ, արե՛ւ եմ։

Անոր համար այդ բառերը պարզապէս նոր սորված բառեր էին, ինծի համար՝ արմատներու առաջին շշուկները։

***

Տարիներէ ի վեր Թորոնթոյի բազմազգ մանկապարտէզներէն մէկուն մէջ կը պաշտօնավարեմ։ Ամէն առաւօտ, երբ պզտիկները ներս մտնեն իրենց ժպիտներով ու անհոգ աղմուկով, ինծի կը թուի թէ ամբողջ աշխարհը իր գոյներով, լեզուներով եւ մշակոյթներով հաւաքուած է նոյն սրահին մէջ։ Բոլոր մանուկներուն հանդէպ նոյն սէրն ու հոգատարութիւնն ունիմ, իսկ ծնողքներն ալ, ինչպէս Տանիէլին ծնողքը, միշտ վստահութեամբ ու ջերմութեամբ կը մօտենան ինծի։

Տանիէլին ռուսախօս ընտանիքը պատերազմին հետեւանքով Ուքրանիայէն տեղափոխուած էին Թորոնթօ եւ նոր կեանք մը սկսած՝ այս օտար երկրին մէջ։ Առաջին օրէն իսկ Տանիէլին հանդէպ յատուկ ջերմութիւն մը զգացած էի, սակայն չէի գիտեր, թէ այդ զգացողութեան աղբիւրը ո՛րն էր, մինչեւ այն օրը, երբ անոր մայրը մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ․

— Գիտէ՞ք, Տանիէլը տան մէջ ամենէն շատ ձեր անունը կու տայ։ Ան ձեզ շատ կը սիրէ։ Անկեղծ ըլլամ ու ըսեմ, որ ես ալ ձեզի աւելի մօտ կը զգամ, քան միւս ուսուցչուհիներուն։

Պատկերը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ

Քիչ մը զրուցելէ ետք ան հարցուց, թէ ո՛ր ազգութեան կը պատկանիմ։ Երբ հայ ըլլալս յայտնեցի, ան իսկոյն կանգ առաւ։

— Հայրս ալ հայ է,— ըսաւ, — Պօկոսեան ընտանիքէն, Պօկոսեա՛ն։

—Հա՜, Պօղոսեան, «ղ»-ով։ Ուրեմն դուն հայ ես,— ըսի զարմացած արտայայտութեամբ, ապա հպարտութեամբ՝ գանձ մը գտնողի պէս նայեցայ անոր աչքերուն ու մտածեցի այն անտեսանելի ուժին մասին, որ երբեմն արիւնակցական հեռաւոր կապերը կը վերածէ հոգեկան մերձաւորութեան։ Կարծես մեր մէջ անյայտ կամուրջ մը գոյութիւն ունեցած ըլլար, որ մեզ անգիտակցաբար իրարու կապած էր նախքան այս վկայութիւնը։ Այդ անտեսանելի կապը, անշուշտ, արեան կանչը լսելով գոյացած էր։

Մինչ օրս ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշեմ այդ հմայիչ հայ կինը։ Բարձրահասակ, արժանապատիւ կեցուածքով, սեւ ու խորունկ աչքերով, որոնց մէջ միաժամանակ կար բարութիւն, յոգնութիւն եւ աննկուն ուժ։ Գանգրահեր մազերը բնական շրջանակի մը պէս կը գծագրէին դէմքը։ Երբ ան կը խօսէր, աչքերուն մէջ այնպիսի ազնիւ լոյս մը կը շողար, որ ակամայ վստահութիւն կը ներշնչէր խօսակիցին։

— Գիտէ՞ք, հայրս հայ է, բայց ես հայերէն չեմ գիտեր, դժբախտաբար մանչիս ալ հայկական որեւէ բան չեմ փոխանցած։ Երբեմն կը մտածեմ, թէ մեր ընտանիքին մէջ ամբողջ աշխարհ մը կորսուած է,— ըսաւ ան օր մը։

Ակամայ տխրութեամբ նայեցայ Տանիէլին, որ այդ պահուն խաղալիք ինքնաշարժներ կը դասաւորէր:

— Իսկ Տանիէլը գիտէ՞ իր հայկական արմատներուն մասին,— հարցուցի։

— Ո՛չ, — պատասխանեց մայրը։

Պահ մը լռութենէ ետք ըսի․

— Հայկական շունչով լի աշխարհը ամբողջութեամբ չի կորսուիր, ան երբեմն հոն լուռ կը սպասէ, մինչեւ որ մէկը դարձեալ կանչէ զինք։

Ու այդ օրէն սկսեալ, կարծես անգիտակցաբար, փոքրիկ առաքելութիւն մը ստանձնեցի՝ Այբուբենի առաջին տառը, հայկական երգի մը մեղեդին, Հայկի եւ Բէլի պատմութիւնը, Սասնայ ծռերէն քանի մը դրուագ...մէկ խօսքով, փորձեցի այդ փոքրիկ հոգիին մէջ հայկական պատկանելիութեան առաջին կայծերը վառել եւ՝ «բարեւ» ու «արեւ» բառերը սորվեցուցի անոր։ Ուստի ամէն առաւօտ՝ « Բարե՛ւ Տանիէլ, արե՛ւ Տանիէլ, ինչպէ՞ս ես», հարցումիս պատասխանը անոր մանկական բերնէն հայերէնով կը հնչէր՝ «Լաւ եմ, արե՛ւ եմ»։

Օր մը, աշխարհի մշակոյթներուն նուիրուած ծրագրի ընթացքին, հայկական դրօշակը ցոյց տուի անոր եւ ըսի.

— Տանիէ՛լ, ասիկա քու մեծհօրդ հայրենիքին դրօշակն է։

Ան մօտեցաւ եւ ուշադիր նայելէն ետք.

— Red, blue and orange... այս գոյները ի՞նչ կը նշանակեն,— հարցուց անգլերէնով։

Ու ես բացատրեցի Հայաստանի դրօշին խորհուրդը, գոյներուն պատմական եւ ազգային նշանակութիւնը։ Ան քանի մը վայրկեան լուռ մնաց, ապա հարցուց․

— Այս դրօշակը շատ սիրեցի, իմ մեծ հայրիկիս դրօշակն է, չէ՞։

— Այո՛, ձագս, ո՛չ միայն մեծ հայրիկիդ, այլ նաեւ քու հայրենիքիդ դրօշակն է,— ուրախութեամբ բացագանչեցի։

Անոր աչքերը լայնցան, կարծես նոր ինքնութիւն մը գտած ըլլար։ Ան հպարութեամբ բարձրացուց դրօշակը եւ ցատկռտելով բարձրաձայն ըսաւ․

— This flag is my grandfather's and mine. It's the Armenian flag!

Մանկապարտէզին մէջ օտարազգի ուսուցչուհիները ժպտեցան ու՝

— You found a new grandson! — ըսին կատակելով։

Ես արդէն իրենց պատմած էի Տանիէլին հայկական արմատներուն մասին։

Օր մը ուսուցչուհիներէն մէկը ըսաւ․ «Գիտե՞ս, անոր մօրը մէջ տարբեր ջերմութիւն մը կայ...ճիշտ քու ջերմութեանդ նման»։ Ուրիշ մը խնդալով պատասխանեց․ «Գուցէ հայկական գեները են, որ գործի անցած են»։ Իսկ ես՝ «Հայերը ստեղծագործ, տաղանդաւոր, հայրենասէր եւ բարեսիրտ ժողովուրդ են։ Ինծի նայեցէք եւ կը հասկնաք», լրջութեամբ կատակեցի։

— Տիրուկը նոր հայ մը գտած է եւ դարձեալ սկսած է իր ազգութեամբ հպարտանալ,— ուսուցչուհի մը կատակեց անդիէն։

— Անշո՛ւշտ պիտի հպարտանամ,— պատասխանեցի, — Հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող պայծառ ժողովուրդի մը զաւակն եմ, ինչո՞ւ չհպարտանամ։

— Հիմա դարձեալ պիտի սկսիս Հայաստանի մասին պատմել։ Օր մը մեզի ալ հետդ Հայաստան տար,— ըսաւ անոնցմէ մէկը։

— Սիրո՛վ, —պատասխանեցի, — Եկէ՛ք ու տեսնէք մեր հրաշք երկիր Հայաստանը, ան միայն երկիր չէ, այլ զգացում։ Հոգի է ան, հոգի՛։

***

Մէկ տարին արագ անցաւ, եւ Տանիէլին մանկապարտէզի վերջին օրը հասաւ։ Հրաժեշտի օրերը միշտ դժուար կ'ըլլան ինծի համար։ Պզտիկ աթոռները կը մնան նոյն տեղը, խաղալիքները նոյնպէս, բայց երեխաները կը շարունակեն իրենց ճամբան։

Վկայականներու բաշխումէն ետք Տանիէլին մայրը մօտեցաւ ինծի։ Անոր աչքերուն մէջ երախտագիտութիւն մը կար։ Գրկախառնուեցանք։

— Կը խոստանամ,— ըսաւ ան, — Կը խոստանամ մանչիս մէջ միշտ վառ պահել հայկական պատկանելիութեան զգացումը։ Թերեւս հայերէնը կատարելապէս չգիտնայ, թերեւս հայկական դպրոց ալ չերթայ, բայց պիտի գիտնայ, թէ ո՛վ է, ուրկէ՛ կու գայ… այդ մէկը մեծապէս ձեզի կը պարտինք։

Այդ խօսքերը ինծի համար ամենէն մեծ գնահատանքն էին։

***

Տարիներ անցած են։ Հիմա երբեմն կը մտածեմ Տանիէլին մասին։ Կը մտածեմ, թէ այսօր ո՞ւր է ան, ի՞նչ կ'ընէ, ի՞նչ երազներ ունի։

Թերեւս միայն քանի մը հայկական բառ սերմանեցի անոր հոգիին մէջ, քանի մը պատմութիւն պատմեցի, քանի մը երգ լսել տուի, բայց եթէ այդ փոքրիկ սրտին մէջ նոյնիսկ հայկականութեան փոքրիկ նշոյլ մը վառած եմ, կը նշանակէ, որ արդէն երջանիկ եմ։ Է՜հ, երբեմն մէկ կայծն անգամ բաւարար է ճրագ մը վառելու։

***

Հիմա, երբ այս տողերը կը գրեմ, մտքիս մէջ գեղեցիկ պատկեր մը կը գծուի։ Տարիներ անց, երբ Տանիէլը արդէն երիտասարդ է եւ թերեւս առաջին անգամ Հայաստան այցելած է, գուցէ կանգնած ըլլայ Գառնիի մէջ, Սեւանի ափին եւ կամ Երեւանի փողոցներէն մէկուն մէջ։ Հնարաւոր է, որ նկար մը նկարուի եւ զայն տեղադրէ իր դիմատետրի էջին վրայ ու նկարին տակն ալ այսպէս կարճ գրութիւն մը գրէ․ «Այսօր առաջին անգամ եկայ մեծ հօրս՝ Պօկոսեանին հայրենիքը, ի՛մ հայրենիքս։ Շնորհակալ եմ անոնց, որոնք մանկութեանս պատմեցին, թէ ես ալ այս պատմութեան մէկ մասնիկն եմ։ Իմ այս հայկական ճամբորդութիւնս սկսաւ Թորոնթոյի մանկապարտէզէն»։

Թերեւս հոն անունս յիշէ, թերեւս ալ չյիշէ, բայց ատիկա կարեւոր չէ։ Կարեւորը, որ ան սկսի՝ իր հայութիւնը ճանչնալու ճամբան բռնել։ Կարեւորը, որ փոքրիկ «բարեւ»-ը օր մը վերածուի արեւի՝ վերադարձի մեծ արեւին։ Եւ ո՞վ գիտէ...թերեւս այդ օրը Հայաստանի մէջ նկարուած լուսանկարին տակ ես ալ որպէս պատասխան գրեմ․

— Բարեւ, Տանիէ՛լ, արեւ Տանիէլ... ինչպէ՞ս ես։

Իսկ ան, ինչպէս տարիներ առաջ․ «Լա՛ւ եմ, արե՛ւ եմ...», պատասխանէ, եւ այդ՝ «արեւ եմ» արտայայտութեան մէջ ամբողջ պատմութիւն մը ծաղկի։

Ահաւասիկ հայկական ջերմ արեւին տակ ապրող, շնչող եւ շարունակուող պատմութիւն մը, որ երբեմն փոքրիկ յիշատակով մը, պարզ բառով մը կամ մանկութեան մէջ լսուած մէկ «բարեւ»-ով կրնայ ամբողջ ինքնութիւն մը արթնցնել։

Ես կը հաւատամ, որ արմատները միայն ծառը գետնին չեն կապեր, անոնք ուժ կու տան, որպէսզի ան աւելի բարձր աճի, աւելի տարածուի եւ յամառօրէն դիմագրաւէ կեանքի փոթորիկները։

Այսօր, այս աշխարհին մէջ կան հազարաւոր հայ մանուկներ, որոնք անգիտակ են իրենց արմատներուն, իրենց պատմութեան ու ժառանգութեան։ Քանի՜ երեխաներ կան, որոնք կը սպասեն հայերէնով արտասանուած մէկ «բարեւ»-ի, մէկ ջերմ խօսքի, կամ հայ արեւի փոքրիկ մէկ շողի։

Ես այսօր այդ բոլոր մանուկներուն հայերէնով կ’ըսեմ. «Բարե՛ւ ձեզ, արե՛ւ ձեզ», ու թող այս «բարեւ»-ս հասնի բոլոր անոնց, որոնք դեռ կը փնտռեն իրենց իսկական անունը պատմութեան մէջ, իրենց տեղը ազգին մէջ եւ իրենց տունը հայութեան մեծ ընտանիքին մէջ։

— Իմ արեւնե՛ր, բարե՛ւ ձեզ, արե՛ւ ձեզ։


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 (#227) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Տ․Հայարի քհն. Թանաշեանի հրաժեշտի սուրբ պատարագը Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ

Next
Next

Keeping Artsakh’s intellectual fire burning: A living legacy with Toronto roots