Տ․Հայարի քհն. Թանաշեանի հրաժեշտի սուրբ պատարագը Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 7 յունիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ եւ անմահ հրաժեշտի պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւի օգնականի ծառայութիւնը աւարտած եւ առաջնորդ տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի տնօրինութեամբ, Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւ նշանակուած տ. Հայարի քհն. Թանաշեանը:
Յընթացս ս․ պատարագի՝ ձեռամբ թեմիս փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ տ. Զարեհ աւ․ քհն. Զարգարեանի, տ. Հայարի քհն. Թանաշեանի եւ մասնակցութեամբ ս․ սեղանի սպասարկող սարկաւագներու եւ դպիրներու կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան եւ հայրապետութեան արեւշատութեան համար:
Յաւարտ պատարագի տ. Զարեհ աւ․ քահանան ընթերցեց Առաջնորդ տ. Աբգար սրբազանի, տ. Հայարի Քահանայի նշանակման պաշտօնական գրութիւնը: Տէր Զարեհն իր կարգին գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ տէր Հայարիի տարած եկեղեցւոյ եւ համայնքէն ներս նուիրեալ ծառայութեան համար եւ յաջողութիւններ մաղթեց տէր հօրը անոր ստանձնած հովուական պաշտօնին համար, եւ առ ի գնահատանք յանուն Ծխական խորհուրդին, եկեղեցւոյ մէջ գործող յարակից մարմիններուն, անոր նուիրեց Հայաստանէն բերուած գեղանկար մը:
Լուսանկարը տրամադրած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին:
Տ․ Հայարի քահանան, տուաւ իր հրաժեշտի քարոզը, բնաբան ունենալով. «Հայր երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ Քեզի, որ այս բաները պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն եւ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց (ղկ. 10.21)», իր ներշնչող քարոզի ընթացքին ան ըսաւ.« Սիրելի՛ հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ, երկար տարիներ առաջ, երբ հեռաւոր Դամասկոսի հնադարեան Ս․ Սարգիս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, ծնկաչոք բարձրանալով Սուրբ խորան, նուաստս արժանացաւ քահանայական ձեռնադրութեան, ուխտեցի դառնալ սպասաւոր՝ բարիքներու պարգեւիչ, թողութիւններու տուիչ եւ կեանքի ու լոյսի աղբիւր բարձրեալն Աստուծոյ: Ուխտեցի ծառայել այն հօտին, որ համախմբուած էր, այն տապանին՝ եկեղեցւոյ մէջ, որ հիմնած էր Միածին Որդին: Նաեւ երթալ այն ոչխարին ետեւէն, որ հեռացած ու մոլորած էր եւ գտնելով, կրկին զայն միացնել իր հօտին: Փորձեցի ըլլալ հովիւ, որ միշտ մտահոգ է իր ոչխարներով, անոնց հոգեւոր մտաւոր ախտերու եւ ցաւերու փարատման օգնական, անոնց հետ արօտավայրերը գացող, հսկող եւ պահպանող: Փորձեցի ըլլալ հովիւ եւ ոչ վարձկան: Իմ հոգեւոր ծառայութեան ընթացքը, զիս հասցուց այս հիւրընկալ երկիրը՝ Գանատա եւ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ գերաշնորհ տ․ Աբգար եպս. Յովակիմեանի, հայրական օրհնութեամբ եւ ցուցմունքներով շարունակեցի իմ հոգեւոր սպասաւորութիւնը, նախ որպէս հոգեւոր հովիւ Մոնթրէալի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ, ապա որպէս հոգեւոր հովիւ Օթթաուայի Ս․ Մեսրոպ Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ, եւ օգոստոս 2019-էն սկսեալ որպէս Ս․ Երրորդութիւն Հայց․ առաք․ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի օգնական: Իսկ այսօր, այս սուրբ սեղանին առաջ կը մատուցեմ իմ հրաժեշտի սուրբ պատարագը, որովհետեւ Սրբազան հօր բարձր տնօրինութեամբ եւ հայրական օրհնութեամբ, կոչուեցայ Միսիսոկայի Ս․ Վարդան եկեղեցւոյ հովուութեան: Անցած վերջին եօթը տարիներու ժամանակաշրջանը ինծի համար եղաւ ոչ միայն աշխատանքային փորձառութիւն, այլեւ՝ հոգեւոր մեծ դպրոց Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. տ. Զարեհ աւ․ քհն. Զարգարեանի կողքին ըլլալով՝ ես սորվեցայ հովուական ծառայութեան նրբութիւնները, նուիրումի կարեւորութիւնը եւ հօտին հանդէպ անսակարկ հայրական սէրը: Միաժամանակ, կ’աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ սիրելի տէր hօր պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ երկար տարիներու բեղմնաւոր ծառայութիւն, եւ յաջողութիւն անոր ձեռնարկած ազգօգուտ բոլոր ծրագիրներուն: Կ'ուզեմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել, մեր երէցկնոջ՝ Մակիին եւ զաւակներուս՝ Անիին եւ Արամազդին, որոնք իմ ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան, իրենց աջակցութեամբ եւ համբերատարութեամբ եղած են այն յենարանն ու խթանը, որոնք միշտ սատարած են իմ հոգեւոր սպասաւորութեան: Իմ հրաժեշտի պատգամի վերջին խօսքերը պիտի ուղղեմ ձեզի, յիշեցնելով, որ մեր սուրբ եկեղեցին երէկ յիշատակեց ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն դուրս գալու տօնը եւ այսօր կը յիշատակէ կաթողիկէ Ս․ Էջմիածնի տօնը, որոնք կը բնութագրեն հրաժեշտի այս պահը: Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն դուրս եկաւ՝ ոչ թէ որպէս անհատ, այլ՝ որպէս ազգի մը հոգեւոր հայրը: Ան դուրս եկաւ, որպէսզի լոյսը տարածէ, եւ այդ լոյսը չմարեցաւ, այլ փոխանցուեցաւ սերունդներուն: Իմ այս տեղափոխութիւնս ալ «ելլելու» պահ մըն է: Խնդրեմ, իմ անունս ալ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշեցէք, որպէսզի Տէրը իմ նոր ծառայութիւնս ալ օրհնէ եւ զօրացնէ, որպէսզի ես ալ ըլլամ այն գործաւորը, որ կը վաստակի իր վարձքը Տիրոջ հունձքին մէջ: Թող Աստուած օրհնէ այս համայնքը, թող պահէ ձեր ընտանիքները խաղաղութեան մէջ եւ թող ձեր հոգիները միշտ ցնծան Տիրոջ փրկարար սիրով»:
Յաւարտ ս. պատարագի, ներկայ հաւատացեալները յաջողութիւն մաղթեցին տէր հօրը։
Երախտագիտութիւն կը յայտնենք տէր հօր իր հաւատարիմ ծառայութեան համար եւ կը մաղթենք, որ ամենակալ Աստուած օրհնէ զինք իր նոր առաքելութեան մէջ։ ֍
Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 թիւին մէջ: