«Ձօն՝ ծնողաց». փունջ մը բանաստեղծութիւն, աշխարհ մը սէր

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի երկարամեայ ծրագիրներէն է Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքը. կազմակերպութեամբ Գրական յանձնախումբին, ծրագիրը կը շարունակէ համախմբել եւ խրախուսել երիտասարդ գրասէրներ, լոյսին բերել գրական դէմքեր եւ ստեղծագործութիւններ, միջավայր ստեղծել քննարկումներու, զարկ տալ հայերէնի գործածութեան եւ ասմունքին։

Տարիներու ընթացքին այս ծրագիրը կրցած է հետեւողականութիւն ստեղծել հանդիսատեսին մօտ եւս. գրականութիւն սիրող, երիտասարդ գրասէրին ջանքը գնահատող մարդիկ, որոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւին։

Կիրակի, 21 յունիսի հաւաքին Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ պարապ աթոռ չէր մնացած։ Այս անգամ, Հայրերու տօնին առթիւ հայ գրականութեան հարուստ էջերէն բանաստեղծական բազմերանգ գոհարներու փունջ մըն էր որ պիտի ներկայացուէր իբր երախտիքի խօսք՝ ծնողներուն։

Սկսելով մօր մասին գրուած բանաստեղծական ընտրանիով, յայտագիրը շարունակուեցաւ կտակներու շարքով, ուր հեղինակը զաւկին ուղղած է իր խօսքը, եզրակացնելով հօր մասին գրուած ստեղծագործութիւններով։ Միջոցին, երգն ու նուագը յաւելեալ երանգ տուին այս պայծառ յետմիջօրէին։

Ընդհանուր առմամբ այս ձօնը սիրոյ, երախտագիտութեան, բարութեան, նաեւ ազգայնութեան երանգներու ամբողջութիւն էր։ Թիւով տասնվեց քերթուածներուն մէջ ընդգրկուած էին լայն ժողովրդականութիւն վայելող հեղինակներու գործեր. ինչպէս՝ Սեւակի «Մօր ձեռքերը», Շիրազի «Կշեռք»-ը, Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»-ը. նաեւ համեմատաբար նոր ստեղծագործութիւններ՝ Արցախի ծնունդ Արմէն Ավոյի «Յիշո՞ւմ ես, մայր իմ» եւ Երեւանէն Պետրոս Հոգտանեանի «Հայրիկ»-ը։ Դասականներու շարքին էր Դանիէլ Վարուժանի «Հայր, օրհնէ»-ն, որ թէեւ քիչ լսուած կամ արտասանուած սակայն բանաստեղծին վաղ գործերէն է, ուր երիտասարդութեան սեմին կանգնած Վարուժան կեանքի յորձանքին մէջ չնետուած իր հօր օրհնութիւնը կը խնդրէ։

Մինչ Համաստեղի տողերուն մէջ հայ գուրգուրոտ մօր յուշերու կծիկն է, որ կը քակուի, Շիրազի «Երազ»-ը, Արմէն Անոյշի «Դասը» արձակ բանաստեղծութիւնը, Մ. Իշխանի եւ Շիրազի խորիմաստ «Կտակ»-ները նմուշներ են մեր գրականութենէն, ուր մարդկայինէն անդին՝ ազգային ջիղն է որ կը յայտնուի։ Եւ սա զարմանալի չէ. անհերքելի իրողութիւն է։ «Պարզապէս մեր բախտն ուրիշ է եղել», պիտի գրէր Սեւակ, այն որ հայ մայրը կամ հայրը ծնողական բնազդէն, գուրգուրանքէն անդին, իր վրայ կրած է հայ ազգային դիմագիծի խարսխումը իրեն յաջորդող սերունդին մէջ։

Մասնակցողներէն իւրաքանչիւրը իր յատուկ ոճով նոր շունչ բերաւ իրեն վստահուած բանաստեղծութեան, նախ սեղմ տողերու մէջ ներկայացնելով հեղինակին մասին , ապա կենդանացնելով քերթուածը, փոխանցելով ոչ միայն տողերը, այլ հոն բաբախող ոգին։

Սկսելով Կապրիէլլա Պաթիկեանէն, Ալիք Պապօղլեան, Էլենա Ֆարաճեան, Ռիթա Խաչոյեան, Աննա Տանատեան, Շանթ Տէօքմէճեան, Ժպիտ Քէշիշեան, Մոսիկ Տանատեան, Հայկ Յարութիւնեան, խմբակի նորագոյն անդամ՝ Խաչիկ Այնթէպլեան, նաեւ անուշ երգով ու նուագով իրենց ներդրումը բերած Լիլիթ Նաճարեանն ու Նարէ Հաղնազարեանը այս հաւաքին ընդմէջէն իրենց շնորհներն ու աշխատանքին հունձքը նուիրեցին ծնողներուն։ Վարուժանի «Հայր, օրհնէ» խորհրդաւոր բանաստեղծութեան ասմունքով, Լոռի Պէրպէրեան իր աւարտին հասցուց հաւաքը։

Հոգեթով ասմունքներէն, ջերմ գնահատանքէն եւ գիրքի տուուչութենէն ետք վրայ հասաւ հարցումը. «Ե՞րբ է յաջորդը»։

Երանելի է այն համայնքը, որ ունի գրասէր երիտասարդութիւն։ ֍

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 թիւին մէջ: Լուսանկարը տրամադրած է «Գլաձոր» մասնաճիւղը:

Թամար Տօնապետեան Գուզուեան

Պէյրութածին Թամար Տօնապետեան Գուզուեան պատանի տարիքին հաստատուած է Թորոնթօ, ուր իր ուսումնական ու մասնագիտական վերելքին զուգահեռ, տասնամեակներ շարունակ ստանձնած է ազգային-հասարակական պատասխանատու դերեր։ Ունի մագիստրոսական վկայականներ Strategic Management-ի (Schulich School of Business) եւ Հայագիտութեան մէջ։ Ան երկար տարիներ վարած է Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի եւ Գանատայի շրջանային վարչութեանց ատենապետութիւնը, իսկ այժմ կը ներկայացնէ միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը։ Որպէս մշակութային գործիչ՝ ան յառաջացուցած է Համազգայինի գրասէրներու խմբակը, կ՚անդամակցի Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ մաս կը կազմէ «Հորիզոն գրական»-ի խմբագրական կազմին:

Previous
Previous

Իմ պրիսմակէս | Քննադատութիւնը եւ ինքնաքննադատութիւնը՝ ժա՞հր թէ դեղատոմս

Next
Next

Տ․Հայարի քհն. Թանաշեանի հրաժեշտի սուրբ պատարագը Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ մէջ