Իմ պրիսմակէս | Քննադատութիւնը եւ ինքնաքննադատութիւնը՝ ժա՞հր թէ դեղատոմս
Քննադատութիւն բառը կազմուած է երկու արմատ բառերէ՝ քննել եւ դատել: Այսինքն` զննել, վերլուծել եւ ստուգել երեւոյթ մը, անոր առաւելութիւնները ու թերիները գնահատել, ապա՝ եզրակացութեան յանգելու գնահատականներ արձանագրել: Այս մէկը կը պարտինք վաղ յոյն փիլիսոփաներուն, որոնք նոյնիսկ հարցականի տակ առին ամենէն փայլուն մտայղուածքը՝ ժողովրդավարութիւնը՝քննադատելով անոր թիւր կիրառումը: Յոյն ընկերութեան գաղափարական լարուածութեան զոհերէն մէկը հանդիսացաւ նոյնինքն փիլիսոփայ Սոկրատը, որ պնդեց հանրային քննարկումներու կարեւորութիւնը ու անոնց անհրաժեշտութիւնը հանրային կեանքը լուսաբանելու, միշտ իր առջեւ ունենալով ճշմարտութիւն եւ փաստարկները՝ հասնելու վերջնական եզրայանգումներու:
Առողջ ինքնասրբագրման մօտեցումներու կանչերը եւ քննադատութիւնը հանդուրժողութեամբ ընկալելու վարժութիւնը ո՛չ միայն մեզ սթափ կը պահեն, այլ կ’ուղղորդեն մեր քայլերը, նուազագոյն սխալներով առաջնորդելու մեր որոշումները ու բոլոր նախաձեռնութիւնները։ Մտաւոր այլախոհ թռիչքները միտքը կը փայփայեն եւ կը մարձեն զայն, ճահճացումի ամլացած կացութիւնները առաջնորդելով՝ տապանաքարային փխրուն իրավիճակէն դէպի ծաղկուն ելքեր՝ արդիւնաւէտ եւ բաղձալի լուծումներով:
Ինքնաքննադատութիւնը՝ ինքնախարազանումը, կը մաքրէ կեղտը ու ներսրսկուած տզրուկային պատեհապաշտ տարրերու դերակատարութիւնը ընկերութենէն եւ կազմակերպութենէն ներս, ինչպէս աշնանային հողմերը կը թափեն գունատած տերեւները՝ պատրաստելով ծառը վերանորոգ պճնանքի։
Սակայն, զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ ինքնաքննադատութիւն-ինքնախարազանումը չվերածուի մասոքական (masochistic-մազոխիստական) կամ սատիզմի (sadism) հետ զուգորդուած վարքագիծի, որ միայն անոր առթած տառապանքէն, վիշտէն եւ անոր ափսոսանքի բորբոքմամբ լիանալով, յաճախ կը վերածուի ինքնակործանման կոճակ սեղմելու վարժութեան, փոխան ախտաճանաչման եւ արդիւնաւէտ մտածելակերպի:
Գալով քաղաքական կուսակցութիւններու մէջ կիրառուած հասկացողութեան, ինքնաքննադատութիւնը ներքին հաշուետուութեան գործելաոճ է, ինքնամաքրման, ձախողութիւնները եւ ոչ ճիշտ կողմնորոշումները ուղղորդելու, վերականգնուելու նոր ճանապարհներ եւ գործելաձեւեր փնտռելու, կանխելով լճացման կացութիւնները, փարելով հանդուրժողականութեամբ հունաւորուած բազմազան տեսակետներու արտայայտման ձեւին: Անտարակոյս, նմանատիպ կառուցողական ներքին բանավէճը կ’օգնէ, որ քաղաքական կազմակերպութիւնները՝ հեզասահօրէն յարմարին փոփոխուող նոր ստեղծուած մթնոլորտներու, առանց սկզբունքային զիջումներ կիրառելու, խուսափելու համար աչքառու սխալներու կրկնութենէն։
Այս մօտեցումները ընդհանրապէս կը հանդիպին նոյնինքն կուսակցութեան ներքին իշխող ուժի ո՛չ հանդուրժողական ինքնագրաքննութեան, յանուն իբր թէ նախկին վիճակի (status quo) պահպանման եւ կուսակցական դիմագիծը պաշտպանելու եւ ներքին «անվրդով կարգը» պահելու յերիւրածոյ դիտաւորութեան:
'Self-criticism' by Philip Burne-Jones, oil on canvas
Տեսականօրէն, ինքնաքննադատութեան կիրառումը քաղաքական կուսակցութիւններու մէջ կը միտի գաղափարախօսական թուլացած թելերու ամրապնդման, ազատ եւ անկաշկանդ զրոյցներու ներքոյ, հրապարկայնացնելով թերացումները ու գործելաձեւի բացթողումները, ի խնդիր հանրային կեանքի վրայ հանդարտեցուցիչ սրսկում բանեցնելու, ձեւով մը` ծծելու ժողովրդային համեցող եռուն բարկութեան ալիքները, որոնք ձեւաւորուած կ’ըլլան տուեալ խոցելի երեւոյթներու շուրջ:
Այս երեւոյթը, աւելի շեշտակի կարելի է տեսնել, պետական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու վարքագծին մէջ։ Ընդհանրապէս քննադատական եւ կառուցողական դիտաւորութեամբ մշակուած ոճով, անոնք անաչառ դիմագիծի ներկայացումներով, կը փորձեն ճամբայ հարթել ժողովրդական-հանրային կարծիքին, զգօն պահելու զանգուածները ու թեր կողմնորոշելու զանոնք ներկայացուած բնաբաններուն ուղղութեամբ:
Այս եղելութեան հակոտնեայ գործելաոճը կը ներկայանայ վարքագիծին մէջ իշխող կուսակցութիւններու, որոնք ընդհանրապէս կը մերժեն թափանցիկութեան դրոյթը, հակամէտ ըլլալով ինքնախաբէութեան վարկածին, սոսկալով բացայայտելու իրենց թոյլ կողմերը եւ աշխատանքի բացթողումները, որպէսզի կանխեն ժողովրդային խաւի ժխտական ընկալումները իրենց պետական գործունէութեան ոլորտին հանդէպ, յոյս փայփայլելով ու ապաւինելով հաւատարիմ ծափահարողներու խափուսիկ աղմկարարութեան ու հինգերորդ շարասիւնի ներբողող խռովարար հուռաներուն:
Առանց ներքին այլախոհ մտածողութեան, որ ընդունուած կարգով ընդհանրապէս կ’արտայայտուի տուեալ կուսակցութեան մէջ, շատ բան կը կորսնցնէ ստեղծագործ մտածողութեան տինամիզմը, ըլլայ նորարութիւններու հետեւելու խնդրով կամ արժեւորելու առօրեան ու ծրագրեալ քայլերով դիմակայելու ապագայ մարտահրաւէրները։
Ե՛ւս կը պատահի, որ ներքին քննադատութիւնը ճնշուի կամ պատժիչ միջոցներով խեղդուի աղաղակող կողմի կոկորդին մէջ, հանգեցնելով ընթացիկ կուսակցական գործունէութեան ամլացման։ Առաւել, կազմակերպչական սխալներու վերարտադրութեան պատճառով՝ կուսակցութիւնը անկայուն կը դառնայ եւ վարկանիշի գահավիժում կ’ունենայ։
Նաեւ պէտք է ընդգծել, որ չափազանց ներքին հակադրութիւնները հանրային դարձնելը երկսայրի սուր է, որ կրնայ խաթարել կուսակցութեան մը կայուն իրավիճակը, մշակոյթը, որ կ’արտօնէ ներքին իրաւացի քննադատութիւնը եւ բազմատեսակէտ արտայայտութիւնները, «կառուցողական հակամարտութեամբ» բարելաւելու կազմակերպութեան զարգացումը։
Քննադատութիւնը շատ կարեւոր գործօն է քաղաքական կեանքի մէջ, որպէս հաշուետուողութեան գործելաոճ եւ բռնապետոութեան կանխարգիլման ի խնդիր շինիչ ազդակ: Խթանելով բաց երկխօսութիւնը, առողջ եւ իրաւացի քննադատութիւնը, կը կանխէ մոլորեցուցիչ ինքնագոհութեան զարգացումը եւ կը ստիպէ իշխանաւորին, որ լսարան դառնայ ժողովրդային կարիքներուն, պահպանելով ժողովրդավարութեան կենսունակութիւնը ու նպատակաուղղուածութիւնը, յանուն արդար համակարգի ամրակայման:
Մանաւանդ քաղաքական գործիչներուն եւ առաջնորդներուն համար խստաբարոյ իրաւացի քննադատի ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, մատնանշելու այն թերութիւնները, որոնք շողոքորթները եւ «գովք հիւսող գուսանները» կը փորձեն ծածկել`աղմկարար մունետիկութեամբ: Իսկ քննադատութիւնը, հարկ է ըլլայ կառուցողական, բարոյական հիմքով, փաստերու եւ առարկայական անհերքելի տուեալներու վրայ հիմնուած:
Պէտք է աւելցնել, որ սեփական ուժերու ինքնաճանաչումը եւ կազմակերպութեան աշխատանքին իրապաշտ գնահատականներու ծանօթութիւնը, կարեւոր գործօններ են, որոնք զուգորդուած պէտք է ըլլան քնննադատական եւ ինքնաքննադատութեան դիտարկումներով: Առանց «Ծանիր զքեզի» (Nosce te ipsum), ամբողջական պիտի չդառնայ նպատակաուղղուած քննադատութիւնը:
Քննադատութիւնը պատասխանատու խօսք է եւ ինչու չէ արուեստ է: Հետեւաբար քննադատը պէտք է ունենայ բարոյական վարկ, զինուած արդարամտութեան ելակէտերով, հեռու մնալով սնաբանութենէ ու զգացական տրամադրուածութիւններէ, որպէսզի հեզասահ կարենայ ներթափանցել հանրային զանգուածներու խղճի դարպասը եւ ուղղորդելով լայն զանգուածներու հոգեմտաւոր համոզումներու պահուածքը:
Իմ պրիսմակէս դիտուած, հայկական իրականութեան մէջ վերեւ յիշուած բոլոր նախադրեալները տակաւ կ’աղօտին: Հոն ընդհանրապէս բացակայ կը մնան իրաւացի քննադատութիւնը, ինքնախարազանումը՝ հանրային-կուսակցական կեանքի բազմերանգ ներկայացումներէն:
Վաղեմի բացայայտ աղաղակողները, թէ «Թագաւորը մերկ է», իրենց ներկայ համոզումներով ու խօսոյթներով, հակամէտ են կրաւորական կեցուածքներու, առանց մատը վէրքին վրայ դնելու, իրականութիւններէն խոյս տալու մարտավարութեամբ՝ կը նախընտրեն ականատեսի հաւկուրութիւն ցուցաբերել հանդէպ ժխտական երեւոյթներու, փրկելու համար սեփական մաշկը, քան ուղղակի դիրքորոշուելու յանուն իրականութեան բացայայտման ու արդարութեան հաստատման։
Այսօր, իբր թէ քաղաքականացած հայկական լսարանները, խորշանքով կը դիմաւորեն իրաւացի եւ կառուցողական քննադատութիւնները, որոնք կ’արտայայտուին պաշտօնական բեմերէ կամ համապատասխան հաշուետուութեան ժողովներուն` մոռնալով, որ անոնք կը հանդիսանան ժողովրդավարութեան կենարար աւիշը եւ զսպիչ դեղատոմսը, կուսակացութիւններու հարցական վարքագծին հանդէպ:
Նման լսարաններ վերածուած են հանրային կարծիքը ձեւաւորող անուղղայ խուժանի, փոխանակ վերածուին հաշուետուութեան խթանիչ բազմութեան մը, որ ի հարկի սթափեցուցիչ բարկութեան աղաղակովը կրնայ հաւասակշռող նժարի դեր կատարել: Յար եւ նման ամբոխները կը նախընտրեն իրենց մեղկ լռութեամբ, անուղղակիօրէն սատար կանգնիլ կործարար կացութիւններու:
Պէտք չէ մտահան ընել, որ իրաւացի քննադատութիւնը եւ ինքնաքննադատութիւնը ժողովրդավարական այն թողօնն է, որուն համար պէտք է բոլորս ծայր աստիճան գուրգուրանք ցուցաբերենք՝ դառնալով անոր անաչառ գործադրութեան բծախնդիր երկրպագուները:
Ասոնց վրայ պէտք է գումարել հայ քաղաքական աւագանիի մօտ ցայտուն ու համատարած ինքնասիրահարուածութիւնը, ուր ամենեւին կը բացակայի քննադատութիւններու հանդէպ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելը: Իսկ ներքին կազմակերպական ինքնաքննադատութիւնները, բռնազբօսիկ միջամտութիւններով, կը փորձուի խեղդել իրենց սաղմին մէջ, դատապարտելով ու չէզոքացնելով քննադատ բանբերները, ամբաստանելով զանոնք որպէս կարգէ դուրս գործող մոլորեալ անհատներ՝ գործակալներ:
Ճշմարիտ հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը, անսալով ընդդիմախօս արդարացի ձայներուն, պէտք է արարէ ու իրեն ուղղուած կառուցողական քննադատատութիւններուն հանդուրժողութեամբ ու վեհանձնութեամբ արձագանգէ:
Այլ ընտրանք պէտք չէ ունենայ:
Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 (#227) թիւին մէջ