Մեր ՀՄԸՄ-ը | Սկաուտական տարեշրջանի փակման արարողութիւն եւ կարգերու տուչութիւն

«Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 (#227) թիւով մեկնարկը կը կատարենք «Մեր ՀՄԸՄ-ը» բաժինին: 1969-ին իր պաշտօնական հիմնադրութենէն ի վեր, ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը գրեթէ վեց տասնամեակ հանդիսացած է մեր գաղութի ամուր հիմնասիւներէն մէկը։ Անիկա ոչ միայն հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու ֆիզիքական, բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութեան դարբնոց է, այլեւ՝ ազգային ժառանգութիւնը, սկաուտական կեանքն ու մարզական ոգին հմտօրէն իրար միահիւսող կենսունակ օճախը, որ այսօր կը հաշուէ աւելի քան վեց հարիւր գործօն անդամ։

Որպէսզի մեր ընթերցողները աւելի մօտէն հաղորդակից դառնան այս մեծ ընտանիքի եռուն կեանքին, այս նոր բաժինով լուսարձակի տակ պիտի առնենք մեր սկաուտներուն եւ մարզիկներուն իրագործումները։ Սոյն բաժինին համար հերթականօրէն յօդուածներ պիտի գրէ Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեան։ Ամէն ամիս այս էջը պիտի ծառայէ որպէս կամուրջ գաղութը տեղեակ պահելու մասնաճիւղի նորութիւններուն, աշխուժ հաւաքներուն, բանակումներուն եւ մարզական փայլուն յաջողութիւններուն մասին։


Սկաուտական տարեշրջանի փակման արարողութիւն եւ կարգերու տուչութիւն

Հայ կեդրոնի կանաչապատ բակը կը խայտար ՀՄԸՄ-ականներով։ Փողերու եւ թմբուկներու դղրդիւնը կը լսուէր ամենուրեք։ Դրօշակիրներ քալելու փորձեր կ'ընէին, սկաուտներ` տողանցքի, իսկ գայլիկ-արծուիկներ զգուշութեամբ կը հետեւէին աքելլային ցուցմունքներուն, որպիսզի հանդիսաւոր կերպով մասնակցին փակման արարողութեան։

Փակման արարողութիւնը իր ուրոյն տեղը գրաւած է Թորոնթոյի սկաուտներուն մօտ։ Տարեշրջանի աւարտը եւ փակման արարողութիւնը աւանդութեան վերածուած երեւոյթ է։ Ձմռան լարուած եւ տքնարաջան աշխատանքային առօրեան կարծէք կը պահանջէ իւրաքանչիւր անդամէ կամ պատասխանատուէ, ամռան հանգստանալ եւ նոր թափ ու եռանդ հաւաքելով սկսիլ յաջորդ տարեշրջանը։ Պայծառ երկինքն ու արեւուն հաճելի բայց ամչկոտ ներկայութիւնը, խանդ կու տար ծնողներուն, որոնք տեղաւորուած էին բակի աստիճաններուն վրայ ու պատրաստ՝ արարողութեան։ Փողերախումբի տողանցային ռիթմով եւ քայլերգի հնչեղութեամբ սկիզբ առաւ արարողութիւնը, որուն ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի շրջ․ վարչութեան, Թորոնթոյի վարչութեան, Սկաուտ խորհուրդի եւ խմբապետութեան ներկայացուցիչներ, անդամներ, համակիրներ եւ ծնողներ։ Գայլիկ-արծուիկ, արի-արենոյշ, երէց-պարման եւ աւագ երէց - պարմանուհիներ խրոխտ քայլերով տողանցեցին ու տեղաւորուեցան իրենց տեղերը։

Մասնաճիւղի խմբապետ Տարօն Տէրտէրեանի եւ խմբապետուհի Լորա Տոնոյեանի պատուի առի հրահանգով, շեփորախումբի հնչեղութեամբ եւ սկաուտներու երգեցողութեամբ, կատարուեցան «Յառաջ նահատակ» եւ «Ով հայ արի» քայլերգերը։ Մասնաճիւղի խմբապետուհի Լորա Տոնոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ապա, հրաւիրեց պատասխանատուները, նաեւ Միաստղ ու Երկաստղ վկայականներու արժանացող քոյրերն ու եղբայրները։

Տեղին է յիշել՝ թէ սոյն վկայականը յատուկ է գայլ-արծուիկ միաւորի անդամներուն, որոնք առաջիններն են միութեան շարքերուն մէջ։ Անոնք, մանուկ հասակին կ’ըլլան ՀՄԸՄ-ական եւ մաս կը կազմեն Գայլ-արծուիկ միաւորին. տարուան ընթացքին կ’իւրացնեն Միաստղի ու Երկասղի գիտելիքները, ապա միօրեայ կամ երկօրեայ գործունէութեամբ կ’ամբողջացնեն տուեալ վկայականին գիտելիքները ու քննութիւն յանձնելով կ’արժանանան վկայականին ու պէճին։

Մասնաճիւղի խմբապետ Տարօն Տէրտէրեան հրաւիրեց պատասխանատուները եւ Բ. կարգին արժանացող սկաուտները։ Սոյն վկայականին արժանանալու համար քոյրերն ու եղբայրները տարուան ընթացքին, պատասխանատուներու հսկողութեամբ, կը սորվին Բ. կարգի գիտելիքները, որուն աղբիւրը ՀՄԸՄ-ի կեդրոնականի կողմէ հրատարակուած Բ. կարգի գիրքն է։ Մասնակիցները յատուկ գործունէութեամբ կ’եզրափակեն տեսական եւ գործնական գիտելիքները ու քննութիւն յանձնելէ ետք կ’արժանանան Բ. կարգի վկայականին ու պէճին։

Մասնաճիւղի խմբապետութեանց կողմէ Ա. կարգի վկայականին արժանացան խումբ մը քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնք դարձեալ իւրացուցած են Ա. կարգի գիտելիքները՝ որպէս ուղեցոյց առաջնորդուելով Ա. կարգի գիրքի նիւթերով։ Անոնք մասնաճիւղի խմբապետութեան կողմէ կը մասնակցին միօրեայ կամ կէսօրեայ գործունէութեան, վերաքաղ կ’ընեն սորված գիտելիքները եւ քննութիւն յանձնելէ ետք կը ստանան սոյն վկայականին ու պէճին։

Եղբ. Տէրտէրեան նախ շնորհաւորեց վկայուողները, ցտեսութիւն մաղթեց մինչ հանդիպելու ամառնային տարեկան բանակումին իսկ նորանաոր յաջողութեամբ՝ ի տեսութիւն յառաջիկայ սեպտեմբերին։ Աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող այս միութիւնը, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ան միշտ երիտասարդ է ու անխափան երթով կը շարունակէ իր երթը, ուսուցանելով եւ դաստիարակելով սերունդներ, որոնք պիտի ըլլան ապագայի ղեկավարներն ու նուիրեալ հայերը։

Հինգ ծափի գնահատականով ու կրկնուած կարգախօսերով՝ մոկլիները՝ միշտ ուրախ, գայլ-արծուիկը՝ լաւագոյնը, արի-արենոյշը՝ միշտ պատրաստ, երէց-պարմանը վեհ եւ աւագ երէց-պարմանուհիները ծառայող, ծնողներու, պատասխանատուներու եւ անդամներու շնորհաւորական խօսքերով ու դարձեալ տեսնուելու յոյսով՝ վերջ գտաւ փակման արարողութիւնը։ ֍


Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յուլիս 2026 (#227) թիւին մէջ: Լուսանկարները տրամադրած է ՀՄԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը:

Previous
Previous

Համազգայինի «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանին եւ «Էրեբունի» պարախումբին շնորհած արուեստի, հայրենասիրութեան եւ ազգային ոգիի յաղթանակը

Next
Next

Իմ պրիսմակէս | Քննադատութիւնը եւ ինքնաքննադատութիւնը՝ ժա՞հր թէ դեղատոմս