Շնորհակալ եմ, որ անհաւատալի թուացող երազ մը իրականութիւն դարձուցիր. Համբիկ Թիթիզեանի յիշատակին

2000 թուականի ամառն էր՝ առաջին այցելութիւնս Հայաստան. ծնողքիս ու քրոջս հետ կը վայելէի այն բոլորը վայրերը, որոնց մասին միայն կարդացած ու լսած էի: Այդ ճամբորդութեան ամենէն վառ յիշողութիւններէն մէկը մեր այցելութիւնն էր Սեւանայ լիճ: Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ՝ լճափին պատահմամբ հանդիպեցանք թորոնթոհայ մեր լաւ ընտանեկան բարեկամներուն՝ Թիթիզեաններուն՝ Համբիկին, Մարիային եւ անոնց զաւակներուն՝ Դուինին ու Տարօնին:

Երբ զրուցեցինք, Մարիան եւ Համբիկը ծնողքիս հետ կիսեցին իրենց մեծ նորութիւնը. անոնք ընտանեօք Հայաստան փոխադրուելու կը պատրաստուէին: Տասներկու տարեկան էի, եւ թէեւ այդ ճամբորդութենէն շատ յիշատակներ շատոնց աղօտած են, սակայն մեր հանդիպումը ու անոնց տուած այդ լուրը տակաւին յստակ կը մնան մտքիս մէջ: Կը յիշեմ, որ զգացի զարմանքի ու հիացմունքի խառնուրդ մը. նոյնիսկ պատանի հասակիս, Հայաստանի մէջ նոր սկիզբ մը դնելու համար Թորոնթոյի մէջ յարմարաւէտ կեանք մը ձգելու անոնց որոշումը անհաւատալի կը թուէր:

Տարիներու ընթացքին պատիւն ունեցայ լաւ ճանչնալու Համբիկն ու Մարիան: «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին մէջ կամաւորաբար աշխատեցայ Մարիային հետ եւ Հայաստան այցելութիւններուս ժամանակ Համբիկը միայն իմ լաւ ընկերոջս՝ Սեւակին հօրեղբայրը ըլլալէն անդին դարձաւ հարազատ աւագ ընկեր մը:

Աւելի քան երկու տասնամեակներ առաջ առած անոնց քայլը միշտ համարած եմ որպէս համարձակ եւ ոգեշնչող որոշում մը, սակայն չէի գիտեր, թէ որքան խորապէս պիտի ազդէր իմ կեանքիս վրայ: Համբիկին եւ Մարիային՝ հայրենադարձուելու որոշումը դիւրին չէր, եւ առաջին տարիները լեցուն էին դժուարութիւններով, այնուամենայնիւ, անոնք համբերեցին եւ կերտեցին իրենց սիրելի կեանքը: Անոնք թորոնթոհայ համայնքի գործունեայ անդամներէն դարձան Հայաստանի ընկերութեան աշխոյժ անդամները, օրինակ ծառայելով շատերու համար, ներառեալ կնոջս՝ Արազին ու ինծի: Ամէն անգամ երբ կը տեսնէի Համբիկը, կը յիշէինք Թորոնթոյի օրերը, բայց միշտ կ'եզրափակէինք Հայաստանի մէջ ապրելու օրհնութիւններուն ընդհանուր գնահատանքով:

Համբիկին յանկարծակի մահը բոլորը ցնցեց: Ան թողուց իր սիրելի կողակիցը՝ Մարիան, դուստրը՝ Դուինը, անոր ամուսինը՝ Մուշեղը եւ երեք թոռնիկները, որդին՝ Տարօնը, սակայն, անոր յիշատակը կը շարունակէ ոգեշնչել: Թիթիզեաններուն Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր համայնքէն շատերուն վրայ։ Թէեւ անոնք առաջինը չէին, որ նման քայլ մը կատարեցին, սակայն անոնց հայրենադարձութիւնը զգալիօրէն ոգեշնչեց ուրիշները, որոնք նոյնպէս կը մտածէին այդ գաղափարին մասին: Անոնց պատմութիւնը օրինակ դարձաւ շատերուն համար, որոնք կ'երազէին Հայաստանը դարձնել իրենց տունը։ Անոնք ցոյց տուին, որ կարելի է ընտանեօք, նոյնիսկ զաւակներով, ձգել ծանօթ կեանք մը եւ նորը կառուցել՝ հակառակ մարտահրաւէրներուն։ Ու այսօր կան բազմաթիւ (այժմ նախկին) թորոնթոհայեր, որոնք կ’ապրին հայրենիքին մէջ, որոնց պատմութիւնները կը փորձենք հերթականօրէն հրամցնել «Թորոնթոհայ»-ի էջերուն մէջ:

Համբիկին ու անոր ընտանիքին քայլը աւելին էր, քան պարզապէս անձնական որոշում մը. այն հայրենիքին նուիրուածութեան յայտարարութիւն մըն էր: Անոնք ոգեւորեցին ուրիշները եւս կատարելու այդ քայլը՝ ցոյց տալով, որ կապը Հայաստանի հետ կենսական նշանակութիւն պէտք է ունենայ համայն հայերուն համար՝ անկախ անոնց ծննդեան կամ բնակութեան վայրէն։

Շնորհակալ եմ, Համբիկ, տարիներ առաջ քու համարձակ քայլիդ համար։ Դուն ճամբայ հարթեցիր ուրիշներու համար եւ յիշատակդ պիտի շարունակէ ոգեւորել՝ յիշեցնելով բոլորիս Հայաստանին կապուած մնալու կարեւորութեան մասին: Շնորհակալ եմ, որ 23 տարի առաջ անհաւատալի թուացող երազ մը իրականութիւն դարձուցիր: ֎

***

(լուսանկարը՝ Հանգուցեալ Համբիկ Թիթիզեանն ու իր սիրելի հայրենի լեռները իր ետին)

Ռուբէն Ճանպազեան

Թորոնթոյի զաւակ. խմբագիրն է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի: Այսօր կողակիցին (Արազին) եւ շունիկին (Սրճենիին) հետ Երեւան կը բնակի, ուր իր գրիչով կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ թորոնթոհայութեան եւ հայրենիքին միջեւ։

Previous
Previous

«Global Medic կազմակերպութիւնը շարունակելու է օգնութեան ձեռք մեկնել Արցախից բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներին» Խորեն Մարդոյան

Next
Next

Արման Պըզպզեան` մեծատաղանդ ասուպ մը եւս