Թորոնթօն մեծ շուքով տօնեց Արամ Ա. վեհափառի գահակալութեան 30-ամեակը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակին առիթով, 18-20 հոկտեմբերին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ՝ ներկայութեամբ Վեհափառ հայրապետին, որ երկուշաբթի, 13 hոկտեմբերին, հովուապետական այցելութեամբ մը ժամանեց Գանատա: Այցելութիւնը կ’ընդգրկէ Գանատայի Հայոց թեմը, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ հօր Թորոնթօ այցելութեան մանրամասնութիւնները, որոնք հրատարակուեցան «Թորոնթոհայ»-ի նոյ. 2025 (#219) թիւին մէջ:

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Գանատայի Հայոց թեմին ու «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, որոնց հաղորդագրութիւններն ու թղթակցութիւնները օգտագործած ենք որպէս սկզբնաղբիւր: Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանին:

լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի


Ի պատիւ ՆՍՕՏՏ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ պաշտօնական ընթրիք

Շաբաթ, 18 հոկտեմբերին, ընկերակցող շքախումբին հետ Մոնթրէալէն Թորոնթօ ժամանեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ու իր իջեւանելիք պանդոկին մուտքին դիմաւորուեցաւ թորոնթոհայ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Առաջնորդ սրբազան հօր՝ Բաբգէն արք. Չարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Վեհափառը իր օրհնութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց ներկաներուն։ Ապա անոնք ուղղուեցան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ Նորին սրբութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծվ. Շխրտըմեան: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք միայն Վեհափառ հայրապետին անցնող երեսուն տարիներու ծառայութիւնը չենք դիտեր, այլ անոր անանց ներկայութիւնը կը շեշտենք այսօր եւ ապագայ մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ Արամ վեհափառին ոգեղէն տեսիլքը հիւսուեցաւ շատերուս հաւատքին, միտքին ու գործին։ Իր շունչով սերունդներ թրծուեցան, նկարագիրներ կռանուեցան, համոզումներ կռփուեցան, եկեղեցին նոր տեսիլք ու հոգեւոր շունչ առաւ, նոր զարթօնք ապրեցաւ, նոր ու միջազգային բեմերու վրայ բարձրացաւ, հայ գիրն ու դպրութիւնը ծաղկեցաւ եւ ազգային պահանջատիրութեան ու արդարութեան ձայնը եղաւ աւելի հնչեղ ու ներդաշնակ»։

Յանուն Գանատայի Հայոց թեմի ազգային իշխանութեան, խօսք առաւ ատենապետ Ծովիկ Թէրզեան։ Ան ըսաւ. «Երեսուն տարիներ առաջ, երբ Ձերդ սրբութիւնը բարձրացաւ մեր Սուրբ աթոռի գահին, եկեղեցւոյ ու ազգին առջեւ նոր ժամանակաշրջան մը բացուեցաւ: Ձեր ղեկավարութեամբ՝ մեր եկեղեցին եղաւ ո՛չ միայն աղօթքի տուն, այլեւ հաւատքի, ազգային ինքնութեան ու համախմբումի վայր»:

լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի

Օնթարիոյի խորհրդարանի թորոնթոհայ երեսփոխան Արիս Պապիկեան ընթերցեց նահանգապետ Տակ Ֆորտի նամակը, ուր ան իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէր Նորին սրբութեան Օնթարիոյի այցելութեան առիթով։ Ան անդրադառնալով աշխարհի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ յիշեց Վեհափառ հայրապետին ունեցած կեդրոնական դերը միջեկեղեցական յարաբերութեանց աշխուժացման եւ միջկրօնական երկխօսութեան խորացման մէջ։

Օնթարիոյի մօտ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան՝ Լիբանանի պետութեան ու կառավարութեան յատուկ շնորհաւորանքը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ գահակալութեան 30-ամեակին առիթով։

Ընթրիքի աւարտին իր հայրապետական խօսքը ուղղեց Նորին սրբութիւնը։ Ան Անթիլիասի եւ անթիլիասական միաբանութեան ծառայական առաքելութեան վրայ լոյս սփռելով՝ ըսաւ. «Անցնող երեսուն տարիները սովորական տարիներ չեղան մեր եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան առաքելութեան մէջ։ Երեսուն տարիներ` հաւատքի ու յոյսի, կամքի ու տեսիլքի, երեսուն տարիներ` տագնապի ու պատերազմի, աշխատանքի ու իրագործումի տարիներ։ Եթէ մեր երեսուն տարիներու առաքելութիւնը փորձենք մէկ բառի մէջ խտացնել, այդ բառը ծառայութիւն բառն է։ Առանց ծառայութեան անիմաստ կը դառնային այս երեսուն տարիները: Ծառայութի՛ւնը եղած է իմ կեանքիս իմաստ, նկարագիր, խորք, բովանդակութիւն, ուղղութիւն ու նպատակ տուողը:

«Անցնող երեսուն տարիները այս բոլորով իմաստաւորուեցան ու արժեւորուեցան՝ իմ եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ: Եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դո՛ւք էք եւ մեր հոգեւորականները, ինձմէ սկսեալ, ձեր հոգեւոր ծառայութեան նուիրուած սպասաւորներ են՝ Քրիստոսի օրինակով: Մենք կը գործենք ու կը ծառայենք Աստուծոյ փառքին համար, մեր ժողովուրդին ու ազգին ծառայութեան նուիրուած: Մեր փառքն ու պատիւը դո՛ւք էք, եւ մենք այդ փառքն ու պատիւը կը փորձենք արժեւորել ու իմաստաւորել ծառայութեամբ: ․․․Արդ, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եղաւ, եւ միշտ պիտի ըլլայ հաւատքով կռանուած, կամքով թրծուած եւ տեսլականով շաղախուած ծառայութիւն. ծառայութիւն՝ Աստուծոյ, ծառայութիւն՝ մեր ազգին, ծառայութիւն՝ մեր հայրենիքին»։


Սուրբ պատարագ եւ հայրապետական պատգամ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի, 19 հոկտեմբերի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուղղուեցաւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մեծ թիւով հաւատացեալներ կը սպասէին իրենց հոգեւոր պետին ժամանումին: «Հրաշափառ»-ի արարողութենէն ետք, մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ ձեռամբ ԱՄՆ Արեւելեան Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի:

Բարի գալուստի խօսք ուղղեց Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, նախ յայտնելով իր որդիական երախտագիտութիւնն ու հոգեկան խանդավառութիւնը՝ Նորին սրբութեան Գանատայի թեմին շնորհած այցելութեան առիթով: Ապա, սրբազան հայրը ըսաւ. «Մենք, որպէս մեծ ու մէկ ընտանիք, հաւատքի վերանորոգումի բացառիկ առիթի մը դիմաց կը գտնուինք: Այսօր այստեղ եկած ենք լսելու Հայրապետին ուղենիշ պատգամը, ինչ որ նոր ուղղութիւն ու նոր հորիզոն պիտի բանայ մեզի՝ հոգեւորականներուս ծառայական եւ բոլորիս համայնքային կեանքին մէջ»:

Նորին սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամին սկիզբը ողջունեց առաջնորդ սրբազան հայրը, գաղութին մէջ ծառայող հոգեւոր դասը, ազգային վարչութիւնն ու յարակից մարմինները, որոնք զանազան պատասխանատուութիւններով իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու համայնքի կենսունակութեան եւ զարգացման նպաստող աշխատանքներուն:

Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ինծի համար յատուկ հոգեկան ուրախութիւն է ըլլալ դարձեալ Թորոնթոյի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն հետ՝ Աստուծոյ տան մէջ: Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եւ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ այս տան հարազատ զաւակները ըլլալու, այս տան արժէքներով մեր կեանքը իմաստաւորելու, մեր կեանքի ճամբան լուսաւորելու, մեր կեանքը երկնային ճշմարտութիւններով ու արժէքներով իմաստաւորելու: Ա՛յս է պատգամը Աստուծոյ այս տան. ա՛յս է պայմանը այս տան հաւատարիմ անդամը ըլլալու:

Հետեւաբար, որպէս հայրապետական պատգամ, այսօր կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ հրամայական է, որպէս քրիստոնեայ հայեր, մեր կեանքը արժէքներով լեցնելու, որովհետեւ արժէքներով է որ մեր կեանքը կ’իմաստաւորուի ու իմաստ կը ստանայ: Առանց այդ արժէքներու առկայութեան ու մանաւանդ անոնց նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմութեան, մեր կեանքը կը դառնայ անիմաստ ու դատարկ: Արդ, հարց կու տանք՝ որո՞նք են այդ արժէքները, որո՞նք պէտք է կազմեն մեր կեանքի առանցքն ու նպատակը.-

ա. Մեզի համար առաջնահերթ ու գերագոյն արժէք է մեր եկեղեցին: Սովորական վայր չէ եկեղեցին. ինչպէս ըսինք, ան Աստուծոյ տունն է, եւ Աստուած կը հրաւիրէ մեզ այս տան հարազատ բնակիչը ըլլալու, այս տան հովանաւորութեան տակ ապրելու, այս տունով պաշտպանուելու՝ կեանքի բոլոր չարերուն ու չարիքներուն դիմաց: Հետեւաբար, Աստուծոյ տունը պէտք է պահել պայծառ՝ իր երկնային առաքելութեամբ։

բ. Մեզի համար կենսական արժէք է եկեղեցւոյ կողքին գործող հայ դպրոցը: Ըսինք ու կը շեշտենք` եկեղեցւոյ կողքին: Եկեղեցի-դպրոց գոյակցութիւնը բնական երեւոյթ մըն է մեր կեանքին մէջ. անոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն: Հետեւաբար, հայ դպրոցը պէտք է պահել ամուր՝ իր հայակերտումի առաքելութեամբ:

գ. Մեզի համար գերագոյն արժէք է նաեւ մեր հայրենիքը: Ճի՛շտ է, այս երկիրի քաղաքացին ենք, կը վայելենք Գանատային մեզի ընծայած առաւելութիւնները, սակայն մեր արեան կանչով, մեր ազգային պատկանելիութեամբ, մեր մնայուն ու յաւիտենական հայրենիքը Հայաստանն է: Հայաստանը իւրաքանչիւր հայու համար սրբազան արժէք է՝ մեր սուրբերուն ու նահատակներուն աղօթքով ու արիւնով թրծուած: Հետեւաբար, Հայաստանը պէտք է պահել ամուր՝ իր ներքին կեանքով ու արտաքին յարաբերութեամբ:

Ահաւասիկ երեք սրբազան արժէքներ, որոնք պէտք է մնայուն ներկայութիւն ըլլան մեր մտածումներուն ու գործերուն մէջ՝ դառնալով մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամուր հիմքերը»:

Սուրբ պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, իսկ ժողովրդային հիւրասիրութիւնը՝ սրահին մէջ:


Կաթողիկոսի գահակալութեան 30-ամեակի հանդիսաւոր նշում՝ Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ

Կիրակի, 19 հոկտեմբերի երեկոյեան, Թորոնթոյի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառին գահակալութեան 30-ամեակը:

Արդարեւ, հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Գուլաճեան: Վեհափառ հայրապետին անձնուէր ծառայութիւնն ու բազմաճիւղ գործունէութիւնը հետեւեալ բառերով որակեց ան. «Երեք տասնամեակ առաջ հայ ազգիս կամքով հայրապետական Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ աթոռի գահին ծառայելու համար ընտրուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառը: Անոր 30-ամեայ գահակալութեամբ, Սուրբ աթոռը եւ Սուրբ աթոռին ընդմէջէն անթիլիասական դիմագիծը փառաւորուեցաւ եւ հովուապետական գաւազանը ծաղկեցաւ Արամ Ա. վեհափառին եկեղեցաշինութեամբ, նուիրումով, նախանձախնդրութեամբ, աներկիւղ կամքով, ազգային ու հոգեւոր կեանքի բարեզարդումով եւ մշտարթուն հովուութեամբ»:

լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի

Գուլաճեան իր խօսքին մէջ լայն տեղ տուաւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերուն նկատմամբ՝ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համազգային հարցերու շուրջ յայտնած յստակ կեցուածքին: «Այս հովուութիւնն ու ղեկավարութիւնը ակնյայտ է մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր հայրենիքին մէջ եկեղեցականներ կը ձերբակալուին եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կ'ենթարկուի նուաստացումի: Նորին սրբութիւնը Գանատա հովուապետական իր այցելութեան մէջն իսկ, կրկին անգամ դատապարտեց այս անընդունելի երեւոյթը եւ՝ յանձինս գերաշնորհ տէր Շահան արք․ Սարգիսեանին՝ իր մտահոգութիւնն ու դատապարտումը փոխանցեց նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աթոռը զբաղեցնողին։ Վեհափառ հայրապետին մօտեցումը այն էր, որ պետութիւն-եկեղեցի ներկայ վատառողջ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ անյապաղ, եւ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերը կը պահանջեն, որ մեր ազգի երկու կարեւոր սիւներուն՝ պետութեան ու եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը ըլլայ սերտ ու ամուր»։

Գեղեցիկ գեղարուեստական ներկայացում մը տեղի ունեցաւ՝ ղեկավարութեամբ մաեսթրօ Արմէն Ամիրխանեանի ու կատարողութեամբ՝ Գարեգին ծվ. Շխրտմեանի, Նշան քհն. Մանուկեանի, Յասմիկ Գասպարեանի (սոփրանօ), Մարիա Սալիզեանի (ալթօ), Խաչատուր Ղազարեանի (դաշնակ), Ռոբերտ Մարգարեանի (ջութակ), Եվա Շահբազեանի (ջութակ), Լեւոն Մարկոսեանի (թաւջութակ), Սէյրան Ղազարեանի (տուտուկ): Յաջորդաբար կատարուեցան՝ «Ով հայոց Աստուած», «Խաչը», «Յարեաւ Աստուածն հրաշապէս» եւ «Հաւուն հաւուն» երգերը:

Օրուան բանախօսն էր Գանատայի կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան։ Ան պատմական հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ 1375-ին Սիսի բռնագրաւման, հասնելով մինչեւ 1930 թուականը՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հիմնադրումը Անթիլիասի մէջ, ապա ներկայացուց Արամ Ա. վեհափառի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը, աբեղայական տարիներէն հասնելով մինչեւ կաթողիկոսական պաշտօնը։

Բանախօսը անդրադարձաւ եկեղեցական ասպարէզէն ներս Վեհափառին գործունէութեանց ու աչքի առաջ բերաւ, թէ Արամ Ա. վեհափառը միջեկեղեցական շարժումին առաջնորդներէն է եւ միջկրօնական երկխօսութեանց ջատագովը: Ան նշեց նաեւ, թէ Վեհափառը հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան դրօշակակիրն ու ռահվիրան է, Հայ դատի գծով լայնածաւալ եւ բեղուն գործունէութիւններ ծաւալողը: Բանախօսը յայտնեց, թէ՝ Արամ Ա. հայրապետը նեցուկ կանգնած է արցախահայութեան, կը դատապարտէ հայաստանեան այսօրուան ղեկավարութիւնը, որ հայրենիքը կ’առաջնորդէ դէպի ինքնաքանդումի, ահազանգ կը հնչեցնէ եւ ի հարկին կը պահանջէ հայրենիքի ազատութիւնն ու փրկութիւնը։

Բանախօսը արձագանգեց, որ գործող վարչախումբին կողմէ այս օրերուն շղթայազերծուած քաղաքական բռնարշաւին գծով տագնապը հանգուցալուծելու որեւէ նախանձախնդրութիւն՝ անհամատեղելի կը դառնայ ներկայ իրադրութեանց լոյսին ներքոյ, որովհետեւ ազգային համերաշխութեան ու երկխօսութեան հիմնարար չափանիշները վաղուց մերժած եւ միասնականութեան կամուրջները հնուց ի վեր քանդած է Արցախի պետականութեան քայքայման գլխաւոր պատասխանատու այս ազգադաւ վարչախումբը, որուն դարանակալ քաղաքական որոգայթներու յետին նպատակակէտն է՝ սփիւռքն ու հայութիւնը պառակտելը։

Գարագաշեան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Այսօր, մենք, հայութիւնը ազգովին, պէտք է հետեւինք Կիլիկիոյ նուիրապետական Սուրբ աթոռի գահակալ Արամ վեհափառին ազգակերտման ուղեցոյցին, մինչեւ որ յայտնուին արդարութեան ճաճանչները, մինչեւ որ գրուի ճշմարտութիւնը, մինչեւ որ, Աստուծոյ կամօք, հայ ազգին համար բացուի պայծառակերտ նոր արշալոյս, մինչեւ որ ուրացման, լռութեան ու ժխտումի պատը քանդուի եւ բացուի հայ ազգի վարդահեղեղ ու ահեղազօր նոր արշալոյսը, մինչեւ որ դարմանուին հոգեխոց ազգին մղկտանքները, մինչեւ որ շնչահեղձութիւնը վերածենք վերապրումի, մինչեւ որ խաւարը կենսագործենք ու վերածենք ազգի նոր ծննդոցի, մինչեւ արդարապայծառ այն օրը, «երբ բացուին դռներն յուսոյ եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…»»։

«Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, վասն որոյ եւ օծ իսկ զիս. աւետարանել աղքատաց առաքեաց զիս» (Ես 61.1-2) աստուածաշնչական մէջբերումով իր որդիական երախտագիտութեան խօսքը սկսաւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան: Ան յետադարձ ակնարկ կատարելով՝ յիշեց յիսուն եօթը տարի առաջ Նորին սուրբ օծութեան քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը՝ զայն որակելով առաքելութեան մեծ երթի սկիզբ: Ապա, սրբազան հայրը ընդգծեց. «Սուրբ հոգւոյ շնորհքներով զարդարուած Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը, մեր ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական եւ անկիւնադարձային պահերուն, իբրեւ քաջ հովիւ եւ հմուտ ղեկավար, հայ ազգը առաջնորդեց դէպի խաղաղ ափեր: Անմնացորդ ծառայութիւնը Նորին սրբութեան, ուսանելի կեցուածքները մեր հայրապետին եւ ոգեւորիչ պատգամները Արամ Ա. կաթողիկոսին, լուսաւորեցին հայ ազգի գոյերթը: Արդ, ձեր ծառայութեան դիմաց որդիաբար կը խոնարհինք, Վեհափա՛ռ: Դուք ձեր կեանքը ընծայեցիք հայ ազգի գանձանակին մէջ: Սիրելի; ազգակիցներ, թոյլ տուէք, այստեղ ձեր ջերմ սիրոյն ու վառ զգացումներուն արտայայտիչը հանդիսանալով՝ ըսեմ. «Կեցցէ՛, կեցցէ՛ հայ ազգը. կեցցէ՛, կեցցէ՛ Արամ վեհափառը»»։

Հայրապետին երեսնամեայ գահակալութեան նուիրուած երեկոյի աւարտին, հայրապետական օրհնութեան խօսք արտասանեց Վեհափառը։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, թեմի ազգային վարչութեան, համայնքային կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ներկաներուն: Ապա, Հայոց հայրապետը անցեալը իրատես մօտեցումով դիտելու եւ եղելութիւնները առարկայականօրէն քննադատելու հրամայականը շեշտելով՝ ըսաւ. «Նման պահեր յիշեցումի, յիշատակի, անցեալին նայելու, որոշ դէպքեր ու դէմքեր յիշելու առիթներ են: Բայց այս բոլորէն վեր, երբ կը փորձենք անցեալին նայիլ իրապաշտ մօտեցումով, պէտք է անցեալը քննենք իր շրջագիծէն ներս՝ անցեալի ժամանակներու, պայմաններու, կացութիւններու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Ես կը հաւատամ, որ անցնող երեսուն տարիները Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ նոր էջ բացող տարիներ եղան: Հակառակ տագնապներուն, մեր Սուրբ աթոռը իր առաքելութիւնը անվեհեր ձեւով շարունակեց: Անհրաժեշտ է ո՛չ զգացական մօտեցումով, այլ իրատես հայեցակէտով դիտել, արժեւորել, գնահատել ու քննադատել այն ինչ որ կատարուեցաւ մեր Սուրբ աթոռին կողմէ՝ մեր ժողովուրդին համար»: Նորին սրբութիւնը յիշելով երեսուն տարի առաջ իր կաթողիկոսական օծման անդրանիկ պատգամին մէջբերած սաղմոսը՝ ըսաւ. «Սրբազան խորանէն, երբ ստացայ կաթողիկոսական օծումը, սաղմոսին բառերով ըսի՝ «Ցոյց տուր ինծի այն ճանապարհը, ուրկէ պէտք է քալեմ»: Կը հաւատամ, որ Տէրը այդ ճանապարհը ցոյց տուաւ եւ զիս առանձին չձգեց: Այդ ճամբէն քալեցի՝ իմ առջեւ ունենալով մեր ժողովուրդը, անոր կարիքներն ու սպասումները:

լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով Հայաստանին եւ սփիւռքին պարզած ներկայ իրավիճակին՝ յայտնեց․ «Տարիներ առաջ ըսի, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ կը շարունակէ պարպուիլ։ Իսկ այսօր կ՚ըսեմ, թէ Հայաստանը կ’ընթանայ դէպի ինքնաքանդում։ Ինչպէ՞ս կարելի է այս ընթացքը կասեցնել: Ահաւասիկ սփիւռքին դերը: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, լաւ պայմաններու տակ չէ: Մենք մեր գաղութներուն մէջ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ տագնապներու դիմաց կը գտնուինք: Այսօր, աւելի քան երբեք, սփիւռքի մէջ հայ ըլլալ կ՚ենթադրէ ամէնօրեայ տագնապ ու մաքառում: Հայաստանի մէջ հայը կ’ապրի իր հայրենի հողին վրայ, կը շնչէ անոր օդը եւ կը խմէ անոր ջուրը, մինչ սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Սփիւռքի հայը տասնամեակներ շարունակ ըլլալու եւ չըլլալու երկընտրանքին դիմաց էր, եւ ընտրեց հա՛յ ըլլալ: Հայ մնալու համար մեր կեանքը վերածեցինք պայքարի: Այսօր սփիւռքը, որեւէ ժամանակէ աւելի, ընելիք ունի, քան՝ ըսելիք: Ըսելիքներով մեր կեանքը չլեցնենք, այլ՝ ընելիքներով լեցնենք, հարստացնենք ու արժեւորենք: Ա՛յս կը պահանջուի մեր ժողովուրդէն եւ այս առումով սփիւռքին դերը էական է: Հայաստանի փրկութեան ու վերականգնումին մէջ սփիւռքին դերը ես կը նկատեմ առաջնահերթ: Այս պատճառով, մենք, որպէս Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, սկսանք սփիւռքի վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի գործընթացին, քանի որ Հայաստանի հզօրացումը պայմանաւորուած է սփիւռքի հզօրացումով: Ահաւասիկ մեր դիմաց կանգնող հսկայ մարտահրաւէրը»:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ:

Հանդիսաւոր յայտագիրէն ետք, Թորոնթոյի մէջ գործող համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները սեղանակից դարձան Վեհափառ հայրապետին։ Այս առիթով անոնք զեկուցեցին իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուցին յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, դարձեալ շեշտեց մեր կառոյցները վերակենսաւորելու հրամայականը:


«Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակը 1700 տարիներ ետք կը պահէ իր կարեւորոթիւնն ու այժմէականութիւնը»․ Արամ Ա.

Կազմակերպութեամբ Թինտեյլ համալսարանի եւ Գանատայի Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարանին՝ Նիկիոյ տիեզերական Ա. ժողովի (325) 1700-ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիսութիւն մը, յիշեալ համալսարանի սրահին մէջ: Հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էին համալսարանի դասախօսներն ու ուսանողները:

Թինտեյլ համալսարանի նախագահ դոկտ. Մարճորի Քըռը ողջունեց Վեհափառ հայրապետը եւ իր բացման խօսքին մէջ յիշեց առաջին հանդիպումը, որ ունեցած էր Նորին սրբութեան հետ երկու տարի առաջ, երբ ան Թորոնթոյի համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տուած էր, յունիս 2023-ին: Համալսարանի բարձրագոյն ուսմանց տեսուչ դոկտ. Մայքըլ Քրաուս Նիկիոյ տիեզերական ժողովին նուիրուած երկխօսութեան եւ քննարկման հանդիսավարն էր։

Ապա, համալսարանի շրջանաւարտ՝ թորոնթոհայ Տարօն սարկաւագ Հալլաճեան ներկայացուց Նորին սրբութիւնը, մասնաւորաբար լուսարձակի տակ առնելով անոր միջեկեղեցական շարժումին մէջ ունեցած տասնամեակներու վաստակն ու կարեւոր դերակատարութիւնը: Վեհափառ հայրապետին դասախօսութենէն առաջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դասախօսութեան ներկայ բոլոր օտար եկեղեցականները, իսկ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ յայտնելով Նիկիոյ տիեզերական Ա. ժողովին կարեւորութիւնը՝ շեշտեց, թէ այս ժողովը իր հաւատոյ հանգանակով եւ եկեղեցւոյ կանոնական կեանքին առնչուած որոշումներով յատուկ տեղ կը գրաւէ համաքրիստոնէական կեանքին մէջ, ինչպէս երէկ, նաեւ՝ այսօր: Ապա, անդրադառնալով յատկապէս Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին՝ Հայրապետը վերլուծեց անոր առանցքային կարեւորութիւնը՝ որպէս աղբիւր քրիստոնէական միութեան, քրիստոնէական հաւատքի ուղղափառութեան եւ եկեղեցւոյ կանոնական հիմնական սկզբունքներուն: Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Վեհափառ հայրապետը շեշտեց վերաքննութեան ենթարկելու Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին հիմնական սկզբունքները՝ ներկայ ժամանակներու աստուածաբանական նոր մտածողութիւններու լոյսին տակ, մէկ կողմէ նշելով հասարակաց յայտարարները, եւ միւս կողմէ՝ տարբերութիւնները, բնականաբար ընդգծելով Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակին հիմնական ուղղութեան հաւատարիմ մնալու հրամայականը:

Դասախօսութեան աւարտին քննարկում տեղի ունեցաւ համալսարանի դասախօսներուն կողմէ: Այս ծիրէն ներս, Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ կատարեց անհրաժեշտ մեկնաբանութիւններ եւ տուաւ լուսաբանութիւններ կարգ մը խնդիրներու շուրջ:

Յայտնենք, որ դասախօսութենէն առաջ դասախօսներուն հետ կայացաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Նորին սրբութիւնը իր տեսակէտները յայտնեց համալսարանէն ներս դասաւանդուելիք հայ եկեղեցւոյ պատմութեան յատուկ դասընթացքին գծով:


Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Մարկ Քարնիի հետ

Երեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Գանատայի վարչապետ Մարկ Քարնիի կողմէ եւ շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպումը կայացաւ իր ու վարչապետին միջեւ՝ մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը ընդգրկեց հետեւեալ մարզերը. Լիբանան, Սուրիա, Միջին Արեւելք, Հայաստան, Պաղեստին ու Կազա: Յիշեալ մարզերուն առնչուած Վեհափառ հայրապետը պարզեց իր մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները՝ ընդառաջելով վարչապետին փափաքին:

լուսանկարը տրամադրած է Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Նորին սրբութեան կողմէ յատուկ կերպով արծարծուեցաւ Արցախի ու Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրէն կերպով բանտարկուած Արցախի ղեկավարութեան հարցը: Վեհափառ հայրապետը առաջարկեց Գանատայի վարչապետին, որ յատուկ աշխատանք տանի քաղաքական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի ու ինքնիշխանութեան իրաւունքի վերահաստատման եւ Արցախի կրօնական-մշակութային կոթողներու պահպանման գծով:

Յիշեալ հանդիպումին Վեհափառ հայրապետի կողքին ներկայ էին Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան, Գանատայի հայ դատի գրասենեակի ատենապետ Խորէն Տիմիթեան, Հայ դատի համահայկական յանձնախումբի եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւոր Ռաֆֆի Տօնապետեան, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ տեղական Հայ դատի մարմիններու ներկայացուցիչներ: ֎

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Խաչբառ (թիւ #220)

Next
Next

Յոյսի ճրագներ. Տիրուկին հետ