Յոյսի ճրագներ. Տիրուկին հետ

Երկու օր առաջ գրելիք հարցազրոյցներս ու թղթակցութիւններս կարգի դրի եւ անոնց վերջին սրբագրութիւնը ընելէ առաջ հեռաձայնս ձեռքս առի՝ կարճ դադար մը առնելու նպատակով եւ TikTok-ի աշխարհին պատուհանը բացի։ Հոն ներկայացուած անիմաստ նիւթերու կողքին, երբեմն այնպիսի հետաքրքրական եւ հրապուրիչ տեսանիւթերու կը հանդիպիս եւ կամ ականատես կը դառնաս, իսկական կեանքէն առնուած պատմութիւններու, որոնք մտածելու առիթ կու տան՝ յատկապէս ինծի՝ նիւթեր քաղելու ու զանոնք ընթերցողներուս ներկայացնելու։

Ահաւասիկ այդ պարզ, բայց եւ այնպէս շա՜տ խորիմաստ տեսերիզներէն մէկը, որ օրեր շարունակ մտքէս չելաւ։ Հարաւային Ամերիկայի հնամեայ քարապատ կամուրջներէն մէկուն վրայէն անցնող լամաներուն ճամբան փակուած էր մէկ պարանի պատճառով, որ կ’երկարէր մէկ պատէն միւսը։ Լամաները իրենց բնազդով սկսան միջոցներ որոնել՝ ճամբան շարունակելու։ Երկուքը կամուրջին երկու կողմերուն՝ լայնքին փռուած քարերուն վրայէն անցան, ուրիշ մը պարանին տակէն սահեցաւ եւ անոր հետեւեցաւ ամենէն փոքրիկը։ Մէկը պարանին վրայէն անցաւ ու մնացին երկուքը, որոնցմէ մէկը դունչով բռնեց պարանը, մէկ կողմ ճպռեց եւ ճամբան բացաւ ո՛չ միայն իր՝ այլեւ վերջին հասնող լամային համար։ Այսպէս, առանց բանականութեան ապրող այդ կենդանիները, իրենց ճամբան շարունակելու նպատակով՝ երբեմն բախտի բերումով, երբեմն ալ հնարքով յաջողեցան արգելքները վերացնել։

Բնազդով ապրող կենդանիներուն հակառակ՝ բանականութեամբ օժտուած մարդը ո՛չ միայն իր դէմ դրուած արգելքները վերացնելու կարողութիւնը ունի, այլ՝ այդ արգելքներուն պատճառը, դրդապատճառը, զանոնք ստեղծող պայմաններն ու անձերը ճանչնալու եւ զանոնք վերացնելու հնարքը ունի, բայց եւ այնպէս, երբեմն, ձեռնածալ նստիլ կը նախընտրէ, եւ կամ լռելեան կ’անցնի նեղութիւններու դժոխային ճամբայէն, երբ ստեղծուած դժնդակ պարագաներուն եւ սարսափելի իրավիճակին լուծումը իր ուժերէն վեր չէ։ Եւ կան այնպիսիները, որոնք սխրագործութիւններով՝ թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց յաջորդողներուն ճամբայէն ո՛չ միայն քարը կը վանեն, այլ՝ հսկայ ժայռերն անգամ կը փոշիացնեն։

Այս ամէնը մտածած ու թուղթին յանձնած պահուս յիշեցի քանի մը օր առաջուան առիթը։ Թորոնթոյի կեդրոնի ամենամեծ սրահներէն մէկուն մէջ ընտանիքով ներկայ գտնուեցանք մանչիս աւարտական հանդիսութեանը։ Հարիւրաւոր երիտասարդներ՝ աշխարհի չորս կողմերէն Գանատա հասած ընտանիքներու զաւակներ, լուսապսակ ճակատներով բեմ բարձրացան՝ վկայականներ ստանալու։ Աշխարհի մէջ տիրող պատերազմներու, անարդարութիւններու, մահուան հրէշին դէմ պայքարող, օրապահիկ ապահովելու դժուարութեան մէջ ապրող այդ ընտանիքները, ճի՛շտ լամաներուն նման, արգելքներով լի ճամբաներէն անցած էին, բայց իրենց հզօր կամքով եւ մարդ արարածին շնորհուած բանականութեամբ ու կամքի ուժով՝ կրցած էին հասնիլ իրաւունքներ պաշտպանող երկիր մը՝ Գանատա։ Այդ պայծառ սրահին մէջ, կարմիր շրջազգեստ հագած իրենց զաւակներուն անունը լսելով, հայցած ապագայի շողշողուն տեսլականը աչքերուն առջեւ ունենալով, կը ծափահարէին, կը գոռային ու կը հրճուէին, որովհետեւ այս հսկայ ու ապահով երկինքին տակ իրենց զաւակները աստղեր դառնալու ուղիին վրայ էին։

Երբ սրահին մէջ հնչեց միակ հայ ուսանողին անունը, եւ զաւակիս բեմ բարձրանալը տեսայ, մտքիս մէջ հնչեցին տարիներ առաջ իրեն եւ հայ սերունդներուն նուիրած «Խնդա՛, անցի՛ր» բանաստեղծութեանս վերջին տողերը.

Տատասկ ու փուշ շուրջդ պատած
Արգելք կ’ըլլան քու քայլերուդ,
Տե՛ս, աչքդ արցունք չթափես,
Օ՛ն, քայլ առաջ… ել ու քալէ՛։

Դուն թոռնիկն ես ուժեղ Հայկին,
Եւ պէտք է միշտ յաղթես Բէլին,
Յիշես երկիրդ՝ Հայաստան,
Եւ հողերդ՝ պապենական…

Յիշես զԱստուած, որ քեզ ղրկեց
Եւ խնդալու ուժ պարգեւեց,
Դուն՝ կենսուրախ, առոյգ ու ժիր,
Այդ բոլորին խնդա՛, անցի՛ր։

Մանչիս դէմքին գծուած ժպիտը, ապա՝ հոն շողշողացող խնդուքին մէջ մեր յաջողութեան արդար յաղթանակը արտացոլաց ու խաղաղեցաւ սիրտս։

Յաղթանա՛կ։ Այսօր մեր այս յաղթանակը սրտանց կը նուիրեմ բոլոր այն հայ ընտանիքներուն, որոնք լապտերով անցուցած են խաւարը, քարաժայռերու մէջէն անցնելով՝ կերտած են ճամբան եւ իրենց զաւակներուն աչքերուն մէջ պահած են հայրենիքէն բերած անմար ճրագը։

Կը հաւատամ, որ բոլորս հաւաքաբար պիտի կերտենք այն ապագան, ուր մեր զաւակները պիտի ըլլան ո՛չ միայն աստղեր մեր կեանքի լուսաւոր օթեւան Գանատայի երկինքին տակ, այլ՝ անմար լոյսեր հայութեան երկնակամարին վրայ։ Անոնք պիտի վերականգնեն անցեալէն եկող մեր տեսլականը ու ծովէ-ծով Հայաստանը տեսնելու պիտի արժանացնեն մեր գալիք սերունդները։ ֎


Այս սիւնակը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյ. 2025 (#219) թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Թորոնթօն մեծ շուքով տօնեց Արամ Ա. վեհափառի գահակալութեան 30-ամեակը

Next
Next

«Համատեղ ջանքերով մենք կրնանք յոյս եւ կայունութիւն բերել», ըսաւ «Լորիկ» հիմնադրամի նախագահը Թորոնթոյի մէջ