«Համատեղ ջանքերով մենք կրնանք յոյս եւ կայունութիւն բերել», ըսաւ «Լորիկ» հիմնադրամի նախագահը Թորոնթոյի մէջ
«Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամը իր հնգամեայ գործունէութեան ընթացքին միշտ եղած է արցախահայութեան կողքին։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախ հաստատուած ամերիկահայ հայրենադարձ Շանթ Չարշաֆճեանի կողմէ հիմնուած «Լորիկ»-ը Արցախի մէջ իրականացուցած է բազմազան ընկերային եւ մշակութային ծրագիրներ։
Արցախահայութեան բռնի տեղահանութենէն ետք հիմնադրամը իր բարեսիրական աշխատանքը կը շարունակէ ծաւալել Հայաստանի մէջ՝ նպաստելով արցախահայութեան հայրենիքի մէջ հաստատուելու ջանքերուն։
Վերջերս Շանթը տասնօրեայ այցով եղաւ Գանատա՝ տեղահանուած արցախցի ընտանիքներուն շարունակական աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Մոնթրէալի, Գեմպրիճի եւ Թորոնթոյի համայնքներուն եւ եկեղեցական առաջնորդներու հետ, խօսեցաւ Արցախի ժողովուրդին, պատմութեան եւ դիմադրողականութեան մասին` հիմնուելով 2020 թուականէն մինչեւ սեպտեմբեր 2023-ի բռնի տեղահանումը՝ Արցախ ապրելու իր անձնական փորձին վրայ: Իր հանդիպումներու ընթացքին ան ծանօթացուց հիմնադրամին նպատակներն ու կարեւորութիւնը՝ խրախուսելով գանատահայութեան մասնակցութիւնը հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն:
Չարշաֆճեան Թորոնթօ այցելութեան ժամանակ հանդիպումներ ունեցաւ Թորոնթոյի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) «Սիմոն Զաւարեան» եւ պատանեկան միութեան (ԳՊՄ) «Ռոստոմ» եւ «Քրիստափոր» մասնաճիւղերու ընկերներուն հետ, զեկոյցով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 7-12-րդ դասարաններու աշակերտներուն առջեւ՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի:
Ան դրուատեց համայնքին մէջ ծնած ու մեծցած երիտասարդ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ անոր ղեկավարած ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ դպրոցը, որ կը տրամադրէ հայկական բացառիկ կրթութիւն, որ հիմնուած է ազգային արժէքներու եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան վրայ: «Մեր միասնութիւնը որպէս հայեր կը գերազանցէ սահմանները», ըսաւ Չարշաֆճեան, աւելցնելով, որ «կարեկցանքի, կրթութեան եւ համատեղ ջանքերով մենք կրնանք յոյս եւ կայունութիւն բերել Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն»։
ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի Աշակերտական մարդասիրական խորհուրդը վերջին երկու տարիներուն աւելի քան երեք հազար գանատական տոլար նուիրած է` Արցախի մէջ «Լորիկ» հիմնադրամի իրականացուցած նախաձեռնութիւններուն աջակցելու համար:
«Լորիկ» հիմնադրամը Հայաստանի մէջ ունի գործունէութեան քանի մը ուղղութիւններ․ առաջինը եւ գլխաւորը՝ տեղահանուած արցախցիները բնակարաններով ապահովելն է։ Աւելի քան տասը ընտանիք հիմնադրամին միջոցներով արդէն ունի իր տունը Հայաստանի տարբեր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ։ Բնակարաններ, տուներ ձեռք բերելը կ’իրականացուի երկու ձեւով:
Տուն տրամադրելու գլխաւոր նախապայմանը` տասը տարի այդ բնակարանին մէջ ապրիլն է, որմէ ետք միայն բնակարանը կամ տունը կ'անուանափոխուի տանտիրոջ անունով: Ասոր նպատակը արտագաղթի դէմ պայքարիլն է, որպէսզի արցախցի ընտանիքները մնան հայրենիքի մէջ:
Իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ Շանթը կը նշէ, որ հիմնադրամը կը ֆինանսաւորէ նաեւ բնակարաններու վերանորոգման աշխատանքները, որպէսզի իրարու մօտ գտնուող արցախցիները մնան նոյն համայնքին մէջ՝ պահպանելով իրենց բարբառն ու նպաստելով փոքրիկ համայնքներու ստեղծմանը։
Հիմնադրամի նախաձեռնութիւններէն է «Արցախն ապրում է» դրամաշնորհային ծրագիրը, որուն նպատակն է Արցախի մշակոյթի, բարբառի, բանահիւսութեան, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած նախագիծերուն աջակցիլը: «Լորիկ»-ը կը ֆինանսաւորէ նաեւ «Ծիլ» տիկնիկային արուեստանոցը, որ Գիւմրիի մէջ աւելի քան հարիւր մանուկներու անվճար դասընթացներ կը կազմակերպէ ամբողջ տարուան ընթացին՝ խթանելով ստեղծագործականութիւնը եւ ապահովելով անվտանգ ու հաճելի ուսումնական տարածք:
«Լորիկ» մարդասիրական հիմնադրամը կը շարունակէ նուիրուած մնալ տեղահանուած հայ ընտանիքներուն համար մարդասիրական օգնութիւն, կարելիութիւններ եւ երկարաժամկէտ վերականգնման ծրագիրներ տրամադրելու իր առաքելութեան։
Շանթ Չարշաֆճեանը կը ներկայացնէ հայրենադարձ հայու տիպար օրինակներէն մէկը։ Ան իր ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Արցախ ամենադժուարին ժամանակաշրջանին, լաւապէս ճանցաւ արցախահայութեան իւրայատկութիւնները, կանգնեցաւ անոր կողքին, կիսեց անոր ցաւն ու դժուարութիւնները, ձեռք մեկնեց եւ կը շարունակէ մեկնել կարիքաւորներուն, զոհուածներու ընտանքիներուն։ Ան պարբերաբար բոլոր հնարաւոր եւ անհնար ձեւերով դրամահաւաքներ կը կազմակերպէ՝ շարունակելու հիմնադրամի բարեսիրական ծրագիրները՝ հաւատալով, որ օր մը արցախախահայութիւնը անկասկած պիտի վերադառնայ իր հայրենի բնօրրանը: ֎
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյ. 2025 (#219) թիւին մէջ: