Թորոնթոհայ գործարարը ելեկտրական փոխակերպիչ կը նուիրէ Արցախցի ընտանիքներուն
«ԹՈՐՈՆՈԹՈՀԱՅ»—Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու համար Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի կողմէ կառուցուող Սվարանց գիւղի նոր թաղամասը օժտուեցաւ նոր ելեկտրական փոխակերպիչով (transformer) մը՝ Երեւանի «Ռեքս տրանսֆորմրս» ընկերութեան նուէրին շնորհիւ:
Թուֆենկեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Ե՛կ Սվարանց» ծրագիրի շնորհիւ՝ Սիւնիքի մարզի Տաթեւ համայնքի Սվարանց գիղին մէջ կը կառուցուին քսան տուներ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու համար՝ նպաստելով նաեւ գիւղի ընկերատնտեսական եւ ենթակառուցուածքային զարգացումին:
Լուսանկարը տրամադրած է Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամը:
Հայաստանեան «Ռեքս տրանսֆորմրս» ընկերութիւնը փոխակերպիչը նուիրաբերած է կառուցուող թաղամասին, որ շուտով պիտի ընդունի իր առաջին բնակիչները: «Մեր հայրենակիցներուն ամբողջ կեանքերը իրենց աչքերուն առչեւ քանդուեցան: «Ե՛կ Սվարանց»-ի նման ծրագիրները առիթը կ’ընծայեն, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր բաժինը բերէ, իր «քարը» դնէ, որ անոնց կեանքերը կրկին կառուցուին: Ինչ որ կ’ընենք, մեր փոքր բաժինն է», կ’ըսէ ընկերութեան գործադիր տնօրէն՝ թորոնթոհայ Ռաֆֆի Հասըրճեան:
Ըստ Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան, երկու-հարիւր յիսուն կՎԱ հզօրութեամբ փոխակերպիչը ամբողջութեամբ պիտի ապահովէ նոր թաղամասի ելեկտրական մատակարարումը։
Հաղորդագրութեան մէջ հիմնադրամը նաեւ իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ընկերութեան՝ նուիրատուութեան եւ գիւղի ենթակառուցուածքի զարգացման գործին ցուցաբերած աջակցութեան համար: ֎
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի նոյ. 2025 (#219) թիւին մէջ: