«Սիրոյ ու երջանկութեան յուզմունքներով կը հեռանամ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մեր ծուխէն». հայր Վարդան ծվ․ Թաշճեան
Հայր Վարդան ծվ․ Թաշճեան սիրոյ եւ յուզումի զգացումներով կը հեռանայ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ (St. Mary Armenian Apostolic Church) ծուխէն, որուն վերջին հինգ տարիները ծառայեց, որպէս հոգեւոր հովիւ։ Տարիներու ծառայութեան ընթացքին գաղութի զաւակներուն հետ ստեղծուեցաւ սիրոյ, փոխադարձ յանգանքի վրայ հիմնուած յայաբերութիւն մը, որ օգնեց յաղթահարելու բազում դժուարութիւններ։
Ծայրագոյն վարդապետը հնգամեայ ծառայութեան, իր տպաւորութիւններուն եւ փորձառութեան մասին կը ներկայացնէ՝ պատասխանելով «Թորոնթոհայ»-ի հարցումներուն։
***
Սալբի Սաղտըճեան- Աստուած օգնական, Հայր սուրբ, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին հայց. առաք. եկեղեցւոյ մօտ հինգ տարուան հոգեւոր հովիւի ձեր ծառայութիւնը աւարտեցիք։ Կը ներկայացնէ՞ք՝ ինչպէ՞ս ընթացաւ ձեր ծառայութեան տարիները։
Հայր Վարդան ծվ․ Թաշճեան- Նախ շնորհակալութիւն ձեր հրաւէրին եւ ազգաշէն աշխատանքներուն համար։
Իմ եւ մեր, կարելի է ըսել, հնգամեայ ծառայութիւնը Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ներս շատ հեզասահ, գործնական եւ մանաւանդ մեծ ընտանիքի մը միասնական ճիգերու համագործակցութեան դրուածքը ունեցաւ։
Մասնիկ ու մասնակից դառնալով այս եկեղեցւոյ ընտանիքին, բոլորս միասին աշխատեցանք, կեանքի բերած լաւով ու ցաւով, վերիվայրումներով, թագժահրի եւ անկէ ետք թողած ընկերա-բարոյական փոփոխութիւններով, ապրելաոճով, Արցախեան պատերազմի, հայորդի մեր զինուորագրեալ զաւակներուն եւ հողատարածքներուն կորուստով յուզախառն, վերականգնումի հոգեպայքար մըն էր բոլորիս համար՝ ըլլայ Թորոնթօ, թէ այլուր։ Այս բոլորը յիշեցի, որպէսզի ուրախութեամբ վկայեմ, որ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին այս բոլորին մէջ եւ այս բոլորէն դուրս յարուցեալ եւ յաղթական դուրս եկաւ՝ շնորհիւ մեր աղօթական կեանքին, անթոյլ աշխատանքին եւ մաքառող կամքին։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ ինք կ’ըսէ Տիմոթէոսի նամակին մէջ. «Բարի պատերազմս պատերազմեցայ, ընթացքս կատարեցի եւ հաւատքս պահեցի»։
ՍՍ- Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններով կը հեռանաք Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ձեր ծուխէն։
ՀՎԹ-Վստահ որ իւրաքանչիւր հովիւ, մեր պարագային որպէս ուխտեալ միաբաններ, տեղաշրջիկ առաքելութեան լծուած ենք։ Մեր ծառայութեան եւ առաքելութեան դրութիւնն է այս։ Շատ բնական երեւոյթ է, որ տարիները ընկերային մեր շփումներուն խորք, համ, իմաստ եւ բարեկամական սիրոյ ու փոխադարձ յարգանքի հոգեկան ու զգացական ապրումներու ծնունդ տան։ Ես անմասն չեմ այս բոլորէն։ Հոգեւոր հովիւի աշխատելաոճի հոգեբանութիւնը կարելի չէ ու պէտք չէ գործարանի մը մէջ պարտականութիւն մը կատարելու մարդամեքենայական աշխատանքի վերածել։ Գաղութը մեծ ընտանիք է։ Զիս հայր կոչեցին, եւ իսկապէս հասկցայ, որ բոլոր պարագաներուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները հօր մը անյիշաչար, ներողամիտ ու համբերատար եւ մանաւանդ Քրիստոսատիպ սիրով պէտք է սիրել։ Եւ ես նոյն սիրոյ ու երջանկութեան յուզմունքներով է, որ կը հեռանամ մեր ծուխէն ու հաւատացեալ ժողովուրդէն։
ՍՍ- Ձեր ծառայութեան ընթացքին ինչպիսի՞ ծրագիրներ կրցաք իրականացնել։
ՀՎԹ- Չափազանցած չեմ ըլլար երբ ըսեմ, որ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցին իր բոլոր առտնին յանձնախումբերու իրարընդմէջ ընդելուզուած աշխատանքներով, կատարելապէս ինքնաբաւ եւ յարաճուն եկեղեցի է։ Իր ծիսական արարողութիւններով, Սուրբ գրային սերտողութիւններով, երկու՝ «Մեղրիկ Բարիքեան» եւ «Զարեհ Ազնաւորեան» երգչախումբերով, դպրաց ու սարկաւագաց անդամներուն կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ արարողութեանց բազմաթիւ մասնակցութեամբ, տիկնաց, եկեղեցւոյ ժամկոչներուն, կիրակնօրեայ բազմանդամ աշակերտներուն, հոգաբարձական կազմին եւ ազգային երեսփոխաններուն, մէկ խօսքով՝ բոլորին ամբողջանուէր ծառայութեամբ, կատարեցինք բազմապիսի ազգային, երբեմն մշակութային եւ մանաւանդ հոգեւոր ծառայութիւն։ Պէտք է միշտ յիշեցնել ու կարեւորել, որ Եկեղեցին ծրագիր չունի, եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Աստուածադիր հաւատամք ունի եւ անոր վարդապետութիւնը մէկ է, իւրաքանչիւր մարդու հոգին սնուցանել հաւատքով, յոյսով ու սիրով եւ մանաւանդ այս բոլորը ապրելակերպի վերածել, մնացեալ աշխատանքները առարկան, գործիքն ու նիւթեղէնն են, այսինքն՝ երգչախումբ, պատարագ, ժամերգութիւն ինքնանպատակ ու մեքենայական արարողակարգեր չեն, այլ՝ տեսանելի պատկերը հոգեւորապէս նսեմացած մեր ապրումներուն ու մտածելակերպին։
ՍՍ- Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէք Գանատայի մէջ։ Կ’անդրադառնա՞ք գանատահայութեան եւ ի մասնաւորի թորոնթոհայութեան հետ ձեր փորձառութեան մասին։
ՀՎԹ- Սփիւռքի մէջ հայ մնալը ամէնօրեայ պայքար է։ Հայ ըլլալ կը նշանակէ բազմատեսակ, բազմաշերտ ու բազմակենցաղ միատեղ արտայայտութեանց մէջ՝ յարգելով ամբոխինը, մերը պահել ամփոփոխ։ Գանատահայը այս մարտահրաւէրին ենթակայ է ամէն օր։ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը մեր նուիրապետական Սուրբ Աթոռները՝ Էջմիածին, Պոլիս եւ Երուսաղէմ, հոգեմտաւոր սնունդ կը մատակարարեն ամէն օր ու ամէն տեղ, իսկ մեր մեծ սփիւռքի ազգային ու ազգամէտ միութիւնները, իրենց խոնարհ ղեկավարներով ու բազմահազար անձնուրաց ծառաներով, ձեռք-ձեռքի տուած կը փորձեն մեր նորածիլ սերունդներուն սիրեցնել ինչ որ հայկականն է, ինչ որ մերն է՝ իւրայատուկը մեր ազգին։ Ես այս բոլորը տեսայ եւ անձնապէս շատ բան սորվեցայ։ Մեր ժողովուրդը քաղցր է ու ծառայասէր։ Ես կ’ուզէի մեր ժողովուրդը նմանցնել ծովի մը, որ գիտէ երբեմն իր ալիքները փշրել օտարերկրեայ ծովեզերքներու վրայ, սակայն անգամ մը եւս՝ ինքնահրապոյր տեղատուութեամբ մը, ետ քաշել իր փէշերը ու վերադառնալ իր ինքնութեանը։
ՍՍ- Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունի հայր Վարդան ծվ․ Թաշճեանը։
ՀՎԹ- Կամօքն Աստուծոյ, մեր Վեհափառ հօր՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Գանատայի առաջնորդ գերաշնորհ տէր Բաբգէն արք․ Չարեանի տնօրինութեամբ՝ պիտի ուղղուիմ Վանգուվըր՝ ծառայութիւնս շարունակելու որպէս հոգեւոր հովիւ այդտեղ գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Կ’աղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ ինծի շնորհէ մեր ժողովուրդին ծառայելու ուժը, կատարելու համար իր կամքը, որպէսզի մարմնացեալ Քրիստոսի օրինակով եւ իր մարդասիրական ուսուցումներուն անշեղ կիրառումով դրսեւորեմ հաւատքս։ Շնորհակալութիւն եւ Տէրը եղիցի ընդ ձեզ։֍
***
Այս զրոյցը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի հոկտ. 2024 թիւին մէջ: