«ՀՕՄ-ի օր»-ուան ընթացքին պիտի նշուի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 62-ամեակը
Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկներու շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւէ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան նուիրուած տօնակատարութիւնը, որուն ընդմէջէն ՀՕՄ-ի ընկերուհիները կը ցոլացնեն իրենց նուիրումը, կ’արժեւորեն ու կը գնահատեն համակիրներուն նուիրուածութիւնը եւ թորոնթոհայութեան կը հաղորդեն միութեան իրագործումներն ու ապագայի ծրագիրները:
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի 62-ամեակն է այս տարի։ Այս առթիւ հարցազրոյց մը գոյացուցինք «ՀՕՄ-ի օր»-ուան յանձնախումբի համաատենապետներ Նաթալի Մանուկեանի եւ Արշօ Փիլաւճեանի, ինչպէս նաեւ ատենադպիր Լուսին Թէճիրեանի հետ՝ քաջատեղեակ ըլլալու տօնակատարութեան հանգրուաններուն ու անոր մանրամասնութիւնները փոխանցելու մեր ընթերցողներուն։
***
Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- 14 նոյեմբեր 1963-ին, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ջանքերով կը վերակազմուի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը: Պատմական ակնարկով մը կարելի՞ է ծանօթանալ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վերակազմութեան եւ անուանման մասին։
Նաթալի Մանուկեան- Այո՛, ինչպէս որ նշեցիք, վաթսուներկու տարիներ առաջ, Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սեդա Թէրզեանի ներկայութեամբ, տեղի կ’ունենայ առաջին ժողովը։ Ընկերուհիներ Ազնիւ եւ Կասիա Ապաճեաններու բնակարանին մէջ կը կազմուի մասնաճիւղիս անդրանիկ վարչութիւնը, որ կը բաղկանար հետեւեալ ընկերուհիներէն՝ Գոլոլեան Արմէնուհի, Ապաճեան Ազնիւ, Ապաճեան Կասիա, Գույումճեան Եպրաքսէ, Արթինեան Նանիկ-Սոնա, Մանուկեան Հայկուհի եւ Նալպանտեան Արուսեակ։
1977-ին, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղը իր վերակազմութեան 14-ամեակին առթիւ կ’անուանակոչուի «Ռուբինա»՝ ի յիշատակ ազգային հերոս Ռուբինա Օհանջանեանի:
ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն հաւատարիմ կը մնայ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանին եւ թեւ ու թիկունք կը կանգնի Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայ ազգի կարիքաւոր զաւակներուն։
ՏՄԿ- «ՀՕՄ- ի օր»-ուան 62-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը սկսած է ուրուագծուիլ: Այս առիթով գոյացած յանձնախումբի անդամ ՀՕՄ-ուհիները ի՞նչ աշխատանքներ կը տանին: Ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկը եւ ինչպիսի՞ հունով պիտի ընթանայ։
Արշօ Փիլաւճեան- «Ռուբինա» մասնաճիւղի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մէկը կը համարուի «ՀՕՄ-ի օր»-ը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ին, յետմիջօրէին ժամը 2-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս։ Ձեռնարկը պիտի ունենայ իր յատուկ պատգամաբերը` ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Արուսեակ Մելքոնեանը, ինչպէս նաեւ ներկայ պիտի ըլլան պաշտօնական հիւրեր։ Ատենապետ ընկհ. Անի Հոթոյեան-Ժոլի պիտի ներկայացնէ մասնաճիւղիս միամեայ գործունէութեան եւ նիւթական յատկացումներու հաշուետուութիւնը։
«ՀՕՄ-ի օր»-ը առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու մասնաճիւղիս՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցող համակիրներուն: Այս առիթով մենք՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներս, մեր վարչական կապի՝ ընկերուհի Արաքսի Փիլաւճեանի ներկայութեամբ, ժողովներու ընթացքին ծրագրած եւ իրագործած ենք ձեռնարկին վերաբերող իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, որովհետեւ սոյն ձեռնարկը, մասնաճիւղային մակարդակով, միութեանս ներքին եւ արտաքին հայելին կը հանդիսանայ թորոնթոհայ գաղութէն ներս:
ՏՄԿ- 2025 թուականը բարեբաստիկ տարի մըն է, որ կը զուգադիպի ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին, միեւնույն ժամանակ ՀՕՄ-ի Գանատայի հիմնադրման 35-ամեակին։ Սոյն առիթները նկատի առնելով ի՞նչ անակնկալ կամ նորութիւններ պիտի ակնկալեն ներկաները տօնակատարութեան ընթացքին։
Լուսին Թէճիրեան- Տօնակատարութիւնը պիտի նշուի մեծ շուքով, պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրով եւ յատուկ ճաշկերոյթի բնոյթով։ Տոմսերը ստանալու համար կրնաք դիմել մեր ատենապետուհիներուն։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «ՀՕՄ-ի օր»-ուան առթիւ ՀՕՄ-ի զարդասեղով կը գնահատուին՝ տասնհինգ, քսանհինգ եւ երեսունհինգ տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները: ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան գնահատագիրը եւ շրջանային վարչութեան զարդասեղը կը ստանան յիսուն տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները, իսկ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան գնահատագիրը կը ստանան վաթսուն տարիներու ծառայութիւն ունեցող ընկերուհիները։ Այս առիթով նաեւ կը տրուին համալսարանական մրցանակ-կրթաթոշակները եւ երիտասարդ կամաւորի մրցանակը։
Յատուկ գնահատագիրով կը պատուուին ՀՕՄ-ի վաստակաւոր ընկերուհիներ եւ հայապահպանման աշխատանքին ծառայող գաղութի արժանաւոր անձնաւորութիւններ։ Մեծարեալներուն կը տրուի ՀՕՄ-ը արտացոլող յատուկ պատրաստուած գնահատագիր:
ՏՄԿ- Ընկերուհի Նաթալի, եկէ՛ք շատ հետաքրքրական աւանդոյթին՝ նորագրեալներու Արեւելումի երեկոյին մասին խօսինք։ Ո՞րն է այդ երեկոյին կարեւորութիւնը։
ՆՄ- ՀՕՄ-ը օրէ օր աւելի կը ծաղկի իր նորագրեալ անդամներով։ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան ձեռնարկէն առաջ եւ նախքան երդման արարողութիւնը, մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի կ’ունենայ նորագրեալներու Արեւելումի երեկոն (Orientation night)՝ ՀՕՄ-ի ընդհանուր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն ծանօթացման նպատակով (Կեդրոնական, Շրջանային, տեղական մասնաճիւղի), եւ իւրաքանչիւր նոր անդամի կը յանձնուի թղթածրար մը՝ նախքան երդում կատարելը։ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան ձեռնարկի ընթացքին նորագրեալները՝ նշանակուած կնքամօր ներկայութեամբ, կը կատարեն իրենց երդումը եւ կը դառնան ՀՕՄ-ուհիներ, իսկ ձեռնարկի աւարտին տեղի կ’ունենայ մոմավառութիւն, երբ մասնաճիւղիս երիցագոյն ընկերուհին մոմը կը վառէ եւ կը փոխանցէ մասնաճիւղիս կրտսերագոյն անդամին՝ ՀՕՄ-ի բոցավառ ջահը միշտ վառ պահելու եւ սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով։ Վաթսուներկուամեակի խորհրդանշական կարկանդակին հատումով վերջակէտ կը դրուի այդ օրուան հոգեպարար տօնակատարութեան։
ՏՄԿ- Ընկերուհի Արշօ՛, յիշեցիք թէ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արուսեակ Մելքոնեան պիտի ըլլայ այս տարուան պատգամաբերը, արդեօք կարելի՞ է ընկերուհիին բեղուն գործունէութեան մասին լուսաբանէք մեր ընթերցողները։
ԱՓ- Ընկերուհի Արուսեակ Մելքոնեան ճարտարապետ է։ Ծնած է Պաղտատ, Իրաք: Փոքր տարիքէն նուիրուած է միութենական կեանքին՝ սկսելով ՀՄԸՄ-էն, գործօն անդամ եւ վարչական եղած է Իրաքի հայ տիկնանց մշակութային միութեան, որ հոմանիշն է ՀՕՄ-ին, սակայն միութիւնը քաղաքական պատճառներով չէ կրցած պահել կապն ու անունը ՀՕՄ-ի հետ:
Ընկերուհի Արուսեակ, առաջնորդարանին հետ համագործակցելով, Պաղտատի հայ կիրակնօրեայ վարժարանին հիմնադիրներէն մէկը կը դառնայ եւ Հայոց պատմութիւն ու մշակոյթ կը դասաւանդէ հայ մանուկներուն:
Ընտանեօք կը տեղափոխուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քալիֆորնիա, 1992-ին։ Կը միանայ Հայ օգնութեան միութեան Սան Ֆէրնանտօ հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղին: 2009-ին կ’ընտրուի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութեան անդամ՝ ստանձնելով փոխատենապետի, ապա ատենապետութեան պաշտօնները:
Ներկայիս ան կը վարէ ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը, միաժամանակ շարունակելով մնալ B&B Associates Structural Engineering Firm ընկերութեան անդամ՝ հաւասարակշռելով մօր, մեծմօր եւ աշխատանքի միջեւ գոյացող իր դերերը: Ընկերուհի Արուսեակին կտրած ճանապարհը արդիւնքն է իր նուիրումին, տոկունութեան եւ իր ազգին հանդէպ տածած անսասան հաւատքի ուժին, որոնց շնորհիւ կը յարգուի ու կը սիրուի բոլորիս կողմէ։
Այսօր, մենք պատիւ կը զգանք բոլորիս ուժ տուող եւ աշխատանքի կորովով խրախուսող ընկերուհի Արուսեակը հրաւիրելով՝ «ՀՕՄ-ի օր»-ուան այս բերկրալի առիթին։
Անշուշտ անհամբեր կը սպասենք մեր գաղութի սիրելի անդամներուն, որպէսզի միասնաբար վայելենք եւ մասնակիցը դառնանք մեր 62-ամեակի ուրախալի տօնակատարութեան։ ֎
***
Այս զրոյցը լոյս տեսաւ «Թորոնթոհայ»-ի մարտ 2025 (#211) թիւին մէջ: