Ղարաբաղը կը կանչէ

լուսանկարը՝ Սարին Աւետիսեանի

Զարթիր, լա՛օ, Ղարաբաղը կը կանչէ

Հայոց ազգին որդիները օգնութեան,

Միանալու իր էութեան, իր Մեծ Տան՝

Հզօր կամքով մշտակենդան:

Արցախը ազատ ապրած է դարեր,

Պատմութիւն կերտած հայու արիւնով,

Պիտբ դառնայ ազատ կրկին պայքարով,

Պապենական սուրբ հաւատքով:

Ղարաբաղը շղթայուած է, ո՜վ հայեր,

Բռնապետի նենգութեամբը ոճրածին,

Կը տառապի կարօտովը դառնագին՝

Ազատութեան լուսաբացին:

Արցախեան ձայնը՝ անթեղուած կրակ,

Բոցավառած է սիրտը հայութեան,

Վերածուած է ոգին Արամեան՝

Գանձասարէն մեր սրբազան:

Իմ Արցախ սիրասուն,

Դո՛ւն սիրտն ես հայութեան,

Դո՛ւն երազ անթառամ,

Յաւերժական իմ Հայաստան:

25 օգոստոս 1989


Թորոնթոհայ բանաստեղծ Գրիգոր Հոթոյեանի «Ղարաբաղը կը կանչէ» (1989) վերահրատարակուած է վերջերս լոյս տեսած «Սրտաբուխ բանաստեղծութիւններ» հատորին մէջ:

Այսօր 2020-ի արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հինգերորդ տարելիցն է: 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանը՝ Թուրքիոյ աջակցութեամբ լայնածաւալ ռազմական յարձակում սկսաւ Արցախի շփման գիծի գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով՝ կիրառելով օդուժ, հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր, հրթիռակոծելով նաեւ խաղաղ բնակավայրերը։

Գրիգոր Հոթոյեան

Գրող, բանաստեղծ, արմատներով Սասունցի. եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ ու տնօրէն ազգային ամէնօրեայ, ամառնային ու կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ` Սուրիա ու Գանատա:

https://krikorhotoyan.ca/
Previous
Previous

Դէպի (հայութեան) աղբիւրը լոյսին. Տիրուկին հետ

Next
Next

Responding to challenges in the healthcare system in Armenia