Ս. Աստուածածին եկեղեցին 75 000 տոլար կը նուիրէ Երիտասարդական կեդրոնի ընդլայման աշխատանքին
«Թորոնթոհայ»- Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւքն ու հոգաբարձութիւնը, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով՝ Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայման շինարարական աշխատանքին կը նուիրեն 75 000 տոլար։
լուսանկարը տրամադրած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին
13 յունիս 2025-ի երեկոյեան, 8-րդ դասարանի աւարտական հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքին ընթացքին, Ս․ Աստուածածին կեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ տ․ Գարեգին ծվ․ Շխրտմեան յայտարարեց, որ որոշած են յանձնառութիւնը առնել, թէեւ քիչ մը դժուարութիւններով, բայց 75 000 տոլար գումար մը նուիրել դպրոցին, որպէսզի եկեղեցին ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով այս շատ կարեւոր առաքելութեան մասնակից ըլլայ։
Ան ժողովուրդին կոչ ըրաւ օրինակ վերցնելու եկեղեցիէն եւ ամէն մէկը իր կարելիութեան ներածին չափով մասնակից դառնալու այս առաքելութեան եւ ապահովելու այսօրուան աշակերտներուն զաւակներուն ուսման ճանապարհը։
Յիշեցնենք, որ Թորոնթոյի հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումին տեսլականը կեանքի կոչելու նպատակով` 9 միլիոն տոլար թիրախով հանգանակութեան ձեռնարկելու արշաւ մը սկսած է:
Այս ընդլայնումը առիթը պիտի ընծայէ աւելի լաւ ծառայելու եւ կապերը սերտացնելու մեր համայնքին հետ ու աճող երիտասարդութեա