Հայ կեդրոնը կը թեւակոխէ պատմական նոր հանգրուան մը
Օտար ափերու վրայ համայնքային կեանքի պայմաններ ստեղծելը եւ համայնքը գործունեայ պահելը կը պահանջէ անսակարկ նուիրում, յարատեւ աշխատանք եւ մեծ հաւատք՝ այդ գաղութի ապագային նկատմամբ։ Այդ տեսլականով առաջնորդուած ծնունդ կ’առնէ Թորոնթոյի հայ կեդրոնը, նախ 18 Dupont փողոցին վրայ, ապա, 1979-ին, կը փոխադրուի 45 Hallcrown Place։
Թիթիզեանները` հիմնարկէքի ձեռնարկին. ACC Beyond հանգանակային յանձնախումբի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան եւ Ճարտարապետական յանձնախումբի անդամ Արփի Թիթիզեան. լուսանկարը՝ Իշխան Ղազարեանի
Ժամանակի ընթացքին կեդրոնի տարածքը կ’ընդլայնուի, կը դառնայ իւրաքանչիւր թորոնթոհայու երկրորդ տունը, ուր անոնք կը տանի հայկական հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային, բարեսիրական, մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւն։
Հանգրուանային կերպով կառուցուած եւ օրուան պահանջները բաւարարած կեդրոնը ներկայիս կը գտնուի ընդլայնման նոր հանգրուանի մը առջեւ․ այս անգամուան նպատակը Հայ երիտասարդական կեդրոնին կից նոր մասնաշէնքի մը կառուցումն է, որ պիտի ամրապնդէ Հայ կեդրոնին դերը որպէս հայկական մշակոյթի, կրթութեան եւ համայնքային ներգրաւման առանցքային կեդրոնատեղի։
«Վերջին տասնամեակին գաղութը մեծցաւ եւ անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ նոր յարմարութիւններ ստեղծելու։ Այս ծրագիրով Հայ կեդրոնը բաւական կ’ընդլայնուի, որուն կարիքը շատ ունինք այսօր», կը նշէ ACC Beyond հանգանակային յանձնախումբի ատենապետ Ռազմիկ Թիթիզեան՝ «Թորոնթոհայ»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։
Ընդլայնման նախագիծը կ’ընդգրկէ երկու բաժին՝ հիւսիսային եւ արեւելեան։ Արեւելեան բաժինը բաղկացած պիտի ըլլայ երկյարկանի կառոյցէ մը՝ իր գետնայարկով (basement), առանձին մուտքով եւ վերելակով․ ընդհանուր` տասնվեց հազար քառ․ ոտնաչափ տարածք մը։ Մասնաշէնքը պիտի ունենայ համայնքային սրահ մը (community lounge), ուր երիտասարդները դասերէն ետք պիտի կարենան միասին ըլլալ, ծրագիրներու վրայ աշխատիլ, գործունէութիւններ ընել, պիտի ըլլայ նաեւ ռոպոթաշինութեան շքեղ գիտաշխատանոց (robotics lab) մը, որ յագեցած պիտի ըլլայ laser panel-ով, 3D printer-ով եւ արդիական այլ գործիքներով, որոնք կը շահագրգռեն նոր սերունդը։ Վարի յարկին վրայ պիտի կառուցուի ճաշարան մը՝ իր խոհանոցով (commercial kitchen), առաւել սենեակ մը, ուր միութիւնները պիտի օգտագործեն իրենց ժողովներուն, ձեռնարկներուն համար։
Ընդլայնման ծրագրին համար դեռ 2017-ին հայ համայնքը The Investing in Canada Infrastructure Program (ICIP)-էն շահած էր մօտաւորապէս 3,15 միլիոն տոլար դրամաշնորհ մը, որ բաւական մեծ օգնութիւն էր համայնքին երազը իրականացնելուն։ Թէեւ COVID-19 համաճարակի պատճառով ծրագրի գործադրութիւնը յապաղեցաւ, սակայն վերջին ժամանակաշրջանին յանձնախումբերը լծուած են բուռն աշխատանքի՝ կառուցման փուլը ազդարարելու համար։
Հանգանակային տասներկու հոգինոց յանձնախումբի անդամները բոլորը երիտասարդներ են, որոնք կամաւորապէս եւ աշխուժօրէն կ’աշխատին։ Յանձնախումբը 24 մարտին ազդարարեց հանգանակային արշաւին մեկնարկը։ ACC Beyond արշաւը կ'առաջարկէ հովանաւորութեան հնարաւորութիւններ, ներառեալ նոր ընդլայնման մէջ սենեակներու անուանակոչման առիթներ. հինգ հարիւր տոլարի եւ աւելի նուիրատուութիւնները պիտի ներկայացուին նուիրատուներու պատուոյ պատին վրայ, իսկ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներու՝ հարիւր տոլարէն աւելի նուիրատուութիւնները պիտի մեծարուին ուսանողական հանգստեան սրահին մէջ։ Ռազմիկ Թիթիզեան կը տեղեկացնէ, որ արդէն հաւաքուած է 1,7 միլիոն տոլար։ Ան յոյսով է՝ մինչեւ 2026-ի տարեվերջ կը հասնին նշանակուած թիրախին՝ 9 միլիոնին (որ կը ներառէ նաեւ կառավարութենէն ստացած դրամաշնորհը)։ Յանձնախումբին ատենապետը կը քաջալերէ համայնքի զաւակները իրենց լուման ներդրելու պատմական այս կարեւոր հանգրուանի իրակագործման մէջ։
Խօսելով կառոյցի ճարտարապետութեան մասին, Ճարտարապետական յանձնախումբի անդամ Արփի Թիթիզեան կը տեղեկացնէ, որ ճարտարապետութիւնը «Գիրգոր» ճարտարապետական ընկերութեանն է, իսկ նախագիծին ղեկավարը (project manager)՝ նոյն ընկերութենէն Լարա Կումուշճեանը, որ 2017-ին նախագծած է կառոյցը։
Ճարտարապետական յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ տասնմէկ հոգիէ, բոլորն ալ ճարտարապետ, ծրագրի ղեկավար, երկրաչափ, տեղի վերահսկիչ (site supervisor) եւ շինարարական աշխատանքներու մասնագէտներ են։ «Մեր գաղութէն յայտնի անձիք, որոնք կը զբաղին շինարարութեամբ՝ հաւաքուած են այս յանձնախումբին մէջ», դիտել կու տայ ճարտարապետ Արփին։
Յանձնախումբի անդամները մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենան իրենց ստանձնած պարտականութեան։ Անոնք կը լսեն նաեւ գաղութին պահանջերը եւ կապի մէջ կը մտնեն նախագիծի ղեկավարներուն հետ սենեակներու ձեւաւորման հետ կապուած հարցերը լուծելու: Աշխատաքին ժամանակացոյցը կազմուած է այնպէս, որ անվտանգութիւնը նոյնպէս ապահովուի։ Յանձնախումբը կը համագործակցի նաեւ JLL ընկերութեան նախագիծերու արհեստավարժ ղեկավարներու հետ՝ ամէնօրեայ շինարարական աշխատանքն ու նիւթական ծրագիրը հսկելու համար։
«Շէնքը, յոյսով ենք, որ պատրաստ պիտի ըլլայ 2026-ի օգոստոսին։ Ներքին շինարարութիւնները ամառները պիտի ըլլան, որպէսզի դպրոցական կեանքը չխանգարուի, իսկ մնացեալ ընդլայնումները՝ տարուան ընթացքին», կը տեղեկացնէ Արփի Թիթիզեան։
Յանձնախումբերուն եռանդով աշխատանքն ու պատասխանատուութեան զգացումը վստահեցնել կու տան, որ ընդլայնման այս հանգրուանը, ինչպէս նախորրդները, ամբողջապէս յաջողութեամբ պիտի աւարտի եւ թորոնթահայութեան ներդրումով եւ նուիրումով պիտի ստեղծուի արդիական միջավայր մը՝ երիտասարդութեան առօրեան կազմակերպելու համար։
«Կ’ուզենք մեր երիտասարդներուն փաստել, որ մենք իրենց թիկունքին ենք։ Ինչ որ կ’ուզեն, մենք պիտի ջանանք իրականացնել, որպէսզի իրենք ալ երբ մեծնան, եկող սերունդին համար նոյնը ընեն», կը հաստատէ Ռազմիկ Թիթիզեան։ Զրուցակիցիս արտայայտած այս միտքը կ’ապացուցէ այն, որ գաղութին մէջ սերնդափոխութիւնը ճիշտ հունով կ’ընթանայ․ ամէն մէկը իր լուման ներդրելով՝ բոլորին տունը եղող Հայ կեդրոնը հիմնադրութենէն ի վեր կ’ընդլայնուի, կը բարեզարդուի եւ հայկական կեանքով կը ջերմանայ։ ֎
***
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ»-ի յունիս 2025 (#214) թիւին մէջ: