Միսիսոկայի մէջ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւնը՝ Սէրուժ Գրաճեանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներու կատարումներով

20 սեպտեմբեր 2024-ին, Միսիսոկայի Crystal Grand Banquet Hall-ի մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց համերգ մը, երբ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 33-րդ տարեդարձը՝ աշխարհահռչակ արուետագէտ եւ երաժիշտ Սէրուժ Գրաճեանի եւ անոր ընկերակից երաժիշտներուն կատարումներով։

Միջոցառումը կազմակերպուած էր Armenian Business Network-ի (ABN) եւ Միսիսոկայի Սուրբ Վարդան հայց. առաք. եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն՝ Վանիկ Ճէլիլեանի, Լիւսի Համպոյեանի, Անեդա Պետրոսեանի, Ռիթա Միրզոյեանի, Անի Յովնանեանի, Շանթ Ամինեանի եւ Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ տէր Միւռոն քհն. Սարգիսեանի ջանքերով։

Մօտաւորապէս 200 երաժշտասէր հանդիսատեսի ներկայութեամբ տեղի ունեցած համերգը ներկայութիւնը կը վայելէր եկեղեցականներու եւ քաղաքական գործիչներու, թորոոնթոհայ արուեստասէրներու, խորհրդարանի անդամներու, Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի եւ Միսիսոկայի քաղաքապետարանի անդամ Պրէտ Պաթի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիւսի Համպոյեան։ Ան հայերէնով եւ անգլերէնով ողջունեց հանդիսատեսը եւ յիշեց այդ պատմական օրուան կարեւորութեան եւ անոր՝ բոլոր հայութեան պարգեւած խնդավառութեան մասին։ Համպոյեան մատնանշեց, որ անկախութեան տօնը պիտի նշուի գանատահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Սէրուժի եւ երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտներուն՝ Քալիֆորնիայէն ժամանած ջութակահար եւ երգչուհի Անի Սինանեանի եւ Նովա Սքոշիայէն ժամանած կիթառահար Հայկ Աշոտ Պէյլէրեանին հետ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Սէրուժի անուան իմաստին ու այդ օրուան առիթին, որ կը խորհրդանշէ Հայաստանի հանդէպ մեր ունեցած սէրը եւ հզօրութեան գաղափարը, զորս պիտի արտացոլան Սէրուժի եւ երիտասարդ երաժիշտներուն գեղեցիկ կատարումներուն ընդմէջէն:

Համերգէն առաջ, երբ առիթը ունեցայ զրուցելու աշխարհահռչակ, նոյնքան խոնարհ ու մեծ հայրենասէր երաժշտագէտ Սէրուժ Գրաճեանի հետ, ան դիտել տուաւ, որ իրեն համար այսօրուան համերգը շատ սրտամօտ է, որովհետեւ մտերմիկ սրահի մէջ եւ ո՛չ շատ բարձր բեմի վրայ պիտի կայանայ։ «Իմ սրտիս խօսածին նման՝ հանդիսատեսով շրջապատուած պիտի ըլլամ ու անոր հետ մտերմաբար առնչուիմ։ Այս մէկը իմ նախասիրած ձեւս է, ուր երաժշտասէրներուն մտերմութիւնը վայելելով կը կատարեմ երաժշտական կտորներս եւ կը ներկայացնեմ մեր հայկական երաժշտութեան անգին գոհարները», ըսաւ ան։ Երաժշտագէտը շնորհալկալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, խորհուրդի անդամներուն եւ տէր Միւռոնին, որոնք բարձր մակարդակի համերգին համար ճիգ չխնայեցին եւ իրեն համար մեծ հաճոյք է անոնց հետ համագործակցիլը։

«Միսիսոկայի համայնքը թէեւ փոքր է, բայց շատ եռուն է եւ իր հայկական արմատներուն ու մշակոյթին կառչած կ’ապրի։ Այս առիթով կ’ուզեմ երկու հայ տաղանդաւոր երաժիշտներ նաեւ ներկայացնել, որոնց հետ պիտի ներկայացնեմ վերջին 100 տարուան հայկական երգերու գոհարներէն։ Բացառաբար, նախ պիտի կատարենք Ասթոր Բիազզոլլայի՝ «Ազատութեան թանկօ»-ն եւ այդ երաժշտական ալիքներով Հայաստանի անկախութեան ու ազատութեան բերկրանքի զգացումը պիտի փոխանցենք հայրենասէր հանդիսատեսին…», տեղեկացուց երաժիշտը։ Ահաւասիկ իր այս խօսքերուն շնորհիւ անգամ մը եւս գիտակցեցայ գանատահայութեան՝ անոր հանդէպ տածած սիրոյ եւ յարգանքի զգացմունքին խորութիւնը։

Անցեալի ու ներկայի երգերու հրապոյրին անհամբեր սպասող հանդիսատեսը ծափողջիւններու տարափին ներքոյ դիմաւորեց արուեստագէտ Սէրուժը եւ անոր երաժիշտ ընկերները, որոնք կատարեցին այդ օրուան ազատութեան խորհրդանիշ Liber Tango-ն։

Խաչատուր Աւետիսեանի երկու հիանալի երգերը՝ «Կռունկներ»-ը եւ Սէրուժ Գրաճեանի՝ դաշնամուրի եւ կիթառի համար մշակած «Ծաղկաց բալենի»-ն, Անի Սինանեանի հրեշտակային ձայնով, յուզեցին ու զգացմունքային պահեր պարգեւեցին հանդիսատեսին։

Հայկական դասական երաժշտութեան սիւներէն Արամ Խաչատրեանի՝ «Գայիանէ» պալէտէն՝ «Նունէի եւ Կարէնի պարը» ու անկրկնելի երաժիշտ ու երգահան Առնօ Պապաճանեանի «Նոքդիւրն»-ը ներկաները փոխադրեցին դէպի արուեստի բնօրրան՝ Հայաստան աշխարհ։

Ժողովրդական երգ «Սարի աղջիկ» կատարումը այնքան սրտամօտ հնչեց, որ հանդիսատեսին աչքին առաջ գծուեցաւ անփոխադարձ սիրոյ դաժան պատմութիւնը ու սարի աղջկան սիրովը բորբոքած երիտասարդ տղուն տխուր վիճակը։

Անպատասխան մնացած սիրոյ նիւթը շարունակելով՝ երաժիշտները ներկայացուցին ֆրանսահայ երաժիշտ Դան Ղարիպեանի «Հայկական վալս»-ը։ Զիրար սիրող, սակայն դժբախտաբար կարօտի ալիքներուն մէջ տատանող ու տառապող սիրահարներու պատմութիւնը ներկայացնող այս երգը երեկոյին անմոռանալի անակնկալն էր․ առաջին անգամ ըլլալով, նուագելուն հետ մէկտեղ, երգելով հանդէս եկաւ երաժիշտ Սէրուժ Գրաճեան։ Ունկնդիր հանդիսատեսին համար շատ հաճելի անակնկալ մըն էր անոր երգեցողութիւնը։ Երգը ֆրանսահայ աշխարհահռչակ, անկրկնելի Շառլ Ազնաւուրի սիրած երգերէն մէկն էր, եւ որ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան ընթացքին հնչած եւ գրաւած էր սրտերը ո՛չ միայն հայ երգի սիրահարներուն, այլեւ՝ Ազնաւուրի անբիծ անձին ու անգնահատելի արուեստին սիրահար երաժշտասէրներուն։

Անմահ արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի երգացանկէն կտորներ ներկայացնելէն ետք, երիտասարդ երաժիշտներ Անի Սինանեանն ու Հայկ Աշոտ Պէյլէրեանը կատարեցին սոլօ նուագներ։ Բոլորս ալ քաջ գիտենք նորահաս տաղանդներուն հանդէպ Սէրուժ Գրաճեանի քաջալերական դիրքին ու ապագայ խոստացող արուեստագէտներուն ոսկեայ առիթներ ներկայացնելուն մասին։ Այսօր անոնք արդարացուցին հմուտ արուեստագէտին եւ արուեստասէր հանդիսատեսին սպասումները։

Յաջորդիւ երգուեցան մօր անփոխարինելի սիրոյն նուիրուած, Մարինա Ալլէսի «Պատրանքի թեւեր» երգը եւ «Ա՜խ, լուսին, լուսին»-ը, որ կը պատմէ «խենթ» տղամարդու մը մասին, որ պատրաստ է լուսինը գրկելով բերելու ու իր մօրը նուիրելու։

Գրաճեանի հետ զրոյցիս ընթացքին սրտառուչ հնչեց հայրենասէր երաժշտին հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Պատրանքի թեւեր»-ով երգը մօր նուիրուած ամենագեղեցիկ երգերէն մէկն է, ի դէպ անոր հեղինակը՝ Հայաստանի արժանաւոր հայորդի Ռուբէն Վարդանեանի քոյրն է։ Այս երգը ընտրեցի եւ ուզեցի որ ան որպէս աղօթք հնչէ Պաքուի մէջ ազատազրկուած Վարդանեանին, որպէսզի ան ազատ արձակուի եւ միանայ իր ընտանիքին»։

Կորուսեալ հայրենիքին նուիրուած՝ «Կիլիկիա»-ն հնչեց Սէրուժի նուագակցութեամբ, իսկ հմայիչ երգեցողութեամբ երգեց Անի Սինանեան, ետքը՝ «Զարթիր, Լաօ՛» կատրումով միասին երգեցին անոնք ու պայքարի անմար կրակով պատեցին բոլոր ներկաներուն սրտերը: Ապա՝ Գէորգ Էմինի՝ «Երեւան» ճազային երգով երեք երաժիշտները միասնաբար երգեցին ու Երեւանեան վարդագոյնով լաւատեսութիւն ներարկեցին ներկաներուն սրտերուն։

«Սարի սիրուն եար» եւ «Շալախօ»-ով վերջ պիտի գտնէր այդ անկրկնելի եւ հրաշալի երաժշտական երեկոն, սակայն ներկաներուն յոտնկայս ծափահարութեան եւ ցանկութեան շնորհիւ Ազնաւուրի անմոռանալի երգերէն մէկը դարձեալ հնչեց, ու այդպիսով ճոխ ու շքեղ յայտագիրով լի երեկոն անցաւ արուեստի արժէքաւոր գոհարներ ներկայացնող ձեռնարկներու ոսկեայ գրքին մէջ։

Բացարձակ յաջող միջոցառումը հասաւ աւարտին, ուր Սէրուժին անկրկնելի արուեստը՝ դաշնամուրի, ջութակի եւ կիթառի միջեւ գոյացող ներդաշնակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ երգեցողութեան անփոխարինելի նմոյշներով յագեցած երեկոյին վկան հանդիսացող ներկաները արբեցան հայկական արուեստի զուլալ հնչիւններով։

Փակման խօսքը արտասանեց Վանիկ Ճէլիլեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ բարձր գնահատեց ուրախութիւն, յոյս, երազ, սէր եւ զօրութիւն տուող երաժշտութեան այն եռանդը, որ Սէրուժ Գրաճեանը շնորհեց հանդիսատեսին՝ իր երաժշտական ​​հպումով։ ֎

***

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի նոյ. 2024-ի թիւին մէջ:

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Արձակագիր, բանաստեղծ, մանկագիր, մանկավարժ. ծնած է Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքը։ Հայերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է զանազան քաղաքներու մէջ ու հրատարակած զանազան գործեր, ներառեալ «Բուրաստան» (2018) մանկական բանաստեղծութիւններու հատորը։ Ներկայիս Թորոնթօ կ՚ապրի, ուր «Թորոնթոհայ» թերթի օգնական խմբագիրն է:

Previous
Previous

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին շնորհանդէս-ներկայացումը՝ Թորոնթոյի մէջ

Next
Next

Թորոնթոյի հայ կեդրոնի վերանորոգուած բակը նոր կեանք կը ստանայ