Թորոնթոյի հայ կեդրոնի վերանորոգուած բակը նոր կեանք կը ստանայ

Օնթարիոյի «Թրիլիում» հիմնադրամի դրամաշնորհով իրականացած ծրագիրը պաշտօնապէս բացուեցաւ

ԹՈՐՈՆԹՕ–Կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2024-ին, Թորոնթոյի հայ համայնքը պատմական օր մը ապրեցաւ, երբ հարիւրաւոր թորոնթոհայեր հաւաքուեցան Հայ կեդրոնի նորովի վերանորոգուած բակի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Don Valley North ընտրատարածքի ներկայացուցիչ Վինսընթ Քի, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, համայնքի ղեկավարներ ու բազմաթիւ հայրենակիցներ։

Բակի վերանորոգման այս կարեւոր ծրագիրը իրականացած է Օնթարիոյի կառավարութեան «Թրիլիում» հիմնադրամին կողմէ տրամադրուած 165 000 տոլարի դրամաշնորհին շնորհիւ։ Նախաձեռնութիւնը, որ առաջնորդուած է ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կողմէ, վերականգնած է Հայ կեդրոնի բակը՝ զայն վերածելով ապահով հաւաքատեղիի մը։

Բացման արարողութեան ընթացքին, «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս բակը աւելի քան պարզապէս ֆիզիքական տարածք մըն է. ան մեր համայնքի սիրտն է, ուր մեր համայնքի անդամները՝ երիտասարդ թէ տարեց, ընտանիքներ եւ բարեկամներ կը հաւաքուին վերահաստատելու իրենց կապերը, խաղալու, ճաշակելու եւ պարելու՝ տօնախմբելով մեր հայկական ժառանգութիւնը եւ մեր հպարտութիւնը որպէս օնթարիոցիներ եւ գանատացիներ»։

Պաշտօնական ժապաւէնի հատումը կատարուեցաւ երեսփոխան Քիի, Հոթոյեան-Ժոլիի եւ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեանի կողմէ: Վերանորոգուած բակը պիտի ծառայէ համայնքի հազարաւոր անդամներուն եւ պիտի օգտագործուի ձեռնարկներու, մշակութային հաւաքոյթներու, ամառնային ճամբարներու եւ այլ նախաձեռնութիւններու համար որպէս ապահով տարածք, հաւաքավայր եւ խաղավայր։

Օնթարիոյի կառավարութեան «Թրիլիում» հիմնադրամի առաքելութիւնն է կառուցել առողջ եւ կենսունակ համայնքներ ողջ նահանգի տարածքին։ Անցեալ տարի, հիմնադրամը աւելի քան 110 միլիոն տոլար ներդրած է 1 044 համայնքային ծրագիրներու եւ բազմաոլորտ հաստատութիւններու մէջ։

Այս նախաձեռնութիւնը էական քայլ մըն է համայնքի բարգաւաճման ճամբուն վրայ. վերանորոգուած տարածքը պիտի շարունակէ ծառայել որպէս կարեւոր հաւաքավայր, ուր հազարաւոր թորոնթոհայեր պիտի ստեղծեն նոր յիշատակներ եւ պիտի ամրապնդեն իրենց կապերը համայնքին հետ: ֎

Այս թղթակցութիւնը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի նոյ. 2024 թիւին մէջ:

լուսանկարը՝ Օննիկ Նազարեանցի

Թորոնթոհայ/Torontohye

Թորոնթոհայ ամսագիրը թորոնթոհայութեան ձայնն է՝ 2005-էն ի վեր/ Torontohye is the voice of Toronto Armenians since 2005.

Previous
Previous

Միսիսոկայի մէջ Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութիւնը՝ Սէրուժ Գրաճեանի եւ երիտասարդ արուեստագէտներու կատարումներով

Next
Next

Bridging histories: Alan Whitehorn on genocide, identity, and the ongoing Armenian struggle